կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-06 13:31
Սփյուռք

Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հանդիպումները Աթէնքի մէջ

Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հանդիպումները Աթէնքի մէջ

Հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նին հետ

Աշ­խա­տան­քա­յին քա­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ Ա­թէնք ժա­մա­նած Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան, ­Հինգ­շաբ­թի 5 ­Մարտ 2020ի ա­ռա­ւօ­տուն, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի հետ, Ա­թէն­քի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան շէն­քէն ներս։

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կ­՚ըն­կե­րակ­ցէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան եւ ան­դամ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։

Ող­ջու­նե­լէ ետք Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի այ­ցե­լու­թիւ­նը, Հ.Հ. դես­պա­նի հետ հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին, քննար­կո­ւե­ցան յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­վի­ճա­կին, ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լայն շրջա­գի­ծին, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին, ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն թե­լադ­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու նիւ­թեր։ Զ­րու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ­Յու­նաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ ստեղ­ծո­ւած բարդ ի­րա­վի­ճա­կին եւ ­Թուր­քիոյ բա­ցա­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու կան­խա­տե­սե­լի զար­գա­ցում­նե­րուն։

­Հան­դի­պու­մը ան­ցաւ գործ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ, շի­նիչ գա­ղա­փար­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով։

Այ­ցե­լու­թիւն Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան

Աշ­խա­տան­քա­յին քա­ռօ­րեայ բազ­մազ­բաղ ծրագ­րով Ա­թէնք այ­ցե­լող Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան, յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, Ա­թէն­քի ու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ յու­նա­հայ հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ։

­Հինգ­շաբ­թի 5 ­Մար­տի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մե­րուն, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, ա­տե­նադ­պիր ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի եւ ան­դամ­ներ ­Նա­զար Ա­ւա­գեա­նի եւ Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեա­նի հետ։

Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ. սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ, խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­վի­ճա­կին, ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու կրթա­կան կեան­քին շուրջ։ Զ­րոյ­ցը ընդգր­կեց Ս­փիւռ­քի հայ գա­ղութ­նե­րուն մէջ դի­մագ­րա­ւո­ւած հար­ցե­րու լայն շրջա­գի­ծը, ա­պա­գա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հան­դէպ զգօն գտնո­ւե­լու եւ հա­մա­խումբ աշ­խա­տե­լու յստակ նպա­տակ­նե­րով։

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը գնա­հա­տեց յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս մեծ թա­փով ու մղու­մով տա­րո­ւող բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, կա­րե­ւո­րե­լով բո­լո­րի ներդ­րու­մը այս ուղ­ղու­թեամբ։

azator.gr