Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ քաղաքական միտքը այս տարի բոլոր տուեալները ունէր կեդրոնանալու Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին վրայ: Օրեր առաջ, 22 նոյեմբերը անցաւ անշուք, ազգային-պետական ներկայ մթնոլորտին հետ կապուած իրավիճակին պատճառով:
Ուիլսընի իրաւարար վճիռը համազգային եւ ինչու չէ նաեւ միջազգային մակարդակով վերարծարծելու հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէր տարբեր առիթներու: Միջազգային մամուլը յաճախ կ՛օգտագործէր Թուրքիան հալածող Սեւրի ախտանիշ ըսելաձեւը: Հիմնականը քաղաքական տրամաբանութիւնն էր. աւելի ճիշդ` Թուրքիոյ յարձակողապաշտութիւնը զսպելու այն ճնշամիջոցները, որոնք հարիւր տարի առաջ այլ տեսքով կը բանաձեւէին Թուրքիոյ նկատմամբ միջազգային հանրութեան որոշումները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան գերատեսչութիւններու վերլուծական տեղեկագիրները կը նախատեսէին Թուրքիոյ մասնատումը. տեղեկագիրներու այդ հատուածները կը գրաւէին պաշտօնական կայքերու նման նիւթերու յատկացուած բաժինները: Խօսքը առաւելաբար քրտական պետութեան կամ Քիւրտիստան երկիրի ձեւաւորման կը վերաբերէր, այդուհանդերձ մասնատումը չէր կրնար վերաբերիլ միայն քիւրտերու անջատումին:
Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարարին Անգարա այցելութեան մասին թրքական մամուլը կը հրապարակէր ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, ամերիկացի պաշտօնատարը իր գործընկերոջ հետ ունեցած թէժ վէճի ընթացքին յիշեցուցած էր, որ իր երկիրը ծովային ելք պարտական է հայ ժողովուրդին:
Հայութեան հանդէպ այս պարտքի յիշեցումը մամուլի ոչ պաշտօնական տեսքով կրնար եւ կրնայ աւելի իրողական տեսքեր ունենալ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ ամէն անգամ, որ սրուին պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, կ՛օգտագործուին նման խաղաթուղթեր:
Միեւնոյն քաղաքական տրամաբանութեամբ յոբելեաններով չեն պայմանաւորուիր նման նիւթերու արծարծումները կամ միջազգային հնչեղութիւն ստանալու քայլերը: Սեւրեան ախտանիշը պիտի շարունակէ հալածել Թուրքիան. թրքական յոխորտանքները այդ ենթահողի հարթման նպաստող տուեալներ կը փոխանցեն յամենայն դէպս:
Այժմ սակայն Իրաւարար վճիռի նշանակութիւնը այլ նշանակութիւն կը ստանայ: Սեւրն ու վճիռը ըստ էութեան մեր հողահաւաքի խորհրդանիշն են` պարունակելով ըստ էութեան իրաւական անբեկանելի իմաստ եւ նշանակութիւն:
Հիմա հողակորուստով կը յատկանշուի մեր ներկայ ժամանակը: Այս անգամ ոչ թէ Արեւմտահայաստանի ուղղութեամբ, այլ` Արցախեան աշխարհի: Ազատագրուած տարածքներու կորուստէն կորսնցուցած ենք նաեւ Արցախեան (ԼՂԻՄ-եան) շրջաններ եւս:
Իրաւամբ Արցախի ազատագրումը կը նկատուէր միացեալ Հայաստանի կերտման մեկնարկային փուլը: Հիմա հարուած ստացած է ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վաղուան միացեալ Հայաստանի ենթահողը:
Հողահաւաքը համազգային գաղափարաքաղաքական առաջադրանք է, որ ստացած է նաեւ համապետական վաւերացում: Խօսքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրին, ուր ընդգծուած է Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին այժմէական իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը: Նոյն փաստաթուղթին մէջ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման առաջադրանքը խորքին մէջ փոխկապակցուած է այդ խորհուրդին հետ իբրեւ միացեալ Հայաստանի անբաժան մաս եւ իբրեւ այդ առաջադրանքի իրականացման կարեւորագոյն քայլ:
Հիմա արդէն փոխուած են դէպի ճանաչում առաջնորդուող Արցախի Հանրապետութեան սահմանները: Փոխուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան` իր սահմանակից պետութիւններուն հետ սահմանը:
Կայ ուրեմն վերասահմանագծման առաջնահերթութիւն: Վերաազատագրումի օրակարգ, վերստին կայացնելու համար միացեալ Հայաստանի կամ Իրաւարար վճիռով միջազգային հանրութեան ներկայացուած Հայաստանի կերտումի առաջին փուլը` Արցախ աշխարհը:
Իրաւարար վճիռը ըստ էութեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանազատումն էր: Այս օրերուն եւս սահմանազատման գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան յանձնուողական յայտարարութեան հիման վրայ` հայկական կողմին եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Արցախի վերաազատագրումն ու միջազգային ճանաչումը կ՛ենթադրէ ներքին պատրաստուածութիւն: Պարտուողականութեան բարոյահոգեբանական վիճակի թօթափում, արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու վերասահմանում եւ արդիւնաւէտ կիրարկման գործիքակազմ: Առանց զիջելու զարգանալու գաղափարախօսութեան որդեգրում եւ համազգային ուժերու համախմբում:
Կ՛ենթադրէ նոր համակարգ. նոր վարչակարգ. նոր իշխանութիւններ: Վերափոխուած դիմագիծով եւ էութեամբ պետական մարդոց խումբ, որ ճանապարհային քարտէսով քայլ առ քայլ պիտի յաջողի վերաազատագրել կորսուած իւրաքանչիւր տարածք, նպատակաուղղել համազգային աշխատանքները դէպի ամբողջական Արցախի վերաազատագրում, դէպի Իրաւարար վճիռով սահմանուած Հայաստանի կերտում, դէպի Միացեալ հողահաւաք:
aztagdaily.com