Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ. ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Արցախի կողքին. զօրակցական հաւաք Աթէնքի մէջ
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ժողովուրդին վրայ սպառնացող ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան լոյսին տակ, հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու շրջագիծէն ներս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կասկածի տակ դնող զարգացումներու կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ՝ Արցախը ներառնելու Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային զօրակցութեան հաւաք ի նպաստ Արցախի, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հաւաքին ժամադրավայրն էր Աթէնքի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան շէնքը։ Վայրի ընտրութիւնը ունէր յատուկ իմաստ, նկատի առնելով, թէ հաւաքի նպատակն էր բարձրաձայնելու ժողովուրդի պահանջը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ արցախահայութեան անվիճելի իրաւունքներուն եւ անոր ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումին։
Հաւաքին ներկայ եղան մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Մանաւանդ, զգալի էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որոնք ժողովուրդին հետ միասին իրենց ձեռքերուն վրայ պարզած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր «Ես Արցախին հետն եմ», «Ազատագրեցէք Արցախը» եւ այլ գրութիւններ։
Որոշեալ ժամուն, յունահայ կառոյցներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, յետ նախօրօք դասաւորուած ժամադրութեան, մուտք գործեց դեսպանատան շէնքը եւ ընդունուեցաւ փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտչեանի կողմէ, որուն յանձնուեցաւ յատուկ նամակ մը ուղղուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Նամակը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ։ Տեղւոյն վրայ, պատուիրակութիւնը բացատրեց հաւաքի նպատակը եւ նամակի ոգին, մատնանշելով, թէ սոյն հաւաքը որեւէ մէկ կերպով ուղղուած չի կրնար ըլլալ հայոց պետականանութեան դէմ, այլ նպատակ ունի յունահայութեան ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնել Արցախի տառապող ժողովուրդին, միաժամանակ յիշեցնելու Հայաստանի պետական այրերուն, թէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը գերազանցապէս պէտք է պահպանուի։ Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, թէ մերժելի է ամէն խօսք կամ փորձ՝ արծուաբոյն Արցախը տեսնելու Ատրպէյճանի վարչական կազմէն ներս։
Պատուիրակութեան կողմէ տեղեկութիւններ տրուեցան հանդիպումին մասին, յատկապէս նշելով հաւաքի նպատակը։
Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան բացատրեց թէ հաւաքի մասնակիցներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, նախապէս այցելեց Հ.Հ. դեսպանութիւնը ու նամակ մը յանձնեց ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Ապա անդրադառնալով հաւաքի նպատակին, յայտնեց թէ շրջափակուած Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերու ու եղբայրներուն զօրակցելու, առանձին չթողելու եւ անոնց իրաւունքներուն մասին բարձրաձայնելու պարտականութեամբ է, որ համախմբումը կազմակերպուած է։ Ան խօսեցաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին, Հայաստանի սահմաններէն ներս ազերիական յարձակումներուն, Արցախի շրջափակման ու շարունակուող ճնշումներուն, պատերազմի գերիներու շարունակուող տառապանքին մասին։ Դիտել տուաւ անցեալի դառն իրականութիւնները՝ կորսուած մեր հողատարածքներու եւ մշակութային կորուստը, ինչպիսին էին Նախիջեւանի, Մուշի ու Սասունի, հայկական կոթողներու բնաջնջման թուրք-ազերիական բարբարոսութիւններու շարունակութիւնը, ինչ որ երբեք կարելի չէ ձգել, որ նոյնը պատահի Արցախի պարագային։
Անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի այն արտայայտութեան՝ թէ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառակուսի քիլոմեթրի սահմանումով, ըսաւ թէ այսպիսի կեցուածք կտրուկ մերժելի է, քանի որ ցոյց կուտայ Արցախի ժողովուրդի կամքի եւ իրաւունքի անտեսումը։
«Հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր զոհուած երիտասարդ զինուորներուն յիշատակը ու զոհողութիւնը յարգելով, կարելի չէ լռել, այլ պէտք է շարունակել պայքարիլ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելով ու բարձրաձայնելով անոնց մասին» ըսաւ ան։
Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան համախմբուած ժողովուրդին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, նշելով թէ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք ամբողջ հայութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն՝ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դաշնագիրի» լոյսին տակ։
Ան ընդգծեց, թէ փոխանակ առաջ քշելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, փոխանակ միջազգային գետնի վրայ պահանջուի Լաչինի ապաշրջափակումը Ատրպէյճանի կեղծ բնապահպաններուն կողմէ, խօսք կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին, անոր մէջ ներառնելով հայ ժողովուրդի արեամբ ձեռք բերուած ազատ Արցախն ու անոր բնակիչները։
Ան նաեւ մէկ առ մէկ թուեց 44-օրեայ պատերազմէն սկսեալ մինչեւ այսօր Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած բազմաթիւ միջոցառումները, իրազեկ պահելու համար Յունաստանի քաղաքական շրջանակներն ու ժողովուրդը Արցախի հանդէպ կատարուող ոճիրներուն մասին։
Ընկերը յատկանշականօրէն տեղեկացուց ներկաներուն, թէ Կիպրոսի Խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, հայ ժողովուրդի ու Արցախի իրական եւ մեծ բարեկամ Էլէնի Թէոխարուս իր ամենաջերմ ողջոյնները կը ղրկէր դեսպանատան առջեւ համախմբուած ժողովուրդին, միաժամանակ իր ցաւը կը յայտնէր որ, հակառակ իր բուռն փափաքին, չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ հաւաքին ու զօրակցիլ իր այնքան սիրած Արցախի ժողովուրդին։
Յաջորդաբար, հաւաքուած ժողովուրդին առջեւ կարդացուեցաւ Հայաստանի վարչապետին ուղղուած նամակը։ Տեղեկատուական խօսքերը շարունակուեցան՝ ներկայացնելով Արցախի պատմական եւ իրաւական պատկանելիութեան հանգամանքը, նշումներ եղան առաջին ազատագրական պայքարին մասին, ապա շեշտուեցաւ հայ զինուորներու հերոսական պաշտպանութիւնը Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ։
Արցախի ի նպաստ ժողովրդային հաւաքը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան, այն համոզումով, թէ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ամէն գնով դէմ կանգնիլ կամայական որոշումներուն Արցախի նկատմամբ, պաշտպանելով անոր հերոսական ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման եւ անկաշկանդ ապրելու իրաւունքը իր սեփական հողին վրայ։
Աթէնք, 7 Յունիս 2023
Հայաստանի Հանրապետութեան Յարգելի Վարչապետին՝
պրն. Նիկոլ Փաշինեանին,
Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ մեծայարգ պրն. Տիգրան Մկրտիչեանի միջոցով,
Աթէնք-Յունաստան
Յարգելի պրն. Վարչապետ,
Այսօր, Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ին, ստորեւ ստորագրեալներս, յանուն Յունաստանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու անոր կուսակցական շարքերուն. ազգային-համայնքային իշխանութեանց, յունահայ գաղթօճախի մէջ գործող մշակութային, մարզական ու բարեսիրական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ազգայիններու մասնակցութեամբ, հաւաք մը ունեցանք Աթէնքի մէջ Հ.Հ.-ի դեսպանատան առջեւ՝ մեր զօրակցութիւնը յայտնելու համար Արցախի մեր հերոսական ժողովուրդին, որ հետզհետէ խստացող պայմաններու տակ, սակայն անկոտրում կամքով, կը դիմադրէ Ազրպէյճանի կողմէ հասցուած ճնշումներուն։
Հետզհետէ վատթարացող այս պայմաններու բերումով, մենք Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենիքներու կողքին զօրաւոր ու հաստատ ներկայութիւն դառնալով, կը բարձրաձայնենք զօրակցական մեր ձայնը՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Բայց նաեւ մատնանշելով բոլոր այն վտանգները, որ կը տեսնենք վերջերս ձեր կատարած այն յայտարարութիւններուն առընչութեամբ, ըստ որոնց դուք կը ճանչնաք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը այն սահմաններով, որոնք կը ներառեն նաեւ հայկական Արցախը:
Պատմականօրէն որեւէ հիմք չունեցող կամայական ու մերժելի յայտարարութիւն, որ դատապարտելի է ըստ ամենայնի, զայրոյթ կը պատճառէ ամէն հայու, ինչպիսին որ մեր հաւաքին էր, որուն մասնակցողներու ներկայացուցչական հանգամանքը էութեան մէջ կը խտացնէ յունահայութեան գրեթէ ամբողջութիւնը:Պատմական, քաղաքակրթական, աշխարհագրական ու ազգագրական հիմքերով Արցախի հայապատկանութիւնը անվիճելի է եւ ոչ ոք, հայ թէ օտար ոչ մէկ քաղաքական գործիչ, ինչ հանգամանքի մէջ ալ գտնուի ան, իրաւունք կրնայ տալ ինքզինքին հայրենական հող “նուիրելու” ուրիշին, եւ “ուրիշ” ըսուածն ալ այս պարագային հայութեան ու Հայաստանին գլխաւոր թշնամին է, վայրագ ու անյագ: Որով, մեզի համար անընդունելի է, նոյնիսկ յայտարարողական մակարդակի վրայ թշնամիին հայրենի հող զիջելու ձեր յայտարարութիւնը, միաժամանակ յայտնելով, որ մենք ամէն սրտով զօրավիգ ենք Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութեան՝ թէ’ անոր ոգիին եւ թէ’ բովանդակութեան: Կը բողոքենք ու կը դիմենք ձեզի պարոն վարչապետ, որ Արցախը առանձին ու անտէր չթողուք, զայն յուսաբեկութեան չմատնէք, եղէ’ք անզիջող, տէր ու պաշտպան քաջարի Արցախին: Իսկ ինչպէս կը տեսնէք, որպէս հաւաքի վայր մենք ընտրած ենք Յունաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, զոր կուրծքերով պաշտպանելը ազգային մեր պարտքը կը նկատենք թշնամական ամէն շարժուձեւի դէմ, որ թիրախ պիտի դարձնէ զայն: Հայաստանին ու հայութեան համար վտանգալի հետեւանքներով այս պահուն, մեր ներկայութիւնը հոս շեշտելի է, քանի որ մեր ազատ թէ բռնագրաւուած հայրենի հողերու ամբողջութեան միակ իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է:
Պրն. Վարչապետ,
Կը գիտակցինք, որ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի դառն պարտութենէն ետք Ազրպէյճանն ու աշխարհաքաղաքական շահերու հետամուտ ուժեր օգուտներ քաղելու համար աքցանի մէջ դրած են Հայաստանը եւ յաղթողի ու պարտուողի դրութիւնը կը չարաշահեն՝ մեր հայրենի քաղաքական վերնախաւին պարտադրելով, որ ծանր զիջումներ կատարէ:
Կ’անդրադառնանք, որ մեծապետական շահերու ներկայ խաչմերուկին՝ ստեղծուած է այնպիսի կացութիւն, որ Հայաստանը զրկած է զիջումներէ խուսափելու հնարաւորութիւնը:
Մեր ազգի փորձառութիւնը կը յուշէ սակայն, որ նման պայմանները յաղթահարելու արդիւնաւոր ձեւը գտած ենք մենք՝ ազգովին փարելով մարտունակ պայքարի տրամաբանութեան, որ նոյնինքն համամարդկային պատմութեան տրամաբանութիւնն է:
Մեր պարտութիւններուն մէջ միշտ փորձած ենք տեսնել բարոյական յաղթանակներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պարտութիւնները չեն ընկճած մեզ…:
Մենք կը հաւատանք, որ համահայկական տոկուն կամքին հետ հաշուի կը նստին այն ուժերը, որոնք աշխարհաքաղաքան, ռազմավարական ու տնտեսական հետապնդումներ ունին տարածաշրջանին մէջ եւ որոնց հեռահար հաշուարկներուն մէջ նոյնքան կարեւոր տեղ ունի Հայաստանը, որքան Ազրպէյճանը:
Արդ՝
Պրն. Վարչապետ, կը դիմենք ձեզի ու խնդրանքի ձեւով կը պահանջենք եւ պահանջքի ձեւով կը խնդրենք, որ հիմնական շրջադարձ մը կատարէք եւ համահայկական ներշնչումով ազգի բոլոր հատուածները հաւաքագրէք «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» գաղափարին շուրջ՝ վճռակա՛ն, հաստա՛տ ու աներե՛ր կամքով:
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեանը համար:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ Կապոյտ Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւն
Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւն
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմին