կարևոր
4309 դիտում, 8 ամիս առաջ - 2024-02-23 17:50
Քաղաքական

Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 133-ամեակի նշում Աթէնքի մէջ

Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 133-ամեակի նշում Աթէնքի մէջ

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 133-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, Ա­տի­կէի մէջ գոր­ծող «Ա. ­Մա­նու­կեան», «Մ. Վա­րան­դեան» եւ «Գ. ­Լա­զեան» կո­մի­տէ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 16 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ե­րե­կո­յեան, տեղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ եւ խրախ­ճանք, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մա­թիւ ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու։

Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, որ ար­տա­սա­նեց օ­րո­ւան խօս­քը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Յ.Դ. հի­մնադ­րու­թեան ու ա­նոր ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ, ա­պա իր խօս­քը ամ­փո­փե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին վրայ շեշ­տեց. «Ար­ցա­խը կոր­սո­ւած է, ­Հա­յաս­տա­նը վտան­գի մէջ կը գտնո­ւի եւ հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­ներ սպան­նո­ւե­ցան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին։ ­Սա­կայն, մեր յոյ­սը պէտք չէ կոր­սո­ւի եր­բեք։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, վար­ժո­ւած է եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր պայ­քա­րիլ իր թշնա­մի­նե­րուն դէմ եւ պաշտ­պա­նել հայ­րե­նի­քին եւ ազ­գին ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ այ­սօր շատ աշ­խուժ եւ հզօր է։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նպա­տա­կը միշտ նոյնն էր, պահ­պա­նել հա­յու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ զօ­րա­ւոր պա­հել սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը։ Այս պայ­քա­րը, մեր կու­սակ­ցու­թեան հա­մար, սո­վո­րու­թեան դար­ձած է, իր ստեղ­ծո­ւած ա­ռա­ջին օ­րէն, եւ պի­տի չդադ­րի եր­բեք։ ­Պայ­քար մըն է, որ բո­լոր ըն­կեր­նե­րը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը պար­տա­ւոր ենք շա­րու­նա­կել»։

­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, որ յայտ­նեց յու­նա­հայ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար։

Ան յատ­կա­պէս շեշ­տեց։

«Այ­սօր մեր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշրջա­նը պատ­մու­թեան սեւ օ­րե­րէն է:

­Ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, ուր տխրու­թիւ­նը եւ ա­նար­դա­րա­րու­թիւ­նը մեր սրտե­րը կը ո­ղո­ղեն։

­Հի­մա այն ժա­մա­նակն է, որ պէտք է ոչ միայն մենք մե­զի հա­մար քա­ջու­թիւ­նը եւ ու­ժը գտնենք մեր ոտ­քե­րուն վրայ կանգ­նե­լու, այլ նաեւ հա­մո­զենք մեր շրջա­պա­տը, մեր ըն­կեր­նե­րը եւ հաս­նող նոր սե­րունդ­նե­րը, թէ պայ­քա­րը չէ վեր­ջա­ցած:

Ար­դեօ՞ք ա­ռա­ջին ան­գամն է որ հա­յու­թիւ­նը այս կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւի։

ՈՉ: Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, ըն­կեր­ներ։

Ոչ մէկ պա­րա­գա­յի պէտք է տո­ւեալ նկա­տել, թէ մեր զա­ւակ­նե­րը պի­տի զգան ՀԱՅ , պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ ծնած են հայ ծնող­նե­րէ….։

­Պէտք չէ տո­ւեալ նկա­տել, թէ մեր զա­ւակ­նե­րը պարտ­քը պի­տի զգան մաս­նակ­ցիլ մեր պայ­քա­րին եւ հա­յու­թիւ­նը պաշտ­պա­նել, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ ի­րենց մա­կա­նու­նը «եան»-ով կը վեր­ջա­նայ:

­Բո­լորս պար­տա­ւոր ենք ա­նոնց սոր­վեց­նել հա­յե­րէն խօ­սիլ ու կար­դալ, հա­յե­րէն մտա­ծել եւ որ­պէս հայ պայ­քա­րիլ…»։

Օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին կեդրո­նա­կան խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, որ նախ լայն անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց զու­գա­դի­պած 1921-ի փետ­րո­ւա­րեան ապս­տամ­բու­թեան տա­րե­դար­ձին, նշե­լով ա­նոր պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ար­ժէ­քը, ա­պա զու­գա­հեռ մը ը­րաւ 1988-ի ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մեկ­նար­կի օ­րե­րուն հետ, որ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու գե­րա­գոյն ձգտու­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն։ Ան նաեւ նշեց հե­րո­սա­կան պայ­քա­րի յաղ­թա­կան պսա­կու­մը, Հ.Յ.Դ վե­րա­դար­ձը հայ­րե­նիք եւ ար­ցա­խեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հո­լո­վոյ­թը։ Իր խօս­քի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նին մէջ, ըն­կե­րը անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին ու հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ ձա­խո­ղում­նե­րուն։

­Նաեւ շեշ­տեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կամ­քը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ցցո­ւած բո­լոր վտանգ­նե­րը։ Ըն­կե­րոջ խօս­քէն հա­տո­ւած մը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

Ե­րա­ժիշտ ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեա­նի յա­ջող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն տակ, յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով։ ­Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, ներ­կա­նե­րը ըն­կե­րակ­ցե­ցան եր­գի­չին եւ միաս­նա­բար սրա­հը լե­ցու­ցին հայ եր­գի հնչիւն­նե­րով։ ­Մէ­ջընդ­մէջ տե­ղի ու­նե­ցան բա­ժա­կա­ճա­ռեր եւ կարճ խօս­քեր՝ օ­րո­ւան ի­մաս­տին ու Հ.Յ.Դ.-ի մա­սին, ո­րոնք ա­ռա­ւել խան­դա­վա­ռե­ցին ներ­կա­նե­րը։

Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն ար­ժէ­քա­ւոր նուէր­նե­րով, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւած էին հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ։

­Յատկ­նա­շա­կան էր համ­բա­ւա­ւոր քան­դա­կա­գործ Ա­րամ ­Թո­րո­սի նուէ­րը, որ մար­մա­րեայ ման­րա­կերտն էր Ար­ցա­խի «­Պա­պիկ ու ­Մա­միկ» խորհր­դա­ւոր յու­շար­ձա­նին։ Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն, իսկ ըն­կե­րա­կան ջերմ մթնո­լոր­տը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ուշ գի­շեր։

* * *

­Հա­տո­ւած՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նի խօս­քէն

«Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն ինչ ը­րին, որ­պէս­զի ա­տե­նին ­Լե­ւոն ­Տէր ­Պետ­րո­սեա­նի հե­տապնդած լու­ծու­մը կա­րե­լի դառ­նայ: Ան կը դա­ւա­նէր, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը պէտք է մնայ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ: ­Յայ­տա­րա­րած է նաեւ, թէ ­Հա­յաս­տան բա­նա­կի պէտք չու­նի:

­Մա­յիս 2018-ի գար­նան տե­ղի ու­նե­ցաւ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն, ճամ­բան բա­նա­լով ներ­կայ յու­սա­հա­տա­կան կա­ցու­թեան հա­մար:
Ա­հա­ւա­սիկ Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր քայ­լե­րու չա­փա­զանց ամ­փոփ ժա­պա­ւէ­նը.

ա.- ­Մա­յիս 2018-ին Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ե­կած էին թա­ւի­շով՝ սէր եւ ժպիտ տա­րա­ծե­լու, սա­կայն ի­րենց ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լը եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լը. սեւ ու սպի­տակ, նոր ու նախ­կին, մենք եւ ի­րենք: Այս բա­ժա­նում­նե­րը մտան հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րէն ներս, աշ­խար­հագ­րա­կան բո­լոր հո­րի­զոն­նե­րու վրայ: ­Հա­յու­թիւ­նը այ­սօր, իր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մե­նէն ող­բեր­գա­կան վի­ճա­կին մէջ, աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս կո­տո­րա­կո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, փթա­ցած ինք­նա­պահ­պան­ման բնազ­դով, թշնա­մա­կան նա­յո­ւածք­նե­րը սե­ւե­ռե­լով ներ­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ, փո­խա­նակ զա­նոնք կեդ­րո­նաց­նե­լու ազ­գին իս­կա­կան թշնա­մի­նե­րուն դէմ:

Ազ­գա­յին մար­դուն հա­մար այս վի­ճա­կը ա՛լ ա­ւե­լի ան­տա­նե­լի կը դառ­նայ, երբ կը նկա­տէ, թէ իր երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­ճախ թշնա­միին խօս­նակ­նե­րը կը դառ­նան հայ­րե­նի­քէն ներս:

բ.- ­Սահ­մանդ­րա­կան դա­տա­րա­նի բա­ղադ­րու­թեան կոշտ փո­փո­խու­թիւն:

­Նա­խորդ ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րու օ­րով նշա­նա­կո­ւած դա­տա­ւոր­ներ օ­րի­նա­զանց մի­ջոց­նե­րով փո­խա­րի­նո­ւե­ցան ու­րիշ­նե­րով:
Ն­պա­տա­կը թա­փան­ցիկ էր. ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը պէտք է վա­ւե­րաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան միջ­պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կա­նու­թիւ­նը, երբ ա­տե­նը գայ:

գ.- ­Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նու­որա­կան­նե­րու դէմ ար­շաւ. ա­մե­նէն յատ­կանշա­կան հա­լա­ծան­քը Եու­րի ­Խա­չա­տու­րո­վին դէմ ե­ղաւ, երբ ան կը վա­րէր ­Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան քար­տու­ղա­րի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը: Ա­սի­կա ուղ­ղա­կի մար­տահ­րա­ւէր էր ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից՝ ­Ռու­սաս­տա­նի վար­կին դէմ:

դ.- ­Նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րուն դէմ դա­տա­կան հե­տապն­դում:

­Դա­տեր բա­ցո­ւե­ցան նախ­կին նա­խա­գահ­ներ՝ ­Ռո­պերթ ­Քո­չա­րեա­նի եւ ­Սերժ ­Սար­գի­սեա­նի դէմ. ո­րե­ւէ մե­ղադ­րանք կա­րե­լի չէ ե­ղած ցարդ տա­րա­զել:

ե.- 2020 ­Սեպ­տեմ­բե­րի՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հա­մար կան հար­ցա­կան­ներ, ո­րոնք չեն լու­սա­բա­նո­ւած. իսկ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի յա­ռա­ջա­ցու­ցած քննչա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­կա­տար բա­ղադ­րու­թիւ­նը չ­‘ե­րաշ­խա­ւո­րեր ա­նոր ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը:

­Հարց է ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հին, պա­տե­րազ­մի ո­րոշ հանգ­րո­ւա­նի մը, երբ հայ­կա­կան պար­տու­թիւ­նը այ­լեւս ան­խու­սա­փե­լի կը թո­ւէր, պա­տե­րազ­մը կա­սեց­նե­լու ա­ռա­ջար­կի մեր­ժու­մը Հ.Հ. վար­չա­պե­տին կող­մէ:

զ.- ­Խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով «­Ղա­րա­բա­ղը մաս կը կազ­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին» կրկնո­ւող յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

է.- Հ.Հ.-ի հա­մար նոր սահ­մա­նադրու­թիւն ու­նե­նա­լու թշնա­միի կող­մէ ա­ռա­ջար­կին հա­մամ­տու­թիւ­նը: ­Պե­տա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րու՝ զի­նան­շան ու քայ­լերգ փո­խե­լու ծրա­գի­րը:

­Հա­մե­մա­տած լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի այդ սեւ ու ա­հա­ւոր օ­րե­րուն, այ­սօր հայ­կա­կան կեան­քը դժոխ­քի տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգէ. Ար­ցա­խը իր բնիկ հա­յու­թե­նէն պար­պո­ւած, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ա­պա­գայ գո­յու­թիւ­նը հար­ցա­կան:

Ինչ­պէ՞ս հա­սանք այս ա­ղէ­տին, թա­կե­լէ ետք դրախ­տի դու­ռը, որ դա­րա­դար­ձին հա­յու­թեան առ­ջեւ ար­դէն կի­սա­բաց կը թո­ւէր ըլ­լալ. չեմ կար­ծեր, որ այս հանգ­րո­ւա­նին այ­լեւս այդ մա­սին ո­րե­ւէ կաս­կած ար­տօ­նե­լի ըլ­լայ:

Ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, սա­կայն, որ այ­լեւս ը­նե­լիք չկայ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը. յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն միայն ու միայն ա­ւե­րակ­ներ փո­խան­ցե­լը թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ գործ­նա­կան ի­մաս­տով ա­նըն­դու­նե­լի է: Ինչ­քան ալ ծանր եւ յու­սա­բե­կող ըլ­լայ նա­խա­տե­սո­ւող վնա­սը ան­գոր­ծու­թիւ­նը ան­նե­րե­լի է:

­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մի վնաս­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու աշ­խա­տան­քին ձեռ­նար­կած է զի­նա­դա­դա­րի ա­ռա­ջին օ­րէն՝ փոր­ձե­լով միա­ւո­րել ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տը հաս­նե­լու հա­մար ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը կա­սեց­նող ար­դիւն­քի մը. ա­տոր հա­մար անհ­րա­ժեշտ է իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­նել ներ­կայ խմբա­կը, որ կը յա­մե­նայ ըն­թա­նալ իր սկզբնա­կան ծրա­գիր­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէս­նե­րուն հե­տե­ւե­լով՝ հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր մար­զե­րէն ներս: ­Հո­ղի կո­րուս­տի կող­քին՝ կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին մար­զե­րու «բա­րե­փո­խու­թիւն»նե­րով վտան­գուած է նաեւ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան պատ­մու­թե­նէն հայ­կա­կան հետ­քե­րու ա­նէա­ցու­մը ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու խոս­տու­մով:

­Հե­տե­ւա­բար՝ պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­թիւնն ու ա­նոր աս­տի­ճա­նա­կան սաստ­կա­ցու­մը միակ ա­պա­ւէնն է: ­Խա­ղա­ղու­թիւն չկայ, հան­գիստ չկայ՝ այն­քան ա­տեն, որ հո­րի­զո­նին վրայ չեն ե­րե­ւիր նոր ար­շա­լոյս­նե­րը, նոր յոյ­սե­րը, յա­ջորդ յաղ­թա­նա­կի նոր ճամ­բա­նե­րը»: