Փոխարժեքներ
15 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.13 |
EUR | ⚊ | € 422.86 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.17 |
Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 108-ամեակի նախօրեակին կը գտնուինք, սաստկացող ու մեր հայրենիքի լինելութիւնը պատուհասող ճգնաժամային կացութեան մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները շարունակաբար ենթակայ են ատրպէյճանական մշտական ոտնձգութեանց, իսկ 120 օրերէ ի վեր Արցախը կը մնայ շրջափակուած ու հետզհետէ վատացող պայմաններու տակ։
Մեր ազգին դէմ 108 տարիներ առաջ սկիզբ առած Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, իր սարսափելի երեսը դարձեալ ցոյց տալով, փանթուրքիստական նկրտումներով։
Հետզհետէ աւելի անտարբեր, խուլ ու համր դարձող միջազգային հանրութեան առջեւ, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ամբողջ հայութիւնը իր ազգային պայքարը կը շարունակէ ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին, Արցախի պատերազմի պարտութենէն ու անկէ ետք յամեցող ծանր հարցերը դիմագրաւելով։
Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքներու լոյսին տակ, հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը պարտի աչալուրջ ու պատրաստակամ ըլլալ։ Մանաւանդ գիտակցելով թէ Արցախեան պայքարը եղաւ այն հիմքը՝ որուն վրայ ազգային գիտակցութեան զարթօնք ապրեցան նախորդ սերունդները եւ հայկական պետութիւնը հիմնադրուեցաւ այդ ազգային գիտակցութեան գաղափարախօսութեան յենասիւներուն վրայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու Արցախեան յաղթանակն էր, որ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին մօտ նոր շունչ ու վերապրում բերաւ։ Պատահական չէ արդէն, որ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հռչակագրերուն մէջ անդրադարձը կայ հայ ժողովուրդի դարաւոր իղձերու իրականացման գաղափարին։
Մեր պատմութեան ծանր դասերը քաղած ըլլալով, լաւապէս կը գիտակցինք, թէ միայն պահանջատէր եւ իրաւատէր հայութեան ուժն է, որ կրնայ կանխարգիլել Ցեղասպանական նոր ոճիրներ մեր ազգին դէմ։
Այժմ պահն է, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միախումբ ու վճռական կեցուածք ցուցաբերէ, պաշտպանելով իր ազգային արժէքները, վերակերտելով իր ազգային արժանապատուութիւնը, պահպանելով մեր ժողովուրդի նոր սերունդներու իրաւունքները։
Հայրենակիցներ,
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ իւրաքանչիւր պահանջատէր հայու՝ ներկայ գտնուելու եւ գործնական իր մասնակցութեամբ յաւելեալ ուժ ու եռանդ փոխանցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչական բոլոր ձեռնարկներուն։
Թող մեր բոլորին համախմբման վայրը դառնան Կիրակի, 23 Ապրիլին եւ Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ին նախատեսուած ելոյթներու վայրերը՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ