Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով, Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը հանդէս եկաւ հայութեան զօրակցութեան ուղերձներով, որոնք համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ արտայայտուեցան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած մեծ ոճիրին մասին։
Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց. «Մենք կը յարգենք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ բնաջնջուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մեր պարտքն է պայքարիլ խտրականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ, որպէսզի մարդիկ ապահով ըլլան` անկախ իրենց ինքնութենէն, ծագումէն եւ համոզումներէն»։
Երկրի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ուղերձ յղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առիթով. «Այսօր` 24 Ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց, որոնք այդքան անարդարօրէն բնաջնջուեցան: Զգօն կը մնանք եւ դէմ կը կանգնինք որեւէ արարքի հանդէպ, որ խտրականութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրէ մարդկութեան նկատմամբ»։
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի գրառումը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առիթով. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը վառ պահելը ողջ մարդկութեան նուազագոյն պարտքն է: Այսօր մենք մտովի մեր հայրենակից եւ համայն աշխարհի հայութեան հետ ենք»։
Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանաեոթոփուլոս հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Յարգանքով կը խոնարհինք Հայոց ցեղասպանւթեան զոհերու յիշատակին առջեւ, որոնք անմարդկային կերպով բնաջնջուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին։ Պատմական յիշողութեան պահպանումը մեր բոլորին պարտքն է»։
Գործառնութեան եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Տոմնա Միխայիլիտու յայտնեց. «24 Ապրիլ 1915։ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելից։ Յուզումով եւ յարգանքով կը պատուենք 1.500.000 անմեղ նահատակներու յիշատակը, որոնք անմարդկային միջոցներով նահատակուեցան Օսմանեան Կայսրութեան օրերուն։ Պարտաւոր ենք կենդանի պահել պատմական յիշողութիւնը եւ ապագային կանխել նմանօրինակ ոճիրներ»։
Գլխաւոր ընդդիմութեան Սիրիզա կուսակցութեան առաջնորդ Ալեքսիս Ցիփրաս կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ժողովուրդ, որ մեզ նման սարսափելի փորձութիւններու ենթարկուած է, որոնք այլեւս պէտք չէ կրկնուին: Մեր պարտքն է վառ պահել պատմական յիշողութիւնը, պաշտպանել իրաւունքները եւ դէմ կանգնիլ ատելութեան ու ազգայնականութեան տրամաբանութեան, որ պատճառ դարձաւ այս վայրագութիւններուն»։
Փոփոխութեան շարշում-Փասօք կուսակցութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Նիքոս Անտրուլաքիս յայտնեց. «108 տարի առաջ ծայր առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քայքայուող Օսմանեան կայսրութեան մէջ յոյները, հայերը եւ ասորիները զոհ գացին քրիստոնեայ բնակչութիւնը բնաջնջելու համակարգուած փորձին: Այսօրուան տարելիցը մեզ կը յիշեցնէ պատմութեան յիշողութեան պահպանման, միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ պայքարելու մեր յաւէրժական պարտքը` կանխելու համար մարդկութեան դէմ նմանատիպ յանցագործութիւններու կրկնութիւնը»։
Յունաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու ու պաշտպանութեան մշտական յանձնախումբի նախագահ Քոսթաս Կիւլեքասի գրառումը. «24 Ապրիլ 1915… Այս օրը սկսաւ մեր հայ եղբայրներու ցեղասպանութիւնը: 1.500.000 հայ մարդիկ, կիներ, երեխաներ, մեծեր սառնասրտօրէն սպանուեցան, ողջ-ողջ այրեցան, խոշտանգուեցան թուրքերուն կողմէ՝ անընդունելի յանցագործութիւններու հետեւանքով, որոնք այսօր ալ կը մերժեն ընդունել այդ արարքները:
Անոնց հետեւեցաւ Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնը:
Մեր երկու ժողովուրդները կապուած են արիւնակցական կապերով: Կը յարգենք նահատակուած հայերու յիշատակը, կը ցաւակցինք հայ ժողովուրդի եւ Թեսաղոնիկէի մեր յունահայ եղբայրներու շարունակական սուգը: Արդարութիւն կը պահանջենք»։
Յունաստանի խորհրդարանի Յունաստան-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Տիմիթրիս Մարքոփուլոսի գրառումը. «Մեզմէ անոնք, որոնք այցելած են Երեւան, մեզմէ անոնք, որոնք մտերիմ են Յունաստանի հայ համայնքին հետ, այսօր պարտական են վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցել: Փա՜ռք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: 108 տարի անցած է թրքական ուժերուն կողմէ բազմաչարչար ու եղբայրական ժողովուրդի դէմ իրականացած ազգային զտումէն։ Մենք պէտք չէ մոռնանք»։
Նշենք, որ բազմաթիւ քաղաքապետներ եւ քաղաքական աշխարհի անձնաւորութիւններ իրենց ուղերձներով նշած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կրպակը
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու ծրագիրներուն մէջ, երկար տարիներէ ի վեր յատուկ տեղ եւ նշանակութիւն կը գրաւէ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան ծաւալուն կրպակը, որ ամէն տարուան նման կը կանգնի Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Քանի մը օրուան տեւողութեամբ, բազմաթիւ անցորդներ, յոյն եւ օտար ժողովուրդ կանգ կ՚առնեն կրպակին առջեւ եւ առիթը կ՚ունենան իրազեկ դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին, քննելով ու կարդալով տեղադրուած պաստառները, պատկերներն ու տեղեկատուական գրութիւնները։ Տեղ գտած նիւթերը կը պարփակեն նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, հերոսական շրջաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի հերոսական նուաճումներուն, 44-օրեայ ատրպէյճանական յարձակողականութեան եւ Արցախի շրջափակման շուրջ համառօտ տեղեկութիւններ։
Կրպակին շուրջ կանգնած են յատուկ պաստառներ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան եւ թրքական յաջորդական ոճրագործութիւններուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցեն։
Յատկանշական են նաեւ մեծ թիւով հրատարակութիւնները յունարէն լեզուով, որոնք կ՚անդրադառնան Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական տուեալներուն։ Անոնք կողքին կը տրամադրուին նաեւ յուշանուէրներ հայկական նիւթերով։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամներու մասնակցութեամբ, կրպակը իր շուրջ կը բոլորէ մեր կազմակերպ երիտասարդութիւնը, որոնց պահանջատիրական աշխատանքներուն գլխաւոր բաժինը կը նկատուի սոյն նախաձեռնութիւնը։ Ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը եւ զօրակցական կեցուածքը կը հաստատէ նաեւ այս ձեւաչափի տեղեկատուական կարեւոր ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը։
Հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում
Աթէնքի նահանգապետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, տեղի ունեցաւ գոհաբանական հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում։
Արարողութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը հայ յարանուանութեանց պետերուն, որոնց ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ գոհաբանական բաժինը։
Համախմբուած ժողովուրդի կողքին, ներկայ եղան Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ.վ. Պէզազեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, Գոքինիոյ եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւներ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Հ.Հ. դեսպանութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ խորհրդականները, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւներու ներկայացուցիչները եւ միութենական վարչականներ։
Յունական կողմէն, իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորոփուլոս, Ատիկէի մարզպետարանի խորհրդական Մերի Վիտալի, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխանական թեկնածուներ Խարիս Թէոխարիս, Եորղոս Քումուցաքոս, թեկնածու երեսփոխաններ Փաւլոս Խրիսթիտիս, Վասիլիս Սփանաքիս, Տուվա Ակելիքի, Տորա Փափատաքի, Աննա Գարամանլի, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, փոխքաղաքապետեր Վակելիս Խաչատուրեան, Քլերի Տելիեաննի, Փեթրոս Քուքաս, նախկին քաղաքապետ եւ այժմու թեկնածուներ Եորղոս Քութելաքիս, Եորղոս Քրիքրիս, խորհրդականներ Օտիսէաս Նասիպեան եւ Եորղոս Լարիսիս, ինչպէս նաեւ համապոնտական միութեան ներկայացուցիչներ Խրիսթոս Տիմոբուլոս, Երվասիոս Քացոթիս եւ Եորղոս Զինիսաս, լրագրող Նիքոս Սթեֆոս:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտներու փաղանգ մը, գլխաւորութեամբ ազգային դրօշակներու, պատուի կանգնած էր հիւրերուն առջեւ եւ ելոյթի ամբողջ տեւողութեան կը պարզէր տպաւորիչ պատկեր մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Գէորգ Աւագեան, որուն խօսքը պիտի տրուի առանձին։ Յաջորդաբար, խօսք առաւ փոխմարզպետը, որ իր զօրակցական արտայայտութիւններով դատապարտեց թրքական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Ան անդրադարձ կատարեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու անպատժելիութեան իրականութեան, առաւել դրուատեց հայ ժողովուրդի պայքարելու ոգին, ի խնդիր արդարութեան վերականգնումին։
Երկրորդ խօսողը եղաւ Վակելիս Խաչատուրեան: Ան կուռ արտայայտութիւններով վեր առաւ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարը, որ սկսաւ 19-րդ դարուն եւ պսակուեցաւ անկախ Հայաստանի հաստատումով։ Խօսողը, անդրադարձ կատարելով հայոց նորագոյն պատմութեան, շեշտեց հայ պահանջատիրական պայքարի հանգրուանները, Լիզպոնի հերոսագործութիւնը, Արցախի յաղթական նուաճումները, իսկ դատապարտեց թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան քաղաքականութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ Արցախի շրջափակումը։ Ժողովուրդի ջերմ ծափահարութիւններուն տակ, փոխքաղաքապետը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ մօտակայ ժամանակաշրջանին, Հ.Յ.Դ. մարմիններու գործակցութեամբ, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին կողքին պիտի կանգնի նոր մարմարեայ յուշարձան մը, որ պիտի խորհրդանշէ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը եւ հայերու Յունաստան հաստատման աւելի քան 100-ամեայ պատմութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւնը եւ յաջորդաբար հոգեւոր հայրերուն կողմէ եղան աղօթքներ ու ընթերցումներ։
Յայտագիրի վերջին մասին տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում։ Հայ համայնքի անունով դափնեպսակը զետեղեց Սեդա Յովակիմեան, յաջորդեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, ապա Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ հուսկ՝ փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորուփուլոս։
Յունական եւ հայկական ոգերգներու հնչիւններուն տակ, ժողովուրդը յուզումով իր յարգանքի տուրքը յոտնկայս մատուցեց մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, ապա համախմբուած բազմութիւնը միասնաբար մեկնեցաւ դէպի Սինտաղմա, իր մասնակցութիւնը բերելու համաժողովրդային բողոքի քայլարշաւին դէպի թրքական դեսպանատուն։
Քայլարշաւ եւ բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն
Հայ դատի եւ հայութեան պահանջատիրութեան հետապնդման ուղիին վրայ, յունահայ երիտասարդութեան առաջնորդութեամբ, հայ զանգուածները «ներկայ ենք» բացագանչեցին, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակին վրայ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, բազմահարիւր երիտասարդներ, պատանիներ եւ հայրենակիցներ ընդառաջեցին կազմակերպ երիտասարդութեան կոչին եւ իրենց բռունցքները վեր առին, դատապարտելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին՝ Թուրքիոյ մեծագոյն ոճիրը, միաժամանակ զօրակցութեան ձայն հնչեցուցին Արցախի մէջ շրջափակուած հայորդիներուն համար։
Երիտասարդական միութեան տեղեկատուական կրպակին շուրջ կանուխէն մէկտեղուած ժողովուրդին բաժնուեցան եռագոյն դրօշակներ, մինչ նոր սերունդը հագած էր 24 Ապրիլը խորհրդանշող շապիկներ։ Դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւի մեկնարկէն առաջ, Երիտասարդական միութեան ընկերները պարեցին հայկական տպաւորիչ երկու պարեր, խլելով ներկայ բազմութեան խանդավառ ծափահարութիւնները, մինչ երիտասարդ խօսնակը կը վստահեցնէր, թէ հայ երիտասարդութիւնը, ամէն ժամանակներուն, երգով ու պայքարով, պարով ու հերոսութեամբ ազդանշանը տուած է արդարութեան վերականգնման համար։
Ժողովրդային թափօրը ճամբայ ելաւ առաջնորդութեամբ ընդարձակ եռագոյն դրօշին, որ բռնած էին Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները։ Անոնց կը հետեւէին երիտասարդներու համախումբ եւ ձեռք ձեռքի տուած շարքերը, մինչ այլ երիտասարդներ մեծադիր պաստառներով շարուած էին երկար բազմութեան մէջ։ Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին համապոնտական միութեան պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ իրենց նախագահին, ինչպէս նաեւ յոյն քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Յունաստանի խորհրդարանի առջեւէն ճամբայ ելած ցուցարարներու մեծ համախմբումը շարժեցաւ Վասիլիսիս Սոֆիաս պողոտային վրայ, միաժամանակ՝ բարձրախօսներէն կը լսուէին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դատապարտող լոզունգներ։ Ազգային-յեղափոխական երգերու հնչիւններուն տակ, երիտասարդներուն ու ժողովուրդին կողմէ միաբերան կրկնուեցան տարբեր լոզունգներ, ժողովուրդն ալ հետեւեցաւ պատանիներու ու երիտասարդութեան կորովի բացագանչութիւններուն եւ զօրաւոր արտայայտութիւններուն։ Աթէնքի կեդրոնը գտնուող յոյն ժողովուրդը ուշադրութեամբ կը հետեւէր քայլարշաւին ու զանազան արտայայտութիւններով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան։
Ժողովրդային թափօրը հասաւ մինչեւ Ռիղիլիս հրապարակ, թրքական դեսպանատունէն աւելի քան հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր անգամ մը եւս նախորդ տարիներու պատկերը պարզուեցաւ ժողովուրդին առջեւ։ Ոստիկանական երկու զրահապատ ինքնաշաժներ փակած էին դէպի դեսպանատուն ճամբան, իսկ անոնց առջեւն ու ետին կանգնած էին տասնեակ ոստիկանական յատուկ ջոկատներ՝ վահաններով եւ մարտական լրիւ սարքաւորումներով։ Պարզուած տեսարանը, թէկուզ ծանօթ դարձած է մեզի համար, այսուհանդերձ՝ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ թրքական պետութեան վախն ու զգուշութինը խաղաղ ցուցարարներուն առջեւ, ճնշում բանեցնելով ոստիկանական զօրաւոր ներկայութիւն ապահովելու համար։ Ցոյցը առաջնորդող երիտասարդութիւնը աւելի զօրաւոր սկսաւ բացագանչել դատապարտանքի լոզունգներ, պահանջելով, որ քայլարշաւը հասնի մինչեւ դեսպանատան շէնքին առջեւ, որպէսզի ցեղասպանը լսէ հայութեան պահանջատիրական արդար ձայնը։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան պատուիրակութիւն մը պատրաստուեցաւ ուղղուիլ դէպի դեսպանատուն ու յանձնել յուշագիրը, սակայն նախապէս բախեցաւ ոստիկանութեան պետի մերժումներուն, որ իր սպասարկութեան վերի հրամանատարութենէն հրահանգներ ստացած ըլլալու պատրուակով, կը մերժէր թոյլ տալ երիտասարդներու պատուիրակութեան շարժիլ դէպի դեսպանատուն։ Տեղւոյն վրայ Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու ընկերներու միջամտութեամբ, կարելի եղաւ ճամբան բանալ ու երիտասարդները՝ եռագոյն դրօշը ձեռքին, ուղղուեցան դէպի դեսպանատուն յանձնելու յուշագիրը։ Սակայն, ոստիկանութեան պատասխանատուները թոյլ չտուին յուշագիրի ուղղակի յանձնումը դեսպանութեան ու պատուիրեցին այն զետեղել ծառի կամ պատի մը վրայ։ Հայ երիտասարդները կտրուկ մերժեցին իրենց արդար պահանջներու փաստաթուղթը ենթարկել նման նուաստացման, ապա որոշեցին ետ վերադառնալ ու ժողովրդային հաւաքին յայտնել թրքական պետութեան ներկայացուցիչներու հերթական մերժումին արարքը։
Այնքան ժամանակ, որ պատուիրակութիւնը կը փորձէր մերձենալ դեսպանատան շէնքին, ժողովուրդը զօրաւոր կամքով եւ հետեւողական կշռոյթով շարունակեց բացագանչել Արցախի ի նպաստ լոզունգներ, ինչպէս նաեւ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը դատապարտող խօսքեր։
Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ զօրակցական խօսքերու յայտագիր մը։ Համապոնտական միութեան անունով խօսեցաւ Նիքոս Քոէնտաս, ապա խօսք առաւ Ատտիկէի պոնտացի երիտասարդներու միութեան ներկայացուցիչ Եաննիս Ռափթոփուլոս։ Յաջորդեցին «Օննետ» եւ «Փասօք-Քինալ» երիտասարդականներու ներկայացուցիչներուն խօսքերը։ Բոլոր խօսողները անվերապահ աջակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին, դատապարտելով թրքական անպատժելիութիւնը եւ զօրավիգ կանգնելով Արցախի մարտնչող ժողովուրդին։ Խօսքերու աւարտին, Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամ ընկ. Ալին Սերոբեան կուռ եւ զօրաւոր ոճով յայտնեց հայ պատանեկութեան աննկուն կամքը՝ շարունակելու աննահանջ պայքարը մինչեւ վերջնական հատուցում։
Նոյն պահուն Պատանեկան միութեան անդամները իրենց բերաններուն վրայ զետեղեցին «X» նշանները, ցոյց տալով եւ դատապարտելով միջազգային ընտանիքի լռութիւնը թուրք-ատրպէյճանական նորօրեայ նկրտումներուն հանդէպ։
Հայ դատի յանձնախումբի խօսնակը բացատրեց երիտասարդներու պատուիրակութեան դիմագրաւած պատկերը դեսպանատան շէնքէն առաջ եւ բուռն խօսքերով դատապարտեց թրքական վարքագիծը՝ հետեւողականօրէն մերժել Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի փաստը ու հայութեան արդար պահանջները։ Ան յայտնեց, թէ հայութիւնը ոտքի կանգնած է ամբողջ աշխարհի վրայ, ցոյց տալու համար իր պայքարելու անխախտ կամքը. միաժամանակ ան կոչ ուղղեց բոլորին ամէն գնով նեցուկ կանգնիլ Արցախի հերոսական ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին։ Յաջորդեց Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան յուշագիրի ընթերցումը, որ կատարեց ընկ. Անայիս Խտրեան։
Նոյն պահուն, օդին վրայ բարձրացաւ մեծադիր պաստառ մը, որուն վրայ կ՚երեւէին հայ ժողովուրդին վրայ մեծագոյն ոճիրները գործած Ապտիւլ Համիտի, Թալեաթի, Էնվերի, Ճեմալի ու Ալիեւի դիմագիծները, որոնց վրայ գրուած էր «Ոճրագործներ» բառը, իսկ տակի մասը՝ «1894-1915-Այսօր» ժամանակագրական բացատրութիւնը։ Դատապարտանքի եւ բուռն լոզունգներու ձայնին տակ պաստառը հրկիզուեցաւ, ցոյց տալով հայութեան ընդվզումը շարունակուող ցեղասպանական արարքներուն դիմաց։
Շիկացած մթնոլորտին մէջ, հայ երիտասարդներու շարքերը սկսան շարժիլ թրքական դեսպանատան ուղղութեամբ, իսկ ոստիկանական ջոկատները պատրաստուեցան ետ մղել անոնց։
Պատասխանատուներու միջամտութեամբ կարելի եղաւ կանխել որեւէ անախորժ պատահար, սակայն երիտասարդներու ընդվզումը աւելի տարածուեցաւ՝ պահանջելով յառաջ շարժիլ ու հասնիլ մինչեւ թրքական շէնքին առջեւ։ Լոզունգներն ու բացագանչութիւնները շարունակուեցան բաւական ժամանակի համար, երիտասարդներուն միացած ըլլալով նաեւ ներկայ ժողովուրդը։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային քայլարշաւը եւ ցոյցը իրենց աւարտին հասան հայկական եւ յունական ոգերգներով։ Երիտասարդութիւն եւ ժողովուրդ վերանորոգեցին աննահանջ պայքարի խոստումը, ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, Արցախի ինքնորոշման ու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան։
azator.gr