Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 1 մայիսին հարցազրոյց մը տուաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին:
Աշխատաւորաց տօնին առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ քայլերգի բառերուն` «Մշակ, բանուոր»-ին, որուն շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 130-ամեայ կուսակցութեան համար Աշխատաւորաց տօնը ամէնէն հարազատ տօներէն մէկն է: «Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ չէ պատահած Մայիսի 1 մը, որուն ընթացքին տօնական մթնոլորտ վկայենք: Տարիներ շարունակ եւ մնայուն կերպով այդ օրը աշխատաւորները կը կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր` պահանջելով իրենց իրաւունքները: Աշխատաւորին հացը միշտ ալ թաթխուած է անոր քրտինքին, իսկ այս օրերուն այդ հացը, դժբախտաբար, ենթակայ է արեան թաթխուելու վտանգին: Աշխատաւորի հասկացողութիւնը այսօր աւելի լայն իմաստով կը դիտուի: Եթէ առաջ անիկա կը վերաբերէր միայն հողը մշակողին, գործարանի մէջ աշխատաւորին, այսօր ան կը ներառէ նաեւ ուսուցիչը, ուսանողը, ծնողները, զինուորները, գործատէրերը եւ այլն: Մենք կ՛ողջունենք անոնց տասնեակ տարիներու ջանքերը, համբերութիւնը եւ տքնաջան աշխատանքը: Ան, որ իր փղոսկրեայ դղեակներէն կը դիտէ աշխատաւորը, չի կրնար հասկնալ անոր տառապանքը ու տեսնել զայն: Մենք ամէն օր ժողովուրդին հետ ենք եւ կը տեսնենք անոնց տառապանքը: Կ՛ողջունեմ Լիբանանի բոլոր աշխատաւորները եւ կը շնորհաւորեմ անոնց տօնը, որովհետեւ բոլորս աշխատաւորներ ենք», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին` Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս իմաստով դիպուկ էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտայայտութիւնը, թէ` 30 ապրիլ 2020-ը պատմական օր է: «Այո՛, պատմական օր է, որովհետեւ նախորդ բոլոր իշխանութիւններուն օրով տնտեսական-ելեւմտական նման ամբողջական ծրագիրներ չտեսանք: Անշուշտ նախորդ իշխանութիւններուն օրով նախորդ կառավարութիւններուն կողմէ մշակուեցան ծրագիրներ, սակայն անոնք յատուկ մարզերու համար էին, եւ ոչ ամբողջական: Հիմնական հարցը նաեւ այն էր, եւ որուն մասին բազմիցս զգուշացուցած էինք, որ ծառայութեան մարզը եւ եկամտաբեր տնտեսութիւնը պէտք է վերածել արտադրողական տնտեսութեան: Եւ ահա վկայեցինք, որ զբօսաշրջութեան, դրամատնային ծառայութիւններու եւ այլ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած Լիբանանը նուազագոյն հարուածին չկրցաւ տոկալ եւ իր ոտքերուն վրայ ամուր մնալ: Տնտեսութեան հիմքը արտադրողական ըլլալն է, այսինքն` վստահիլ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն, որոնց կողքին ըլլան նաեւ զբօսաշրջութեան մարզը, ծառայութիւններն ու արդի արհեստագիտութիւնը: Անհրաժեշտ է վերջ տալ ներածումին այն արտադրութիւններուն, որոնք Լիբանանի մէջ կան արդէն: Այսինքն, եթէ մենք Լիբանանի մէջ խնձոր ունինք, բանջարեղէն ունինք, ինչո՞ւ այլ երկիրներէ պիտի ներածենք: Լիբանանեան իշխանութիւնները այս բոլորը վաղուց գիտէին, եւ գիտէին նաեւ, որ սխալ ընթացքի մէջ են, սակայն, հակառակ ասոր, շարունակեցին նոյն ընթացքով: Այսօր անցեալի էջերը փակուած են: Ես այն անձերէն չեմ, որ անցեալին համար կ՛ողբամ ու պատասխանատուութիւնները այլոց բեռցնելով կը զբաղիմ: Այսօր մենք կը գտնուինք ստեղծուած իրավիճակի մը դիմաց: 17 հոկտեմբերի զայրոյթը կամ ժողովրդային շարժումը յոյս մըն էր` կարգ մը իրականութիւններ փոխելու եւ սրբագրելու, նախքան անդունդին մէջ իյնալը: Այս իմաստով 2 սեպտեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ տնտեսական բարեկարգումի յատուկ երկխօսութեան նիստին ընթացքին, ամենայն թափանցիկութեամբ եւ ներկաները շշմեցնելու գնով, իմ խօսքիս մէջ ըսի. «Մենք ժողովուրդը կը խաբենք, որովհետեւ մենք անդունդի սեմին չենք գտնուիր, այլ` անդունդին խորերը»: Օրին մենք գիտցանք ի՛նչ է կացութիւնը, սակայն զայն չկրցանք հակակշիռի տակ առնել, իսկ այսօր` «Քորոնա»-ի համաճարակի այս օրերուն, կրցանք կացութեան տէրը ըլլալ եւ քիչ-քիչ դուրս գալ այս տագնապէն. յոյսով ենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին երկրորդ ալիքը եւս կարելի կ՛ըլլայ հեզասահութեամբ շրջանցել», մաղթեց ան:
Տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ անիկա ժողովուրդին կեանքը անմիջական կերպով բարելաւող ծրագիր մը չէ, այլ` սեղմումի եւ տնտեսական կրճատումի ծրագիր մը, որուն պէտք է յարմարինք: «Պէտք է մոռնանք, թէ մենք ինչպէս կ՛ապրէինք: Ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ բոլոր լիբանանցիներուն, թէ այսօրուան դրութեամբ նուազագոյն աշխատավարձը վերածուած է 150 տոլարի, այսինքն` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը աղքատութեան նուազագոյն սահմաններուն վրայ կը գտնուի:
Երբ կը խօսինք ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակը 3500 կամ 4000 պահելու մասին, բնական է, որ վաղը Աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները պիտի պահանջեն աշխատավարձերու սրբագրում կատարել: Կան շարք մը հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք անխուսափելի են, բայց եւ այնպէս սովորական քաղաքացիներէն կարելի չէ այս բոլորը ակնկալել, երբ պատասխանատուներ, գործարարներ կամ քաղաքական եւ կուսակցական ղեկավարութիւններ Լիբանանէն դուրս գումարներ փոխանցած են, բան մը, որ օրէնքով արտօնուած է: Հետեւաբար, պէտք է սերտել այն ձեւերն ու միջոցները, որոնք պէտք է գործադրուին դուրս փոխանցուած գումարները Լիբանան վերադարձնելու` հիմնականին մէջ քննելով անոնց աղբիւրներն ու իւրացման փաստերը: Այս իմաստով ես նկատի ունիմ բոլորը, այսինքն` ոչ միայն երեսփոխաններն ու նախարարները, որոնք պետական մարզին մէջ են, եւ որոնց նկատի ունի կառավարութիւնը: Իմ կարծիքովս, պէտք է կարկինը լայն բանալ եւ նկատի ունենալ նաեւ որոշ կրօնաւորներ, լրագրողներ, դատաւորներ եւ այլն: Եթէ մենք բացարձակ թափացիկութեամբ պիտի խօսինք, ուրեմն պէտք է բոլորը նկատի ունենանք», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ, այս բոլորով հանդերձ, կարեւորագոյնը նաեւ կը մնայ այն, որ այս օրէնքը խորհրդարանին կողմէ վաւերացուի եւ գործադրուի: Ան վերյիշեցուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն յայտարարութիւնը, թէ կան վաւերացուած 54 օրէնքներ, որոնք իրերայաջորդ կառավարութիւններու կողմէ չեն գործադրուած:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցելու շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է գիտակցիլ ու ըմբռնել, որ ոչ ոք ուրիշին կ՛օգնէ անոր «սեւ աչքեր»-ուն համար` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը ծանօթ է այլ երկիրներու պարագային իր պարտադրած նախապայմաններով: «Անպայմանօրէն քաղաքական փոխադարձ շահերու վրայ պիտի հիմնուի Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութիւնը:
Մենք այսօր անդունդին խորերն ենք եւ կը սպասենք փրկարարի մը, որ մեզի երկարէ փրկութեան պարանը: Մենք ստիպուած ենք բանակցիլ անոր հետ եւ փորձել նուազագոյն վնասներով դուրս գալ այդ բանակցութիւններէն: Այս իմաստով երկրորդ կարեւոր կէտը վստահութիւնն է. ժողովուրդին վստահութիւնը` լիբանանեան պետութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ մեզի հանդէպ արտաքին աշխարհին վստահութիւնը: Մենք երկար ատենէ ի վեր` նախքան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը, կը մտածէինք Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցիլ, սակայն յետաձգեցինք այդ հոլովոյթը կառավարութեան մէջ անհամաձայնութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
Հոս կ՛արժէ անդրադառնալ Կեդրոնական դրամատան հարցին. անոր կառավարիչը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ ինք որոշումները կը կայացնէր կառավարութեան հետ փոխադարձ քննարկումներու հիման վրայ: Լա՛ւ. 2019-ի մարտէն ի վեր ինչո՞ւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներու նշանակում չէ եղած տակաւին: Միջազգային դրամական ֆոնտէ՞ն պահանջուած էր այդ նշանակումը կատարել, թէ՞ ներքին անհամաձայնութեան հետեւանք է եղածը: Երկու երեք շաբաթ առաջ փոխկառավարիչներու նշանակման թղթածրարը դարձեալ կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուէր, ինչո՞ւ մետասաներորդ պահուն յանկարծ առկախուեցաւ: Արդեօք անիկա աւելի ուշ պատճառաբանելու համա՞ր էր, որ փոխկառավարիչներ չկան` ուրեմն կառավարիչին հրաժարականը չենք կրնար պահանջել: Իսկ հիմա, ո՞վ կ՛ընդունի փոխկառավարիչներու նշանակում կատարել, երբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին պաշտօնազրկումը առկայ է: Պէտք է ըսել, որ կառավարիչը պատասխանատուութիւն ունի, սակայն ան առանձին չէ: Եթէ կառավարութիւնը կառավարիչէն կը պահանջէ պետութեան նիւթական բացերը փակել եւ պարտաւորութիւնները կատարել, ապա կը նշանակէ, թէ ան կա՛մ կը հրաժարի, եւ կա՛մ կ՛ընդառաջէ կառավարութեան պահանջներուն: Չեմ ուզեր խորանալ այդ հարցերուն մէջ, պարզապէս զանոնք կը ներկայացնեմ իբրեւ օրինակներ:
«Գալով աշխատավարձի յաւելումներուն, ճիշդ է, որ ուսուցիչներուն եւ պետական մարզին իրաւունքն էր, բայց ո՛վ է պատասխանատուն այն իրողութեան, որ իսկական թիւերը չէին փոխանցած: Այսօր կ՛ընդունինք, որ սխալ մը եղած է եւ այդ սխալին գինը պէտք է վճարուի», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:
Պատասխանելով այն հաստատումին, թէ երեսփոխանները եւս սխալած են այս իմաստով, որովհետեւ վաւերացուցած են աշխատավարձի յաւելումները` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ, երբ թիւեր կը փոխանցուին կառավարութեան կողմէ, երեսփոխանը ինքնաբերաբար այդ թիւերուն կը հաւատայ, որովհետեւ նախ չի կրնար ստուգել այդ թիւերը, իսկ երկրորդ` ան վստահութեան քուէ շնորհած է կառավարութեան, ուստի վարչապետը պէտք է անկեղծ ըլլայ իր փոխանցած տեղեկութիւններուն եւ թիւերուն մէջ:
«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի այս կառավարութեան եւ կը վստահի անոր վարչապետին, որուն եւ որուն կառավարութեան դէմ այսօր հսկայական յարձակումներ կան: Եթէ պահ մը նայինք մօտիկ անցեալին եւ վերյիշելու ըլլանք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, կը տեսնենք, որ այս կառավարութեան համար մարդիկ ըսին, թէ առաւելագոյնը չորս ամսուան կառավարութիւն է, փոխանցման շրջանի կառավարութիւն է, անձնասպանական գործողութեան գացող կառավարութիւն է: Ճի՛շդ է, որ երկրին պայմանները այնքան ալ նախանձելի չեն, որ մէկը փափաքի նախարարի պաշտօն ստանձնել եւ աշխատիլ, սակայն բոլորս պէտք է ընդունինք, որ այս կառավարութիւնը պիտի մնայ եւ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը: Ինչո՞ւ կառավարութեան դէմ պայքարիլ եւ ժողովուրդը համոզել, որ աւելի լաւ կառավարութիւն մը պիտի կազմուի եւ նման ցնորքներ տարածել: Դարձեալ պահ մը նկատի ունենանք մօտիկ անցեալը, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարեցաւ եւ դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու հաւանականութեան մէջ յայտնուեցաւ: Այդ ժամանակաշրջանը ինքնին երեք ամիս տեւեց, որուն ընթացքին ամերիկեան տոլարը բարձրացաւ, տնտեսութիւնը ետդարձ կատարեց, քաղաքացին արիւն լացաւ, եւ բողոքի ցոյցերը սպառեցին երկիրը. այդ բոլորը ի՞նչի համար պատահեցան: Ի վերջոյ ժողովուրդին պահանջով կազմուեցաւ թեքնոքրաթ կառավարութիւն մը, որ աշխատեցաւ եւ այսօր ունի տնտեսական ամբողջական բարեկարգումի ծրագիր մը, բան մը, որ կրնայինք նուազագոյնը երկու ամիս առաջ իրականացնել եւ աւելի նուազ տնտեսական կորուստներ ունենալ: Կարեւորը այն է, որ այդ ծրագիրը հասնի խորհրդարան, քննարկուի եւ վաւերացուի: Կը յուսանք, որ քննարկումը երկարատեւ չ՛ըլլար, եւ եթէ նոյնիսկ այդ ծրագիրին բոլոր կէտերը չվաւերացուին, բարեփոխումներ կը կատարուին, որպէսզի աւելի դրական կերպով ներկայացուի Միջազգային դրամական ֆոնտին», նշեց ան:
Անդրադառնալով տնտեսական – ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը քննարկելու հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի ընդառաջէ այդ հրաւէրին եւ չորեքշաբթի, 6 մայիսին պիտի ուղղուի նախագահական պալատ` քննարկելու տուեալ ծրագիրը:
Տնտեսական – ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին հասցէին եղած քննադատութիւններուն եւ անոր` լիբանանցիին չնմանելուն անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ինչո՞ւ մենք ո՞ր լիբանանցիին մասին կը խօսինք: Անոնք, որոնք շռայլութեամբ կ՛ապրէին, լիբանանցիներուն 10 առ հարիւրը կը կազմեն եւ անոնք պատճառ դարձած են, որ այլ քաղաքացիներ տնտեսական վատ վիճակի մէջ յայտնուին: Այս ծրագիրը սեղմումի եւ կրճատումի ծրագիր է: Լիբանանցի քաղաքացին պիտի համակերպի սեղմումներու, դրամատուներէն վարկեր չստանալու, երեք բնակարան չունենալու, պիտի չկարենայ ամէն ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի ճաշարաններ երթալ: Ա՛յս է իրականութիւնը, մնացեալը` ի՛նչ որ կ՛ապրէինք, ցնորք էր: Մենք մեծ սուտի մը մէջ կ՛ապրէինք: Օրինակ` համոզուած էինք, որ տան չորս անդամները իրաւունք ունին վեց ինքնաշարժ ունենալու, որովհետեւ դրամատուները վարկեր կը տրամադրեն: Բոլորս պիտի գործակցինք եւ պիտի ընտելանանք նոր կենցաղին, որ արդէն իսկ լիբանանցիներուն 90 առ հարիւրին կենցաղն էր», հաստատեց ան:
Լրագրողին խնդրանքով մեկնաբանելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնը` կառավարութիւնը վարկաբեկիչ ձեւով տապալելու վերաբերող, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւ գիտէ իրեն հետ մեր յարաբերութիւնները: Ան լաւատեղեակ է նաեւ, թէ, հակառակ մեր դաշնակիցներուն մերժումին, մենք վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն մինչեւ վերջին վայրկեանը իր անունը պիտի առաջադրէինք` իբրեւ մեր թեկնածուն, եթէ ինք իր թեկնածութիւնը յետս չկոչէր: Եթէ կառավարութիւնը չկարենայ տնտեսական – ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը յաջողցնել` կը հրաժարի: Կառավարութիւնը ընդգծեց, որ ինք պատասխանատու է իր ստանձնած թուականէն կատարուելիք աշխատանքին, որուն աշխատանքային 100 օրուան կէսը` «Քորոնա»-ի ժահրին դէմ պայքարն էր: Եթէ կառավարութիւնը ձախողի, անշուշտ ան կը տապալի, սակայն չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըսել վարչապետ Հարիրի` այդ կառավարութիւնը վարկաբեկիչ ձեւով տապալելու մասին: Ներկայիս շատեր տիրող կացութիւնը կը բաղդատեն 1992-ի Օմար Քարամէի կառավարութեան օրերուն, երբ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկիի պաշտօնական սակը հասաւ 2500 լ. ոսկիի, եւ Քարամէի կառավարութիւնը տապալեցաւ, իսկ երբ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի դարձաւ վարչապետ, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակը ճշդեց 1500 լ. ոսկին: Ես համոզուած եմ, որ կարելի չէ նման բաղդատութիւն կատարել: Այսօր կացութիւնը նոյնը չէ, որովհետեւ չկայ մէկը, որ ունի միջազգային, արաբական, սէուտական եւ Ծոցի երկիրներու զօրակցութիւնն ու հսկայական գումարները, որոնք զետեղուին Կեդրոնական դրամատան մէջ եւ լիբանանցիներուն հանգիստ պարգեւեն: Այս փուլին մենք պէտք է կատարեալ լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մօտենանք հարցերուն եւ ոչ թէ ժողովրդահաճոյ ձեւերով խօսինք` կառավարութեան այսօր, երէկ կամ վաղը տապալելուն մասին: Կառավարութիւնը կազմուած է եւ կայ, եւ ի խնդիր ճշմարտութեան կը հաստատեմ, որ այս կառավարութիւնը կրնար աւելի լաւ աշխատիլ, եթէ քաղաքական խոչընդոտներ չըլլային: Այդ պատճառով ալ կառավարութեան աշխատանքային 80 օրերուն ընթացքին ան չկրցաւ այդքան արդիւնաւէտ ըլլալ, որքան եղաւ առողջապահութեան նախարարութիւնը»:
Նախկին վարչապետներուն հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ Թաէֆի համաձայնագիրին հաւատարիմ չմնալու գծով կատարուած ակնարկութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իսկական հարցը համայնքայնութիւնն է, որմէ կարելի չէ հեռանալ: «Ամէն անգամ, որ հարց, դժուարութիւն կամ որոշ մտավախութիւն ունենանք` խնդիրէ մը, փոփոխութեան պահանջէ մը, պաշտօնազրկումէ, կամ դատական իշխանութիւններուն ուղղուած պահանջէ, կ՛ուղղուինք դէպի համայնքային դրութիւն, Թաէֆի համաձայնագիր, ազգային համերաշխութիւն եւ սադրանքներէ մտահոգութիւն: Եթէ յանցագործը ըլլայ զաւակը համայնքի մը, որ չի կրնար ճամբաները փակել, հարցեր ստեղծել ու ճնշում բանեցնել, ապա ան դատավարութեան կ՛ենթարկուի եւ կը պատժուի: Իսկ եթէ յանցագործը ըլլայ մեծ համայնքէ մը, նոյնիսկ, եթէ ան Թաէֆի համաձայնագիրը շահագործելով անձնական շահեր ապահոված է, համայնքը անոր կողքին կը կանգնի, եւ երկիրը իրարանցումի մէջ կը մտնէ: Մեր ըսածը այն է, որ օրուան մը համար բոլորս ենթակայ ըլլանք հարցաքննութեան, եւ նոյնիսկ եթէ երեսփոխան մը կամ նախարար մը պիտի ձերբակալեն, ապա թող կատարուի ատիկա: Կրնայ ըսուիլ, որ ասիկա զինուորական դրութիւն է, նոյնիսկ եթէ այդպէս է, ինչու ոչ, այս է օրէնքը: Ի՞նչ է տարբերութիւնը ձերբակալուող սովորական քաղաքացիին եւ երեսփոխանին միջեւ: Եթէ երեսփոխանին, նախարարին կամ պատասխանատուին անձեռնմխելիութեան կ՛ակնարկենք, ապա անիկա կը վերաբերի իր ազատ խօսքի արտայայտութեան, եւ ոչ թէ ժողովուրդին ճակատագիրին, անոր գումարներուն կամ պետութեան գումարներուն հետ գործելու ազատութեան:
Յարգա՛նքս բոլորին, սակայն եթէ պահ մը ենթադրենք, որ հանրապետութեան նախկին նախագահները, խորհրդարանի նախկին նախագահները, նախկին փոխվարչապետերը, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահները եւ այլք հանդիպին ուրիշ հարցերով ու թղթածրարներով, ո՞ւր կը հասնինք, ի՞նչ ըրած կ՛ըլլանք, պարզապէս յարանուանական, համայնքային, տեղայնական եւ կուսակցական ծայրայեղութիւնները հրահրած կ՛ըլլանք: Յուսամ չեմ սխալիր իմ ակնկալութեանս մէջ, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները ներկայ պիտի ըլլան չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին: Մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, հարց չունինք, բաց ենք քննարկումներ կատարելու եւ օժանդակելու` նոյնիսկ եթէ մեզի չի պահանջուիր այդ օժանդակութիւնը: Փաստը այն է, որ մենք մեծ ներդրում ունեցանք այս կառավարութեան կազմութեան մէջ` հաստատելով, որ մենք լիբանանցի ժողովուրդին հետ ենք, Լիբանանին կը զօրակցինք, գիտենք դժուարութիւնները եւ չենք կրնար պարզապէս քննադատել, այլ նաեւ պէտք է օժանդակենք լուծման մը յանգելու», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին դէմ արձանագրուած սուր քննադատութիւնները թերեւս իբրեւ քաղաքական կեցուածքներ հասկնալի ըլլան բնականոն պայմաններու մէջ, բայց ոչ` ներկայ արտակարգ իրավիճակին ընթացքին: «Այդ կեցուածքները հասկնալի չեն կրնար ըլլալ, երբ «Անօթիներու յեղափոխութեան» մասին կը խօսուի, երբ մարդիկ սննդամթերք կը ցրուեն: Ժողովուրդը անօթութեան հասցուցին, ժողովուրդը հասցուցին այն աստիճանին, որ անոնք օժանդակութիւն խնդրելու համար ձեռք երկարեն: Անշուշտ ժողովուրդին զաւակներէն ոմանք ունին իրենց պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրենց քուէներուն դիմաց աւելի սուղ վճարողին ի նպաստ քուէարկած են օրին: Այսօր անոնք կը հասկնան, որ երբ մէկը իր քուէն 100 տոլարով կը վաճառէ, յաջորդ չորս տարիներուն «կը վճարէ» այդ 100 տոլարին տոկոսները, որոնք երբեմն կը խեղդեն զինք: Այդ փուլը անցած է արդէն: Դարձեալ կը կրկնեմ, բնականոն ժամանակներու այս բոլորը հասկնալի կրնան ըլլալ, սակայն այսօր այս կառավարութեան գործելու առիթ չտալով նաեւ նուազագոյնը առիթ չի տրուիր, որ Լիբանան փոքր համեմատութեամբ մը ինքզինք գտնէ: Տակաւին հինգ օր առաջ կատարեցի յայտարարութիւն մը, իսկ երեք օր առաջ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կատարեց յայտարարութիւն մը, որ այսօր քաղաքական բախումներու, բանավէճի եւ ցեխարձակումներու ժամանակ չէ: Ո՛չ ալ ժամանակն է լիբանանցիին ապրուստը շահագործելով դրսեւորելու քաղաքական կեցուածքներ, որոնք երկու տարի ետք երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին պիտի օգտագործուին: Այսօր քաղաքական քարացած բառամթերքի ժամանակ չէ, թերեւս անիկա երկու երեք տարի առաջ կարելի էր օգտագործել: Այսօր ո՞վ կը յանդգնի վարչապետ կամ նախարար դառնալ: Պէտք է ըսել, որ վարչապետ Տիապ ակադեմական դէմք է, անխոնջ աշխատող, որ կը հասկնայ ժողովուրդին ցաւը, եւ իր գրաւը դրած է նախարարներուն ու ժողովուրդին վրայ: Կրկնեմ, որ ժողովուրդին արտայայտած ցաւը հասկնալի է, սակայն պայմանով որ այդ զայրոյթը խուլիկանութեան եւ քանդումի չվերածուի», նշեց երեսփոխանը:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարելի չէ ընդհանրացնել այն արտայայտութիւնները, թէ վարչապետ Տիապի կառավարութեան նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւն չկայ:
«Փաստօրէն Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը կամ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը 17 հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ իրենք կը զօրակցին ժողովրդային շարժումին ու ցոյցերուն, սակայն կը մերժեն անձնական թէ պետական հաստատութիւններու քանդումը: Նախապէս ամերիկեան կեցուածքը կը բաւարարուէր ըսելով, որ իրենք կը հասկնան քաղաքացիներուն զայրոյթը եւ համոզուած են, որ ապահովութեան ուժերը անհամեմատ ուժ կը գործադրեն ցուցարարներուն վրայ: Ամերիկեան այս կեցուածքին կողքին, վկայեցինք նաեւ ֆրանսական պաշտօնական կեցուածքը եւ վարչապետ Տիապի ու ելեւմուտքի նախարար Ուազնիի հետ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները: Մենք ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնենք, որ յաւելեալ զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերուի այս կառավարութեան, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բարեկարգումներ կատարելու: Միջազգային զօրակցութիւն չ՛ըլլար, երբ նպատակը ըլլայ Լիբանանի փուլ գալը, իսկ այս փուլին որո՛ւ շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի փուլ գալը: Կը հասնինք կառավարութիւնը փոխելու, Լիբանանի պատմութեան մէջ կառավարութիւնները միշտ ալ փոխուած են: Մենք այսօր կառավարութեան հրաժարականը պահանջելու եւ երկիրը առանց կառավարութեան ձգելու պերճանքը չունինք», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:
aztagdaily.com