Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Հայ երաժշտութիւնն իր մէջ կը սնուցանէ ոգին ի՛ր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամենէն մաքուր հայելին է ցեղին»:
Կոմիտաս
Վարդի Դանիէլեան
Մեր ազգային ինքնութեան կերտողներէն է Կոմիտաս: Ինքնութիւն, որ կը ծնի ազգին իւրայատուկ լեզուէն ու մշակութային ժառանգէն: Ահա հո՛ս է, որ Մաշտոցն ու Կոմիտասը կը նոյնանան: Մեսրոպ Մաշտո՛ցը, մեր ինքնութեան դրոշմադիրը, մեր գոյութիւնը մեր գիրով ու բանով շօշափելիօրէն իմաստաւորողն ու դարբնողն է: Կորիւն սքանչելին Մեսրոպ Մաշտոցը կը նմանցնէ պատուիրաններով երկինքներէն իջնող Մովսէս մարգարէին, որ իր ժողովուրդին կը բերէ այն՝ ինչ կը պակսէր անոր. օրէնք եւ անով ապրելու պատգամ: Կորիւնի` Մեսրոպ Մաշտոցին տուած պատկերը կը գտնենք սքանչելի շարականի մը մէջ.
«Նըմանեալ Մովսէսի տէր վարդապետ, բերելով ըզգիր օրինաց ի Հայաստան աշխարհս, որով լուսաւորեցան ազգ որդւոց Թորգոմայ:»
Մեծերը ամէն օր չեն ծնիր եւ ամէն օր գիւտեր չեն կատարուիր: Թէեւ մեր Մեծերը դարերու ընթացքին երեւոյթներ էին, բայց Կոմիտասի կատարած հայ երգի ու երաժշտութեան վերայայտնաբերումը նուազ գիւտարարական տարողութիւն չունէր: «Կոմիտաս երեւոյթը»,-կը գրէ անուանի կոմիտասագէտ Արթուր Շահնազարեանը,- «միայն մեր երաժշտութիւնը չէ. մեր բնաշխարհն է, մեր պատմութիւնը, մեր հազարամեակների մշակոյթը՝ արտայայտոած՝ երաժշտութեան լեզուով:»* Կոմիտաս վարդապետ, գրերու գիւտէն 1500 տարի ետք, (1913-ին), յօդուածով մը հայ ժողովուրդին կը վերադարձնէ այն՝ ինչ կը կարծուէր չգոյ, ինքնին՝ գրերու գիւտի ընձեռած գիր ու բանով ստեղծուած, անով մշակուած մշակութային կոթողներուն կողքին կը պակսէր ժողովուրդի հոգիին մէջ տուն գտած ազգային ինքնուրոյն երաժշտութիւնը, որ դարերու ընթացքին փոխազդեցութիւններով դարձեր էր թուրք-պարսիկ-քիւրտ երգերու խառնարան: Ահաւասիկ այդ վարկածներն ու թոյր կարծիքները ջրելու համար Կոմիտաս յաջողեցաւ գտնել մեր երգերու ակունքները ու աշխարհով մէկ յայտարարել իր 1913-ի յօդուածով, որ հայը ունի ինքնուրոյն երգ ու երաժշտութիւն, հաստատում մը, «որ կարելի է անկիւնադարձ մը սեպել հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ՝ իսկ այդ յօդուածը կարելի է հայ երաժշտութեան վերայայտնաբերման վկայագիրը համարել»,- կ’ըսէ Մելքոն Տեմիճեան: **
Կոմիտաս, որպէս մեկնակէտ ունեցաւ այն «…տեսութիւնը, որ կ’ըսէ, թէ որեւէ ազգային երաժշտութիւն իր մայրենի խօսակցական լեզուին օրէնքներուն վրայ կը հիմնուի եւ կ’ենթարկուի անոր բոլոր լեզուական սկզբունքներուն, շնչառութեան զանազան ելեւէջներուն,, առոգանութեան, շեշտադրութեան, կէտադրական օրէնքներուն, բառամէջի լռութիւններուն եւ այլ յատկանիշներուն վրայ» (Գասպարեան, էջ 110) ինչ որ մաս կը կազմէ սեփական լեզուամտածողութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ունի ինքնուրոյն երգ ու երաժշտութիւն: Ուրեմն, եթէ հայերէնը կայ, կը խօսուի, ունի նաեւ իր ինքնուրոյն երաժշտութիւնը: Ա՛յս էր իր ելակէտը: Յաղթահարելով իր դիմաց յոխորտացողներու մերժողական կարծիքները, թէ՝ հայերը ոչ ինքնուրոյն երգ ունին, եւ ոչ՝ ալ երաժշտութիւն, նկատի առնելով, նաեւ, որ քաղաքներու մէջ երգուած երգերը աղաւաղուած ու աղարտուած են, Կոմիտաս կը դիմէ ակունքներուն՝ մեր ամենէն զուլալ աղբիւրներուն՝ հայ գեղջկական երգին ու բանին: Շատեր խօսած են այս մասին, բայց կը մէջբերեմ Զահրատէն «Կոմիտաս» բանաստեղծութիւնը, որ աւելի քան խօսուն է:
Կոմիտաս
գրեց՝ Զահրատ
Արեւ կայ
Իր երգերուն մէջ հողն եփող արեւ կայ
Արեւ կայ սիրտ տաքցնող
Եւ կարօտով սիրտերն այրող Արեւ կայ.
Տերեւ կայ
Իր երգերուն մէջ բողբոջուն տերեւ կայ
Տերեւ կայ շոգ ամառներէն վերապրող
Ու աշնան հետ ոսկի դարձած Տերեւ կայ.
Անձրեւ կայ
Իր երգերուն մէջ գարնան շաղ անձրեւ կայ
Անձրեւ կայ սիրտը թրջող
Ու կարօտներն ի սպառ մարող Անձրեւ կայ.
Բարեւ կայ
Իր երգերուն մէջ համասփիւռ բարեւ կայ
Բարեւ կայ մեր գութաներգէն հարսներգէն
Խաղաղութիւն սիրող Մարդոց Բարեւ կայ:
600 տարուան օտար լուծի տակ մնալէ, եւ դրացի ազգերու խառնափնթոր ազդեցութիւններէ ետք, Կոմիտասն է, որ մաքրեց դարերու փոշին, զտեց ու լոյս աշխարհ բերաւ հայ ժողովրդական երգէն բխող մշակոյթի ուժգնութիւնն ու զտարիւնութիւնը: Մեր դարաւոր եկեղեցիներուն ճարտարապետութեան պէս, պարզին վսեմութիւնը որպէս շաղախ գործածող հայ գիւղացիին երգն ու հորովելը, եւ անով իսկ զօրացուց ու ամրապնդեց մեր կապը հայրենի հողին ու արեւուն, եւ իմաստաւորեց մեր ազգային գոյութեան իրաւունքին շունչ տուող մեր մշակոյթի դարաւոր արժանապատուութիւնը:
Զտարիւնը եկուոր օտարոտիէն մաքրելն ու զտելը, քարէն ադամանդ կերտելու աներեւակայելի դժուարութիւններն ունի, աւելի՛ դժուար է, քան՝ նորին յղացումը, ոչինչէն կերտումը: Կոմիտասի գլխաւոր մտասեւեռումը ա՛յդ իսկ էր, այդ դժուարի՛նը, այդ մաքրամաքուրին թաքստոցը գտնելն ու զայն մաքրազտելն ու իր հարազատ ժողովուրդին վերադարձնելն էր, արեւու չափ շողարձակ ու իր պարզութեամբ ու գեղեցկութեամբ հայ երգի իւրայատուկ դէմքն ու դիմագիծը: «Այսպիսով, Կոմիտասըժողովրդական երգը մշակելիս (նա գլխաւորապէս բազմաձայնոմ էր այդ երգերը) բազմաձայնմանհենակէտերը փնտռում էր նախ եւ առաջ այդ իսկ երգի մէջ: … Քեզ թուում էր, որ Կոմիտասը ոչ թէ սարքելէ, այլ գտել է այսինչ մելոտիայի բազմաձայնութիւնը, որ ի սկզբանէ անտի ընթացակցելիս է եղել, բայցմենք չենք լսել, որովհետեւ հոգու այն ականջը չենք ունեցել, որ չերգուած ձայներ էլ լսել:
Եւ Կոմիտասի արժէքն էլ հենց այս է: Նա ժողովրդական երգի մէջ լսում է նաեւ չերգուածը եւ մեզ էլ լսելի էդարձնում:» (Գասպարեան, էջ 225-226)
Կոմիտասեան պատարագը այսօր կը հմայէ օտար երաժշտագէտները, անոր ստեղծագործութիւնները այսօր կը համարուին այժմէական եւ թարմ, «զով ու մաքուր ջուրի հոսանքի պէս սփոփիչ ու խաղաղեցնողեն, բայց նաեւ փոթորկող» կ’ըսէր բարեկամ երաժշտագէտ ղեկավար մը:
Ահա թէ ինչո՞ւ ան մեծ է նաեւ Մեծերուն մէջ, եւ ինչո՞ւ 150-ամեակի տօնակատարութեամբ մենք մեր ինքնութեան, ազգային գիտակից պատկանելութեան զգացումով զեղուն կը հպարտանանք մեր ինքնուրոյն երգ ու Կոմիտասեան պատարագով: Մարտ 27-ի երեկոն այդպիսի երեկոյ էր, որուն մասին է, որ կ’անդրադառնանք այս յօդուածով:
Երաժիշտ Պետրոս Շուժունեանը նոր անուն չէ երաժշտական ասպարէզին մէջ, եւ անոր ներդրումներուն մասին, մանաւանդ՝ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, յաճախ գրուած է, յօդուածներով թէ հարցազրոյցներով: Արժէ սակայն մէջբերել օտար երաժշտագէտներու կարծիքները իր արուեստին մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղափար մը կազմել Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին առթիւ իր կատարած պատկառելի աշխատանքին մասին:
«Ակնածանքով պէտք է մօտենալ Շուժունեանի երաժշտութեան»,- կը գրէ Le Parnasse Musical – Critique de Musique Classique-ը, որ եւ կը շնորհէ լաւագոյն 6 աստղանի գնահատականը, Շուժունեանի Մօլինարիքառեակին կողմէ արձանագրուած «Նորավանք» խորագիրը կրող խտասալիկին, նուիրուած՝ցեղասպանութեան 100 ամեակին – Atma Classique. 2016. ACD2 2737.70m.19s.
Փակագիծ մը. Այս պատկառելի հաստատութիւնը ամէն անգամ, որ խտասալիկ մը հրատարակուի, կարճ վերլուծականով մը կ’արժեւորէ գործն ու անոր հեղինակը, եւ կը խօսի դասական երաժշտութեան մէջ անոր գրաւած տեղին մասին: Վերի նախադասութեան վերջակէտէն ետք, կէս էջնոց կուռ գնահատական մըն է, որ կու տայ Պետրոս Շուժունեանի երաժշտական արուեստը արժեւորող, յատկապէս՝ անոր «Նորավանք» խորագրով խտասալիկին մասին: Անոր կողքին, հետաքրքրական էր գտնել երեք էջերու վրայ երկարող շարքը աշխարհի գրեթէ բոլոր կշիռ ունեցող երաժիշտներուն, Abel, Albeniz, Albinoni-էն մինչեւ Zimmermann, որոնց գործերու կատարողական արուեստին ու յօրինողներուն մասին կ’արտայայտուին յատուկ հրատարակութեամբ մը: Եւ ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս իւրաքանչիւր ֆիլմէ ետք, պաստառին վրայ հետզհետէ երեւցող ցանկերու մէջ հայու անուն կը փնտռենք, այնպէս ալ, այս ցանկին մէջէն փորձեցի գտնել «եան»-ով վերջացողները, ոչ Արամ Խաչատուրեան, ոչ Պապաջանեան, ոչ Եդուարդ Միրզոյեան, ոչ Տիգրան Մանսուրեան, կը նշանակէ ոչ մէկ երաժշտական համերգի կամ նուագահանդէսի այս երաժիշտներու գործերէն նուագուած է, բայց՝ «Sհ»-երուն մէջէն գտայ Պետրոս Շուժունեան, ճիշդ Shostakovitch-էն ետք եւ Sibelius-էն առաջ: Քայլ մըն է դէպ’ առաջ կամ՝ դէպի վեր, բայց երբէք՝ շուարուն տեղքայլ կամ՝ մոլորուն ետ-դարձ:
Երբ գնահատականը կու գայ երաժշտութեան հանդէպ չափազանց խստապահանջ հեղինակութենէ, աւելիի՛ն հասնիլը, աւելի մեծ թափով աշխատիլն ու յարատեւ ստեղծագործելը կը դառնան նորանոր բարձունքներ նուաճելու հրամայականը: Արուեստագէտը լաւ գիտէ, որ հարկ է բազմապատկուած թափով աշխատիլ, չճապաղելու, չմեղկանալու համար, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան տեսլականին չդաւաճանելու մտահոգութեամբ, ջիղեր ու մկան մաշումէն վերջ կրկին լարելով զանոնք, ոչինչ զիջելով պահանջուած կորովին: Ան անհաւասարակշիռ որակով ետ-դարձ կատարելու, թուլնալու այլընտրանք չունի այլեւս, այլապէս՝ կ’իյնայ մոռացութեան գիրկը:
Եւ ահա, ա՛յս է Պետրոս Շուժունեանի ընտրած ուղին: Ինչպէ՛ս գերազանցել «Նորավանք»-ով ձեռք բերուածը, որ բարձունք իսկ չէ տակաւին, այլ՝ միջին տեղերը՝ բան մը: Բարձունքը, իր ապագայի տեսլականին մէջ է որ կը թեւածէ տակաւին, որ պիտի արդարացնէ վերոյիշեալ գնահատականը. «Քանատացի երաժիշտը կը քաղէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր գանձարանէն երգեր, զորս կը պարուրէ այնպիսի գեղեցիկ ու դիւթող հոգեւոր երաժշտութեամբ, որ անսպասելի էր ունկնդիրին համար… ցեղասպանութեան, անիրաւուած ըլլալու, հայուն ցաւն ու տառապանքը իր աչքի առաջ ունեցող արուեստագէտէն ակնկալուած բնականը՝ պոռթկացող ու ճչացող, աղմուկ աղաղակով աշխարհ ցնցող քաոսային երաժշտութիւն կրնար ըլլալ միայն… եւ սակայն, այդ ամէնուն փոխարէն, Շուժունեան անկէ անդին կ’անցնի, եւ կը հրամցնէ աղօթքով հարստացած ու հանդարտեցնող, բայց՝ այնքան դիւթող ու խռովիչ այնպիսի ձայներու բաժանումով յագեցած երաժշտութիւն, որ հոգիի խաղաղութեամբ կը լեցնէ մթնոլորտը, եւ քիչ անց, փակ աչքերով կը զգանք որ կը բաժնենք այս սքանչելի ժողովուրդին ճակատագիրը…»: (Ազատ թրգմթ. Վ.Դ.) (Le Parnasse Musical)
Այսքանէն ետք, ահա Կոմիտասի 150-ամեակին համար ստեղծուելիք նոր գործի մը պատասխանատուութիւնը՝ կոմիտասեան պատարագին գործիքաւորումը համանուագային (symphonique) նուագախումբի համար: Կոմիտասի մասին լուրջ ընթերցումներ կատարած անձի մը ներկայութիւնը Շուժունեանի կողքին անհրաժեշտութիւն է, որ կ’իրականանայ Տէր Գառնիկի անժխտելի ներդրումով թէ՛ գործին իրականացման եւ թէ՛ կազմակերպչական զանազան փուլերուն:
Տեսլականն էր սկիզբը. սակայն զայն իրականացնելը, բաւական բարդ, մանաւանդ՝ ճիգ չխնայել, որ Կոմիտասի 150-ամեակին, ոչ միայն հայը, այլեւ՝ օտար հասարակութիւնը ճաշակէ հայկական երաժշտութիւնը, 7 հայկական պարեղանակով եւ կոմիտասեան պատարագը իր մեծերէն՝ Կոմիտասի հանճարին միջոցաւ:
Կարելի չէ նման նախաձեռնութեան մը աշխատանքներուն սկսիլ առանց կորովի եւ գործին տարողութեան անծանօթութեամբ: Հոս հարցը կը զգենու նաեւ քաղաքական գոյն ու տարազ, մանաւանդ՝ երբ օտար հասարակութեան ներկայացնելը կը դառնայ նպատակ եւ պատուով ու արժանապատուութեամբ անկէ դուրս գալը՝ յաջողութեան երաշխիք: Նախաձեռնութեան ոգիի առկայութիւնն ու անպայման յաջողելու կամքով առաջնորդուելով, երաժիշտ Պետրոս Շուժունեանն ու Տէր Գառնիկ Գոյունեանը մարտադաշտ նետուելու պէս կը սկսին աշխատանքի: Պէտք է նշել, որ եթէ Շուժունեանը օր ու գիշեր Կոմիտասի 7 պարեղանակներուն եւ Կոմիտասեան պատարագին գործիքաւորումը կ’ընէր, միւս կողմէ Տէր Գառնիկն է, որ կը դիմակալէ պայմանագրերու, համաձայնագրերու երբեմն անլուծելի թուող դժուարութիւնները օտար համանուագային 65 հոգինոց նուագախումբին ու խմբավարին սիրալիր համագործակցութիւնը ձեռք բերելու գործը, միեւնոյն ատեն նեցուկ կանգնելով երաժիշտին իր յորդորներով, մեկնաբանութիւններով, թելադրանքներով, եղածը ամէն հանգրուանի միատեղ արժեւորումով ու անպակաս խրախոյսով:
Լարուածութեամբ ու կիզատէտուած աշխատանքի արդիւնք էր այս ամէնը: Շուժունեան կ’ըսէ, թէ թերեւս այս գործով կ’իրականացնէ նաեւ Կոմիտասի համար ալ օր մը իրականանացուելիք երազանքը՝ Կոմիտասեան արդէն բազմաձայն պատարագի համանուագային գործիքաւորումը: Շուժունեան կատարած էր նաեւ Կոմիտասի 7 պարեղանակներու դաշնակին ընկերակցող նուագարաններու բաժանումը, զայն վերածելով դաշնակի քոնչերթոյի:
Բայց մտքերու մէջ կը մնար գլխաւոր հարց մը. ինչպէ՞ս ընել, որ երգչախմբային այս հոյակապ երկին՝ Կոմիտասեան թէ՛ պատարագին եւ թէ՛ պարեղանակներուն գործիքաւորումը դառնայ արուեստի գործ, այլ՝ ըլլայ միեւնոյն ատեն հարստացնող, ինչպէս կը նշէ Վրէժ-Արմէն իր այս առթիւ գրած յօդուածին մէջ, ըլլայ մեր «Լուսաւորչի կանթեղին կաթիլ մը իւղ աւելցնող»-ը: (տես Հորիզոն, 8 ապրիլ, 2019) Ո՞ր երաժշտական գործիքներով ինչպիսի՞ նկարագիր տալու, տպաւորութիւն ստեղծելու համար ի՞նչ մօտեցում որդեգրել էր պէտք: Իսկ ինչպէ՞ս պատարագը պարփակել 20 վայրկեանի սահմաններուն մէջ, եւ առ այդ, ո՞ր շարականները ընտրել, որ պատարագը իր ամբողջականութենէն բան չկորսնցնէ: Գիտենք թէ բազմաձայն երգչախմբային գործ է Կոմիտասի պատարագը, իսկ գործիքները ինչպէ՞ս պիտի հաւասարուին ձայնայինին…:
Կը դիմեմ իրեն, պարզապէս աւելի յստակօրէն ըմբռնել փորձելով այս աշխատանքային խոհանոցին ներսն ու դուրսը, անոր երաժիշտի յատուկ հմտութիւններով ձեռք ձգած ստեղծագործական ռիթմին ընթացքը: Յայտագրին վրայի Կոմիտասի պարեղանակները, որոնց արդէն ծանօթ ենք, Շուշիկի – Յետ ու առաջ, Ունապի – Մարալի, Շօրօր, Երանգի – Մանուշակի – ինչպիսի՞ լուծումներով Շուժունեան կը յաջողի պարեղանակներու այս փունջին տալ քոնչերթոյի նկարագիր, ուր դաշնակն ու նուագախումբը զիրար կ’ամբողջացնեն, հոգի ու սիրտ կը գերեն, մեզ կը վերացնեն նախ՝ «մե՛րը» ըլալնուն համար, ու կը դառնան հպարտութեան աղբիւր:
Ահաւասիկ ինչ որ կրցայ քաղել իրմէ՝ Պետրոս Շուժունեանէն: Նախ՝ պատարագին գործիքաւորման, եւ ապա՝ դաշնակի քոնչերթոյին մասին:
«Նախ՝ 20 վայրկեանի սահմանի մասին ինչ որ կը վերաբերի Կոմիտասեան պատարագին: Իմ առջեւ դրուած էր ժամանակի խիստ չափ: Պէտք էր մնայի այդ 20 վայրկեանի հոգեբանութեան մէջ: Ամէն քայլի՝ հաշուել էր պէտք, թէ ո՞ւր է սահմանս: Շարականներու ընտրութիւնը կատարած եմ Տէր Գառնիկին հետ, ընտրած եմ այն բաժինները, որոնք պատարագի արարողութեան ամենամօտ ներկայութիւնը կ’ապահովեն: Համանուագային (symphonique) գործը ընդհանրապէս ունի 4 բաժին: Ես եռաձայն պատարագը իմ ընտրած կտորներուս ընձեռած չափով բաժնեցի 4 մասի, որպէսզի ունկնդիրը իւրաքանչիւր բաժինէ ետք քիչ մը շունչ քաշէ, ինչ որ եկեղեցական պատարագի ժամանակ ատիկա չունի:»
«Համանուագային գործերու մէջ, վերոյիշեալ 4 բաժիններուն արտայայտութեան մէջ է եղող մեծ տարբերութիւնը: Ուրեմն այդ երեւոյթը պէտք էր տեղաւորել այստեղ: Ես գրութեան այնպիսի ոճ պէտք է որդեգրէի, որ կարողանայի թէ՛ մնալ պատարագի հոգեբանութեան մէջ եւ թէ՛, միեւնոյն ժամանակ, հնչեցնէի նուագախմբային կտոր: Այստեղ էր գործին ամենաբարդ, բայց ներշնչող բաժինը: Ունենալով նուագախմբային գործիքաւորման հսկայ հնարաւորութիւն, Կոմիտասի երգային, գեղեցիկ բազմաձայնային մտածումը վերածեցի գործիքային հսկայական պատկերի: Ընդամէնը, եթէ կ’ուզէք, ստեղծագործութիւն չէ, այլ՝ վերարժեւորում մըն է, վերադասաւորում մը Կոմիտասի պատարագին իր թանձրութեան մէջ, գործիքային բաշխումով դրուած, տեսակ մը գործիքային մեկնաբանութիւն»:
«Կը հարցնէիր թէ գործիքները իրենք զիրե՞նք է որ կը պարտադրեն ամբողջին միանալէ առաջ: Իւրաքանչիւր գործիք ունի իր մենանուագային (սօլօ) բաժինը: Ինչ որ կը նշանակէ ճանչնալ իւրաքանչիւր գործիքի իւրայատկութիւնները, որ պէտք է դրուի իր բնական ձեւին մէջ որպէս մենանուագային նախադասութիւն, շրջապատուած՝ միւս գործիքներու ընկերակցութեամբ, ուր եռաձայն Կոմիտասեան պատարագը իր ազատ թռիչքի մէջ է, եւ «տաղում է իւրաքանչիւրիս հոգին:» Նոյնպէս է նաեւ պարեղանակներու պարագային, ուր դաշնակն է տիրական ձայները պահողն ու փոխանցողը, իսկ նուագախումբը զանազան գործիքներու բուն եղանակին մասնակի կրկնութեամբ ու մենակատարութեամբ կը տարածուի միջոցին մէջ, վերջապէս հասնելու համար համադրուած ամբողջական լուծման:
«Նուագախումբին դե՞րը: Իւրաքանչիւր շարական ունի իր պատգամն ու աղօթքի ներքնային արտայայտութիւնը, որ հաշուի է առնուած գործիքաւորման եւ անոր շուրջ ստեղծուած գոյներու ընտրութեան մէջ: Ասոնց պէտք է աւելցնել անցումային այնպիսի նուրբ մօտեցումներ, ուր փոփոխութիւնները այնպիսի ձեւով պէտք է ներկայացնել, որ կարծես գործը առաջին իսկ վայրկեանէն իր ինքնութիւնը պարտադրէ, հարց տալով, թէ ո՞րն է նախ գրուածը, եռաձայն երգչախմբայի՞նը թէ համանուագայինը: Աս էր իմ նուէրը Կոմիտասին: Վստահ եմ, որ եթէ առիթ ունենար, այսպիսի գործ պիտի ստեղծած ըլլար:»
Յաղթանակի գիշերն էր այդ տօնական, մարտ 27, 2019, զոր այնքան հրճուանք, հպարտութիւն, քայլ մը աւելի՛ նուաճած ըլլալու ուրախութիւն պատճառեց բոլոր հանդիսականներուն, հայ թէ օտար: Տակաւին, երբ աչքերս փակեմ, կ’ապրիմ հոգեհարազատ Կոմիտասեան շարականներուն արձագանգով ուղեղիս մէջ: Նոյնիսկ պատարագը աւետող առաջին ղօղանջներուն ձայնը, որ այնքան կը յիշեցնէր Աշտարակի Սուրբ Մարինէի եկեղեցւոյ զանգը, ժպիտով ու թաւշեայ շշուկով մը կը դիմաւորուի … Նուագախումբը այնպիսի ամբողջութիւն էր, որուն մէջէն մենանուագներով կը հնչէին պատարագէն շարականներու նախադասութիւններ, արձագանգուելու համար մնացեալ գործիքներու համադրութեան ընդմէջէն…:
Կը փշաքաուիմ «Խորհուրդ Խորին»-ին հետ, շրթներս կը դողան Կոմիտասեան «Սուրբ, Սուրբ»-ին հետ, քովէս քոյրս կ’ըսէ, «ահա Հայր Մերը, ու կը մռլտայ, կը մխտեմ թեւովս… իր աչքերն ալ թաց են, ինչպէս՝ մեր շուրջիններունը: Կը նայիմ շուրջս, բոլորին դէմքերուն երաժշտութեան ծանօթ ըլլալու ժպիտը կայ, սա մե՛րն է ըսելու հպարտութիւն մը, ու այս մէկն ալ ուրիշ տեսակի արցունք է որ կը խճողէ մէյ մը՝ կոկորդդ, մէյ մը՝ կը շաղոտեցնէ ակնոցներուդ ապակիները: Արդեօ՞ք մեր հոգիներուն մէջ ափ ափ արուն լացող հաւքերու ե՞րգն է, որ կ’ողբայ կոմիտասին բաժին ինկած եղեռնը, որ մերը եղաւ: Ծփացող, Եղեռն ու մեր այսօրուան ներկան խճըճող, մեր հոգիները պատռտող լեզուի նահանջին պատկերները չե՞ն մեզ այսպէս փոթորկողները, թէ անոնց մէջէն դէպի մեր ինքնութիւնները լուսակերտող սա Կոմիտասն ու ի՛ր վերացնող պատարագն է, որուն հրաշքը այսօր մնայուն արժէք դարձաւ ոչ միայն մեզի համար, այլեւ՝ աշխարհին:
Այնպիսի ուրախութիւն է, եւ ծափողջոյնները միմիայն մերը չեն, սրահին կէսէն շատ աւելին ոչ հայեր են, որոնք իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնեն յոտնկայս ծափերով, կը զգամ ափերուս ցաւիլը, երբ մօտիկ աթոռներէն երկու հուժկու տղամարդ ոտքի կեցած կը ծափահարեն «Պռաւօ՜» պոռալով, ականջիս տակ… չեմ գանգատիր… յանկարծ, կարծես երկար տարիներէ ի վեր ծանօթացածի պէս ինծի կը հարցնեն. «Elle est ou’ votre église?» (ո՞ւր է ձեր եկեղեցին…) – միւսը՝ աւելի համարձակ, կը պատասխանէ իր ընկերոջ – «c’est sur l’autoroute 15» ըսաւ, ու մանրամասնեց ճիշդ հասցէն: Բարեկամացեր էինք, ես՝ հպարտ ու երջանիկ՝ Կոմիտաս-Շուժունեանով, իրենք՝ իրենց ըրած նոր գիւտով՝ մեր պատարագով ու պարերով:
Դրան առջեւ՝ մենք էինք ու մեր կարծիքները…: Լուիզ Պէսէթը սքանչելի դաշնակահարուհի է, չէ՞…, կարծիքները զիրար կը յաջորդեն, բայց ես գոհ չէի, չապրեցայ, ո՛չ մտովի թեւերս, ոչ ալ՝ ուսերս պարեցին, նրբանս կամացո՜ւկ սահանք չի զգաց…, չեղաւ, կը մտածէի: Ստեղնաշարին կը փոխադրէր ամենայն ճշգրտութեամբ ինչ իր աչքին առջեւ դրուած ձայնանիշերը: Ըսի՝, չր, մտածեցի միայն,«ճշգրտութեամբ», բայց չէ՞ որ հայու ջիղ ու արիւն չունի դաշնակահարուհին, դժուար թէ կարենայ մեկնաբանել թեւեր, մատներ, գլուխ ու իրան շարժող ու ոտքերու սահանքով ստեղծուած մեղեդիները…: Քիչ անդիէն կ’անցնէին իմ նոր «բարեկամներէս» ամենէն հետաքրքրուած թուացողը, երբ բանալիները գրպաններուն մէջ փնտռած միջոցին հարցուց. «Je m’excuse, mais ces danses là, vous les dansez ou elles sont simplement des pièces musicales? Elles sont si belles, si féminines, oh mon Տieu, quelle tendresse, wow!!» (կը ներէք, այս պարերը, դուք կը պարէ՞ք թէ ասոնք այդ անունով երաժշտական կտորներ են: Այնքան գեղեցիկ են, շատ իգական, Աստուած իմ, ինչպիսի քնքշութիւն…) (Վ.Դ.) Եթէ միայն գիտնային, թէ Կոմիտաս ի՜նչ հրաշքով հաւաքած է մեր գիւղական հարսանիքներու ոչ միայն նազելաճեմ պարերը, այլեւ՝ ազգագրական պարերու գանձարան մը:
Վերադարձին, մտովի կը կրկնէի Maurice Ravel-Շուժունեան, Կոմիտաս-Շուժունեան, Brahms-Շուժունեան, Եւ այս ամէնը՝ այդ կարճուկ, բայց երկու անունները իրարու մօտեցնող ամենէն խորհրդաւոր ու բոլորին հասանելի իմաստով գծիկն է, որուն հասնելու տենչանքով է, որ ճիգ ու աննկուն աշխատանք կը տարուի: Ատիկա սովորական, բառերը իրարմէ բաժնող պարզ գծիկէն աւելին է այսօր. ապագայի կերտման նախաքայլ մը թերեւս:
Այս Համանուագային ելոյթին մասին Վրէժ Արմէնի զոյգ յօդուածները այնքան խօսուն էին ու թելադրող, ուր ձեւով մը նոյն մտահոգութիւնը կայ, թէ արդեօք կա՞յ դեռ եւս չփորձուած, մեր տեսողութենէն վրիպած ձեւ մը, որ մեր ժողովուրդի դասական երաժշտութեան հանդէպ տածուելիք գուրգուրանքի, գնահատանքի մակարդակը բարձրացնէ…: Չէ՞ որ այսպիսի ճանաչումներն են նաեւ մեր ինքնութիւնը ամրակայողը, մերը ուժգնօրէն մեզի վերադարձնողը, մեզ բարձրացնողը միջազգայինի մակարդակին:
Նորարարութիւնը անպայման հինին քանդումով չի գար եւ մենք ազգովի՛ն արժանի պէտք է ըլլանք մեր իւրաքանչիւր քայլը առաջնորդող արուեստագէտին: Նոյնը չէ՞ հայերէնին հանդէպ դրսեւորուած կեցուածքին պարագան, անոր անտեսումին, մանաւանդ՝ երբ ան օտարներու զմայլանքին, անոր հարստութեան կ’անդրադառնայ ամենուրեք, «հայերէնը ադամանդակուռ է, մի՛ շպրտէք, հպարտացէ՛ք ձեր հայերէնով»,- կ’ըսէր մեր հայերէն լեզուաբանութեան ուսուցիչը՝ Հոլլանտացի Փէր Քոլվէնպախը, որ Ճէզուիթ եկեղեցականներու Պապն էր, եւ որ իր ամենօրեայ պատարագը կը կատարէր հայերէնով: Ինչո՞ւ մենք միշտ ալ պիտի սպասենք որ գնահատականը գայ դուրսէն, որ անդրադառնանք որ մենք գանձեր ունինք մեր արիւնով մեզի փոխանցուած, զորս պէտք է դուրս բերել, ու գործածելով բիւրեղացնել, ըլլան անոնք լեզու թէ երաժշտական պատառիկ, դարեր շարունակ հայու ոտքերու թոփիւնը կոփած պարային ոտքեր թէ մտածելակերպ, ոյժի եւ ազգային դիմադրողականութեան ներհուն կարողութիւն, արութեամբ ապրելու կամք ու կորով: Մեր ունեցածով հպարտանալը չի բաւեր, մեզի փոխանցուած մշակոյթը իւրացնելն ու անով հոգեպէս բաւարարուիլն է իսկական հարստութիւնը:
Մոնրէալ,
22 Ապրիլ, 2019
պատգամ: Կորիւնի` Մեսրոպ Մաշտոցին տուած պատկերը կը գտնենք սքանչելի շարականի մը մէջ.