Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Նախ եւ առաջ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան հաւաքական ցեղասպանութիւն կը գործեն հայ ժողովուրդին դէմ, այն ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, ներկայիս կը կրկնուի թրքական զինամթերքով եւ ծրագրումով, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ու թրքական եւ իսրայէլեան զէնքերով», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ֆրանսական «Մոնթէ Քարլօ Տուալիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին:
Պատասխանելով Արցախի գոյամարտին շուրջ հարցումին` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Անկասկած արտասահմանի, Հայաստանի թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (զոր մենք իր հայկական իսկական անունով կը կոչենք Արցախ) մէջ ապրող ոեւէ հայ վճռական կեցուածք ունի այս գծով: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պատմականօրէն եղած է հայկական ու այդպէս ալ պիտի գոյատեւէ, Խորհրդային Միութեան օրերուն այս երկրամասը պոկուեցաւ Հայաստանէն եւ շնորհուեցաւ Ազրպէյճանին: Այս մեկնակէտով եւ մեկնելով (հայութեան) ինքնորոշման իրաւունքէն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ղարաբաղի բնակչութիւնը Ազրպէյճանէն անկախութիւն հռչակեց:
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ Ազրպէյճան հիմնուած է 1918-ին, իսկ Արցախի հայ ժողովուրդը ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն: «Վստահաբար մեծ մտահոգութիւն կայ, որ այս պատերազմը ծաւալի ու վերածուի շրջանային պատերազմի, թրքական ծրագրումով ու կիրարկումով յատկապէս ծայրայեղ ահաբեկիչներու Սուրիայէն, Լիպիայէն ու այլ շրջաններէ դէպի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանագիծի ուղղութեամբ տեղափոխութեամբ, բնականաբար հայ ժողովուրդը պիտի զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն»:
Արտասահմանէն հայ երիտասարդներու զինուորագրման կոչին մասին հարցումին պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Վստահաբար այս գծով կան զանազան կոչեր, բայց ոչ պաշտօնական կոչ Հայաստանի նախագահին կամ վարչապետին կողմէ: Կը խորհիմ, որ Հայաստան ներկայիս պէտք չունի արտասահմանէն կամաւորներու: Հայկական բանակները Հայաստանի թէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կարող ու ատակ են եւ բաւարար թիւով տարրեր ունին: Այսուհանդերձ, անկեղծօրէն ըսեմ, որ որոշ խանդավառութիւն կը տիրէ արտասահմանի հայ երիտասարդութեան մօտ` դիմադրելու թրքական յարձակումին դէմ: Իսկ Լիբանանի մէջ նման որոշում չկայ եւ պէտք ալ չկայ կամաւորներու: Պարզապէս քանի մը երիտասարդներ, որոնք տարիներ առաջ գաղթած են Հայաստան եւ ստացած հայկական քաղաքացիութիւն` իրենց կարգին Հայաստանի երիտասարդութեան նման, կամաւոր արձանագրուած են: Իսկ հոս կարգ մը լիբանանցիներ ինքնակամօրէն պարտականութիւն կը զգան երթալու եւ պաշտպանելու հայ ժողովուրդը: Հոս անկեղծօրէն նշեմ, որ հայ ժողովուրդը կը դիմակալէ ու կը դիմադրէ թրքական ու ազրպէյճանական ահաբեկչութեան: Ասիկա ահաբեկչական գործողութիւն է ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, այլեւ` համայն հայ ժողովուրդին դէմ»:
Իսկ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ «ներկայ պայմաններուն Հայաստանին ինչպիսի՞ օժանդակութիւն կարելի է մատուցել լիբանանեան խորհրդարանին ճամբով» հարցումին անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Բնականաբար հայերս Լիբանանի մէջ կարեւոր համայնքներէն մէկը կը նկատուինք եւ առ այդ իբրեւ արդարացի ու ինքնորոշման իրաւունքի հարց կը փորձենք զօրակցիլ Հայաստանին: Իսկ իբրեւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյց, կը փորձենք նիւթական, դիւանագիտական, քաղաքական ու քարոզչական զօրակցութիւն յայտնել այս արդար ու իրաւացի հարցին:
Լիբանանի այժմու իրավիճակին նկատմամբ հայութեան դերակատարութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի յիշեցուց, թէ «պատմականօրէն հայ համայնքը միշտ ջատագով հանդիսացած է հարցերը դրական մօտեցումով լուծելու: Օգտուելով մեր իւրայատուկ դիրքէն եւ բոլոր կողմերուն հետ մեր սիրալիր յարաբերութիւններէն, կը փորձենք կանխարգիլել միջհամայնքային պառակտումները եւ դրական իրաւարարի եւ այսպէս ասած` «հրշէջ»-ի դեր կատարել` մարելու համար բոլոր այն հարցերը, որոնք կրնան յանգիլ «Աստուած մի արասցէ» քաղաքացիական պատերազմի»:
aztagdaily.com