Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի երրորդ առցանց լսարանը: Զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, «Սեւրի համաձայնագիրին եւ իրաւարար վճիռին ուղղութեամբ ակադեմիային իրականացուցած աշխատանքներն ու ծրագիրները (100-ամեակի առիթով)» նիւթին մասին:
Փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց պատմաքաղաքական այն հանգամանքներն ու պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրն ու կայացաւ իրաւարար վճիռը: Ներկայացնելով վճիռին իրաւական նշանակութիւնը` Աշոտ Մելքոնեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայացած սահմանագծումի փուլերուն ու վերջնական որոշումի հոլովոյթին մասին` շեշտելով Սեւրի տրամաբանութիւնը` Հայաստանին ապահովել կենսական սահմաններ եւ դէպի ծով ելք:
Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններու լոյսին տակ փրոֆ. Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Սփիւռք դերերու բաշխումով Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի հիման վրայ պէտք է առաջադրել հայրենազրկումի իբրեւ հետեւանք մեր տարածքային հատուցման պահանջները: Մելքոնեան արծարծեց նաեւ Անգարայի իրերայաջորդ իշխանութիւններու ունեցած մնայուն վախը Սեւրի աշխարհաքաղաքական տրամադրութիւններու արծարծման հաւանականութեան առումով` ընդգծելով, որ Թուրքիան եկեղեցիներ ու հայկական հետքեր ոչնչացուցած է եւ վիճակագրութիւնները թաքուն պահած, յատկապէս Ուիլսընի սահմանագծած տարածքներու մէջ առկայ հայկական ծագում ունեցող ազգաբնակչութեան մասին:
Զեկուցումին յաջորդեց տարբեր երկիրներէ առցանց լսարանին մասնակցողներու կողմէ կատարուած հարցումներով եւ տեսակէտներով քննարկում: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: