կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-24 19:02
Սփյուռք

Հայրենիքը օտարութեան մէջ. Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ

Հայրենիքը օտարութեան մէջ. Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ

Եթէ երբեք նախնական ու համեստ բնութագրում մըն է դպրոց հասկացողութիւնը, ճեմարանը բաւարար է գոհացնելու ակադեմական որակումը 90-ամեայ կրթական այս օճախին, որ կոչուեցաւ  «Հայ  Ճեմարան» բառին իսկական տարողութեամբ ու  ամբողջացաւ ազգային գաղափարախօսական տարազումով։

Ճեմարանի հիմնադիրները փախեր էին սուրէն ու արհաւիրքէն եւ,  իրենց հոգիներուն մէջ հայրենի հողը կորսնցուցած ըլլալու դեռ  կոտտացող ցաւը զսպած, փառաւոր պատմութեան մը փոշիացող կսկիծէն մխացող հոգիներով  ու ազգը ամբողջ  գնչուի ճակատագիրին դատապարտուած ըլլալու սարսափէն զարհուրած, արշաւեցին դէպի անիրական ու անկարելի թուացող երազի մը իրականացում։  Վիթխարի ճիգերով ու անընկճելի նուիրումով ստեղծեցին կրթական այս օճախը, մշակութային այս լուսաւոր ոստանը, որ դարձաւ մեր ազգային  ինքնութեան քուրան։  

Հոգեվարքով տագնապող ժողովուրդի զաւակներուն մէջ վերապրեցուցին ու վերակենդանացուցին     դարերու ժառանգութեամբ հայ հոգիին վաստակն ու անոր խռովքներուն, տագնապներուն գեղարուեստական հարստութիւնը,   դարերու արիւն քրտինքով  կերտուած հայ մշակոյթը եւ  վերակառուցեցին ազգը՝ կրկին հայրենիք վերադառնալու երազով։

Ահա՛ տեսիլքը  Աղբալեանին, Շանթին, Վրացեանին եւ անոնց յաջորդող անկրկնելի ուսուցիչներու հոյլին՝ Կարօ Սասունի,  Կոստան Զարեան, Գ. Թօփալեան, Գ. Գիւզալեան, Մ. Իշխան, Գ. Բանեան, եւ աւելի ուշ՝  Եոլանտ Աճէմեան, Հրաչ Տասնապետեան, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան (հետագային՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա՝ ամենայն Հայոց կաթողիկոս), Ե. Փամպուքեան,  Վարդան Գրիգորեան,  օրդ. Ալիս Գազանճեան, պրն. Շահինեան, պրն. Քեհէեան՝ Սըրը եւ շատ ուրիշներ։   Անոնցմէ մի քանին՝ կարճ ժամանակով միայն, սակայն իրենց  մտաւոր ու հոգեկան ներշնչումներով սերունդներուն մէջ ամրագրեցին  հայ ոգիին անմահութեան գաղտնիքը եւ  հայ մշակոյթի գեղարուեստական դիւթանքով կախարդեցին  սերունդներ՝ ընդմիշտ գերեվարելով զանոնք հայութեամբ։  

Մեծութիւններ, որոնք  հայութեամբ ճառագայթեցին եւ հայութեամբ լեցուցին իրենց կեանքն ու շրջապատը։  Մեծեր, որոնք մեծեր ստեղծեցին եւ պահեցին հմայքն ու շունչը  հայ մեծերուն։    Սերունդները յաջորդեցին իրարու,  եկան նորերը, եկան հեռուներէն՝ Ամերիկայէն, Պարսկաստանէն, Եւրոպայէն  ու  նոյն խանդով, հայ լեզուի ու ժողովուրդի սխրագործութիւններով լիցքաւորուած,  հպարտ ու տոգորուն, իրենց ուսուցիչներու ներշնչած  ապրումներով գինովցած,  գացին  ու կերտեցին նորերը՝ լուսաւորելով ու ազգի բեկորները փրկելով կորուստէ։

Այսպիսին էր Ճեմարանը իր հիմնադրութեան տարիներուն։ Մենք ապրեցանք շուքին ներքեւ վերջին հսկաներուն,  երբ տակաւին փոքր ու անգէտ էինք անոնց  ինքնութեան։ Անտեղեակ՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն ու առաքելութենէն, սակայն ամէն առաւօտ  կը տեսնէինք  պրն. Սիմոն Վրացեանը՝ ձեռնափայտին յենած, դողդոջուն, դժուարութեամբ կը յառաջանար դէպի տնօրէնութեան գրասենեակը։ Իսկ մենք  երկիւղածութեամբ կը բարեւէինք՝ լաւ գիտակցելով մեծ մարդ մը ըլլալուն։  Աւելի ուշ միայն պիտի հասկնայինք, որ մեր ժողովուրդի լինելութեան, մեր մեծ երազին՝ Առաջին Հանրապետութեան կայացման հիմնադիր եւ դերակատար ռահվիրաներէն էր, հեղինակը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»  ծաւալուն  գիրքին։  Նոր միայն գիտակցելով անոր Մեծ Հայ մը ըլլալուն նաեւ։ 

Իսկ Կարօ Սասունին՝ կարմիր այտերով, ծխամորճը բերնին, մէկ ոտքի կաղութեան պատճառով ան եւս ձեռնափայտին յենած,  կ՚անցնէր պատկառելի քալուածքով, իսկ մենք կ՚աճապարէինք բարեւելու, որովհետեւ ան մեզի համար կը ներկայացնէր շօշափելի կերպարը հերոսներուն «Զարթօնք»-ի,  զոր այդ տարիներուն ձեռքէ ձեռք կը խլէինք կարդալու համար։

Պիտի գային քիչ ետք  ուսուցիչներ՝ Արմէն Տօնոյեան, Գառնիկ Բանեան ու մեր հոգիները խռովէին Սիամանթոյի՝ «Պար»-ով, բորբոքէին  մեզ   Նալբանդեանի ազատութեան տենչանքով՝   որոտացնելով  դասարանն ամբողջ «Ազատութիւն գոչեցի»-ի կշռոյթով։ 

Միշտ տխուր ու անժպիտ պրն. Բանեանը  վերապահութեան զգացում մը կ՚առթէր։   Ի՜նչ իմանայինք, որ Անթուրան ճզմած էր իր մանուկ հոգիին մէջ մօր մը գուրգուրանքի կարօտն ու սէրը,  քամած էր անոր վտիտ ու մանուկ մարմնին արիւնը եւ  անօթութեան խիթերէն սպառած ու հալածուած  անոր յաճախանքէն, դառնութիւնը պատած էր հոգին։   Բայց ահաւասիկ, յաղթած Անթուրային, կանգնած էր փոքրամարմին  հսկայ մը դասարանին մէջ, Սարդարապատի  յաղթանակող ոգիով  մեզ  կը ներշնչէր հաւատք՝ հայութեան գալիքին հանդէպ եւ հայրենիքին վերատիրանալու անմար երազով կը  տաղէր մեր մանուկ հոգիները։

Տակաւին՝ Մուշեղ Իշխանը, Մատամ Եոլանտը, անոնց, յատկապէս Մատամին դասապահերուն սկսած վէճերը մեծ տղաքը կը շարունակէին զբօսանքին՝  «լատիներէնը ֆրանսերէնի գրաբա՞րն է, թէ ոչ».   թէժ վիճաբանութիւններ,  որոնք  մտաւոր մակարդակի եւ ընթերցասիրութեան արդիւնք ըլլալէ բացի, հարցադրումներու ճամբով միտքը զարգացնող  երկխօսութիւններն էին, որոնք կը շարունակուէին բակին մէջ՝ գրաւելով մեր ուշադրութիւնը, իսկ մենք անոնց շուրջ կը հաւաքուէինք հետաքրքրութեամբ մտիկ ընելու  այս բարդ խօսակցութիւնները։  Ահա թէ ինչպէ՛ս ուսուցիչները աշակերտին մտքին թռիչք կու տային իրենց դասաւանդման մեթոտներով։

Եկան նաեւ այցելուներ հայրենիքէն ու մեզ կախարդեցին իրենց քաղցրահունչ արեւելահայերէնով։  Հին շէնքի մուտքի գեղեցիկ աստիճաններուն վրայ ամբողջ ուսուցչական կազմով, հայրենի հիւրը՝ Սուրէն Քոչարեան, պատշգամին կեդրոնը,  մենք՝ դիմացի պարտէզին մէջ խռնուած Աղբալեանի եւ Շանթի կիսանդրիներուն շուրջ, կատարեալ լռութեան մէջ կը հետեւէինք Քոչարեանի ասմունքին մոգական ելեւէջներուն՝ «Արի՜ հէյ՜ Գիգոր»։ Սրտամորմոք պատմուածքը, դասակարգային անհաւասարութեան եւ ընկերային անիրաւութիւններու մասին սրտառուչ եւ անկրկնելի պարզութեամբ  Թումանեան մեր սրտերէն արցունք  կը քամէր։

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայ Ճեմարանը կը խեղճանայ դպրոց պիտակումին տակ։  Երբ ան  դպրոցէ մը աւելին էր, դարբնոց էր՝  հայակերտումի, հնոցը՝ ազգային ինքնութեան եւ մկրտարանը՝ անաղարտ հայ  մը ըլլալու,  ուր աշակերտը ջերմութեամբ, հաւատքով, ներշնչումով, բարոյական ու մտաւոր խարազանումներով հայ կը կռանուէր։    Բայց եւ ազատ մտածողութեան եւ ազատ արտայայտութեան անբռնաբարելի իրաւունքներով։  

Ճեմարանը հայրենիքն էր օտարութեան մէջ։

Հոնկէ տողանցեցին սերունդներ ու նետուեցան կեանքին։  Գացին աշխարհին,  տանելով իրենց հետ հայ մշակոյթի անսպառ հարստութիւնն ու հայոց պատմութեան սխրանքներու հպարտութիւնը իրենց սրտերուն մէջ ամբարտակուած։ Ստեղծեցին ամէնուրեք հայութեան  նոր օճախներ  ու շունչ տուին այլասերող սերունդներուն՝ հայ երգի ու բառի հնչեղութեամբ,  հաւատարիմ՝ զիրենք կերտողներու տեսիքին, եւ անոնց կրակով բոցավառեցին նորերը։

Անցած են տասնամեակներ այդ հոյակապ ու սքանչելի տարիներէն, ու մեր կեանքի քաղաքական վերիվայրումներու իբրեւ հետեւանք այն ոստանը, ուրկէ ճախրեցին մեր հոգիները, քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական պարտադրանքներու ներքեւ փոխարինուեցաւ նորով,  աւելի կատարելագործուած, արդիական ու մանկավարժական մօտեցումով կառուցուած։

Տարիներու հոլովոյթին հետ փոխուեցան նաեւ  մտայնութիւններն ու համոզմունքները։  Նոր պայմաններու պահանջներու դիմաց, նոր ռազմավարութիւններ որդեգրուեցան տոկալու համար նոր  ժամանակներու հրամայականներուն։  

Եթէ հիմնադիրներու օրով  գաղթականութեան  չքաւորութիւնն ու ազգային ինքութեան կառոյցներու պակասն էր մարտահրաւէրը՝ մեր գոյութեան սպառնացող, այսօր հեգնականօրէն ունեւորութիւնն ու քաղքենիացումն են  վտանգը, որ մեզ կ՚օտարէ մեր ինքնութենէն։  Հայ ինքնութեան մաշումն  ու հայոց լեզուին ողբերգական աղաւաղումն է,  որ  անկասելի տիղմի հեղաղատ մը ըլլայ կարծէք, որ կը տանի բոլորը։   Այն, որուն համար ստեղծուած էին սփիւռքի դպրութեան տաճարները, սկսած են վերածուիլ շուկայի պահանջներուն  գոհացում տուող արհեստագէտներ արտադրող  հաստատութիւններու, զիջելով մեր փառքն ու պարծանքը,  մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը ՝ ժամանակի  ու շուկայի հրամայականներուն։

Բայց մեղադրանքը միակողմանի չէ։ Յանցանքի բաժինը գրեթէ բոլորը հաւասարապէս կ՚ամբաստանէ։  Ժամանակները, առաջին հերթին, քաղաքական  եւ տնտեսական նոր համակարգերու պատշաճող աշխարհայեացք կը պարտադրեն։  Ծնողները իրենց զաւակներուն յաջողութիւնը  բոլոր առաջնահերթութիւններէն կը գերադասեն (արդարօրէն), բայց ի գին  ամէն զոհողութիւններու, այս պարագային՝ ազգայինը, առաջին հերթին։ Հայ դպրոցը տասնամեակներու ընթացքին հայերէնի եւ  հայոց պատմութեան  դասապահերը պիտի վերածէր աշակերտին մէջ քաղաքական մտածողութիւն զարգացնող եւ իրաւական հիմքեր պատրաստող  մտաւոր  աշխատանքի, սակայն անոնք մնացին լոկ տեղեկութիւններ փոխանցող ոչ հետաքրքրական դասապահեր՝ հետզհետէ պարպելով աշակերտը ազգային բովանդակութենէ։

Ե՞րբ եւ ո՞ւր է, որ հայ աշակերտը կը թրծուի, ազգային, հասարակական եւ մշակութային  պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելու կրթութեամբ, եթէ ոչ հայ վարժարանին մէջ, ուր ոգին ու խանդը պիտի փոխանցուին դասաւանդուող նիւթերուն հետ։

Այսօր, ինչպէս երէկ,  նոյնքան կարիքը ունինք նոր առաքեալներու, Աղբալեանի ու Շանթի եւ այլոց նման, որոնք ազգային նկարագիրը պիտի քանդակեն հասնող սերունդներու մէջ։  Եւ պատահական չէ, որ մեր հայեացքները կ՚ուղղուին դարձեալ Հայ Ճեմարանին, հոնկէ սպասելով ազգային լուսաբացը։

Տխուր ու յուսահատական երեւոյթը հայկական վարժարաններուն, մանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տարածքին ի տես մէկ առ մէկ փակուող վարժարաններուն   կը պարտաւորեն Հայ Ճեմարանը  ըլլալ ուղեցոյցը ազգային նկարագրի  պահպանման, ըլլալով նաեւ բարձրագոյն մակարդակի կրթական օճախ։

Շէնքը չէ միայն, որ հաստատութիւնը իր նպատակներուն կ՚առաջնորդէ, այլ՝ այնտեղ թեւածող ոգին, որ կու գայ դարերու խորերէն,  կը ջամբուի կաթիլ առ կաթիլ,  ուսուցիչներու հոյլով, գեղարուեստական մթնոլորտով, հայ մշակոյթի  մտքի տիտաններով, գրականութենէն ժայթքող ապրումներով ու յոյզերով, կիրքերով  ու սէրերով, մեր ժողովուրդի  փառապանծ անցեալի սխրանքներով ու խռովքներով։  Մարդը ազնուացնող ապրումներու ճաշակը սերմանելով աշակերտին մէջ։ 

Հայ ճեմարանը հարուստ այս բովանդակութեամբ՝ ազգային կրթութեան առաքելութեամբ,   մրցունակ կրթական լաւագոյն մակարդակով  եւ մանաւանդ յանձնառու՝ զինք կերտողներու տեսիլքին, կը մնայ մեր յոյսն ու ապաւէնը սփիւռքի օճախներուն մէջ ըլլալու  արեւմտեան երկիրներու համազօր կառոյց մը, կրթական բարձրագոյն մակարդակով եւ ազգային պատկանելութեան հզօր բովանդակութեամբ, ստանձնելով ազգի ղեկավարութիւնը պատրաստող կրթական համակարգը։  Ճեմարան մը,  ուր ազգի ընտրանին պիտի պատրաստուի ստանձնելու պատսխանատուութիւններ՝ կրթական, մշակութային, քաղաքական  եւ հասարակական կեանքին  մէջ,  կանխելու համար հոգեվարքը սփիւռքին, ինչո՞ւ չէ նաեւ ստանձնելու պատասխանատուութիւններ հայրենի կառոյցներու մէջ։

Անցած են տասնամեակներ մեր հին ճեմարանի գրասեղաններու ետին ապրած հոյակապ եւ սքանչելի օրերէն։  Այդ օրերու յուշերը այսօր եւս հոգեխռով ապրումներով կը պատեն հոգիս։

Իմ հոգին այդ գրասեղաններու վրայ ծծեց մարդկային գերագոյն արժէքներով ապրելու բարեմասնութիւնները, ազգային ու հոգեւոր արժէքները, հայոց լեզուի ու հայոց պատմութեան գոհարներէն։ Ուսուցիչներս չկան այլեւս, որպէսզի անոնց յայտնենք, թէ մեր սրտերուն մէջ կը կրենք զիրենք աշակերտած  ըլլալու հպարտութիւնը, թէ մեզ պատրաստեցին սիրել մայրենին,  հպարտանալ՝ հայոց պատմութեան փառաւոր էջերով,  հիւսեցին մեր հոգիներուն մէջ հայրենիքի երազը ու պատրաստեցին մեզ  հայրենիքին համար։

Փա՜ռք  ու պատիւ ձեզի՝  սիրելի՛ ուսուցիչներ, հայրենիքի պահապաններ եւ ազգը կերտողներ։  

Ես շրջանաւարտ չեղայ կրթական այս տաճարէն, բայց ինչ որ առի փոխարէնը՝ իր տարողութեամբ աւելի խստապահանջ յանձնառութիւնն էր արժանի ըլլալու անվրիպելիօրէն իմ ազգային ինքնութեան հաստատագիրին,  մեր խառնուածքին բնորոշ ցեղասպանութեամբ պայմանաւոր  եւ մեր համայնական արժանապատուութեան  պայծառ դէմքը ցոլացնող գիտակցական խարիսխն ու հենքը։

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

28  Մայիս 2020