Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Յունաստանի մէջ նշուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչական ելոյթներու շարքին, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Աթէնքի պատերազմական թանգարանի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնական քաղաքական ելոյթը, ներկայութեամբ յոյն եւ հայ բազմութեան, բարձրաստիճան պետական, քաղաքական, զինուորական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր դասուն։
Ինչպէս նշած էինք մեր նախորդ թիւով, ելոյթներու ամբողջ շարքը իրագործուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի ու Թրակիոյ մարզպետութիւններու համակազմակերպութեամբ։
Սրահի մուտքին պատուոյ խումբ կազմած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արի-արենուշները, որոնք մէկ առ մէկ պատուի առին ժամանող հիւրերը։ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները դիմաւորեցին բոլոր հիւրերը եւ առաջնորդեցին իրեն համար նկատի առնուած տեղերը։ Նաեւ սրահի նախամուտքին, զետեղուած էին մեծադիր պաստառներ, որոնց վրայ կ՚երեւէին նկարներ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ աղէտի պատմական իրադարձութիւններէն։
Ներկայ եղան Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քոնսթանտինոս Ֆրակոեաննիս, հելլէն խորհրդարանի փոխնախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Ղաւրիիլ վարդապետը, Սիրիզա եւ Քինալ կուսակցութեանց նախագահներու ներկայացուցիչները Ալեքսանտրոս Թրիանտաֆիլիտիս եւ Ռոքսանի Պէի, հայ յունական խորհրդարանական բարեկամութեան նախագահ երեսփոխան Տիմիթրիս Մաքրոփուլոս, երեսփոխաններ Եորղոս Քումուցաքոս, Օլկա Քեֆալոեաննի եւ Իոաննիս Թրաղաքիս, եւրոերեսփոխան Աննա-Միշէլ Ասիմաքոփուլու, Ատտիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, Աթէնքի, Նէա Զմիռնիի եւ Մարաթոնայի փոխքաղաքապետներ Իոաննիս Պաքացելոս, Վանկելիս Խաչատուրեան եւ Էվանկելոս Քիփարիսիս։
Նաեւ ներկայ եղան Յունաստանի մէջ հրէական համայնքի ներկայացուցիչը, զինուորական, օտար դեսպանատուներու, Յունաստանի համապոնտական միութեան, Յունաստանի ասորիներու միութեան, դատական եւ կրօնական ներկայացուցիչները։
Հայկական կողմէն ներկայ եղան Յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, քահանայից դասը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդր. վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վարչութեանց ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Հայկական եւ յունական ոգերգներու ունկնդրութենէն ետք, ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ խնդրեց յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Յաջորդաբար, անդրադարձաւ հայ-յունական պատմական կապերուն եւ երկու ժողովուրդներուն վրայ գործուած անմարդկային ոճիրներուն նոյն ցեղասպանի ձեռքով։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց. «Մեր երկու ժողովուրդներու զուգահեռ պատմութեամբ պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել Հայոց ցեղասպանութեան, Փոքր Ասիոյ յոյներու, պոնտացիներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու հատուցման համար։ Չենք կրնար մոռնալ Փոքր Ասիոյ աղէտը, չենք կրնար մոռնալ Կիպրոսի մէջ ներխուժումը։ Մեր ամբողջ ուժով, պիտի պայքարինք արդարութեան հատուցման համար մեր ժողովուրդներուն»։
Բեմի պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որուն մէջ երեւցան նկարներ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցան պատկերներ եւ տեսարաններ Փոքր Ասիոյ աղէտէն, Յունաստանի մէջ հաստատուած գաղթականութեան առաջին օրերէն, նաեւ յունահայ գաղութի ստեղծագործ եւ պահանջատիրական ելոյթներու շարքէն, որոնք տասնամեակներու վրայ ծաւալած են եւ ցոյց կու տան հայ ժողովուրդի պայքարելու եւ վերջնական հատուցում պահանջելու ոգին։
Յունաստանի կառավարութեան ու վարչապետին անունով խօսք առաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Քոսթաս Ֆրակոեաննիս, որ նշեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը եղաւ մարդկութեան հանդէպ ամէնէն քսմտելի ոճիրներէն մէկը։ Ինձմէ աւելի մասնագէտներէ լսած եմ, որ ցեղասպանութեան վերջին արարը մոռացութիւնն է, ճանաչման լրիւ վերացումը։ Պէտք չէ մոռնալ, վստահաբար։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը երկար եւ դժուար եղած է հայերուն համար։ Սակայն, այսօր պէտք է հպարտ ըլլաք, որ աւելի քան 30 երկիրներ, 17 միջազգային կազմակերպութիւններ եւ այլ բազմաթիւ կառոյցներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելիութիւնը»։
Յունաստանի խոհրդարանի նախագահ Ք. Թասուլասի անունով ուղերձ կարդաց երեսփոխան Ե. Քումուցաքոս եւ յայտնեց. «Հայոց ցեղասպանութեան դահիճները մինչեւ այսօր սարսափահար կը խուսափին, նոյնիսկ ծածուկ, ներողութիւն խնդրել իրենց գործած ոճիրին համար, որպէսզի այլեւս խաղաղութիւն գտնեն անհամար նահատակներու հոգիները։ Չեն հանդուրժեր, չեն կրնար, չեն ուզեր։ Կը նախընտրեն պարտական մնալ Աստուծոյ եւ մարդկութեան առջեւ, քան թէ ճանչնալ իրենց ոճիրը»։
Ատտիկէի մարզպետ Ե. Փաթուլիս իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն վրայ եւ յայտնեց, թէ այսօրուան յիշատակի ելոյթը յիշեցնել կու տայ այն գերագոյն պարտականութիւնը՝ երբեք չմոռնալ հայերուն վրայ գործուած եղեռնը եւ պահանջել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր արտասանած ուղերձին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Դարից աւել է անցել այն օրերից, երբ Օսմանեան կայսրութեան պարագլուխներն, օգտուելով Առաջին աշխարհամարտի իրողութիւնների ընձեռնած հնարաւորութիւններից, որոշեցին, որ հազարամեակներ շարունակ սեփական հայրենիքում ապրած, արարած, մշակութային ու հոգեւոր արժէքներ ստեղծած հայն այլեւս չպէտք է ապրի ու, առաւել եւս, չպէտք է ապրի սեփական հայրենիքում: Տեղի ունեցաւ հայրենազրկում, որը հայի ճակատագիրը սեւ գծով բաժանեց 1915-ից առաջի եւ յետոյի՝ հայի հայեացքը յաւերժ սեւեռելով Արարատին:
Դարից աւել է անցել այդ օրերից. ժամանակները փոխուել են ու, ցաւօք, չեն բարելաւուել: Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ մարդատեացները մինչ օրս ոչ միայն գոնէ յետմահու չեն ստացել իրենց արժանի դատավճիռը, այլեւ նոյնիսկ այս «մարդասէր» հռչակուած 21-րդ դարում ոգեկոչւում են, փառաբանւում, իսկ ցեղասպանութիւնը շարունակւում է ագրեսիւօրէն ժխտուել այն գործած պետութեան իրաւայաջորդի՝ Թուրքիայի կողմից: Ու հենց այդ ժխտողականութիւնն է ստիպում այսօր հային Հայաստանի Հանրապետութիւնում, Արցախում ու աշխարհի չորս անկիւններում պայքարել յանուն պատմական արդարութեան, յանուն ցեղասպանութեան մաս հանդիսացող ժխտողականութեան պարտութեան ու յանուն ցեղասպանութեան նման սարսափելի եւ համամարդկային ողբերգութիւնների կրկնութեան բացառման՝ յաճախ նաեւ առերեսուելով նոր էթնիկ զտումների սպառնալիքների»:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան կողմէ ուղերձ կարդաց ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան, որ շեշտեց. «107 տարի ետք, կը գտնուինք այստեղ, որպէսզի կանգ առնեն փանթրքութեան նորանոր դրսեւորումները, որոնք կ՚արտայատուին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կողմէ։ Միաժամանակ, պարտաւոր ենք յիշեցնելու ամբողջ մարդկութեան, թէ պարտք ունի կանխելու եւ արդար հատուցում պահանջելու այն բոլոր երկիրներէն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճիրներ կը գործեն, ընդունիլ իրենց ոճրագործութիւնները եւ կատարած անմարդկային արարքները։ Պիտի պայքարինք որպէսզի հայութեան վերադարձուին ոչ միայն Ատրպէյճանին կողմէ Արցախէն պոկուած հողերը, այլեւ այն բոլոր տարածքները, որոնք այսօր կը գտնուին թրքական բռնի տիրապետութեան տակ»։ Քաղաքական ոգեկոչական ելոյթի գլխաւոր բանախօսն էր Յունաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպան եւ դիւանագիտական կազմի աւագ Քիրիաքոս Քենեվեզոս, որ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան շեշտեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն ցեղասպանութիւն, միայն հայ ժողովուրդին յատուկ չէ, այլ կը վերաբերի բոլոր ժողովուրդներուն, ամէն երկիր, իւրաքանչիւր ազատ մտածող եւ գործող քաղաքացի, վերջապէս ամբողջ մարդկութեան։
Ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան ուղղուած ոճիր ու հայհոյանք է, եւ մենք պարտաւոր ենք թոյլ չտալ անոր կրկնումը։
Բոլորս միասին, համախոհութեամբ, խորանալով այն կապերուն մէջ, որոնք կը յատկանշեն հասարակաց տառապանքներ կրած ժողովուրդները, կը յարգենք Հայոց ցեղասպանութեան եւ թրքական բարբարոսութեան հետեւանքով զոհերու յիշատակը, կը շարունակենք աննկուն պայքարիլ արդարութեան վերականգնումին համար, որպէսզի մարդկութեան գիտակցութեան մէջ դատապարտուի Թուրքիան, որպէս պատասխանատուն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։
Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի սեմին, մեր հայեացքը կ՚ուղղենք դէպի ապագան, ստանձնելով մեծագոյն պարտականութիւնը ընդդէմ անտարբերութեան եւ կռաւորականութեան։ Պարտք ունինք կանխելու նման ոճիրներու կրկնումը, ձգտելով եւ սատարելով արդար, պարկեշտ եւ բարոյական ապագայի մը կերտման»։
Կիպրացի դեսպանի ու բանախօսի խօսքերը ընդունուեցան ջերմ ծափողջոյններով բոլոր ներկաներուն կողմէ։