կարևոր
5389 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-15 12:40
Քաղաքական

Հզօր Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար ու հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հզօրութեան

Հզօր Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար ու հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հզօրութեան

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ, ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԿ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ՝ ՀՅԴ 132-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Ողջո՜յն ձեզի Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին անունով:

Երկու հայահոծ գաղութներ, ճակատագրակից, հոգեհարազատ համայնքներ, նոյն թշնամիին` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ու անոնց հովանաւորած ահաբեկչութեան թիրախ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւն:

Ողջոյն այս բեմէն Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ աննկուն կամքով դիմադրեց Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած համաշխարհային պատերազմին: Նախագահ, որ մեծ բարեկամ է հայութեան եւ գուրգուրոտ` Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ:

Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան դէմ ծառացող այս դժխեմ պայմաններուն մէջ, իրական բարեկամութիւնը մեզի կը պարգեւէ կորով, խիզախութիւն եւ դիմադրողականութիւն:

130 առաւել 2 տարուան հսկայ կաղնիի՝ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան ամեակը կը տօնենք միասնաբար:

Փնտռեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան նմանող 132-ամեայ կուսակցութիւն մը աշխարհի տարածքին:

Փնտռեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան նմանող կուսակցութիւն մը, որ ներկայութիւն է աշխարհի տարածքին 34 երկիրներու ու հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:

Փնտռեցէ՛ք նման կուսակցութիւն մը աշխարհի տարածքին, որուն հաւատացող անհատները, կուսակցականները կամ համակիրները հալածուած ու բանտարկուած են, չարչարուած ու սպանուած են, առեւանգուած են, զոհուած ու նահատակուած են:

Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ հիմնուած է Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց օրերուն, իր ժողովուրդին հետ ապրած է ցեղասպանութիւն, անկախութիւն հռչակած է հայրենիքի մէջ` անկախութեան ձեռքբերման պատերազմով, հեռացած ու հեռացուած է հայրենիքէն, ապրած է համաշխարհային երկու պատերազմ, քաղաքական տարապայման միջավայրերու մէջ մասնակցած է հայութեան շահերուն պաշտպանութեան պայքարին` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ թէ այլուր, դարձեալ հալածանքներու ենթարկուած է ու հայութեան շահին համար նահատակներ է տուած:

Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը, որուն ակումբները կոչուած են ժողովրդային տուն, որուն ակումբները գրասենեակներ չեն, այլ պատանիին, երիտասարդին, կնոջ, ուսանողին ու արհեստաւորին, աղքատին ու հարուստին, երէց ու միջին սերունդին, հայուն կողքին յաճախ նաեւ օտարին առջեւ միշտ բաց եղած են ու մեղուաբոյն` աշխատանքի:

Ցո՛յց տուէք կուսակցութիւն մը, որ ամբողջ տասնամեակներ գործած է ու ենթարկուած է զինք մասնատելու, բաժնելու, պառակտելու զանազան դաւադրութեանց, բայց մի՛շտ մնացած է մէկ ու միացած:

Փնտռեցէ՛ք ու գտէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ արգիլեալ եղած է իր բնօրրանին մէջ, հալածուած` իր հայրենիքի վարչակարգէն, օսմանցի թուրքէն ու ցարական Ռուսիայէն, համայնավարութենէն ու զանազան երկիրներու մէջ պետական հարուածներու իբրեւ հետեւեանք հրապարակ եկած նոր վարչակարգերէն, սակայն յաջողած է գոյատեւել ու միաժամանակ պահել ու զօրացնել ժողովրդային նեցուկը:

Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ յարգանք պարտադրած է իր հակառակորդին ու մանաւանդ` թշնամիին: Կուսակցութիւն մը, որ իր լաւագոյն տղաքը զոհած է հարուածելու համար իր ժողովուրդին դէմ զէնք բարձրացնող կամ դաւ նիւթող տարրեր:

Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ տկարութեան ու երբեմն ալ քաղաքական ընտրական պարտութեան ժամանակներուն չէ կորսնցուցած ժողովուրդին վստահութիւնը, այլ աւելիով կռանուած` յաջողած է պայքարի նոր փուլեր նուաճել:

Փնտռեցէ՛ք, շա՜տ փնտռեցէք ու վստա՛հ եղէք, որ պիտի չգտնէք նման կուսակցութիւն մը:

Փնտռեցէ՛ք հին ու արդիական միջոցներով, բաղդատականներով կամ թերահաւատութեամբ, բայց պիտի չգտնէք:

Պիտի չգտնէք մէկ հատիկ իսկ կուսակցութիւն մը, որ նմանի ՀՅ Դաշնակցութեան:

Հպարտօրէն կ՛ըսենք՝ ՀՅ Դաշնակցութեան նման կուսակցութիւն գոյութիւն չունի այսօր աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Սա ո՛չ մեծխօսիկութիւն է, ոչ ամբարտաւանութիւն, ո՛չ կուսակցամոլութիւն է եւ ոչ ալ մեծամտութիւն:

Սա միայն փաստ է, աղաղակող իրականութիւն:

Կան կուսակցութիւններ, Դաշնակցութենէն հին, որոնք կը շարունակեն գործել, սակայն կը գործեն մէկ երկրի մէջ, քաղաքական նպատակներով, քառամեակներու հաշուարկով, նախագահական, խորհրդարանական կամ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու համար: Չեն նմանիր Դաշնակցութեան: Աւելի հին են, բայց մեզի պէս չեն:

Իսկ հակառակ այս բոլորին, հակառակ ծանրագոյն պայմաններու մէջ գործելու փաստին, ո՞ւր է գաղտնիքը այս կուսակցութեան գոյատեւման: Ո՞ւր է գաղտնիքը 19-րդ դարուն հիմնուած, 20-րդ դարը պատուով անցուցած եւ 21-րդ դարուն իր 132-ամեակը տօնող ՀՅ Դաշնակցութեան ուժին:

Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ, կազմակերպութիւն ըլլալէ իսկ առաջ, ժողովրդային շարժում է, ժողովրդային հոսանք եւ նոյնի՛սկ ժողովրդային փոթորիկ: Հայ ժողովուրդի արիւնոտ արգանդէն ծնած, ժողովուրդին համար արդարութիւնն ու բարօրութիւնը կիզակէտ դարձուցած, ժողովուրդին պաշտպանութիւնը ստանձնած կուսակցութիւնն է Դաշնակցութիւնը:

Ժողովուրդէն ծնած Դաշնակցութիւնը ապրած ու գործած է հայութեան համար: Դաշնակցութիւնը չէ գործած Դաշնակցութեան համար: Իսկ դաշնակցական ընկերը Դաշնակցութեան ճամբով գործած է հայութեան համար:

Դաշնակցութիւնը, հայութեան գիրկէն ծնած Դաշնակցութիւնը գաղափարական ուժ է: Իր հիմնադիրներուն իսկ պատգամով ժողովներն ու որոշումները, ընկերային, տնտեսական թէ քաղաքական հարցերու նկատմամբ իր կեցուածքները կը բխին գաղափարական ծրագրային ենթահողէ ու պատահականութեան արդիւնք եղող արտայայտութիւններ չեն:

Գաղափարը մեծագոյն ուժն է Դաշնակցութեան ու գերադաս ամէնաբարձր նշաձողը դաշնակցական մարդուն: Դաշնակցութիւնը գաղափարի ուժն է, հաւատամքի ուժն է մարդու ազատութեան, ընկերային արդարութեան, աշխատանքի քրտինքը յարգելու ուժն է: Ան ուժն է շահագործումը մերժող աշխատանքի եւ գործարարութեան ու միաժամանակ մարդկային իրաւունքներու արդար գործադրութեան:

Դաշնակցութեան ուժը եւ ուժին գաղտնիքը կազմակերպութիւնն է ու իր կանոնագիրը: Կանոնագիրը` դաշնակցական ընկերոջ համար, իսկ կազմակերպութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը` հայութեան զանգուածներուն եւ անոր նպատակներուն հասնելու համար:

Կանոնագիրը յաճախ խիստ ու սեփական ազատութիւններէ զիջում պահանջող օրինագիրք է, որուն ենթարկուելու երդում կը կատարեն Դաշնակցութեան եկող տղաքն ու աղջիկները, կամովի՛ն, ազատ կամքով եւ առանց պարտադրանքի: Կանոնագիրը հիմքն է կուռ կազմակերպութեան եւ Դաշնակցութեան բարոյական սկզբունքները յարգելու պարտաւորութեան: Կանոնագիրը հիմքն է նաեւ մեր գաղափարաբանութեան ժողովրդավարութեան տուած յատուկ ու առաջատար սկզբունքին:

Շարքերէն մինչեւ բարձրագոյն ղեկավարութիւն բարձրացող բուրգը, եւ հակառակ ուղղութեամբ հաստատուած հաշուետուութեան սկզբունքը, ընտրական սկզբունքները թէ կարծիք արտայայտելու ազատ ու կազմակերպականօրէն առողջ աստիճանաւորումը, ընկերներու եւ մարմիններու միջեւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով ճշդուած յօդուածները, օրինախախտ տարրերու նկատմամբ ընկերական վերաբերումն ու կարգապահական տնօրինումներու դաստիարակչական ու շինիչ մօտեցումը փաստեր են, որոնք ոչ միայն կ՛արժեւորեն կարգապահ տարրերով կուսակցութիւն մը, այլ` իր ամուր կազմակերպուածութիւնը ի սպաս հայութեան դնելու անխախտ վճռակամութիւնը եւ ժողովուրդին շարունակաբար ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեայ սլացքին հիմքը կը կազմեն հայութեան եւ անոր դատին ծառայելու գոյութենական հաւատքն ու գործը: Այլապէս ինչո՞ւ ունենալ կուսակցութիւն, եթէ ան պիտի չծառայէ իր ժողովուրդին: Անվիճելի է այն որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին` քաղաքական առաջադրանքներով յառաջացող կուսակցութիւն: Քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալէ աւելի՛ն, սակայն, Դաշնակցութիւնը է՛ ու կը մնա՛յ անպայման յեղափոխական կուսակցութիւն, որուն առաջնահերթ նպատակն է յեղափոխել մեր ժողովուրդի առօրեան ու զայն դուրս բերել երբեմն թմբիրէն, այլ տեղ` անտարբերութենէն, այլ ժամանակ՝ պարտուողական ու անձնատուական տրամադրութենէն: Յեղափոխութիւն մը, որ ո՛չ միայն ուղղուած է թշնամիին, այլ նաեւ` մեր ժողովուրդը տկարացնող ներքին ախտերուն դէմ կամ ի նպաստ մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյատեւման պայքարին:

Յեղափոխութեան մեկնակէտէն ծառայութեան դաշտ նետուող Դաշնակցութիւնը 132 տարի շարունակ, երկիրէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւններ, Արցախ, Հայաստան ու Ջաւախք, հոս` Սուրիա, թէ Լիբանան եւ Իրան եւ դեռ ծանօթ ու անծանօթ այլ վայրեր եղած է իր ժողովուրդին կողքին ու հասած անոր ծով կարիքներուն:

Ինք ու իրեն զօրակից միութեանց թէ անհատներու ճամբով Դաշնակցութիւնը դպրոց եւ եկեղեցի կառուցած է, ուսուցիչ, խմբագիր, տնօրէն հայթայթած, հայապահպանման գործին երիտասարդներ տրամադրած, հիւանդին դեղ ու դարման, տնանկին երդիք, ծերին` գաւազան, չքաւորին` պարէն, անպաշտպան հայուն` նեցուկ, հրկիզուող տան` հրշէջ, չորցող դաշտերուն` մշակ ու բանուոր, վտանգուած հայուն` զէնք ու պաշտպանութիւն, ընթերցումի կարօտ մարդուն` թերթ ու գիրք, եւ դեռ` մշակոյթ, գեղարուեստ, բժշկական կեդրոն, մասնագիտական խորհրդատուութիւն, թէ կրթական ու համալսարանական նպաստ:

Մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ հարցերուն մօտէն հետեւելու, անոնց լուծումներ որոնելու, տեւաբար անոր հետ ըլլալու, միասնաբար տագնապելու, տառապելու, միասնաբար պայքարելու, պաշտպանելու, թումբերը խորտակելու, պատնէշները վերացնելու եւ յաղթանակ կերտելու, հաւաքականին ծառայելու հաւատքն ու գործն են, որոնք կ՛արժեւորեն Դաշնակցութեան գոյութիւնը անցնող 132 տարիներու ընթացքին:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարոյական սկզբունքներու կուսակցութիւնն է ու միաժամանակ սխալները ընդունող ու զանոնք սրբագրելու ձգտող ժողովրդային շարժումն է:

Յաճախ ըսած ենք, որ կուսակցականներ կրնան սխալիլ, նոյնիսկ` գայթակղիլ ու սայթաքիլ: Դաշնակցութիւնը սակայն չի սխալիր: Դաշնակցութիւնը այն ծովն է, որուն ալիքները իրմէ դուրս կը շպրտեն խճաքարերը: Սխալողները, ովքեր ալ ըլլան, պատասխանատու ինչիպիսի դիրքեր զբաղեցուցած ըլլան, դուրս կը մնան Դաշնակցութենէն: Սայթաքողները, կազմակերպութեան շարքերէն ներս սպրդած շահադէտ բախտախնդիրները ի վերջոյ կ՛արժանանան Դաշնակցութեան ինքնասրբագրող, երկար համբերութիւն ունեցող, միշտ ընկերական տրամադրութիւն ցուցաբերող բարոյական սկզբունքներու հաւատարիմ արդար վճիռին, որ յաճախ նաեւ կ՛ըլլայ անխնայ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ միշտ ինքզինք կը սրբագրէ, ինքզինք կը բուժէ:

Մի՛ մտահոգուիք Դաշնակցութեան ապագայով:

Վատ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք աշխարհով մէկ: Հայաստանի իշխանաւորներուն կողմէ Արցախի յանձնումը եւ անհեռանկար ու հայավնաս պարտուողական բանակցութիւնները հիասթափութիւն եւ յուսահատութիւն ստեղծեցին համայն հայութեան մօտ:

Սակայն մենք, մեր տեսակը, հայու խիզախ տեսակը պարտութիւնը չի կրնար ընդունիլ ու վճռակամ կերպով կը պայքարի յոյսի ու յաղթանակի համար: Գէորգ Չաւուշէն Լիզպոն, Աբօ Աշճեան թէ Սարգիս Զէյթլեան, Ռաֆֆի Պչաքճեան, Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան թէ Մոսիկ Սեքլէմեան օրինակներ են միայն յաղթանակ կերտող խենթերու:

Յուսալի այս ապագայի կերտման մէջ անտարակոյս իր դերը ունին Հայաստանի կողքին հին ու նոր Սփիւռքը: Հիմնովին սխալ է վերապահութիւններ ստեղծել երկու զանգուածներուն միջեւ կամ իրարու նկատմամբ: Վերջնական համոզում է, որ Հայաստան իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է: Այս մէկը կը մնայ կարգախօս, եթէ անոր չհետեւի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ճիշդ գործակցութեան ծրագրաւորումը: Ընդունինք, որ Հայաստանը բոլորին հայրենիքը դարձնելու բնական նպատակը կարիք ունի նման գործակցութեան: Հզօր Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար ու հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հզօրութեան: Այս իմաստով հաւասար պատասխանատուութիւններ գոյութիւն ունին: Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը գործակիցներ են եւ ոչ մէկը ենթակայ է միւսին: Անոնք անքակտելի եռամիասնութիւն են, զոր քանդելու կը ձգտին: Այս եռամիասնութիւնը ենթակայ է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին: Հետեւաբար, թելադրողի հեղինակութենէն անդին, ուժի կեդրոններ հաստատելու ձգտումին փոխարէն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ներքին հակասութիւններ որոնելու եւ զանոնք շահագործելու միտումներէն վեր, անհրաժեշտ է միասնաբար, գործակցաբար, դերերու ճշգրիտ բաշխումով աշխատանքի լծուիլ այնպիսի պահու մը, երբ ո՛չ Արցախի, ո՛չ շրջանային, ո՛չ միջազգային եւ ոչ ալ զուտ հայկական պայմանները մեզի կու տան ժամանակը եւ քմայքը` զբաղելու երկրորդական հաշիւներով եւ ինքնահաստատման արդէն ժամանակավրէպ դարձած մոլուցքներով:

Աշխարհը թաւալգլոր կ՛ուղղուի գաղափարազուրկ ընկերութեան գիրկը: Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ նման փոփոխութիւններ աստիճանաբար մարդը կ՛ուղղեն վերածուելու աշխարհաքաղաքացիի: Անհատը իր հայրենիքը կը տեսնէ ճամբորդութեան ճամպրուկին մէջ, կամ հոն, ուր կրնայ տնտեսական բարգաւաճում ապրիլ: Աշխարհը հայրենիքի վերածելու գաղափարի անգաղափարական ընթացքը կը շարունակէ իր ճամբան:

Ու մենք ալ սկսած ենք վարակուիլ այս դաւադրական մթնոլորտէն: Մարդը թիւ նկատելու, շահու աղբիւր նկատելու, դրամատնային հաշիւ նկատելու, ազգի ու ազգութեան բացարձակ արժէքը ոտնակոխելու թակարդին մէջ իյնալու նախանշաններ արդէն իսկ տեսանելի են: Արդիականութեան, ըստ էութեան պետական շահերու նպաստող, սակայն հանրութեան հաճելի թուող գեղեցիկ սկզբունքներու արտայայտութեան, հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու, ընկերային ցանցերու ազատ օգտագործման դրօշակիր դառնալու արագավազ մրցումը վստահաբար կը սազի նիւթապաշտութեամբ առաջնորդուող Արեւմուտքին կամ նմանօրինակ ընկերութիւններու, որոնց ո՛չ ինքնութիւնը վտանգուած է, ո՛չ իրաւունքները ոտնակոխուած, ո՛չ հայրենիքը գրաւուած եւ ոչ ալ ժողովուրդը` տարտղնուած: Նման ժողովուրդներ ապահոված կրնան ըլլալ իրենց յաւերժութիւնը եւ իրենց երկիրը: Իսկ մենք` հայութիւնն ու Հայաստանը, ինչո՞ւ պարտաւորուած ենք հետեւիլ, արտօնեցէք այս բառին, այս «մոտային»:

Այո՛, մենք անհրաժեշտութիւնը ունինք քայլ պահելու համաշխարհային զարգացումին հետ: Չենք կրնար կղզիանալ, դռները փակել, չտեսնել ու չլսել: Քայլ պահել, սակայն, չի նշանակեր նմանիլ ուրիշին, կորսնցնել սեփականը, ուրանալ ինքնութիւնը: Այո՛, անհրաժեշտ է կառուցել նորը, մե՛ր նորը, եւ ոչ ուրիշին կողմէ առաջարկուած, ուրիշին կողմէ կառուցուած, իրեն համար հաճելի, սակայն մեզ քանդող նորը:

Նորը, նոր հայը կառուցենք մե՛ր պայմաններով: Ո՛չ այն հայը, որ հպարտ է օտարին մէջ իր ինքնութեան մոռացումով, սակայն` մականունի «եան»-ով: Ո՛չ այն հայը, որ հայկական քաղաքացիութիւն կը ստանայ մետասաներորդ ժամուն իր մեծ հօր հայկական արմատները յիշելով, որպէսզի կարենայ դիւրութեամբ ստանալ եւրոպական կամ ամերիկեան այցեգիր: Ո՛չ այն հայը, որ Հայաստանը կը տեսնէ միայն առեւտուրի կեդրոն, շահի աղբիւր ու կը խռովի անկէ, երբ իր առեւտրական գործառնութիւնը իր ակնկալած շահը չ՛ապահովեր:

Մենք չենք ուզեր տեսնել այն նոր հայը, որ այլեւս հայ դպրոցը, հայ միութիւնը, հայ մշակոյթը անհրաժեշտ չի տեսներ հայութեան ինքնութեան պահպանման մէջ, այլ բաւարարուած կ՛ըլլայ տարեդարձէ տարեդարձ ցեղասպանութեան յուշարձան այցելելով կամ մահուան մահիճին իր վերջին օրերուն նուիրատուութիւն կատարելով օտար հաստատութեան մը, յաւերժացնելու համար իր կամովին վաղուց մոռցած հայ անունը:

Մենք կարիքը չունինք այն նոր հայուն, որ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան կը ձգտի թեթեւցնելու համար Հայաստանի տնտեսական բեռը կամ կը բաւարարուի Թուրքիայէն ձեռք բերելով իր սեփական կալուածներու նիւթական հատուցումը: Ո՛չ ալ այն նոր տիպարին, որ Թուրքիոյ հետ իր գործառնութեամբ կամ կատարած զբօսաշրջական պտոյտներով կը պատրուակէ, որ կը նպաստէ հայութեան դատին, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ գրաւեալ հողերու վերադարձին:

Այո՛, մենք նոր հայ տիպար պարտինք կերտել, որուն ջիղերն ու զգայարանքները ըլլան հայատրոփ, որ իր հայութեամբ ու ինքնութեան հպարտութեամբ յարգանք պարտադրէ օտարին. հայ նոր տիպար, որ չամչնայ իր ազգանունէն կամ հայութեան թերութիւններէն: Տիպար, որ ընդունի նորը, զայն հայկականացնէ, անով բարելաւէ, բարեկարգէ հայութիւնն ու Հայաստանը ու պարզապէս օտարին նուագած ջութակին մէկ լարը չըլլայ ու այդ ջութակը նուագելով` մնայ օտարին ծառայութեան մէջ:

Անցնող տասնամեակը տագնապալի եղաւ Միջին Արեւելքի համար, որուն ժողովուրդին իբրեւ անբաժանելի մասը` տառապեցաւ նաեւ հայութիւնը: Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ գրաւեալ Պաղեստինի մէջ կատարուող արիւնալի դէպքերը վտանգեցին նաեւ հայութիւնը: Ահաբեկչութեան գազանացումը հարուածեց շրջանի ժողովուրդները: Վնասուեցան նաեւ անհատ հայեր եւ հայկական հաստատութիւններ:

Պատերազմը իր ահաւորութեամբ հարուածեց յատկապէս Սուրիան: Մեծապետական հաշիւներու կռուախնձոր դարձած Սուրիան ենթարկուեցաւ համաշխարհային յարձակումի, ահաբեկչութեան, որուն մէջ գլխաւոր դերակատար եղաւ Թուրքիան` իբրեւ պետութիւն եւ գլխաւոր հովանաւորող իր վարքագիծին այդքան հարազատ ահաբեկչութեան:

Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայութիւնը թրքական ուղղակի թէ հովանաւորուած հարուածներով թիրախ դարձաւ Քեսապի, Տէր Զօրի ու Հալէպի մէջ: Ընդհանուր աւերին, աներեւակայելի քանդումին ու ապագայի անորոշութեան մէջ Սուրիոյ մեր քոյրերն ու եղբայրները բռնեցին գաղթի ճամբան: Լիբանանն ու Հայաստանը եղան առաջին հանգրուանները, իսկ ուրիշներ հասան աւելի հեռուներ:

Սակայն հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ Սուրիոյ մէջ: Իսկ քաղաքական լուծումը, որուն ջատագովը եղաւ Դաշնակցութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն, իր նախանշանները սկսած է տալ, իսկ յայտարարուած Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը ընթացքի մէջ է արդէն:

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Դաշնակցութեան օրը տարեդարձ չէ: Դաշնակցութեան օրը հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքի յիշատակումին օրն է:

Ան հայ ժողովուրդի դատին համար ինկած իւրաքանչիւր հայ մարտիկի օրն է:

Արդար քրտինքով իր օրապահիկը շահող իւրաքանչիւր հայ մշակի, հայ բանուորի, հայ ուսուցիչի օրն է: Շահագործումը մերժող հայ մարդուն, հայ գործատիրոջ, անշահախնդիր հայ պատասխանատու մարդուն օրն է:

Դաշնակցութեան օրը դաշնակցական կուսակցականի օրը չէ միայն, այլ` իւրաքանչիւր հայ մարդու, որ իր հայութիւնը, հայկակականութեան պահպանումն ու ամրապնդումը կը տեսնէ Դաշնակցութեան մէջ:

Հայ կնոջ օրն է օրը Դաշնակցութեան, որ տակաւին կնոջ իրաւունքներու այսօր ծաւալած պահանջատիրութենէն հարիւր տարի առաջ հայ կինը նկատած էր անխորտակելի սիւն` իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին:

Դաշնակցութեան օրը գաղափարական հայ մարդուն տօնն է: Այն հայուն, որ կը մերժէ ընկերային անարդարութիւնը, բռնատիրութիւնը, դասակարգային խտրականութիւնը: Օրն է այն հայուն, որ լրջախոհութեամբ ըմբռնած է ազատութեան գաղափարը, ողջմտութեամբ դիտած է ու կը դիտէ իր շուրջը ծաւալած ու ծաւալող ապազգայնացնող երեւոյթներն ու սայթաքումները:

Դաշնակցութեան օրը հայ երիտասարդին տօնն է: Արհեստաւոր, աշակերտ կամ ուսանող երիտասարդին, որ կը հաւատայ, թէ երիտասարդութիւնը տարիքային սահմանում չունի, այլ պայքարելու կամք է, փոփոխութիւն յառաջացնելու ձգտում, քննարկելու եւ քննադատելու անկողմնակալ հասունութիւն:

Դաշնակցութեան օրը հայ մտաւորականին, ենթարկուածութիւնը մերժող, ազատ մտքին թռիչք տուող, արի ու խրոխտ կեցուածքներու տէր, խօսքը ճակտէն ըսող անվախ ու իր գրիչը վաճառքի չհանող մտաւորականին օրն է:

Դաշնակցութեան օրը հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերը պաշտպանող, այդ շահերու ապահովման ի խնդիր տառապող, պայքարող, զոհաբերող հայ մարդուն տօնն է:

Ու տակաւին Դաշնակցութեան օրը հայ եկեղեցականին տօնն է, օրն է Ամենակալ Աստուծոյ հետ հայերէն խօսող հոգեւորականին, որ իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ կ՛ապահովէ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատքով կը զօրացնէ հայ մարդը:

Այս օրը տօնն է մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ գիտէ թէ իր ծառայութեան մէջ, քիչ մը ամէն օր, աւելի ու աւելի կը զօրանան ինք ու իր շրջապատը:

Դաշնակցութեան օրը տօնն է Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն, նուիրեալներուն, ֆետայիներուն, հերոսամարտ կերտողներուն, թրքական թէ ցարական հարուածներու զոհերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներուն, համաժողովրդային բանակի զինուորներուն, պոլշեւիկեան լուծի թէ տարբեր գաղտնի սպասարկութեանց զոհերուն:

Ցեղասպանութեան ոճրագործները պատուհասողներուն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան թէ Հայ Դատի պայքարի ճամբուն ինկած նահատակներուն, Հայաստանի անկախութեան համար զոհուած ու Արցախը հայ ու անկախ պահելու համար ազատութեան բագինին զոհուած աննման տղոց օրն է:

Հայկական արժէքներուն հաւատացող իւրաքանչիւր հայու օրն է Դաշնակցութեան օրը:

ՀՅ Դաշնակցութեան 132-ամեակը պարտաւոր ենք վերածելու անկիւնադարձի:

Իր նմանը չունեցող այս կուսակցութիւնը պարտինք պահել ամուր եւ հզօր:

Այդ ամրութիւնը մեր ժողովուրդին համար է:

Հզօր Դաշնակցութիւնը վստահաբար կը հզօրացնէ Հայաստանն ու Արցախը:

Ու այդ հզօրութեան համար, Հայաստանի եւ հայութեան հզօրութեան համար բոլորս հրաւիրուած ենք հաւաքականի գործի:

Մեր պահեստի զինամթերքը, դո՛ւք էք, սիրելի՛ համակիր զանգուածներ, այս սրահին մէջ գտնուող բազմահարիւր հաւատացեալներ, ձեզմով կը զօրանանք մենք:

Մեր կռնակը ամուր կը նկատենք ձեզմով:

Ձեզմով կը հպարտանանք, ձեզմով կը գոյատեւենք:

Պահանջեցէ՛ք մեզմէ ու խնայող մի՛ ըլլաք ձեր պահանջին մէջ:

Զօրակի՛ց մնացէք մեզի ինչպէս միշտ, նաեւ` վաղը, եւ ձեր զօրակցութիւնը կը վերադարձուի ձեզի, հայութեան ու Հայաստանի, բազմապատիկ ձեւով:

Ո՛չ մէկ հարուած, ո՛չ մէկ վտանգ մեզ կը վհատեցնէ: Մենք յուսահատիլ չենք գիտցած:

Ու պիտի շարունակէ գործել Դաշնակցութիւնը: Պիտի շարունակէ պայքարիլ Դաշնակցութիւնը:

Նոր նահատակներ պիտի տայ Դաշնակցութիւնը:

Նոր գագաթներ պիտի նուաճէ Դաշնակցութիւնը:

Այնքան ատեն որ կ՛ապրի մեր

աննման ժողովուրդը, պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:

Իսկ անոնց, որոնք կ’աղօթեն Դաշնակցութեան քանդումին համար կ՛ըսենք`
Դաշնակցութիւնը ծնած է ապրելու համար:

Ու այնքան ատեն որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը, պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը ամուր է, հսկայ կաղնի է, որուն տերեւները կրնան թափիլ, փոքր ճիւղերը կտրուիլ, բայց արմատը հայութեան ընդերքին մէջ, խորը մխրճուած է ու պիտի մնայ հսկայ ու պիտի հսկայանայ աւելի:

Դաշնակցութիւնը ահազանգ է, կը հնչէ նախ դաշնակցականները զգաստացնելու ու միաժամանակ ընդհանրական բացթողումները սրբագրելու:

Դաշնակցութիւնը շունչ է, ոգի է, միտք է ու բազուկ:

Դաշնակցութիւնը զգօնութեան հրաւէր է:

Դաշնակցութիւնը ձերն է: Ամուր կը մնանք ձեզի համար:

Ամուր կը մնանք գալիք սերունդներուն համար:

Ամուր կը մնանք Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի համար:

Ու կը փափաքինք 132-ամեակի այս խօսքով վերյիշել սքանչելի բանաստեղծ Վահէ Օշականը, երբ կ’ըսէ.

Ու մանաւանդ`

Պիտի տեւես դարերով, դարերո՜վ,

Որքան ատեն

Ժայթքին մարդիկ ու պահեր

Հայ ոգիին սպասարկու:

Ու

Սա հաւա՛տքը

Մեր հոգիի գեղեցկութեան,

Սա կա՛մքը

Այս հաւատքը պաշտպանելու

Սա ոգի՛ն

Կամ հայ ըլլալ` կամ ոչի՛նչ

Կամ հայրենիք` կամ ոչի՛նչ

Դաշնակցութիւն:

Միասնաբար պէտք է ապրիլ Դաշնակցութիւնը:

Փա՛ռք դաշնակցական մարտիկներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր նահատակ ընկերներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ իրենց զաւակները Դաշնակցութեան ու հայութեան բագինին զոհաբերած մայրերուն ու հայրերուն:

Դէպի պայքարի նոր հանգրուան:

Մենք կը խոստանանք մնալ արի եւ խիզախ:

Յուսահատութիւնը տեղ չունի մեր հոգիններուն մէջ:

Մենք հաւաքաբար պիտի յաղթենք: Դաշնակցութեան գիտցած ոճով, ոչ թէ «յաղթելու ենք»-ի խաբկանքով:

Յարգանք մեր կտրիճ նահատակներուն:

Սուրիոյ պատերազմին Սուրիան ու հայութիւնը պաշտպանող մեր հերոս տղոց:

Արցախի պատերազմին, հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուած սուրիահայ ազատամարտիկներուն:

Արժանի ըրէ՛ք մեզ հետեւելու ձեր օրինակին:

Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը: