կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-02 22:36
Քաղաքական

Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան ան­յա­ջող հետ­քե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ

Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան ան­յա­ջող հետ­քե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ ­տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ, ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ուղ­ղոր­դո­ւած հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը իր նո­րա­նոր դրսե­ւո­րում­նե­րը կ­՚ու­նե­նայ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, ա­նոնց կար­գին՝ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նէն ներս։

Այս ան­գամ, ա­նա­նուն եր­կա­րա­պա­տում յօ­դո­ւա­ծով մը, որ լոյս տե­սած է սահ­մա­նա­փակ տա­րա­ծում ու­նե­ցող «­Թօ ­Քար­ֆի» թեր­թին մէջ, ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը փոր­ձէ ար­դա­րաց­նել 31 ­Մարտ 1918-ն՝ որ­պէս «հա­յե­րուն ձեռ­քով ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան» տա­րե­լի­ցի թո­ւա­կան։

Ա­նոր մէջ քա­նիցս նշում կ­՚ըլ­լայ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ­պէս «կազ­մա­կեր­պող եւ ջար­դե­րը ի­րա­կա­նաց­նող» ուժ։
Ան­շուշտ, յօ­դո­ւա­ծի ա­ռանց ստո­րագ­րու­թեան ե­րե­ւու­մը յու­նա­կան թեր­թի կայ­քէ­ջին վրայ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ այն ուղ­ղոր­դո­ւած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեան միակ ա­պա­ցոյ­ցը չէ։

­Թեր­թի հրա­պա­րա­կու­մին մա­սին անդ­րա­դարձ ը­նե­լու կա­րի­քը պի­տի չզգա­ցո­ւէր, ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան այ­րե­րուն կող­մէ լսո­ւած չըլ­լա­յին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը «կա­նո­նա­ւո­րե­լու», ինչ­պէս նաեւ հա­յու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րուն «շտկում­ներ ը­նե­լու» կար­գա­խօս­նե­րը։

Ազ­գա­յին սկզբունք­նե­րու շրջան­ցու­մը փոր­ձող «բաղ­ձանք­նե­րուն» դի­մաց, ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կը շա­րու­նա­կեն հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, կազ­մա­քան­դե­լու հա­մար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու յե­նա­րա­նը։

azator.gr