կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-02 13:28
Սփյուռք

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Այս Շատ Զգայուն Փուլին Ընթացքին Պէտք Է Պահպանել Լիբանանեան Միասնականութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Այս Շատ Զգայուն Փուլին Ընթացքին Պէտք Է Պահպանել Լիբանանեան Միասնականութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուած բանակցութիւններն ու ներկայ տագնապէն դուրս գալու հաւանական յոյսերը:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի պատմութեան ընթացքին արձանագրուող այս շատ զգայուն փուլը:

Յ. Բագրատունի Պաապտայէն յայտնեց հետեւեալը. «Լիբանանցիները պէտք է միասնականութեամբ գործեն` հեռու մնալով հակազդեցութիւն հրահրող ամէն տեսակի կեցուածքներէ, որոնք կը ցնցեն երկրին քաղաքական մթնոլորտը»:

aztagdaily.com