կարևոր
2146 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-05 14:22
Քաղաքական

Բազմամարդ բողոքի հաւաք եւ քայլերթ Աթէնքի մէջ

Բազմամարդ բողոքի հաւաք եւ քայլերթ Աթէնքի մէջ

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ եւ ա­ւե­լի քան 24 մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ միա­հա­մուռ ո­գիով դէմ կե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի ա­պօ­րի­նի գրաւ­ման, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով 100.000 ար­ցախ­ցի­ներ ստի­պո­ւե­ցան լքել ի­րենց հա­րա­զատ հո­ղե­րը։

­Հա­յու­թեան հա­մեւ­րո­պա­կան զօ­րա­շար­ժի ծի­րէն ներս, որ կը կրէր «Եւ­րո­պա­ցի­ներ Ար­ցա­խին հա­մար» ընդ­հա­նուր խո­րա­գի­րը, ­Կի­րա­կի, 1 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. վար­չու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին բազ­մա­մարդ հա­ւաք, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կին վրայ, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ։

Ա­ւե­լի քան 1500 հայ­րե­նա­կից­ներ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ու ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րա­ցու­ցին, յի­շեց­նե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հին, թէ Ար­ցա­խը հայ­կա­կան բնօր­րան է, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած բռնու­թիւն­նե­րը ու­րիշ բան չեն, ե­թէ ոչ ցե­ղաս­պա­նու­թեան կրկնու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։ ­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, որ պաս­տառ­նե­րով ու դրօշ­նե­րով հաս­տա­տեց պայ­քա­րե­լու իր աննկուն կամ­քը եւ ան­նա­հանջ ո­գին։

­Պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կար­գին ներ­կայ ե­ղան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ազ­գւա­յին եւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րոու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յոյն նախ­կին քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ե­կան ի­րենց ձայ­նը միաց­նե­լու թուր­քատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

­Հա­ւա­քի ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պետ պ. ­Սե­ւակ ­Փա­նո­սեան, որ իր խօս­քին մէջ դա­տա­պար­տեց մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ա­ւե­լի քան 9 ա­միս­նե­րու շրջա­փակ­ման հան­դէպ, ո­րոնց լռու­թիւ­նը Ա­լիե­ւի կող­մէ նկա­տո­ւե­ցաւ որ­պէս Ար­ցա­խը գրա­ւե­լու կա­նաչ լոյս։

«Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի գրա­ւու­մը եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան բռնա­գաղ­թի են­թար­կե­լը ա­հա­ւոր հա­րո­ւած մըն է հա­զա­րա­մեայ մեր ազ­գին, բայց ինչ­պէս որ 1918-ին, մեր վեր­ջին հո­ղակ­տո­րին վրայ, կրցանք ու­ժե­րու գեր­լա­րու­մով ան­կա­րե­լին դարձ­նել կա­րե­լի եւ յաղ­թել ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տը, այժմ ալ, պէտք է հա­մախմ­բո­ւինք մեր հայ­րե­նի­քի ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ հզօ­րաց­ման սուրբ աշ­խա­տան­քին շուրջ, ո­րո­հե­տեւ թշնա­մին պի­տի չբա­ւա­րա­րո­ւի իր գոր­ծած ո­ճի­րով, այլ պի­տի փոր­ձէ ոտնձ­գու­թիւն­ներ կա­տա­րել ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին եւ բնակ­չու­թեան հան­դէպ:

­Փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը՝ որ 1915-ին սկիզբ ա­ռած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նպա­տակ­նե­րէն մէկն էր, այ­սօր ալ կը հե­տապն­դո­ւի Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի վար­չա­կար­գե­րուն կող­մէ՝ ո­րոնք կ­՚ու­զեն բռնագ­րա­ւել մեր ­Սիւ­նի­քը, ­Մեղ­րին, եւ նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նը: ­Մեր փոքր ժո­ղո­վուր­դը եւ իր հո­ղակ­տո­րը մեծ դեր կը խա­ղան փան­թուր­քիզ­մի վտան­գը զսպե­լուն մէջ, հե­տե­ւա­բար կը սպա­սենք, որ շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը ա­ջակ­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­հո­վու­թեան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին», յայտ­նեց ­Սե­ւակ ­Փա­նո­սեան: Ան իր խօս­քի ա­ւար­տին կոչ ուղ­ղեց հա­յու­թեան՝ հա­մախմ­բո­ւիլ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րին մէջ եւ ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւիլ մեր հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին։

­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ձայ­նը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան, որ դա­տա­պար­տեց Ար­ցա­խի ա­պօ­րի­նի գրա­ւու­մը եւ յայտ­նեց ե­րի­տա­սար­դու­թեան զօ­րա­ւոր կամ­քը։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ա­ռանձ­նա­բար։

­Յա­ջոր­դա­բար յու­նա­հայ պա­տա­նի­նե­րուն ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ ­Վա­սի­լիս Ա­ռա­քե­լեան, որ յայտ­նեց, թէ մարդ­կու­թիւ­նը ձա­խո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ եւ ան­գամ մը եւս թոյլ տո­ւաւ որ­պէս­զի նոյն դա­հիճ­նե­րը կրկնեն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տի ող­բեր­գու­թիւ­նը։ Ան նշեց Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու քա­ջա­րի կե­ցո­ւած­քը, պայ­քա­րի ու­ղերձ ղրկեց բո­լո­րին։ «­Հա­կա­ռակ իր վրայ կրած ա­մէն տե­սա­կի բռնու­թիւն­նե­րուն, հա­յու­թիւ­նը նա­հանջ պի­տի չու­նե­նայ իր պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բե­րու­մէն։ ­Հա­կա­ռակ իր վճա­րած ա­րեան սուղ գի­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քը եւ պայ­քա­րի ո­գին կը շա­րու­նա­կեն մնալ ան­նա­հանջ ու տո­կուն։ ­Պի­տի պայ­քա­րինք մեր նախ­նի­նե­րուն նման մին­չեւ վերջ­նա­կան հա­տու­ցում, այս է պայ­քա­րի միակ ու­ղին», եզ­րա­փա­կեց ան։

­Հա­ւա­քի վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Տիգ­րան ­Չի­չէ­քեան, որ դա­տա­պար­տեց մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, թրքա­կան նոր ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­ւա­քին նպա­տա­կը։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ամ­բող­ջու­թեամբ։

­Հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան եր­կու տե­սաե­րիզ­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը կը ներ­կա­յաց­նէր մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ տի­րա­ցած դե­րա­սան ­Մել ­Կիպ­սը­նը, որ կը դա­տա­պար­տէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի դէմ կա­տա­րո­ւած ոտնձ­գու­թեան դէմ։ Երկ­րոր­դը՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած եւ ընկ. Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէր Ար­ցա­խի 9-ամ­սեայ շրջա­փակ­ման եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը։

­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ազ­դան­շա­նին հե­տե­ւե­լով, հրա­պա­րա­կին վրայ կանգնած ժո­ղո­վուր­դը սկսաւ հա­մա­խումբ շար­ժիլ դէ­պի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան Ա­թէն­քի գրա­սե­նեակ­նե­րը։

Ե­ռա­գոյն մե­ծա­դիր դրօ­շը բռնած, հայ պա­տա­նի­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին քայ­լեր­թը, իսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պար­զած էին պաս­տառ­ներ ի­րա­զե­կե­լու հա­մար ան­ցորդ­նե­րը Ար­ցա­խի դէմ կա­տա­րո­ւած գրաւ­ման մա­սին։ ­Քայ­լեր­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան կը լսո­ւէին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր եւ ժո­ղո­վուր­դը կը բա­ցա­գան­չէր լո­զունք­ներ։

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին, ընկ. ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան ըն­թեր­ցեց յու­շա­գի­րը, որ պի­տի յանձ­նո­ւէր Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ ­Յու­շա­գի­րը կը հրա­տա­րա­կենք ամ­բող­ջու­թեամբ։

Ն­շենք, որ յու­նա­հա­յու­թեան բո­ղո­քի հա­ւա­քին հե­տե­ւե­ցան յոյն եւ օ­տար լրագրող­ներ, ո­րոնք լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րէն ար­ձա­գան­գե­ցին հա­յու­թեան բո­ղո­քի ձայ­նին։

­Նոյն պա­հե­րուն, եւ­րո­պա­կան մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, նոյն ձայ­նը բարձ­րա­ցաւ հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րուն կող­մէ, ոչ միայն որ­պէս բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն, այ­լեւ ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­լիք Ար­ցա­խի հո­ղէն ար­մա­տա­խիլ դար­ձած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։