կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-01-05 13:34
Քաղաքական

Տիթրոյթի մէջ Հ․Յ․Դ․-ի 131-ամեակի նշում

Տիթրոյթի մէջ Հ․Յ․Դ․-ի 131-ամեակի նշում

Դեկտեմբեր 3-ին, աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ հաւաքուած էին Տիթրոյթի մօտակայ Նորթվիլ շրջանի Meadowbrook Country Club-ի սրահին մէջ, նշելու համար Հ․Յ․Դ․-ի 131-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն «Ազատամարտ» կոմիտէին։

Ձեռնարկը սկսաւ երկու քայլերգներով, որոնք երգեցին Հ․Ե․Դ․-ի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի անդամները։ Օրուան հանդիսավարներն էին տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Կոպերնիկ Թանտըրճեան» մասնաճիւղի անդամներ՝ Թալար Պաղտասարեան եւ Մուրատ Թոսունեան։

Ապա յաջորդեց սեղանի օրհնութիւն եւ աղօթք, որ կատարուեցան հովիւներ՝ Հրանդ Գէորգեանի (Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցի) եւ Անտոն Ադամեանի (Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի) կողմէ։


Օրուան բանախօսն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան, որ նախապէս հանդիպած էր շրջանի Հ․Ե․Դ․-ի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի անդամներուն հետ եւ երկարօրէն զրուցած։

Արամ Գալուստեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ առանց Հ․Յ․Դ․-ի դժուար, թէ շարունակուէր հայոց պատմութիւնը։ Ան անդրադարձաւ, թէ ներկայ օրերուն ո՞վ է դաշնակցականը հասկացողութեան, կուսակցութեան ներքին ժողովրդավարութեան պատմական հոլովոյթին եւ անոր կարեւորութեան, որ հիմնական գաղտնիքն է կուսակցութեան գոյութեան եւ ապագայի յառաջընթացին: Անշուշտ ծանրանալով 131-ամեայ կենսափորձին վրայ, որ արդիւնքն է պատմական երթին, ուղիին, փորձառութեան։

Ան շեշտեց կարեւորութիւնը ուսանողութեան, երիտասարդութեան եւ պատանեկան միութիւններու դերակատարութեան, անոնց նկատմամբ Հ․Յ․Դ․ միշտ ալ ցուցաբերած է յատուկ ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն։ Նաեւ կարեւորեց Հայ Դատը, ուր անդրադարձաւ տարուած աշխատանքներուն, նուաճումներուն, գրասենեակներուն ծաւալած մասնագիտական աշխատանքներուն եւ յատկապէս անոնց նկատմամբ ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան ու հաւատքին:

Հուսկ, «Ազատամարտ» կոմիտէութէնէն երկու անդամներ՝ Ռաֆֆի Ուրլեան եւ Ճորճի-Անն Օշական յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին Հ․Ե․Դ․-էն ներս գործօն անդամներ՝ Վրէժ Տաուլիի (ատենապետ) եւ Արաքսի Թոսունեանի (փոխ-ատենապետ), որոնք անարառօրէն գործ տարած էին երիտասարդական ոլորտէն ներս։

Իբրեւ տիպար համակիր, յատուկ յուշանուէրներ ստացան նաեւ Սիլվա Սաղըրեան եւ Շողեր Ուրլեան։ Սաղըրեան հետեւողական աշխատանք տարած է շրջանի Հայ Դատի մարմինէն ներս, իսկ Ուրլեան տեղւոյն Համազգայինի մասնաճիւղի ատենապետուհին է, որ իր կարգին անդադար գործած է, յատկապէս Լիբանանահայութեան օժանդակութեան ոլորտէն ներս։

Պերճուհի Տարաքճեան ստացաւ իր հօր՝ Համազասպ Արսլանեանի յիշատակին յուշանուէր մը։ 1905-ին ծնած, Համազասպ 1933-ին եղած է շրջանը կազմակերպող տիպարներէն մէկը։

Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան։

hairenikweekly.com