կարևոր
2008 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-27 12:32
Հասարակություն

ՀՅԴ 133-Ամեակի Տօնակատարութիւն Լիբանանում

ՀՅԴ 133-Ամեակի Տօնակատարութիւն Լիբանանում

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Անհրաժեշտ Է Կերտել Հայրենի Եւ Համահայկական Ազգային Առողջ Ուժերու Համախմբում` Վերաթարմացնելով Համազգային Օրակարգը»

Յակոբ Բագրատունի. «Մէկ Բռունցք Ըլլալով Այս Գաղութը Պէտք Է Հզօր Պահել` Յօգուտ Լիբանանի Հայութեան, Լիբանանին, Արցախին, Հայաստանին Եւ Սփիւռքին»

Թէեւ հայկական իրականութիւնը ներկայիս այդքան ալ փայլուն վիճակ մը չի պարզեր, 1988-ի համազգային զարթօնքէն շուրջ 35 տարի ետք արձանագրուած է ժամանակակից հայոց պատմութեան մեծագոյն կորուստը` Արցախի յանձնումով եւ ամբողջական հայաթափումով, ներկայիս հայ կեանքը կը բնորոշուի աննախադէպ երկփեղկումով եւ բեւեռացումով, սակայն իր հիմնադրութեան 133-ամեակը նշող հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը երէկ` ուրբաթ, 26 յունուար 2024-ին, Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին վերահաստատեց կուսակցութեան վճռականութիւնը` հայկական առողջ ազգային ուժերու համախմբումով ներկայ անել կացութենէն ելքեր փնտռելու եւ շարունակելու հայոց հայրենիքի եւ հայ ազգի յաւերժացման երթը:

Այս տարի Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը տարբեր իմաստ եւ խորհուրդ ունէր: Սոսկ տօնակատարութիւն չէր այս տարի 133-ամեակի նշումը: Անիկա առիթ էր մտորելու մեր կորուստներուն բուն պատճառներուն մասին եւ ընդգծելու, որ հակառակ բացասական բոլոր երեւոյթներուն, հակառակ Արցախի կորուստին, հակառակ համաթուրանական օրէ օր աւելի շեշտուող ախորժակներուն եւ հակառակ հայ ազգային արժէքներուն դէմ ապազգային բոլոր արշաւներուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, զինուած 133-ամեայ յեղափոխական աւանդներով, իբրեւ ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարող կուսակցութիւն, կոչ կ՛ուղղէ չյուսալքուելու եւ ազգային իրական վերականգնումի:

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը նաեւ առիթ էր վերաշեշտելու, որ ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքին ճամբով լիբանանահայութիւնը տակաւին կը գտնուի պատնէշի վրայ` իր ներդրումը բերելու համար համազգային խնդիրներու լուծման եւ համահայկական օրակարգի մշակման աշխատանքներուն մէջ:

Եւ լիբանանահայութեան այս յանձնառութեան ապացոյց էր խուռներամ ներկայութիւնը Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան: Արդարեւ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահը բերնէ բերան լեցուած էր ամէն տարիքի լիբանանահայերով, որոնք եկած էին լսելու ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն պատգամները ներկայ քաղաքական իրադրութեան եւ ապագայ ընելիքներուն մասին: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու պետեր եւ ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնատարներ, քաղաքական եւ ազգային հասարակական գործիչներ, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

«Շարունակենք մեր սուրբ գործը» կարգախօսով ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի նուագակցութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի 133 դրօշներ կրող պատանիներու, երիտասարդներու, ուսանողներու եւ սկաուտներու սրահ մուտքով: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Գէորգ Եագուպեան եւ Արազ Էլէյճեան, որոնք հաստատեցին, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակը դաշնակցականները կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու եւ ծանր պատասխանատուութիւններու դիմաց: «Ներկայ պայմաններուն, երբ նոյնինքն սփիւռքը բաժնուած է ազգային շահեր հետապնդողներու եւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քարոզիչներու միջեւ, ՀՅԴ-ի առաքելութիւնն է հաւասարակշռել ազգայինի եւ անոր նպատակներու իրագործման յարմար մարտավարութեան միջեւ, պահպանելով ՀՅԴ Ծրագիրի հիմնական առաջադրանքները», շեշտեցին անոնք:

Եագուպեան եւ Էլէյճեան ընդգծեցին, որ ՀՅԴ-ն եւ յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը այսօր, զինուած Դաշնակցութեան գաղափարական հիմունքներով, կը պայքարին թրքական ցեղապաշտ, այլամերժ եւ ցեղասպան գաղափարախօսութեան դէմ` ընդգծելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վստահաբար նորագոյն գործիքակազմով պիտի մղէ այս նոր մարտերը:

«Դէպի արդիականացում կոչերը ապարդիւն են, եթէ այդ արդիականացումը մեզ կը տանի դէպի թուլացում, պարտութիւն, եւ այսպէս կոչուած «խաղաղութիւն»: Մեր ազգին համար պէտք է ԶԱՐԹՕՆՔ մը, վերածնո՛ւնդ մը: Այդ զարթօնքը պիտի սկսի բոլորէս: Երիտասարդական զարթօնք է պէտք: Դիւանագիտական, գաղափարական, գրական զարթօնք է պէտք: Մեր ազգը կարիքը ունի իսկական եւ բազմաոլորտ զարթօնքի, շեշտեցին անոնք:

Ապա Թորգոմ Ջանան ընթերցում մը կատարեց Վազգէն Շուշանեանի «Օրագիր»-էն հատուածի մը:

Ջանանի ոգեշնչող ելոյթէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի 2023-ի գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը:

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ տօնախմբութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ չէ, որ կը նշուի Դաշնակցութեան 133-ամեակը, որովհետեւ ցաւ, ներկային ու ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն, հոգիներուն մէջ յուսախաբութիւն կայ ամէնուրեք: «Մեր աչքերով կը տեսնենք, աշխարհի գերեզմանային լռութեան դիմաց, Արցախի յանձնումը, Արցախի ժողովուրդին հեռացումը իր հայրենիքէն` իր ետին թողելով Արցախի ազատագրութեան համար անսակարկ նուիրումով նահատակուած հերոսներուն աճիւնները: Եռաբլուրի մէջ հազարաւոր նահատակներու ոսկորներուն հետ ականատես ենք, թէ ինչպիսի՛ բեմադրութեամբ օրէ օր Հայաստանի իշխանաւորները զիջումներ կը կատարեն ո՛չ միայն Հայաստանի սահմաններէն, այլ նաեւ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապագան վտանգող եւ հայութիւնը պաշտպանող սրբութեան համազօր սկզբունքներէն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ զիջումներու եւ յանձնուողական քաղաքականութեան ընթացքը տակաւին կանգ չէ առած Հայաստանի վարչակարգին համար, որովհետեւ ներքին ճակատի վրայ աշխատանք կը տարուի պառակտումներ սերմանելու, իսկ արտաքին առումով բարեկամներու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուք կը կատարուի` ի վնաս Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան:

Անդրադառնալով սփիւռքի մէջ տիրող կացութեան` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր բազում տագնապներն ու մարտահրաւէրները, որոնց գլխաւորն ու ամէնէն վտանգաւորը հայութենէ հեռանալու, հայկականը անտեսելու եւ համաշխարհայնացումով ու արդի թակարդներով տարուելու ահազանգող ընթացքն է:

«Իրականութիւններ են, ցաւցնող իրականութիւններ, որոնց նշումը կատարելով կը հաւատանք ու կը ձգտինք զանոնք սրբագրել եւ առաջ անցնիլ` ի խնդիր մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման: Ու եթէ պատասխանատուներ պիտի փնտռենք ու իյնանք փոխադարձ քննադատութիւններու փակ օղակին մէջ, ապա ծառայած պիտի ըլլանք բոլոր անոնց, որոնց համար մեր ժողովուրդին միութիւնը եւ մեր հիմնական նպատակներուն հասնելու վճռականութիւնը սպառնալիք է, եւ այդ վճռականութիւնը քանդելու համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի»:

«Իւրաքանչիւրս` եկեղեցական, քաղաքական, կազմակերպական, կրթական, միութենական հաւաքական հեղինակութիւններ թէ անհատներ, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուինք, ունինք ու պարտաւոր ենք կրել, ընդունիլ ու խոստովանիլ մեր պատասխանատուութիւնը` միշտ հաւատալով մեր ազգի յաւերժութեան, Հայաստանի ազատ, ինքնիշխան ու անկախ գոյատեւման եւ հայ ժողովուրդի հայկականութեան պահպանման ու ամրապնդման», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով 133 տարեկան Դաշնակցութեան ու ժողովուրդի կապին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ կուսակցութիւնը միշտ մատաղ եղած է հայութեան, իսկ սխալած, շեղած դաշնակցականները ենթարկուած են Դաշնակցութեան դատաստանին:

Խօսելով ապագային մասին` Բագրատունի ըսաւ, որ տիրող այս ծանր ու յուսահատութեան մղող պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան համար հրամայական են խոր հաւատքով փարիլ հայկականութեան եւ հայկական արմատներուն վերադառնալու հրամայականին, ոչ մէկ ճիգ խնայել Արցախի ու Հայաստանի գոյատեւման սրբազան պայքարը բարձր ճակատով դիմակայելու եւ կատարուած վնասը սրբագրելու, հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին յաւերժութեան հաւատացող ազգային բոլոր ուժերն ու շերտերը միաւորել համազգային ընդհանուր պայքարի ի խնդիր, որպէսզի համազգային ռազմավարութեամբ եւ դիմադրութեամբ կարենանք յաղթել մեր դէմ ցցուող ներքին թէ արտաքին թշնամիներուն: «Կարելի չէ ստորադասել աշխարհացրիւ մեր կարողականութիւնները: Կը բաւէ միայն հաւատալ, հաւատքով որոշում կայացնել ու այդ հաւատքին հետզհետէ միացնել ուրիշներ, ընդարձակել շրջանակը եւ քանդելով հիասթափութեան, անտարբերութեան ու օտարացումի շղթաները` վճռականութեամբ դարձեալ վերակենդանացնել կրակը, վերագնահատել ուժի հրամայականը ու կրնկակոխ, նոր պոռթկում տալ յարատեւ պայքարի գաղափարին», հաստատեց ան:

Խօսքին յաջորդ բաժինով Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան դերն ու կշիռը` թէ՛ ներքին, եւ թէ լիբանանեան առումով: Ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն 122 տարուան ամէնէն հին կուսակցութիւնն է Լիբանանի մէջ, մասնակից` անոր ներհամայնքային թէ քաղաքական կեանքին եւ գործօն ազդակ` լիբանանեան մեր հայրենիքի վերելքին, գոյատեւման եւ հզօրացման, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ, իսկ լիբանանահայը Լիբանանի քաղաքացիութիւնը վաստկած է երկրին նկատմամբ իր հաւատարմութեամբ, ճակտի քրտինքով, պարկեշտութեամբ եւ արեան գնով:

Պատգամախօսը նշեց, որ, թէեւ անցնող տարիներու տագնապները բացասական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ լիբանանահայութեան վրայ, սակայն Դաշնակցութիւնը պահեց պատնէշը, հասաւ իր ժողովուրդին, թակեց բազում դռներ, Արցախն ու Հայաստանը, սփիւռքը, մեր ընկերներն ու բարեկամները հասան գաղութին: «Շնորհիւ հաւաքական ճիգի, այսօր եւս մենք մեր ժողովուրդին կողքին ենք եւ պիտի մնանք միշտ: Պատասխանատուութեամբ, լայն սրտով եւ հասկացողութեամբ պիտի շարունակենք լսել բամբասանք, անտեղի քննադատութիւն, պիտի հանդիպինք գարշելի զրպարտութեանց, ձեւական նեղուածութեանց, երբեմն ապերախտութեան, յաճախ պառակտումի սերմեր ցանելու փորձերու, մեր ուժը տկարացնելու գիտակից եւ կասկածելի տրամադրութեանց», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի: Ան շեշտեց, որ յուսաբեկութիւնը, ամէն ինչ քանդուած տեսնելու տրամաբանութիւնը, անտարբերութիւնը կը ծառայեն միայն քանդումի, համազգային պայքարի ու դիմադրութեան մէջ հարուածելու լիբանանահայութեան վճռական դերակատարութիւնը եւ կը նպաստեն միայն ու միայն թշնամիին:

Պատգամաբերը հաստատեց, որ այս գաղութը պէտք է հզօր պահել` յօգուտ Լիբանանի հայութեան, Լիբանանին, Արցախին, Հայաստանին ու սփիւռքին: Բայց եւ այնպէս այս բոլորը կարելի է իրականացնել միայն մէկ բռունցք ըլլալով, հաւաքական վճռական աշխատանքով, երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ` առանց նախապայմանի կամ կանխատրամադրութեան: «Իբրեւ այդպիսին, հրաւէրը ընդհանրական է, իսկ գործելադաշտը` ընդարձակ: Մեր թեւերը բաց են բոլորին համար», նշեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ պայքարի կուսակցութիւն, ձախողութիւններն ու պարտութիւնները շրջանցելով` պիտի վերականգնէ ու յաղթանակներ կերտէ, հարուածները դիմակայէ խիզախութեամբ, արիութեամբ, միասնականութեամբ, հայկականութեամբ:

«Յոյսը մեր ուղին լուսաւորող ճրագն է: Պայքարելու կամքը հայութեան յաւերժութեան ջահի կրակը անմար պահելու կայծն է: Հաւատքը` ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի վերականգնման, մեր նպատակակէտն է», հաստատեց ան` շեշտելով, որ հայութեան յաւերժականութիւնը սուրբ գործ է, Հայաստանն ու Արցախը, թուրքի կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերը, մեր նահատակներուն արիւնն ու ոսկորները անզիջելի սրբութիւններ են, Արարատի գագաթին Լուսաւորչի կանթեղը սրբութեան խօսուն խորհրդանիշն է, որոնց տիրանալու սուրբ գործին համար մղուող պայքարը կանգ պիտի չառնէ: (ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Հայաստան» երգը, խօսք` Վահան Անդրէասեանի եւ երաժշտութիւն` Արմէն Սմբատեանի:

Շ. Թորոսեան անդրանիկ կատարումով մեկնաբանեց նաեւ «Աշխարհ Արցախայ» երգը, խօսք` Միքայէլ Հաջեանի եւ երաժշտութիւն` Վահրամ Էմմիեանի:

Երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան ապրած ներկայ բախտորոշ փուլը, որուն ընթացքին Հայաստան յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, եւ արտաքին ազդակները լարուած են իրեն դէմ` Հայաստանի շահերն ու մեր հայրենիքը վերածելով միջազգային կռուախնձորի: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ այս բոլորը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ` դիտել տալով, որ ներկայ վարչակարգի քաղաքականութեան պատճառով է, որ վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

«Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին նաեւ զրկուած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:

«Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին լծուած է Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը:

«Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, Հայաստանի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նուիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ` սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին», մատնանշեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ, հակառակ այս բոլորին, մերժելի են յուսահատութիւնն ու յանձնուողական տրամադրութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու: «Յամենայն դէպս ՀՅԴ-ին համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020-ի հետեւանքը ճակատամարտի մը պարտութիւնն էր պարզապէս, եւ թշնամիներուն դէմ պատերազմը կը շարունակուի բոլոր ճակատներուն վրայ: Մեզի համար Արցախի բռնի դատարկումը մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն է, որ պէտք է սրբագրուի», աւելցուց ան:

Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ անհրաժեշտ քայլերը` կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, շարունակել Հայաստանի մէջ համախմբել ընդդիմադիր առողջ կուսակցութիւններն ու հասարակական գործիչները` միասնաբար պայքարելու ապազգային եւ հայութեան խորթ հանդիսացող նկրտումներուն դէմ, ձերբազատիլ ներկայ իշխանութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել ազգային նկարագիրով, անհատական ազատութիւններու ու հաւաքական իրաւունքներու վրայ հիմնուած արդար համակարգ մը եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ պաշտպանել արցախահայութեան իրաւունքները: Ան հիմնական նկատեց նաեւ պաշտպանութիւնը Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն` թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ` յիշելով այդ առումով ցարդ տարուած եւ ծրագրուած աշխատանքները, համահայկական հոգածութեամբ վերականգնումը հայկական բանակի մարտունակութեան ու պատրաստուածութեան, ամէն գնով փարումը մեր անկախ պետականութեան պահպանման նպատակին` քաջ գիտակցելով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը պարտի մնալ մնայուն:

Յ. Տէր Խաչատուրեան հիմնական նկատեց նաեւ կերտել ինքնավստահ, նախաձեռնող ու հայկական ակունքներէ բխող արտաքին քաղաքականութիւն` հեռու պարտուողական եւ յարատեւ միակողմանի զիջումներու կողմնորոշումներէ, ապաւինելով մեր ուժերուն եւ հայկական արեւելումով յառաջ մղելով Հայաստանի ու հայութեան շահերը: «Ազգովին պարտինք պայքարիլ թէ՛ Արեւմուտքի, եւ թէ Արեւելքի պետութիւններու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ունեցած գործակցական սերտ կապերուն դէմ», նշեց ան:

Այժմու հրամայականներու կարգին Բիւրոյի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց վերաթարմացնել եւ արդիականացնել սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռականութեան մղելով: «Կտրականապէս դէմ ենք սփիւռքը վերակառուցելու կամ վերակազմակերպելու այն սին կոչերուն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդել սփիւռքը եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով անձեւ քաոս եւ կամակատար հետեւորդներ ստեղծել: Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր տարածուած գործունէութեամբ փաստած են իրենց հայանուէր ու հայրենանուէր պատրաստակամութիւնը. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ առանց սակայն հիմերը խարխլելու. հիմնական հարց է նաեւ սփիւռքահայութեան հիասթափութիւնը փարատելու եւ հայրենիքէն օտարելու վտանգը կանխելը. Հայաստան եւ սփիւռք մէկ ամբողջութիւն են եւ, ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի եւ փոխադարձաբար` ազգային նկարագրով պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է սփիւռքի յանձնառութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման», շեշտեց ան:

Պատգամաբերը շեշտեց, որ պէտք է նաեւ աննահանջ շարունակել համայն հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը աշխարհով մէկ` դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ի Հայ դատի հիմնական առաքելութիւններէն է Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս գտնուող Արեւմտահայաստանի, ջաւախահայութեան եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանումն ու ընդարձակումը: Իբրեւ վերջին կէտ ան անդրադարձաւ երիտասարդութեան` կարեւոր նկատելով մնայուն կերպով զայն ներգրաւելը, քաղաքականացնելն ու մղելը` ծառայելու հայրենիքին ու մեր սրբազան դատին եւ թուարկելով ՀՅԴ-ի կողմէ այս առումով ի գործ դրուած քայլերը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանահայութեան ունեցած կարեւոր ներդրումին` համահայկական ամէն տեսակի աշխատանքներուն մէջ: «Երբ Լիբանանը հարուած ստացաւ, հայկական աշխարհը` գիտակի՛ց լիբանանահայութեան կարեւորագոյն դերակատարութեան, փութաց աջակցելու անոր», ընդգծեց ան` մատնանշելով, որ այս գաղութը միշտ ալ մարդուժ պատրաստած ու հայթայթած է սփիւռքին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Այսօր, ձեր` հայ ժողովուրդին առջեւ Դաշնակցութիւնը կը վերանորոգէ իր վճռականութիւնը մեր երկարաշունչ պայքարը աներեր առաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն աննահանջ պաշտպանելու համար»: (ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքէն ետք տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի խմբավարութեամբ` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին կողմէ յեղափոխական երեք երգերու կատարումով: Երգերն էին` «Քեռիի յիշատակին», «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» եւ «Դարձեալ փայլեց»:

Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Արցախեան պատերազմի երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեանի:

Բուռն ծափողջոյններով բեմ բարձրացան պատանիներն ու անոնց խոստման արարողութեան կնքահայրը, որ յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է իրեն վստահուած այսօրուան դերակատարութիւնը:

«Իբրեւ Միքայէլ Հաջեան եւ արցախցի հպարտ եմ ու շոյուած այս դերակատարութիւնը ստանձնելու համար: Մանաւանդ երբ իմացայ, թէ Պէյրութի մէջ առաջին անգամն է, որ արցախցի մը կը ստանձնէ նման դերակատարութիւն: Հպարտ եմ այս դերակատարութեամբ», ըսաւ ան:

Մ. Հաջեան ներկաները շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակին առիթով: Ան ըսաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մըն է, որ անցած է ազգային ազատագրական ու ազգային պետականաշինութեան պանծալի ու փառաւոր ուղին, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր դերակատարութեամբ, ՀՅԴ-ն իր ամբողջ էութեամբ, գաղափարաբանութեամբ եւ գործելաոճով ազգային ու ժողովրդական կուսակցութիւն է», ըսաւ ան:

Մ. Հաջեան արցախցիներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ամբողջ սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան, սփիւռքի բոլոր աւանդական կուսակցութիւններուն, առաջին հերթին ՀՅ Դաշնակցութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ան շեշտեց, որ ինք միշտ պնդած է, թէ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութիւնը կը տեսնէ սփիւռքի աջակցութեան մէջ` բարոյական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ բոլոր առումներով:

«Սփիւռքը` ի տարբերութեան հայաստանաբնակ եւ արցախաբնակ հայութեան, Խորհրդային Միութեան տարիները չէ ապրած եւ այդ տիղմին մէջ չէ խրուած, եւ ինծի համար ճնշող մեծամասնութեամբ բաղկացած է մաքուր հայերէ, մարդկային արժանիքներով ու յատկանիշներով օժտուած անձնաւորութիւններէ», հաստատեց Մ. Հաջեան:

Օրուան կնքահայրը հաստատեց, որ Հայաստանն ու Արցախը պէտք է ըլլան համայն հայութեան հայրենիքը, եւ բոլոր հայերը պէտք է իրաւունք ունենան մասնակցելու հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման բոլոր մարզերուն մէջ: «Ես վստահ եմ, որ կու գան նոր իշխանութիւններ, որոնք այդ բոլորը կարելի կը դարձնեն», աւելցուց ան:

Ան հաստատեց, որ ցաւալի իրականութիւն է, սակայն ճշմարտութիւն, որ արցախցիներն ու սփիւռքահայերը դարձած են հաւասար:

«Երբ մենք մեր հայրենիքին մէջ կ՛ապրէինք, դուք հայրենազուրկ էիք: Այսօր` մենք եւս հայրենազուրկ ենք: Դուք հայրենիքին կարօտը ունիք, մենք ալ հայրենիքին կարօտը ունինք: Մենք Արցախը անպայման պէտք է վերականգնենք` հայեցի շունչով եւ ամբողջ ժողովուրդով, թէ՛ Հայաստանով եւ թէ՛ սփիւռքով», շեշտեց ան` ընդգծելով, որ ինք կը հաւատայ այդ տեսլականին:

Արցախցիներու ներկայ իրավիճակին մասին Մ. Հաջեան յայտնեց, որ անոնք ամուր եւ անկոտրում ընկոյզի նման են, նոյնիսկ իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած իրավիճակով:

Արցախցի կնքահայրը բարձր գնահատեց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի աշխատանքը` շեշտելով, որ պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը հրաշալի եւ ուսանելի օրինակ մը պէտք է ըլլայ, եւ այդ մշակոյթը պէտք է ամէնուրեք տարածել:

Ապա 70 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստման արարողութիւնը եւ կոչուեցան «Արցախ» սերունդ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ 133-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: