կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2021-12-04 12:13
Աշխարհ

Ֆրանսա. Դաշնակցութեան 131-Ամեակի Նշում Մարսէյի Մէջ

Ֆրանսա. Դաշնակցութեան 131-Ամեակի Նշում Մարսէյի Մէջ

27 նոյեմբերին Մարսէյի Համազգայինի դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 131-ամեակը` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, Մարսէյի քաղաքապետին, կուսակցականներու եւ համակիրներու, երիտասարդներու եւ միութենականներու:

Այս առիթով խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան (ֆրանսերէնով) եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան (հայերէնով), որոնք շեշտը դրին հայութեան յարատեւ պայքարի ու երկաթեայ կամքին վրայ` հաստատելով, որ ազգն ու հայրենիքը պահելու համար այդպէս պէտք է շարունակել մեր երթը: Անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան պարտուողական քաղաքականութեան եւ մեր կորսնցուցածին վերատիրանալու համար պայքարելու հրամայականին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 131-ամեակը կը նշենք մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլ նաեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր է կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, որուն ծառան ու առաջնորդն է Դաշնակցութիւնը, աւելցնելով, որ ժողովուրդին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել: Ըստ անոր, ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէն, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին:

Հ. Վարժապետեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կ՛առաջնորդուի հայկական ուղղուածութեամբ, այդպէս ալ կը դաստիարակէ դաշնակցական մարդը` զայն զինելով ազգային գաղափարախօսութեամբ, որով ալ ան կը զատորոշուի ազգին պարզած այսօրուան խայտառակ խճանկարին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր փառաւոր անցեալին, ներկայ է ու ապագայ, բայց` ապագայ մը, որ շատ տարբեր է թիւրիմացաբար Հայաստանի վարչապետի աթոռին վրայ գտնուողին խոստացած ապագայէն, իրա՛ւ ապագայ, հայավայե՛լ ապագայ, զոր կարելի է կերտել հայրենասէր ու ազգային գաղափարախօսութեամբ լիցքաւորուած տեսակով:

«Անցնող տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար խիստ ծանր, դառն ու դժուար ժամանակահատուած մը եղաւ` ճակատագրական եւ անկիւնադարձային: Արցախեան այս վերջին պատերազմէն ետք, ցաւօք, պարտուած` պատերազմին, ուր ունեցանք հողային եւ մարդկային ահաւոր կորուստներ, տակաւին առկայ է մեր պետութեան ազգային անվտանգութեան խոցելի վիճակը, կաթուածահար է երկրին տնտեսութիւնը, կը շարունակուի ժողովրդային խաւերուն միջեւ քաղաքական թէ ընկերային բեւեռացումը, զոր այս իշխանութիւնները գիտակցաբար սերմանեցին առաջին իսկ օրէն: Հիմա դուրս պիտի գանք այլեւս միայն խաւարը անիծելու մեր ընթացքէն եւ գէթ փոքր մոմ մը, յոյսի նշոյլ մը պիտի փորձենք վառել, որպէսզի դուրս գանք այս ահաւոր իրավիճակէն, որ կը տանի միայն դէպի անդունդ: Այո՛, դժուար առաքելութիւն է ազգի բարոյահոգեբանական այս կենսակերպը վերականգնելը եւ վերակազմակերպելը, բայց ասիկա մեր` Դաշնակցութեան առաջադրանքն է բանիւ եւ գործով», շեշտեց բանախօսը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ օրհասական պահերու Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան, շեշտելով, որ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն ան իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: «Թշնամի թուրքին դէմ մահուան գնով հայրենի սահմանները արիաբար, տղամարդավարի պաշտպանած ու մարտնչած այս սրբազան տղոց թափած արիւնը թոյլ չի տար` դասալքութեան, դաւաճանութեան, հողատուութեան, զիջումի: Այս տղաքը եւ իրենց հետ ամբողջ ազգը, նկատի չունիմ դասալիք զանգուածը, որ ստամոքսով կը մտածէ յիմարաբար, այլ նկատի ունիմ ազգը` գլխագիր Ազգը, չի ներեր դաւաճանին եւ ներքին ու արտաքին թշնամիին, կը յիշեցնէ դարձեալ, որ հայութիւնը հող չունի յանձնելու, այլ տակաւին հող ունի ազատագրելու, պահանջատէր է եւ կը մնայ պահանջատէր:

Պատմութեան ճակատագրական այս պահուն կուսակցութեան համար Արցախի հիմնահարցը կը նկատուի հայրենի պետականութեան անվտանգութեան հիմնաքարը, նոյնիսկ եթէ ազգը պարտութեան առաջնորդած ներկայ դաւադիր իշխանութիւնը շարունակէ հակառակ ուղղութեամբ գործել: Ըստ Վարժապետեանի, Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ իշխանութեան վրայ եղող այս ազգակործան խմբակին հեռացումը, որովհետեւ այլապէս կարելի չէ վերականգնիլ:

Հրաչ Վարժապետեան խօսեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան տարած լայնածաւալ աշխատանքին` շեշտելով, որ ան կը հասնի յատկապէս հոն, ուր ճգնաժամ կայ, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ուր ապրող ու գործող գաղութներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններով հանդերձ, անոնք կը մնան սփիւռքի բաբախող սիրտն ու բազկերակը, որոնց պէտք է գուրգուրալ եւ ապահովել անոնց գոյատեւումը:

Շեշտը դնելով Ֆրանսայի վրայ` ան ըսաւ, որ թշնամին կը փորձէ հարուածել ֆրանսահայութիւնն ու անոր քաղաքական յաջողութիւնը, բայց եւ այնպէս հայութիւնը պայքարին մէջ կը մնայ ամուր ու յամառ: «Հայ դատի պայքարը սրբազան պայքար է եւ յանուն այդ առաքելութեան` մենք կը շարունակենք յարաբերական, քաղաքական ու հասարակական մեր աշխուժ գործունէութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ կռիւը անհաւասար է: Այնքան ատեն որ արդար պատերազմ է, վերջին հաշուով արդարութիւնը կը յաղթանակէ, որովհետեւ մեր Դատը արդար է ու ազնիւ: Եւ այս բոլոր պայքարներուն մէջ, այս յարատեւ պայքարին մէջ մենք կարիքը ունինք մեր ժողովուրդին զօրակցութեան եւ աջակցութեան` բարոյական, ֆիզիքական թէ նիւթական առումով», հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչը:

Երեկոն ճոխացուց Փարիզէն յատկապէս հրաւիրուած երգիչ Յարութ Լափաճեան, որ յեղափոխական եւ ազգային երգերով գօտեպնդեց ներկաներն ու անոնց կորովը` շարունակելու պայքարն ու ձգտելու նոր յաղթանակներու կերտման:

aztagdaily.com