կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-11 10:49
Աշխարհ

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ` Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ` Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

aztagdaily.com - Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց երկու հաղորդագրութիւն, որոնց մէջ անդրադարձաւ Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած իրիկնային միջադէպերուն: Առաջինին մէջ նշեց, որ Պեքաայի Քնայսէ շրջանին մէջ տուներու խուզարկում եւ տարբեր յանցագործութիւններով` թմրեցուցիչի առեւտուր, կրակոց եւ ինքնաշարժի գողութիւն, պահանջուած անձերու փնտռտուքի ընթացքին, վերջիններուն կողմէ ենթարկուած է կրակոցներու: Բանակը իր կարգին ստիպուած եղած է պատասխանել. իբրեւ հետեւանք վիրաւորներ արձանագրուած են, ձերբակալութիւններ կատարուած եւ մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք, գողցուած ինքնաշարժ եւ թմրեցուցիչ գրաւուած է: Պահանջուածներէն երկուքը մահացած են, ուրիշ մը վիրաւորուած է, իսկ հինգ անձեր ձերբակալուած են:

Երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ իբրեւ հակազդեցութիւն Քնայսէ շրջանին մէջ եղած ձերբակալութիւններուն, Պաալպեքի մէջ բանակի երկու կեդրոնատեղիներ ենթարկուած են հրացանաձգութեան, բանակը պատասխանած է: Այդ պատճառով զինուորական մը, երկու քաղաքայիններ եւ մանուկ մը վիրաւորուած են:

Մինչ այդ քանի մը անձեր Պաալպեքի մուտքը փակած էին, անիւներ հրկիզած` իբրեւ բողոք Քնայսէ շրջանին մէջ ձերբակալութիւններուն եւ Զաայթեր ընտանիքէն երկու անձերու մահուան:

Լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ ծանր զինատեսակներ օգտագործուած են այս գործողութեան ընթացքին, իսկ փամփուշտները անձրեւի նման տեղացած են բնակարաններուն վրայ: Կարգ մը տուներ եւ խանութներ վնասուած են: