Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Շաբաթ՝ 17 եւ Կիրակի՝ 18 Յուլիս 2021–ին, Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի կառոյցի 83-րդ Շրջանային Ժողովը, ներկայութեամբ շրջաններէն եկած կուսակցական միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյին։
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Կեդր. կոմիտէի 31 ամիսներու գործունէութիւնը իր բոլոր երեսներով, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու «Քորոնա» համաճարակի ստեղծած արտասովոր պայմաններու իրականութեան տակ, ապա տուաւ իր համապատասխան գնահատումները։
Յաջորդաբար, ժողովը մանրամասն քննութեան առարկայ դարձուց նոր տարեշրջանի ճշդուած օրակարգերը՝ յատկապէս կազմակերպչական, քարոզչական, գաղութային եւ Հայ դատի բնագաւառներուն մէջ, կատարելով իր մատնանշումները եւ ճշդելով նոր գործունէութեան ուղին։
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու իր երկարամեայ ու հաստատ յանձնառութիւնը եւ իր անվերապահ զօրակցութեան ուղերձը ղրկեց Հայաստանի հայութեան եւ յատկապէս Արցախի մէջ մարտնչող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ թշնամիին կողմէ ծաւալած յարձակողապաշտ գրգռութիւնները մեզ աւելի զգօն ու աչալուրջ կը դարձնեն, լարելով մեր ուժերը եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները։
Աւարտին, ժողովը ընտրեց նոր նստաշրջանի Կեդր. կոմիտէ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէն՝ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Կարօ Նատեան, Րաֆֆի Գազարեան, Յարութիւն Սերոբեան, Սերգօ Մանկոյեան, Յարութիւն Սբարթալեան եւ Տիգրան Չիչէքեան։
Հ.Յ.Դ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ 83-րդ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ