կարևոր
5182 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-28 22:14
Աշխարհ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի նշում Պուէնոս Այրէսի մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի նշում Պուէնոս Այրէսի մէջ

Հարաւային Ամերիակայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Նոյեմբեր 26-ին Պուէնոս Այրէսի Հայ Մշակութային Միութեան սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 132-ամեակը:

Միջոցառման ընթացքին, որը վարեց Ալմա Թորոսեանը, ցուցադրուեցան Հ.Յ.Դ.-ի եւ Պատանեկան Միութեան պատմութեան վերաբերեալ տեսաերիզներ: Ժողովրդական երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերաւ Գորտոպա քաղաքէն ժամանած «Փարվանա» նուագախումբը:

Ձեռնարկի վերջաւորութեանը ներկաներուն փոխանցուեցաւ՛ գարասուն տարի ազատազրկուելէ յետոյ 2021-ին ազատ արձակուած դաշնակցական ընկեր Համբիկ Սասունեանի ձայնագրուած պատգամը:

Ապա խօսք առաւ Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Թապագեանը, որուն ուժեղ ելոյթը բազմիցս արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն:

Ան նշեց որ՛ «կուսակութիւնը չի ստեղծեց յեղափոխութիւնը կամ յեղափոխականները, սակայն գիտցաւ ըլլալ գործուն եւ ճկուն կազմակերպութիւն մը, որու միջոցաւ հնարաւոր ըլլար հետապնդել անտեսուած եւ բացառուած ժողովուրդի պահանջները»: «Մեզհայերուս համար երբեք հեշտ չէ եղած՛ ոչ ցեղասպանութիւնէն առաջ, ոչ ալ վերջը»:

«Ոմանք կը հրապուրուին հին ու մաշուած խոստումներով եւ կ՛առաջարկեն զիջումներ կատարել: Աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, ոմանք կը շարունակեն պայքարիլ, իսկ միւսները մոռցած են: Ոմանք իրաւունք կը պահանջեն, իսկ միւսները կը նախընտրեն յանձնել: Հարցը ուրեմն այն չէ թէ ի՞նչ իրաւունքներ կուզեն զիջել Հայաստանի կամ Արցախի մէջ, այլ որու՞իրաւունքները: Ովք՞եր պիտի տուժեն անտուն մնալէ, աշխատանքի պակասէ, սովածութիւնէ, կամ սառելով: Պատասխանը պարզ է՛ Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի մեր եղբայրները, որոնք Ատրպէյճանի սահմանին մօտ կապրին, ուր Ատրպէյճանը կը հալածէ գիւղացիին, կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակչութեան վրայ, եւ մեր տկար սահմանները պաշտպանող զինուորները դաժանօրէն կը սպաննէ: Հոն է որ Դաշնակցութիւնը որոշածէ ըլլալ, անոնց հետ»:

Թապագեան նշեց թէ, «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր 132 տարիներու ընթացքին խիստ կարեւոր համարեց սերունդներու ընդմէջէն պահպանել հաւաքական ազգային նախագիծը, մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ սկզբունքներով ամպրապնդուած անհրաժարելի հայ ինքնութիւնը պահպանելու համար»: «Սա կամաւորութիւն չէ, կամ հայրենամոլութիւն, ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն: Չեն հասկնար, որ չկայ ինքնութեան հնարաւոր նախագիծ՛ առանց մեր զօրութեան եւ համոզումներուն վրայ յենելու:Խօսքը կեանքի, ազատութեան եւ հաւասարութեան իրաւունքի մասին է, իրաւունքներ, որոնք մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ան պաշտպանել ու պահանջելը, հազարաւոր կամաւորներու կեանքի գնով եղած է»:

«Պայքարի դաշտը ընդարձակուած է ողջ սփիւրքի վրայ եւ կը տարածուի իւրաքանչիւր վայր, ուր ներկայ է» ընդգծեց Թապագեան, անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանի Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներու հասցէին կատարած քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուին Ուրուկուայի հայ համայնքին դէմ կատարած Գորշ Գայլերու ժեսդին»: «Մեկ բան է դեսպանատուներուննուէրներու եւ խավիարի վաճառքի կլոպալ շղթայի վերածելը եւ բոլորովին այլ բան է սերունդներու ընդմէջէն պահանջատիրութիւնը պահպանելու համար ժողովուրդը կազմակերպելը:

Առաջինը դրամ կը պահանջէ: Իսկ երկրորդը յիշողութիւն, ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: Եւ սա, ոչ մի տեղ կարելի չէ գնել»: «Եթէ որեւէ մոռացկոտ կ՛ըսէ թէ Հայ Դատը միշտ եղած է սփիւրքի գործը, անտեսելով ամեն 24 Ապրիլ Ծիծեռնակաբերդ այցելող հազարաւոր ժողովուրդը…այս պայքարը, որ կը մղուի ոչ թէ զենքը ուժով այլ համոզմունքներու ամբողջականութեամբ, չեն գիտեր ինչպէս պայքարիլը»: «Սա է հիմնահարցը: Հայ Դատը առաւել քան երբեք այժմէական է եւ համաշխարհային, ոչ միայն սփիւրքի մէջ, այլ Հայաստանի եւ Արցախի ամեն մի անկիւն: Մեր տեղէն, չկայ աւելի խլացուցիչ ճիչ, քան կազմակերպուած համայնքէ բխածը: Որով երբ Երեւանի իշխանութիւններէն կուզեն որպէսզի մեզ լռեցնէ, մեզմէ չեն ուզեր որ դադարեցնենք ակումբները, դպրոցները կամ եկեղեցիները՛ Անոնց ուզածը այն է որ մենք դադրեցնենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի, Հայաստանի ու Արցախի տարածքային ամբողջականութեան պահանջքը:

Մեր պատասխանն է՛ հաւելեալ Հայ Դատ, աւելի քաղաքական ռազմատենչութիւն եւ աւելի կազմակերպուածութիւն» ըսաւ ՀՅԴ՛ի ներկայացուցիչը, քննադատելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

«Մենք զօրահաւաքի համար պետք է համախմբենք ուժերը: Եւ անոնք որոնք ռեսուրս ունին, պետք է գիտակցին, որ մեր ուժը հաւաքական կազմակերպման մէջ է: Պատմութիւնը չի հիշեր անոնց որոնք ամենաշատը ունեցած են, այլ անոնց որոնք ամենաշատը տուած են: Անոնք, որոնք շատ ունին, գուցէ այսօր զիրենք տեսնէն մակազինի մը մէջ, իսկ վաղը մոռցուած են: Անոնք, որոնք կ՛ուտան, որոնք կ՛աջակցին հաւաքական ծրագիրին, դաջուած կը մնան մեր համայնքին անջնջելի յիշողութեանը մէջ: Եթէ կայ մի բան, որը մեզ հայերուս չի պակսիր, ան մարդիկն են, որոնք ամեն ինչերնին թողած են դատին համար:» շարունակեց Թապագեան՛ նշելով կուսակցութեան հերոսներու ու պատմական առաջնորդներու անունները:

«Սա է մեր էութիւնը, այսպիսին ենք մենք եւ այսպէս կը համարենք մեզ՛միշտ ծառայելով ազգին եւ բոլոր հայ ժողովուրդին, Հայաստանին, Արցախին ու Սփիւրքին»:

Գիշերուան աւարտին, Հ.Յ.Դ Արամ Մանուկեան Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ակուսդին Անալեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան ընտանիքը կազմող կազմակերպութիւններուն (Հ.Յ.Դ., Հ.Օ.Մ., Արմենիա Երիտասարդական Միութիւն, Պատանեկան Միուիթիւն, Հ.Մ.Ը.Մ., Համազգային, Խրիմեան Վարժարան, Հայ Դատ, Հայ Մշակութային Միութիւն) եւ գերազանցեց միջոցառման կարեւորութիւնը. «Շատուրախալի է տեսնել ամբողջ Դաշնակցական ընտանիքը մէկ վայրի մէջ՝ վայելելով ու մտածելով»: