կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-24 13:24
Քաղաքական

Թա­նէր Ա­քչամ ներ­կա­յա­ցուց իր վեր­ջին գիր­քը՝ «Ս­պա­նու­թեան հրա­հանգ­ներ» խո­րա­գի­րով

Թա­նէր Ա­քչամ ներ­կա­յա­ցուց իր վեր­ջին գիր­քը՝ «Ս­պա­նու­թեան հրա­հանգ­ներ» խո­րա­գի­րով

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թա­նէր Ա­քչամ ներ­կա­յա­ցուց իր վեր­ջին գիր­քը՝ «Ս­պա­նու­թեան հրա­հանգ­ներ» խո­րա­գի­րով Եր­կու­շաբ­թի, 21 ­Մարտ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւ «­Փա­փա­զի­սիս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին թուրք հան­րա­ծա­նօթ փրո­ֆէ­սոր եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րող ­Թա­նէր Աք­չա­մի «Ս­պա­նու­թեան հրա­հանգ­ներ» գիր­քի յու­նա­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը, որ կա­տա­րեց այս ա­ռի­թով Ա­թէնք ժա­մա­նած նոյ­նիքն հե­ղի­նա­կը։ Ե­լոյ­թին յա­տուկ ներ­կա­յու­թիւն եւ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան փոխ­նա­խա­րար եւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս պ. Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս։

­Հա­կա­ռակ հա­մա­վա­րա­կի ստեղ­ծած պայ­ման­նե­րուն, սրա­հը կա­նու­խէն լե­ցուն էր հայ եւ յոյն հոծ բազ­մու­թեամբ, ո­րոնք ե­կած էին մօ­տէն լսե­լու թուրք ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կա­նը։

Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, ­Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րու կազ­մե­րը, տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու ու­սուց­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ պ. Եոր­ղոս ­Փաւ­լի­տիս, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ պ. ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս եւ այլ հիւ­րեր։

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց եւ ներ­կա­յա­ցու­մը վա­րեց ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան, որ հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կա­յաց­ման նպա­տա­կին ու յատ­կա­պէս ներ­կա­յա­ցո­ւած գիր­քի պա­րու­նա­կու­թեան։ ­Յա­տուկ նշում ը­րաւ օ­րո­ւան հիւ­րի՝ փրոֆ. ­Թա­նէր Աք­չա­մի ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ու մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­նոր կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մասին։
­Յա­ջոր­դա­բար, անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ա­ռա­ջին խօ­սո­ղի՝ կրթու­թեան փոխ­նա­խա­րար Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղո­սի ա­կա­դե­մա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, յու­նա­կան եւ օ­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ, ինչ­պէս նաեւ թո­ւեց այն ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, որ նա­խա­րա­րը հրա­տա­րա­կած է յատ­կա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին պատ­մու­թեան ո­լոր­տէն ներս։

Պ. Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս բեմ բարձ­րա­նա­լով իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Թա­նէր Աք­չա­մի ներ­կա­յու­թեան հա­մար սրա­հէն ներս եւ ընդգծեց, որ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ պայ­քա­րող բո­լոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն հա­մար յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ան­հեր­քե­լի տո­ւեալ­նե­րու եւ փաս­տե­րու ճշգրիտ բա­ցա­յայ­տումն ու ներ­կա­յա­ցու­մը հան­րու­թեան։

­Յա­ջոր­դա­բար, փոխ նա­խա­րա­րը խօ­սե­ցաւ գիր­քին մէջ տեղ գտած փաս­տա­թուղ­թե­րուն եւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած գրա­ւոր հրա­հանգ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք բա­ցա­յայտ կեր­պով կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն ­Հա­յոց ցե­ղա­պա­նու­թեան անժխ­տե­լիու­թիւ­նը եւ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւ­նը։ ­Նա­խա­րա­րը ող­ջու­նեց սրա­հէն ներս պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, նշե­լով թէ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը քրիս­տո­նեայ տար­րի ամ­բող­ջա­կան վե­րա­ցու­մը հե­տապն­դող ծրագ­րո­ւած ո­ճիր մըն էր. ­Հա­յոց ցե­ղա­սա­նու­թեան կող­քին, նոյն­քան կա­րե­ւոր եւ հրա­մա­յա­կան է ա­սո­րա­կան, յու­նա­կան եւ պոն­տա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու սպանդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը յատ­կա­պէս ան­դա­դար­ձաւ հա­յոց ­Նե­մե­սի­սին, նշե­լով, թէ հա­յե­րը ար­դա­րա­հա­տոյց ե­ղան այդ մեծ ո­ճի­րին հա­մար, ա­պա խօ­սե­ցաւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ու ա­նոր ա­զատ ար­ձակ­ման մասին, որ­պէս մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թեան բարձր օ­րի­նակ։ Պ. Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս յայտ­նեց, որ ­Թա­նէր Աք­չա­մի աշ­խա­տան­քը եւ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման գոր­ծին մէջ։

­Յա­ջոր­դա­բար, ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան բեմ հրա­ւի­րեց եւ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան գլխա­ւոր խօ­սող փրոֆ. ­Թա­նէր Աք­չա­մը, տա­լով իր կեն­սագրա­կան գի­ծե­րը, թուրք պե­տու­թեան կող­մէ դի­մագ­րա­ւած բան­տար­կու­թիւն­նե­րը եւ չար­չա­րանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ իր ա­կա­դե­մա­կան ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թի­նը Օս­մա­նեան եւ ար­դի ­Թուր­քիոյ գոր­ծած ո­ճիր­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման մա­սին։
Փ­րո­ֆէ­սոր Ա­քչամ, սա­հիկ­նե­րու օգ­նու­թեամբ իր ներ­կա­յա­ցու­մը ծա­ւա­լեց անգ­լե­րէն լե­զո­ւով, ո­րուն թարգ­մա­նու­թիւ­նը ձեռն­հա­սօ­րէն եւ ա­մե­նայն ճշգրտու­թեամբ կա­տա­րեց ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան, տա­լով պատ­մա­բա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տը։

­Թա­նէր Աք­չամ անդ­րա­դար­ձաւ գիր­քին մէջ տեղ գտած փաս­տա­թուղ­թե­րուն, ո­րուն հիմ­քը կազ­մած է Ա­րամ Ան­տո­նեա­նի ծա­նօթ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը 1922-ին, ուր ան կա­րո­ղա­ցած էր իր ձեռ­քը առ­նել թուրք պաշ­տօ­նա­տար ­Նա­յիմ Է­ֆէն­տիի յու­շագ­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր մէջ տեղ գտած փաս­տա­թուղ­թե­րու շարք մը, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ նշում­ներ կա­տա­րեց հայ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ Գ­րի­գոր ­Կէր­կէ­րեա­նին մա­սին, որ կա­րո­ղա­ցաւ իր մօտ հա­ւա­քել նման փաս­տա­թուղ­թե­րու եւ հրա­հանգ­նե­րու պատ­ճէն­նե­րը, ո­րոնց կ­՚անդ­րա­դառ­նայ Աք­չամ իր գիր­քին մէջ։

­Յա­ջոր­դա­բար, ան ներ­կա­յա­ցուց թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան եւ փաս­տագ­րու­թեան խե­ղա­թիւր­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը յղա­ցած էր այն օ­րե­րէն երբ կը ծրագ­րէր ի գործ դնել ­Հա­յոց եւ ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նե­լով, գիր­քի հե­ղի­նա­կը ցոյց տո­ւաւ, թէ ինչ­պէս պե­տու­թիւ­նը այն ժա­մա­նակ­նե­րէն ստեղ­ծած էր շին­ծու եւ ստա­բա­րոյ փաս­տա­թուղ­թեր, միա­ժա­մա­նակ փոր­ձած է ան­հե­տաց­նել ի­րա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յղա­ցող­նե­րու, ինչ­պի­սին են ­Թա­թեաթ, ­Շա­քիր եւ այլ պե­տա­կան այ­րեր, հրա­հանգ­ներն են հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան բնաջնջ­ման հա­մար։ Ան նաեւ յա­տուկ օ­րի­նակ բե­րաւ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի մա­հը ժխտող կեղծ փաս­տա­թուղ­թե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք կը փոր­ձեն հաս­տա­տել, թէ ­Զօհ­րապ մա­հա­ցաւ սիր­տի կա­թո­ւա­ծէ։

­Թա­ներ Աք­չամ յայտ­նեց, թէ իր աշ­խա­տու­թիւ­նը կու գայ ամ­բող­ջու­թեամբ լրաց­նե­լու Ա­րամ Ան­տո­նեա­նի աշ­խա­տան­քը եւ ­Կէր­կէ­րեա­նի հա­ւա­քա­ծոն, խո­րազ­նին ու­սում­նա­սի­րե­լով ար­խիւ­ներ եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, վեր­ծա­նե­լով թրքա­կան գաղտ­նա­ծա­ծուկ հե­ռա­գիր­նե­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը եւ մէկ առ մէկ տա­պա­լե­լով թրքա­կան վար­կած­նե­րը, իսկ իր աշ­խա­տան­քը յե­նո­ւած է ի­րա­կան փաս­տե­րու եւ յու­շագ­րու­թեան մէջ տեղ գտած փաս­տագ­րու­թեանց եւ պաշ­տօ­նա­կան գրա­ռում­նե­րու վրայ։ Ան նաեւ ը­տաւ, թէ թրքա­կան կող­մը նոյ­նիսկ փոր­ձած է հեր­քել ­Նա­յիմ Է­ֆէն­տիի գո­յու­թիւ­նը, ը­սե­լով թէ ան ու իր յու­շե­րը կեղծ են, սա­կայն նոյ­նինքն ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը ցոյց կու տան ­Նա­յի­մի՝ որ­պէս օս­մա­նեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայ գոր­ծե­լու ու ա­նոր ու­նե­ցած բո­լոր փաս­տե­րու ճշմար­տա­ցի ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։

­Յա­ջոր­դե­ցին հար­ցում­ներ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց փրոֆ. Աք­չամ պա­տաս­խա­նեց հան­գա­մա­նա­լից եւ սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով։

­Փա­կե­լով գիր­քի ներ­կա­յաց­ման ե­լոյ­թը, ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան մէջ­բե­րում մը կա­տա­րեց Աք­չա­մի գիր­քէն, թէ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը միշտ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին եւ լոյս կը սփռո­ւի ա­նոնց վրայ։ ­Շեշ­տեց, թէ ա­մէն ան­գամ, որ ման­րակր­կիտ եւ ա­նա­չար փաս­տագ­րա­կան ո­րո­նում­ներ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան, ինչ­պի­սին է ­Թա­նէր Աք­չա­մի պա­րա­գան, ճշմար­տու­թիւ­նը միշտ իր փայ­լուն ե­րե­սը ցոյց կու տայ։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ Աք­չա­մի աշ­խա­տան­քը պի­տի խթա­նէ նաեւ այլ մտա­ւո­րա­կան­ներ ու­սում­նա­սի­րե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան ար­խիւ­նե­րը եւ նշեց, թէ պարտք ու­նինք պա­հան­ջե­լու այս երկ­րի պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը եւ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։

Ա­ւար­տին, փրոֆ. ­Թա­նէր Աք­չամ անձ­նա­պէս ստո­րագ­րեց իր գիր­քի օ­րի­նակ­նե­րը։

azator.gr