Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց հին մայրաքաղաք աւերակ ԱՆԻն տեսայ, օտարի պէս, զբօսաշրջիկ, ինծի պէս ուրիշներ ալ կային հոն:
Աւերակ եկեղեցին դիտեցի, անկէ անդին, վարը, Ախուրեանն էր, եւ քանի մը քայլ անդին կար Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Ուզեցի ինքզինքս համոզել, որ ժամանակը կը գրէ պատմութիւնը, բռնութիւնները կը դարձնէ օրէնք եւ արդարութիւն: Ճի՞շդ է:
Այդպէս է հայոց մայրաքաղաքը Անին, աւերակ, մեռած: Անվերականգնելի՝ քանի որ իրաւ տէրերը հոն չեն:
Որո՞ւ կը պատկանի Անին: Պատերազմ եւ զէնք օրէնք կը ստեղծեն: Բայց երբ կը դադրի կռիւը, գերիները կը փոխանակուին:
Տեղ մը գրուած օրէնք մը չկա՞յ գերի Անին վերադարձնելու, ժողովուրդ մը զրկուած չպահելու իր հաւաքական յիշողութենէն:
Անին, քար եւ պարիսպ, թուրքին եւ Թուրքիոյ համար յիշողութիւն չեն, իրենց յիշողութիւնը չեն, հոն չկան իրենց տեսիլքը, միտքը եւ քրտինքը:
Թուրքին եւ Թուրքիոյ համար պատմամշակութային արժէք չէ Անին, անոնք իրենք զիրենք չեն կրնար տեսնել, չեն տեսներ այդ աւերակներուն մէջ, կիսականգուն գմբէթներուն մէջ:
Եթէ լսենք Մ.Ա.Կ.ի բեմէն արտասանուած ճառերը, մարդկային իրաւունքի, արդարութեան, խաղութեան եւ համակեցութեան մասին, կը տարուինք մտածելու, որ դրախտը երկինքէն իջած է երկիր: Ո՞վ զո՞վ ոտքի կը քնացնէ:
Տրովադայի (Troie, Troy) պատերազմի ժամանակ, Հեքթոր մենամարտեցաւ Աքիլլէսի դէմ, պարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ: Հեքթորի հայրը Փրիամ, քաղաքի պարիսպներէն դուրս եկաւ, գնաց եւ խնդրեց, որ Աքիլլէս իրեն յանձնէ իր որդի Հեքթորի դին, որպէսզի պատիւով զայն թաղէ եւ Աքիլլէս յանձնեց Հեքթորի դին:
ԱՆԻն հայոց աւերակ մայրաքաղաքն է: Անոր քարերուն, սիւներուն եւ գմբէթներուն վրայ կան միայն հայերու միտքի եւ մատներու հետքերը: Ինչ ալ եղած ըլլան ԱՆԻի Թուրքիոյ բռնակցման պայմանները եւ արդարացումները, օրինական եւ զինուորական, ԱՆԻն հայկական ժառանգութիւն է, անյեղլի կնիքով:
Չկա՞յ օրէնք մը, չկա՞յ միջազգային իրաւարարական մարմին մը, չկա՞յ ժողով մը, ուր կարելի ըլլայ դիմել, ընթացիկ քաղաքական ճապկումները մէկդի դնել, եւ Աքիլլէսի մեծութեամբ վճռել, որպէսզի ԱՆԻն վերադարձուի զինք կերտած ժողովուրդին, խնամուի, դառնայ յիշողութեան եւ յիշեցման խորան, Անցեալը բերէ Ներկային մէջ:
ԱՆԻն ոչինչ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար, նոյնիսկ մշակելի տարածք չէ:
Թուրքիոյ նախագահը եւ իշխանութիւնները ոչինչ կը կորսնցնեն ԱՆԻն վերադարձնելով իր տէրերուն, որոնք սիրով եւ գուրգուրանքով կրնան վերաբերիլ իրենց ժառանգութեան: Նոյնիսկ եթէ չվերակենդացնեն, զայն կը դարձնեն հայերու ուխտատեղի: Այդ ընելով Թուրքիան վարկանիշ կ’ապահովէ բարի դրացնութեան եւ մշակոյթներու պաշտպանութեան ճակատներուն վրայ:
Այս ըմբռնումով ինչո՞ւ Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարը եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը, նաեւ, կրկնենք, աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչած մեծերը չեն խօսիր եւ չեն պահանջեր, որ ԱՆԻն վերադարձուի իր ժողովուրդին: Այս պահանջը ցեղասպանութեան ճանաչում չէ, ահաբեկչութիւն չէ, վարկաբեկում չէ: Մեծերը, որոնք պատմութիւն գիտեն, երբեմն գիտցած են կռուիլ իրաւունքի համար: Ֆրանսան միլիոնաւոր զոհեր տուաւ, ինչպէս իրենք կ’ըսեն, Վոժ լեռներու կապոյտին գիծին վերատիրանալու համար:
Բայց պարզ է նաեւ, որ ԱՆԻի վերադարձի պահանջը ներկայացնող պէտք է ըլլայ: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս:
Ի հարկէ՝ հայերը:
Բայց նաեւ թուրք մտաւորականութեան մոլեռանդութենէ եւ կիրքերէ ձերբազատուած փաղանգը ինք հրապարակ պէտք է գայ այս պահանջով:
Ինչո՞ւ ոչ նաեւ միջազգային այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք համաշխարհային մշակութային պաշտպանութեան կարգախօսով հրապարակ կու գան, կը խօսին Անկքորի, Պարթենոնի, Փալմիրի, Փարիզի Աստուածամօր տաճարի, եւ այլ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան խորհրդանիշներու մասին:
ԱՆԻն վերադարձնե՛լ հայ ժողովուրդին:
Թուրքիոյ համար ԱՆԻն ոչինչ կը ներկայացնէ: Քարակոյտ է:
ԱՆԻն հայ ժողովուրդի պատմութեան բաց գիրքն է, ոգի է, արուեստի կուտակում է:
Ի՞նչ է պարտականութիւնը միջազգային համայնքին:
Այս հարցումով հրապարակ գալ չի նշանակեր թշնամութիւն սերմանել կամ ծաւալապաշտ ըլլալ:
ԱՆԻի հայութեան վերադարձը իրաւ խաղաղութեան եւ միջազգային փոխըմբռնումի պզտիկ քայլ կ’ըլլայ, թերեւս առաջինը ապագայի մեծ քայլերու:
ԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ԱՆՈՐ ԻՐԱՒ ՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՐՊԷՍ ԳՐԱՒԱԿԱՆ ՎԱՂՈՒԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ:
Բաց նամակ՝ սահմամններէ ասդին եւ անդին:
Եթէ չեն խցուած բոլոր ականջները եւ չեն խաւարած միտքերը:
Քաղաքական մանրուք չէ ԱՆԻն, նոյնիսկ եթէ ասդին եւ անդին օրակարգ չէ:
ԱՆԻն այսօր հոգեկան-ոգեկան օրակարգ է հայուն համար:
Այս պէտք է ըսել բարձրաձայն, ոչ միայն բանիմացներուն:
Բայց նախ մենք պէտք է ըսենք եւ գիտնանք, որ ան մեզի համար սոսկ զբօսաշրջիկային հասցէ չէ:
Այս պատմութիւն է, քաղաքականութիւն, մշակոյթ եւ անկորնչելի իրաւունք:
Յ.Գ. Կը խնդրուի թարգմանել եւ տարածել
Յ. Պալեան