կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-14 21:30
Քաղաքական

Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը կը քննէ Ար­ցա­խի գրա­ւեալ հո­ղե­րուն վրայ յոյն դես­պա­նի ներ­կա­յու­թեան գայ­թակ­ղու­թիւ­նը

Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը կը քննէ Ար­ցա­խի գրա­ւեալ հո­ղե­րուն վրայ յոյն դես­պա­նի ներ­կա­յու­թեան գայ­թակ­ղու­թիւ­նը

Մեր ե­րէ­կո­ւան թի­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցած էինք Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը, որ ղրկո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սին։

­Նա­մա­կին մէջ յանձ­նա­խում­բը յստակ բա­ցատ­րու­թիւն կը պա­հան­ջէր նա­խա­րա­րէն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ յոյն դես­պան ­Նի­քո­լաոս ­Փի­փե­րի­կո­սի մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Պա­քո­ւի վար­չա­կար­գին կող­մէ բե­մադ­րո­ւած այ­ցե­լու­թեան Ար­ցա­խի բռնագ­րաւո­ւած տա­րածք­նե­րուն վրայ, որ կը մի­տէր մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին առ­ջեւ օ­րի­նա­կաց­նել եւ հաս­տա­տել Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը մեծ ար­ձա­գանգ գտաւ յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ, որ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու եւ մա­նա­ւանդ զա­նա­զան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու կող­մէ լայ­նօ­րէն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ։

­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նի ա­րար­քը ար­ժա­նա­ցաւ յոյն հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րու քննա­դա­տու­թեան ու դա­տա­պար­տան­քին։ ­Նա­մա­կի ար­ձա­նագ­րած տա­րա­ծու­մի լոյ­սին տակ, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի փոխ­նա­խա­գահ, ե­րես­փո­խան ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի խորհր­դա­րա­նէն ներս հար­ցում ուղ­ղեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին՝ բա­ցատ­րու­թիւն պա­հան­ջե­լով յոյն դես­պա­նի մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար բռնագ­րա­ւեալ ­Շու­շիի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ ­Նաեւ, ե­րես­փո­խան Ն. ­Քա­սի­մա­թի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն յղեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը եւ նա­խա­րա­րէն պա­հան­ջեց ներ­կա­յա­նալ խորհր­դա­րան ու տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցել ե­րես­փո­խա­նա­կան կազ­մին։ Ն­շենք նաեւ, որ ­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Քո­ծիաս, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ու­նե­ցած իր է­ջին մի­ջո­ցով ա­մօ­թա­լի ո­րա­կեց յոյն դես­պա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը «հա­յե­րու դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յաղ­թա­նա­կի տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րուն»։

azator.gr