Կ՚ուզեմ նախ անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ տիկ. Տոմինիք Շնափըր (Հաստատութեան անդամակցած առաջին ընկերաբան կինն է, արուեստի պատմաբան Անթուան Շնափըրի կողակիցը), որ իբրեւ ֆրանսական կառավարութեան ներկայացուցիչ՝ կեանքիս ամփոփ պատմութիւնը ներկայացուցիք։ Երախտապարտ եմ զոյգ պատճառներով. նախ՝ որ ընդունած էք խօսիլ պատմութեան բերած իմ համեստ մասնակցութեան մասին, որ կը վերաբերի փոքր ազգի մը կեանքի որոշ հանգրուաններու լուսաբանութեան, որ բաղդատելի չէ ձեր հսկայական գործունէութեան եւ տարիներու ընթացքին հրատարակած քանի մը տասնեակ հատորներու հետ։ Տակաւին չեմ խօսիր ձեր հրապարակախօսութիւններու եւ յօդուածներու մասին՝ իբրեւ բացառիկ ընկերաբան, որ եզակի կեանք մը ապրած էք՝ բարձրագոյն գիտութիւններու դպրոցի ընկերային գիտութեանց բաժնի տնօրէնուհիի եւ Սահմանադրական խորհուրդի մէջ ունեցած ձեր պաշտօններուն միջեւ։ Եւ երկրորդ զիս ձեզի միացնողը ընկերական կապն է, որ ունեցած էք իմ եւ ամուսնոյս Լալիկի (Լեւոն Տէր Մինասեան) հետ, որ չորս զաւակներուս հայրն է եւ որու հետ ապրած եմ շուրջ վաթսուն տարի։ Ես որպէս ֆրանսացի քաղաքացի տպաւորուած եմ այդ բոլորէն եւ մեծ պատիւ է ինծի համար որ դուք՝ յարգելի ընկերաբան, ընդունած էք այսօր հոս գտնուիլ։ Ես եւ Լալիկը ճանչցած ենք փիլիսոփայ, ընկերաբան, քաղաքագէտ, պատմաբան եւ լրագրող ձեր հայրը՝ Ռեմոն Արոնը եւ յարաբերած անոր հետ։ Կը յիշեմ օր մը զինք առաջնորդեցինք Իսի-լէ-Մուլինոյի Հայ մշակոյթի տունը, ուր եկած էր յարգանքի տուրք մատուցանելու Վիքթոր Կարտոնին, տասնեակէ մը աւելի հայ երիտասարդներու ներկայութեան։ Ան մեզի ըսաւ թէ ինք պարտական է Կարտոնին,– որ նախկին հայ համայնավար մըն էր,– քանի որ վերջինս իրեն բացայայտած էր համայնավարութեան իրական պատկերը։
Կ՚ուզէի նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարուհի տիկ. Նաժատ Վալօ-Պէլքասէմին՝ այս շքանշանին պարգեւատրման համար։ Առ այդ ձեր միջոցաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ յատկապէս Ֆրանսայի կառավարութեան՝ որ գնահատեց ազգային կրթական համակարգէն ներս իմ 40 տարուան ծառայութիւններս։ Ըսեմ թէ շքանշանի այս նշանակումը տեղի ունեցաւ 2015 Դեկտեմբեր 31-ին, այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան100-ամեակի վաղորդայնին։ Վստահաբար Կրթութեան նախարարութիւնը եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ուզեցին իմ ճամբով պարգեւատրել Ֆրանսահայերը, որոնք այս երկրին մէջ համարկումի օրինակ կը հանդիսանան։ Յիշեցնեմ թէ Կրթութեան նախարարուհին անձամբ ներկայ եղաւ 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն, մասնաւորաբար Սորպոնի թատերասրահին մէջ։ Կարելի է ըսել, թէ Ֆրանսայի Հայութեան պատմութիւնը ձեւով մը կը կապուի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան։
Ծնած եմ Փարիզի 6-րդ թաղամասը, ուր այսօր կը գտնուինք։ Ծնողքս աքսորական եղած են. յատկապէս մայրս հայրենիքի կարօտը ունէր, որ իր հետ կրեց մինչեւ իր վերջին շունչը՝ 100 տարեկանին։ Հայրենիքը այլեւս չտեսնելու զգացումը տառապեցուց զինք։ Ան այս հոգեվիճակը նաեւ փոխանցեց իր զաւակներուն, անոնց կտակելով իրագործել այդ երազը։ Ծնողներս կը հաւատային ազգային անկախութեան հոգեղէն արժէքին եւ մեծ յոյս ունէին, որ այդ անկախութիւնը փայլուն ապագայ պիտի ունենայ։ Ապրած եմ Հայաստանէն շատ հեռու։ Շուտով աքսորուած եմ 19-րդ ժողովրդական թաղամասը ուրկէ շատ լաւ յիշատակներ ունիմ։ Հոն խտացած էին գործաւոր ու բանուոր դասակարգի Հայեր, Յոյներ, Հրեաներ, Սպանացիներ, Իտալացիներ եւ գաւառէն եկած Ֆրանսացիներ։ Ատիկա երկու մեծ պատերազմներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանն էր։ Պէտք է շեշտել թէ այդ գաւառներէն եկածները ֆրանսացի ջերմ հայրենասէրներ էին։ Նման զգացական հոգեվիճակ մը ես ապրեցայ դպրոցին մէջ։ Պէտք է ըսեմ, որ մինչեւ դպրոց յաճախելս ֆրանսերէն չէի գիտեր, որովհետեւ մայրս կ՚ուզէր որ նախ հայերէն սորվիմ եւ մայրենիս չմոռնամ։ Յանդուգն աշակերտ էի։ Ուսուցչուհիներս ինծի հաղորդեցին ֆրանսերէն լեզուի եւ ֆրանսացի գրողներու հանդէպ մեծ սէրը։ Պետական դպրոցին մէջ է, որ իմացայ Վիքթոր Հիւկոյի, Մոլիէռի եւ Լա Ֆոնթէնի մասին։ Դժբախտաբար այսօր թոռնիկներուս գիրքերուն մէջ ֆրանսական դասական գրականութեան առնչութեամբ գրեթէ ոչինչ կը փոխանցուի…։ Ես մեծ հետաքրքրութեամբ սորվեցայ Ֆրանսայի պատմութիւնը։ Այդ պատմութեան մէջ նմանութիւններ կային մօրս պատմածներուն հետ, որ՝ եթէ պայքար մղես ազատութեանդ համար, կը տիրանաս անկախութեանդ։ Հոս կ՚ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել ուսուցիչներուս, որոնք նաեւ սորվելու ճաշակը զարգացուցին մէջս։
Միշտ ալ փորձած եմ հասկնալ թէ ինչո՞ւ Փարիզ ծնած եմ, ինչո՞ւ մնայուն ճնշում մը կար թէ՛ դպրոցին,– զոր կը սիրէի,– թէ՛ ալ տանս մէջ, ուր գրեթէ միշտ յանցաւորի զգացում մը ունէի, որովհետեւ միշտ կը մտածէի թէ ինչո՞ւ չէի ըլլար այն անձը, զոր ծնողքս կը փափաքէր որ ըլլամ։ Այս ժառանգութեան ծանրութիւնը կը կրէի իմ փոքրիկ ուսերուս վրայ։ Բայց ատիկա ձախողած ժառանգութիւն մըն էր, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան յանգեցաւ։ Յամենայն դէպս այդ ահաւոր ճնշումը արգելք չեղաւ որ ես դառնամ Երրորդ Հանրապետութեան ֆրանսական դպրոցի զուտ պտուղը։ Որոշ նրբութեամբ Երրորդ Հանրապետութիւն կ՚ըսեմ, որովհետեւ այն ատեն Կրթական նախարարութիւնը հարկ կը համարէր որ գաղթական երախաները ո՛չ միայն կրթուին, այլեւ ձուլուին ուրիշ պզտիկներու մէջ։ Բայց տան մէջ ծնողներս չէին ուզեր որ ձուլուիմ…։
Յամենայն դէպս ընտանիքս, շրջապատս, համալսարանական կրթութիւնս զիս դարձուցած են աշխարհական, ժողովրդական եւ ընկերային Հանրապատութեան արժէքներուն կառչած անզիջող ֆրանսացի քաղաքացի մը, որ կը մերժէ որեւէ տեսակի համայնքայնութիւն։
Երախտապարտ եմ բոլոր ուսուցիչներուս եւ դասախօսներուս, ինչպէս՝ Փիէր Ռընուվէնին, որ միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան մասնագէտ մըն էր եւ կ՚ուսումնասիրէր Ա. Աշխարհամարտի պատճառները, ինչ որ կը հետաքրքրէր զիս, նկատի ունենալով որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած էր այդ ժամանակաշրջանին։ Յիշատակի արժանի է նաեւ Հանրի-Իռենէ Մառուն, որ յառաջդիմական քրիստոնեայ մըն էր…, եւ ուրիշներ։
Դասաւանդած եմ Խորհրդային Միութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, Միացեալ Նահանգներու եւ ֆրանսական յեղափոխութեան պատմութիւնները, ընդառաջելով համալսարանի դասախօսներու դիմումին, որոնք ամէն տարի զանազան մարզերու մէջ իրենց օգնական դասախօսներ կը փնտռէին։ Եւ այսպէս էր, որ մղուեցայ ֆրանսացի պատմաբան փրոֆ. Ժան Պաթիսթ Տիւռոզէլին «սպասարկելու»։ Այս անունը կը յիշատակեմ որովհետեւ ան որոշ չափով ծանօթ էր հայ պատմաբաններուն, բայց մանաւանդ կը քաջալերէր հանգուցեալ պատմաբան Արթիւր Պէյլէրեանը։ Այս վերջինը Տիւռոզէլի շնորհիւ էր, որ հասու դարձաւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Հայկական հարցին վերաբերող արխիւներուն, որոնք ուղղակի առնչութիւն ունէին Ֆրանսայի հետ։ Այս ուսումնասիրութեան արդիւնքին՝ Պէյլէրեան հրատարակեց 750 էջնոց ստուար հատոր մը՝ «La Sorbonne» հրատարակչատունէն։ Հոս կ՚ուզեմ շեշտել թէ համալսարաններու մէջ իմ դասաւանդութեան տարիներուն աշխատած եմ բացարձակապէս ազատ պայմաններու մէջ եւ ատոր համար ալ երախտապարտ եմ:
(…)
1970-ին մուտք գործեցի ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցը (L'École des hautes études en sciences sociales- EHESS) եւ այդ է պատճառը որ այսօր այս արարողութիւնը հոս կը կայանայ։ Այդ ժամանակ մասնակցեցայ սեմինարի մը, որ կը քննարկէր Հայութեան քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային ժամանակակից պատմութիւնը՝ 19-20-րդ դարերուն։ Անմիջապէս ըսեմ, թէ այս մասին տեղեկութիւններ կարելի չէր գտնել գիրքերու մէջ, քանի որ շատ քիչեր կը հետաքրքրուէին այդ հարցով։ Բացառութիւն կը կազմէին հայկական ծագումով ուսանողները։ Այդ բացարձակապէս չէր համապատասխաներ նախորդ ժամանակաշրջանին, երբ միայն քանի մը առանձնաշնորհեալներ,– ինչպէս այս սրահին մէջ ներկայ փրոֆ. Մահէն,– հին եւ ոչ թէ այժմէական Հայաստանի պատմութեամբ կը հետաքրքրուէին եւ կ՚ուսումնասիրէին զայն։ Փրոֆ. Մահէի նմանները միջնադարեան փաստաթուղթերու վերծանման, Ոսկեդարու հայ գրականութեան, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասնագէտներ էին։ Ես այդ ուղղութեամբ քայլ առ քայլ կը յառաջանայի, նկատի ունենալով որ ոչ ոք զիս տեղեկացուցած էր այդ նիւթերու մասին։ Այսպէս էր, որ կը սորվէի այն ինչ որ պիտի դասաւանդէի 15 օր ետք։ Թերեւս ալ այդ մէկը լաւագոյն ձեւն է ինքզինքդ կրթելու եւ դաստիարակելու տեսանկիւնէն։
(…)
Նման մթնոլորտի մէջ պէտք է ըսել, թէ դժուար էր գտնել կարեւոր իրադարձութիւնները վերլուծելու եղանակները։ Աւելցնեմ, թէ Բարձրագոյն գիտութիւններու դպրոցին մէջ անձնապէս ճանչցայ Ալեքսանտր Պենիկսէնը, որ օրին«իսլամութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ» նիւթին մասնագէտ մըն էր եւ մօտէն կ՚ուսումնասիրէր այդ հարցը։ Ան մեզի քայլ առ քայլ առաջնորդեց մինչեւ Խորհրդային Միութեան զօրքերու Աֆղանիստան մուտքը։ Պենիկսէն 6 ամիս Փարիզ եւ 6 ամիս Միացեալ Նահանգներու մէջ կը դասաւանդէր։
Կ՚ուզեմ անդրադառնալ նաեւ այսպէս կոչուած հայկական ահաբեկչութեան տարիներուն՝ 1975-1985, երբ Լիբանանէն խումբ մը հայ մարտիկներ պաղեստինեան օրինակով փորձեցին ճնշում բանեցնել օրուան թուրք կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ հետեւանք էր 1965-ին կայացած Երեւանի բազմահազարնոց ցոյցին երբ ժողովուրդը Թուրքիոյ կը ներկայացնէր նոյն պահանջները։ Այն ատեն միամտաբար կը հաւատայինք թէ կարելի է CNRS-ի հետազօտող ըլլալ եւ միաժամանակ ճնշում բանեցնել թուրք պետութեան վրայ։ Ճիշդ է որ այսօր պահանջելու ձեւերը փոխուած են, բայց հարցը կը մնայ նոյնը։
Նախքան այս բաժնին աւարտը կ՚ուզէի խօսիլ Սերժ Աֆանասեանի մասին որ բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր. ան իմ ամենէն տարիքոտ ուսանողն էր, որու աւարտաճառի նիւթն էր՝ Կովկասեան երեք հանրապետութիւններու սովետականացումը եւ անկախացումը։ Այդ երեք հանրապետութիւններու հարցերը այսօր ալ սեղանի վրայ կը գտնուին։ Աֆանասեան նաեւ թարգմանած է «Սարդարապատ» գիրքը, որու նիւթը ծանօթ է Հայերուն։
Ես Ֆրանսայի քաղաքացի եմ եւ ընդունեցի ստանալ Chevalier de la légion d’honneur շքանշանը, որ հիմնուած է 1802-ին Նափոլէոնի կողմէ։ Գիտակից եմ, որ այս պատուոյ մետալը կը ներկայացնէ ազգային եւ միջազգային արժէք մը։ Սիրահար եմ ֆրանսական գրականութեան եւ պատմութեան, շատ աւելի քան Հայոց պատմութիւնը եւ գրականութիւնը, որ սակայն շատ լաւ չեմ կարդար։ Նաեւ հայկական գրականութեամբ չեմ դաստիարակուած, հայերէնը իմ լեզուս չէ եղած, այլ աւելի ուշ սորված եմ։ Միաժամանակ այսօր շատ մտահոգ եմ դպրոցներու եւ կրթական հարցերով, քանի որ թոռնիկներ ունիմ եւ անոնց ապագային մասին կը մտածեմ։ Ներկայի կրթական մակարդակը անցեալի բաղդատմամբ շատ տարբեր է։ Կը մնայ որ հայկական մշակոյթի փոխանցումը շատ կարեւոր է ինծի համար։
Կ՚ողջունեմ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան պրն Վիգէն Չիտեչեանը որ կը ներկայացնէ անկախ Հայաստանը։ Կ՚ողջունեմ Ֆրանսայի թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը, որ կը ներկայացնէ հայ աւանդական մշակոյթը։
Շնորհակալութիւն հին ու նոր ուսանողներուս, նաեւ բոլորիդ՝ ձեր համբերութեան համար։