կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-27 00:22
Քաղաքական

Ար­ցա­խը ա­ռան­ձին ու ան­տէր մի՛ թո­ղուք. յու­նա­հա­յու­թեան կա­ռոյց­նե­րը նա­մա­կով կը դի­մեն Հ.Հ. վար­չա­պե­տին

Ար­ցա­խը ա­ռան­ձին ու ան­տէր մի՛ թո­ղուք. յու­նա­հա­յու­թեան կա­ռոյց­նե­րը նա­մա­կով կը դի­մեն Հ.Հ. վար­չա­պե­տին

Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին վրայ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս կա­տա­րած մտա­հո­գիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ, ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րը միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նա­մակ մը ու­ղար­կե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, ո­րուն մէջ յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով ի­րենց մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ ընդվ­զու­մը կը յայտ­նեն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք նա­մա­կը։

­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան,
պա­րոն ­Տիգ­րան Մկր­տի­չեա­նի մի­ջո­ցով՝ ­Հա­յաս­տա­նի
­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տին պա­րոն ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին

Ա­թէնք, 20 Ապ­րիլ 2022
­
Յար­գե­լի պա­րոն ­Վար­չա­պետ,

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամ­պիո­նէն 2022-ի Ապ­րիլ 13-ին ձեր կա­տա­րած զե­կու­ցու­մը, ինչ կը վե­րա­բե­րի Ար­ցա­խի հար­ցի կար­գա­ւոր­ման ու շրջա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման, ա­պա նաեւ ձեր զե­կոյ­ցին յա­ջոր­դած ու ի պա­տաս­խան ա­նոր՝ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի մէջ ան­խախտ մնա­լու եւ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի Ատր­պէյ­ճա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը մեր­ժե­լու մա­սին Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կաս­կած չեն թո­ղուր, որ ­Հա­յաս­տան լրջա­գոյն ճնշում­նե­րու տակ է, ո­րոնց դի­մաց հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձեր գլխա­ւո­րու­թեամբ, ընկր­կե­լու, նոյ­նիսկ հայ­րե­նի­քի անխ­զե­լի մաս՝ Ար­ցախն ու սահ­մա­նա­յին այլ տա­րածք­ներ զի­ջե­լու նա­խան­շան­ներ ցոյց կու տան՝ յա­նուն ինչ որ «խա­ղա­ղու­թեան» ու «դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու»:

­Պա­րոն ­Վար­չա­պետ,

Այ­սու, ստո­րագ­րեալ­ներս, իբ­րեւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յու­նա­հայ գաղ­թօ­ճա­խի կազ­մա­կեր­պա­կան միա­ւոր­նե­րու, մեր հա­յա­գա­ղու­թին ա­նու­նով կը յայտ­նենք ձե­զի, որ մենք ա­նըն­դու­նե­լի կը գտնենք ո­րե­ւէ զի­ջո­ղա­կան տրա­մադ­րու­թիւն՝ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին կամ այլ հաս­ցէ­նե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ճնշում­նե­րուն դի­մաց, ուր­կէ որ ալ ըլ­լան ա­նոնք:

Ա­նըն­դու­նե­լի կը գտնենք մա­նա­ւանդ ո­րե­ւէ ընկր­կում, ո­րե­ւէ զի­ջում Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մէջ: ­Զօ­րա­վիգ ենք Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յայ­տա­րա­րու­թեան՝ թէ՛ ա­նոր ո­գիին եւ թէ՛ բո­վան­դա­կու­թեան:

­Հե­տե­ւա­բար, կը դի­մենք ձե­զի պա­րոն վար­չա­պետ, որ Ար­ցա­խը ա­ռան­ձին ու ան­տէր մի՛ թո­ղուք, զայն յու­սա­բե­կու­թեան մի՛ մատ­նէք, ե­ղէ՛ք ան­զի­ջող, տէր ու պաշտ­պան քա­ջա­րի Ար­ցա­խին:
­Մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը մեծ է: ­Կը հե­տե­ւինք Ե­րե­ւան-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ կը պար­զո­ւի, թէ «խա­ղա­ղու­թեան» օ­րա­կարգ մը ա­ռաջ քշե­լով եւ ի­րաւ կամ խա­բու­սիկ խոս­տում­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն վնա­սա­կար եւ ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նի ծրա­գիր­նե­րուն, մեր­ժե­լի լու­ծում մը կը փոր­ձո­ւի պար­տադ­րել մե­զի: ­Յայտ­նօ­րէն, ­Թուր­քիան լաւ ա­ռիթ գտած է՝ «խա­ղա­ղու­թեան» խա­ղա­քար­տով իր վա­ղե­մի ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու,այ­սինքն միջ­նորդ դառ­նալ՝ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թեան իբ­րեւ թէ լու­ծում տա­լու հա­մար:

­Պա­րոն ­Վար­չա­պետ,

­Չենք ծած­կեր զայ­րոյ­թի փո­խա­կեր­պո­ւած մեր խո­րունկ հիաս­թա­փու­թիւ­նը, երբ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յուշն ու յոյ­զը վե­րա­թար­մաց­նե­լու հա­մար ողջ ազ­գը կը պատ­րաս­տո­ւէր Ապ­րիլ 24-ի ո­գե­կո­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, այ­սինքն Ապ­րի­լի երկ­րորդ տաս­նօ­րեա­կի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, երբ ձեզ­մէ լսե­ցինք ձե­զի կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջար­կը՝ Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նին նո­ւի­րե­լու՝ խա­ղա­ղութեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խի­քի փո­խա­րէն: ­Բայց այդ ա­ռա­ջար­կին դի­մաց՝ յա­նուն ամ­բողջ հա­յու­թեան, յա­նուն Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ յա­նուն ի­րենց ե­րի­տա­սարդ կեան­քը զո­հած բազ­մա­հա­զար հե­րոս­նե­րուն, չլսե­ցինք վճռա­կան մեր­ժու­մի պա­տաս­խա­նը, կտրուկ «ՈՉ»ը ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, ինչ որ տա­րա­կու­սանք կը յա­ռա­ջաց­նէ, թէ ար­դեօ՞ք Հ.Հ.-ի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու ան­ձամբ վար­չա­պե­տը տրա­մադ­րո­ւած են տե­ղի տալ ճնշում­նե­րուն եւ բա­ւա­րա­րել ա­ռա­ջարկ­նե­րը:

­Լաւ կը գի­տակ­ցինք, որ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­մէ­նէն թանկ ու բարձ­րա­գոյն ար­ժէք է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ հայ ազ­գին ու ­Հա­յաս­տա­նին, իսկ ան­տա­րա­կու­սե­լիօ­րէն նաե’ւ Ար­ցա­խին հա­մար: ­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը կեն­սա­կան է ոչ միայն մե­զի, այլ նաեւ շա­հագր­գիռ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­մար՝ թշնա­մի թէ բա­րե­կամ: ­Սա­կայն խա­ղա­ղու­թիւն՝ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու ար­դա­րու­թեան հի­մուն­քով, եւ ոչ թէ սա­կար­կե­լով հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը, ազ­գի ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, ի­րա­ւուն­քը եւ հպար­տու­թիւ­նը, ո­րոնց հան­դէպ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը գործն է ա­մէն մէկ ազ­գա­յի­նի եւ ա­ռա­ջին հեր­թին՝ իշ­խա­նա­ւոր ղե­կա­վա­րու­թեան:

­Պա­րոն ­Վար­չա­պետ,

Դ­ժո­ւար ու ճգնա­ժա­մա­յին ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ կ­՚ակն­կա­լենք, որ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կա­նա­չափ ուժ ու խի­զա­խու­թիւն կը գտնեն ան­զի­ջող ըլ­լա­լու հա­մար, յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի հա­յա­պատ­կան ու ­Հա­յաս­տա­նա­պատ­կան ըլ­լա­լու հար­ցին մէջ եւ ընդ­դի­մա­նա­լու ո­րե­ւէ փոր­ձի, որ վի­րա­ւոր պի­տի դարձ­նէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը, ա­նոր ան­կա­խու­թիւնն ու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը:

­Յու­նա­հայ գաղ­թօ­ճա­խը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն կը կանգ­նի հայ­րե­նի­քի կող­քին, կը կանգ­նի Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քա­րի կող­քին, ինչ­պէս աս­կէ ա­ռաջ, նաեւ այ­սու­հե­տեւ: ­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը վճռա­կան է ու հաս­տատ իր հա­մո­զու­մին մէջ, թէ՝ կա­րե­լի չէ սա­կար­կել Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը: Այդ ի­րա­ւուն­քը ար­դա­րա­ցո­ւած է ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով եւ սե­րունդ­նե­րու կեան­քին գնով:

­Յար­գանք­նե­րով՝

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խումբ
­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչ
­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խաչ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ս­կաու­տա­կան միա­ւոր
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թերթ
«Ա­զա­տա­մարտ» միու­թիւն — («Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թերթ)
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն

azator.gr