Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնին մէջ, տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ 133-ամեակի տօնակատարութիւն։
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաւուտները դրօշակի արարողութեամբ եւ հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Ա․Մ․Ն․-ի օրհներգներու կատարմամբ։
Հանդիսավարուհի Ժէմմա Տաուլէ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգելու հայրենիքի բագինին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր հին ու նոր հերոսներու անմար յիշատակը։ Օրուան խորհուրդին անդրադառնալով ընկերուհին նշեց թէ 133-ամեայ բեղուն գործունէութեամբ ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ ծառայող Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը այսօր եւս պատնէշի վրայ է ամէնուրեք։ Բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, բազմաշերտ են մարտադաշտերը։ Սփիւռք եւ հայրենիք, հայապահպանում եւ հայրենապահպանում, Հայ Դատ եւ պետականաշինութիւն, դաշնակցականամիտ-պահանջատէր սերունդներու դաստիարակում եւ բանակաշինութիւն։
Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց կոմիտէի ատենապետ Սեպուհ Հացագործեան, որ նշեց թէ Հ․Յ․Դաշնակցութեան նուիրուած եւ աւանդութիւն դարձած ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենայ մեր պատմութեան օրհասական մէկ հանգրուանին, երբ դաւաճանուած եւ հայաթափուած է հայրենի Արցախը, հայրենազուրկ եւ տնազուրկ դարձած է աւելի քան 100 հազար արցախցի…
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց հանդիսութեան պատգամախօս՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը, որ ընդգծեց թէ դժբախտաբար տօնական տրամադրութեամբ չէ որ կը նշենք մեր կուսակցութեան 133-ամեակը, որովհետեւ կ՚ապրինք աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու, հայրենի հողին ու ժողովուրդին տէր կանգնելու անատակ հայրենի ղեկավարութեան եւ բիւրաւոր նահատակներու արեան գնով ազատագրուած մեր պատմական հայրենիքի անբաժան մասնիկը հանդիսացող Արցախեան հողակտորի կորուստի կոտտացող ցաւին ներքոյ…
Բանանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այս ոդիսականին տուն տուող նախադրեալները, հանգամանալից վերլուծման ենթարկեց տիրող իրավիճակը եւ եօթը կէտերու մէջ ուրուագծեց պահանջատէր հայու մեր երթուղին։ Հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքէն դուրս իւրաքանչիւրս իր լուման ունի նուիրաբերելիք մեր գոյապայքարին։ Արցախահայութեան բռնի տեղահանումը համարժէք է ցեղասպանութեան եզրին, հետեւաբար տուն դարձի իրաւունքի արծարծումը միջազգային ատեաններէ ներս սփիւռքահայու պահանջատիրութեան առանցքը պէտք է դարձնել։ Իսկ հայրենիքի մէջ, թուրք-ատրպէճանական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը ամլացնելու համար առաջնահերթային է Սիւնիքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը։
Պատգամաբերը խօսքը եզրափակեց հետեւեալ պատգամով.-«Ազգովին կը գտնուինք ճգնաժամային եւ տագնապալի կացութեան մը առջեւ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի ո՛չ թէ եռապատիկ, այլ տասնապատիկ ճիգ ու ներդրում։ Ազգային ուժերէն կը պահանջուի համախմբուած եւ համակարգուած աշխատանք, մէկ կողմ դնելով ամէն տեսակի տարակարծութիւններ եւ հաշուենկատութիւններ։ Այս է մեր «Յարատեւ պայքար»ի լոզունքը»։
Այնուհետեւ հոգեւոր հայրեր՝ Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեանն ու Պատուելի Յակոբ Յարութիւնեանը փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքն ու օրհնեցին ճաշասեղանը։
Ընթրիքի դադարէն ետք, հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագրով. Նաթալի Մանուկեան կարդաց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը։
Տասնամեակէ մը ի վեր «Ազատամարտ» կոմիտէի յղացումով՝ Հ․Յ․Դ․ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին տեղի կ՚ունենան երեք պարգեւատրումներ։ Առաջին պարգեւատրումը Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան շարքերուն ծառայած եւ իր դաշնակցականամէտ վարքով ու գործունէութեամբ օրինակելի ընկերոջ մը յիշատակին կը նուիրուի։ Այս տարուան պարգեւատրեալը վաղամեռիկ ընկեր Մանուկ Առաքելեանն էր։ Սեպուհ Համագործեանի ձեռամբ պարգեւը ստանձնեց վաղամեռիկ ընկերոջ եղբօրորդին, որ երախտագիտական խօսքով դիմեց պարգեւատուներուն։
Երկրորդ՝ «համակիր»-ի պարգեւին կ՚արժանանայ համայնքին մէջ հայապահպաման ու հայակերտման հայրենանուէր գործունէութիւն ծաւալած քոյր միութեան անդամուհի մը։ Այս տարուան պարգեւին արժանացաւ Հ․Օ․Մ․-ուհի տիկ. Սիւզի Մարտոյեան։
Երրորդ՝ Երիտասարդական պարգեւը կը ձօնուի սփիւռքեան հայակուլ գլանին դիմակայելու պատրաստակամութիւն ունեցող այսօրուան նորընծայ սպասարկուներուն, որոնք երաշխաւորներն են մեր անխափան երթին եւ որոնց ուսերուն կը ծանրանայ բեռը մեր գոյապայքարին։ Այս տարուան պարգեւին արժանացաւ Լոռի Փիլիպոսեան։
Ծովինար Հացագործեանն ու Լոռի Փիլիպոսեանը սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին «Արցախի բարեկամներ» եւ «Արցախ հիմնադրամ»-ի միջոցով Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան կատարած օժանդակութիւնները։ Ներկաներուն փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն օժանդակութեան ծրագրի մանրամասնութիւնները։ Տեղին է յիշել, որ հանդիսութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախահայութեան։ Այս նպատակով դրամահաւաքի համար պատրաստուած էր նաեւ աճուրդի իրերու սեղան մը, ինչպէս նաեւ ծախու իրերու (եռագոյն վզկապ, Արցախի Տատիկ-Պապիկով շապիկներ, եւայլն) սեղան մը։
Այնուհետեւ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Ճորճի Օշականի եւ Մարալ Ապրահամեանի, Հ․Յ․Դ․«Ազատամարտ» կոմիտէի եւ ընկերական կազմի ներկայութեամբ հատուեցաւ Հ․Յ․Դ․ 133-ամեակի կարկանդակը, որուն յաջորդեց օրհներգի՝ «Մշակ բանուոր»-ի կատարումը։
Հանդիսութեան աւարտին հայրենասիրական եւ արցախեան բարբառի երգացանկով մը բեմ բարձրացաւ Հատրութցի երիտասարդ երգիչ Արթուր Խաչենց, որ տպաւորեց ներկաները իր հրաշալի մատուցմամբ։
Խումբ մը պատանիներու «Սարդարապատ» խմբերգով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը։