կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-01-03 12:16
Քաղաքական

Խ. Տէր Ղուկասեան. «Սփիւռքի Օրակարգ»ը Կ’ենթադրէ Սփիւռքի Կառոյցներու և Հաստատութիւններու Միջև Նուազագոյն Հասարակաց Յայտարարի Բանաձևում Եւ Համաձայնութիւն

Խ. Տէր Ղուկասեան. «Սփիւռքի Օրակարգ»ը Կ’ենթադրէ Սփիւռքի Կառոյցներու և Հաստատութիւններու Միջև Նուազագոյն Հասարակաց Յայտարարի Բանաձևում Եւ Համաձայնութիւն

«Յուսաբեր»ի խմբագրութիւնը Սփիւռքի վերակազմակերպման Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի առաջադրանքէն մեկնած նախաձեռնեց հարցարանի մը պատրաստութեան, զոր առաջին հերթին առաքեց դաշնակցական մտաւորական ընկերներու, շօշափելու անոնց մօտեցումները եւ առաջադրած լուծումները։

Առ այդ, առաջին հերթին կը ներկայացընենք Արժանթինէն փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի նկատառումներն ու մօտեցումները։

1- Ձեր տեսակէտով ի՞նչ առաջնահերթութիւններ պէտք է նախապատուութիւն ըստանան։

Նախքան առաջնահերթութիւններու սահմանում/ճշդումը անհրաժեշտ է սահմանել Սփիւռքեան օրակարգը առանց այն պայմանաւորելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններով։ Նախքան Հայաստանի անկախացումը Սփիւռքեան օրակարգ կար։

Աւելի՛ն, 1965 անկիւնադարձային թուականէն ի վեր, որ կը նշեմ խորհրդանշական իմաստով և ոչ թէ բառացիօրէն անկէ առաջ/անկէ ետք տրամաբանութեամբ, և յաջորդ քսանամեակի քաղաքականացման ոլորտին մէջ ծնունդ առնելով սկսած էր Սփիւռքեան մտածողութիւն մը, որ յատկապէս կ’արտայայտուէր գրական/ստեղծագործական և հրապարակագրութեան ճամբով, բայց նաև ակադեմական ուսումնասիրութեանց ուշադրութեան առարկայ ըլլալու սկսած էր նոր զարգացող սփիւռքագիտութեան հետազօտական ծրագիրներուն մէջ։ Ինչ որ այս մտածողութիւնը կը յատկանշէր Շահնուրեան «Նահանջ»ի կամ «ձուլում»ի ու «ճերմակ ջարդ»ի հոգեկան ընկճումէն ու փաթոսէն դուրս գալու փորձն էր. Ցեղասպանութենէն ետք ծանօթ «երրորդ սերունդ»ի ճգնաժամը հասկնալու որպէս գոյավիճակի մը վերասահմանումի և ինքնութեան մը գիտակցութեան կառուցումի պատեհութիւն։ Արցախեան շարժումը և Հայաստանի անկախացումը, թերևս ոչ այնքան անսպասելի, բայց ամէն պարագայի այսօր կրնանք ինքնաքննադատաբար անդրադառնալ՝ որոշ միամտութեամբ Սփիւռքի հաստատութիւններու և լայն հասկացողութեամբ ղեկավարութեան ուշադրութիւնը գրեթէ ամբողջովին կեդրոնացուց Դէպի Երկիր։ Յղումը, պարզ է, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի այդ հանրածանօթ որոշումին է, բայց չեմ սահմանափակեր միայն մէկ կուսակցութեան և անոր ուղեկից միութիւններու նախաձեռնութեամբ. ամբողջ տրամադրութիւն մը կար, շատ բարձր այդ օրերուն, աշխատանքային դաշտը սահմանելու և մինչև իսկ սահմանափակելու դէպի նորանկախ հայրենիք, թերևս այն ենթադրութեամբ որ զանգուածային հայրենադարձութիւնը «բնականաբար» պիտի հետևէր։ Արդիւնքով՝ Սփիւռքեան վերաթարմացման գործընթացը անցնող քսանամեակին սառեցուեցաւ։ Սփիւռքի մէջ համայնքային կեանքը չդադրեցաւ անշուշտ, բայց շարունակուեցաւ իր «իներցիա»ի հետեւանքով, չեղաւ գիտակից, պատմական ժամանակներու և սփիւռքեան իրավիճակի աշխարհագրական, աշխարհաքաղաքական և ժողովրդագրական փոփոխութիւններու ուշադիր և, ի մասնաւորի, պայմանաւորուած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով։ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը ականջալուր չեղաւ այդուհանդերձ հնչող քննադատական զգուշացումներուն՝ Սփիւռքի այս «լքում»ի անպատասխանատւութեան, չանդրադարձաւ տեղի ունեցող փոփոխութեանց, թերագնահատեց զանոնք կամ ուշադրութեան առարկայ չդարձուց երևի այն ենթադրութեամբ որ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներով թէ Սփիւռքի Նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեամբ այդ արդէն տեղի կ’ունենար։

Ուշադրութեան հրաւէրի ազդանշաններ չպակսեցան՝ բացայայտ դարձնելու համար որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրնային և այնքան ալ ներդաշնակ չըլլալ սփիւռքեան օրակարգի առաջնահերթութիւններուն հետ. Փրոթոքոլները այդ ազդանշաններէն մէկն էր, բայց ոչ միակը։ Բայց կարծեմ այլևս յստակ է որ Սփիւռքը պիտի մտածէ իր ուրոյն օրակարգին մասին, որուն կէտերէն մէկը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններն են բնականաբար, և առանց Հայաստանի պետութեան, ով ալ ըլլայ իշխանութեան գլխուն, միջամտութեան։ «Սփիւռքի Օրակարգ»ը տեսական ընդհանուր յղացք մըն է որ կ’ենթադրէ նախ և առաջ գիտակցիլ անդրազգային ինքնութեան մը գոյավիճակին, անոր բազմամշակութայնութեան և համաշխարհային ցանցի մը կազմակերպման և զօրաշարժի մեծ կարողականութեան որ չի՛ նշանակեր չնաշխարհիկ անուններով նոր կառոյցներու ստեղծում, ինչ որ մեծահարուստի մը քմահաճոյքով առաջ քաշուած պատահական ծրագիր կամ այսինչ «լուսաւորեալ»ի մը տեսլականով յաճախ հռետորաբանութենէ անդին չանցնող առաջարկ… Կ’ենթադրէ Սփիւռքի կառոյցներու և հաստատութիւններու միջև նուազագոյն հասարակաց յայտարար հանդիսացող քանի մը կէտերով բանաձևուած հիմնական համաձայնութեան մը փաստաթուղթի յառաջացումը, որուն հիման վրայ ալ՝ քայլ առ քայլ պիտի ճշդել շատ աւելի գործնական օրակարգն ու այդ օրակարգի առաջնահերթութիւնները։ Յստակացնեմ որ «Սփիւռք» ըսելով կը հասկնամ յետ-Ցեղասպանութիւն ծնունդ առած համայնքային կառոյցներով իրենք իրենց հայկական ինքնութիւնը ճանչցող աշխարհացրիւ հաւաքականութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ Արեւմտահայոց ժառանգորդներն են, առաւել Իրանի և Պոլսոյ համայնքները։ Խնդրայարոյց կը նկատեմ Հայաստանէն տնտեսական արտագաղթով բնորոշուող և կը կարծեմ շատ պարզամտաբար «նոր Սփիւռք» յորջորջուած հաւաքականութիւնները, բացի այն պարագային, երբ անոնք արդէն համարկուած են տեղւոյն սփիւռքեան համայնքին հետ, կը գործեն անոր կազմակերպութիւններուն մէջ կամ անոնց հետ։

2- Իբրեւ Սփիւռքի կրթական համակարգին ծանօթ անձնաւորութիւն, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը տեսնէք այսօր հայեցի հիմնական կրթութիւնը ու հայագիտական առարկաներու ուսուցումն աւելի արդիւնաւէտ եւ նուազագոյն ժամանակի մէջ սեղմելու համար։

-Անկեղծօրէն, մանկավարժութիւնը կամ հայեցի հիմնական կրթութիւնն ու հայագիտական առարկաներու ուսուցումը իմ մասնագիտութիւնս չէ, հետեւաբար չեմ կրնար հանգամանալից պատասխան մը տալ այս հարցումին։ Անձնական շատ փոքր փորձառութենէս մեկնած միայն կրնամ ըսել, որ բոլոր այդ առարկաներու ուսուցումը պիտի ըլլայ այնպէս, որ մատչելի և անշուշտ քաշողական ըլլայ նաև ոչ հայ ընտանիքներէ սերած աշակերտներու համար։ Օրինակի կարգով հոս կրնամ նշել Արժանթինի մէջ Ցեղասպանութեան և Սփիւռքի մասին դասապահերը, որ կը տրուին երկրորդականի մակարդակով հայ վարժարաններու մէջ, ուր աշակերտութեան յիսուն տոկոսէն աւելին ոչ հայ ծնողներէ սերած է, բայց այդ և այլ, օրինակ հայ ժողովուրդի հակիրճ պատմութեան և մշակոյթի, առարկաներուն պէտք է հետևի։ Շատ կարևոր է այս մէկը, որովհետև պէտք է նաև անդրադառնալ որ հայ դպրոցին առաքելութիւնը այլևս լոկ հայապահպանումը չէ այնպէս ինչպէս հասկցած ենք, այլ՝ նաև ու մանաւանդ հայութեան ծանօթացումը ոչհայ հասարակութեանց։ Մեծ և կարևոր մարտահրաւէր է այս։

3- Ինչպէս կը սահմանէք Հայոց լեզուն եւ իր գործածութիւնը արտասահմանի մէջ։ Հայերէն լեզուամտածողութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ հնարաւո՞ր է ըսենք 15-16 տարեկան պատանիներու համար։

-Հնարաւոր է, թէև, մանաւանդ Արևմուտքի մէջ, այդ չէ պարագան։ Եւ պատճառը թերևս վերևը յիշած վերջին երեսուն տարիներուն Սփիւռքի օրակարգային հարցերուն առաջնահերթութեան անտեսումն է։ Այսինքն՝ անհրաժեշտ ճիգը, թէ առկայ ի մասնաւորի Արևմուտքի երկիրներու մէջ հասակ առնող նոր սերունդներուն մօտ հայերէն լեզւամտածողութեան մօտեցնող ուսուցման մեթոտներու առաջացման համար։ Մինչդեռ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութիւնն ու ի գործ դրած ծրագիրները, առցանց հայերէն, արևմտահայերէն, դասընթացքները որոնք կ’իրականանան հայերէնի ուսուցումը իրենց կեանքի առաքելութեան վերածած ուսուցիչներու նոր սերունդի մը կողմէ, կու գան ցոյց տալու որ այդ մէկը կարելի է։ Կը նշեմ, օրինակի կարգով, համավարակէն առաջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Զարմանազան ծրագրի գտած մեծ յաջողութիւնը։

4- Կը կարծէ՞ք որ արտերկրի մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու իսկական առաքելութիւնը ձախողութեան դատապարտուած է։

-Բնաւ։ Միայն թէ սահմանենք «իսկական առաքելութիւն»ը։ Եթէ այդ «իսկութիւնը» պիտի դիտարկենք որպէս անփոփոխ էու-թիւն, հարկաւ կը ձախողի, որովհետև այդ առաքելութիւնը առընչակից է հաւաքական ինքնութեան մը, իսկ հաւաքական ինքնութիւնները էութիւն չեն այլ՝ ընկերային կառոյցներ, հետևաբար՝ իրենց բնութեամբ իսկ տինամիք և փոփոխական։ Բայց եթէ «առաքելութիւնը» քայլ պահէ ընդհանրապէս համամարդկային քաղաքակրթական զարգացման հետ և կարենայ ընկալել փոփոխութեանց հրամայականը, այն ատեն կարծեմ այդ «առաքելութիւն»ն ալ ինքզինք կրնայ վերաթարմացնել։

5- Արեւմտահայութեան հայրենադարձումը իր պապերու հայրենիք, ուրկէ արտաքսուեցան իր նախնիքը, հնարաւոր կը գտնէ՞ք եւ ինչ պայմաններու կամ գործօններու առկայութիւնը անհրաժեշտ կը գտնէք։

-Այս հարցը դուրս պէտք է բերել իր հռետորաբանութենէն և նախ և առաջ առարկայականօրէն դիտարկել, եթէ նման գործընթաց կամ մտադրութիւն կայ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ֆինանսաւորումով Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկը նախաձեռնած է Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի մը, որուն արդիւնքները առաջին գաղափար մը կու տան այս միտումներուն մասին։ Համավարակէն առաջ, 2019-ին, Լիբանանի, Ռումանիոյ, Քեպէքի եւ Արժանթինի մէջ կատարուած հարցախոյզին վեցերորդ բաժնին հարցումները կը վերաբերին Հայաստանի հետ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն։ Պատասխաններէն յստակ է որ Հայաստանը հիմնացոյց (reference) կը մնայ ինքնութեան իմաստով, բայց հեռու է «հայրենիք» նկատուելէ։

«Հայրենիք»ը հարցախոյզին պատասխանածներու 57 տոկոսին համար իր ծննդավայրն է բառացի հասկացողութեամբ։ Այդ մէկը աւելի շեշտուած է նախ աւելի երիտասարդ սերունդին մօտ (16-24 տարեկաններու 59 տոկոսը և 25-34 տարեկաններուն 62 տոկոսը), ապա նաև Արժանթինի (75 տոկոս) և Ռումանիոյ (77 տոկոս) համայքներու պարագային։ Հարցախոյզին 29-րդ հարցումը՝ «Մտածա՞ծ էք Հայաստանի Հանրապետութիւն մնայուն բնակութիւն հաստատելու մասին» կը բացայայտէ որ Սփիւռքի 43 տոկոսը Հայաստան հաստատուելու միտում չունի, 30 տոկոսը «կը յուսայ օր մը հոն տեղափոխուիլ» բայց «հաստատ ծրագիր չունի», այսինքն՝ Ափիւռքի 73 տոկոսը հայրենադարձութեան ծրագիր չունի։ Այս բոլորը չի նշանակեր որ հայրենադարձութիւնը պիտի չքաջալերել կամ ծրագիր չունենալ։ Բայց այդ մէկը պիտի չդրուի այն ճակատագրապաշտութեամբ, որ հարցումին մէջ բանաձև- ւած է։ Թերևս հայրենադարձութեան մէջ կայ յուզական և յանձնառութեան գիտակցութեան տարր մը, բայց որպէսզի այն յարաբերաբար զանգուածային ըլլայ իր հիմնական ենթադրութիւնը շատ պարզօրէն բանական է. հայրենադարձութիւնը քաշողական է, եթէ ապրելու և զարգանալու ընկերատնտեսական պայմաններու ընձեռած հնարաւորութիւնը աւելի բարձր է, քան այն ինչ իր ապրած վայրին մէջ ենթական, թէկուզ և հայ ու հայրենասէր, ունի։

6- Հնարաւո՞ր է Սփիւռքը կազմակերպել եւ հայկական երկրորդ միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնութիւն մը ձեւաւորել հայ- րենադարձման ուղին հարթելու կանխահոգութեամբ։

-Սփիւռքը հնարաւոր է և պէտք է կազմապերպել որպէս անդրազգային ինքնութեան մը գոյավիճակ, որուն զօրաշարժի ռազմավարական կարևորութեան նախ և առաջ պիտի գիտակցի Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը, և ոչ միայն ճառերով ու լոզունգներով։ Անոր «միջազգային ընդունումը» շատ հասկնալի չէ, քանի իրաւագիտականօրէն նման բան չկայ, ոչ ալ կրնայ ըլլալ։ Այնքան ալ վստահ չեմ որ Սփիւռքի կազմակերպումը հայրենադարձութեան ուղի կրնայ հարթել, քանի այդ մէկը, ինչպէս նախորդ հարցումին մէջ ըսի, հիմնականօրէն կախում ունի Հայաստանի մէջ ընկերատնտեսական կացութեան ընձեռած առիթներէն։ Ամէն պարագայի, Սփիւռքի կազմակերպման հրամայականը հայրենադարձման ուղին հարթելու նպատակով, վստահաբար պիտի չպայմանաւորել։

ա- Նախորդ հարցին պատասխանը եթէ դրական է, խնդրեմ թուեցէք այն օղակները որոնք այսօր կը պակսին եւ պէտք է լրացնել, կազմակերպական նման բարձր մակարդակ նուաճելու համար։
Չեմ կարծեր որ կարելի է այս հարցին պարզ պատասխան մը տալ, ամէն պարագայի նախորդ և առաջին հարցումներու պատասխանս վերիվարոյ միտք մը կրնայ տալ թէ ինչ քայլերու պէտք է դիմել՝ առանց մեծ սպասումներ առաջացնելու, շատ գործնական և քայլ առ քայլ յառաջանալու համար այդ ուղղութեամբ։ Ամէն պարագայի ամէն ինչ պիտի սկսի համայնքի մակարդակով և այդ համայնքներուն մէջ գործող համասփիւռքեան մասշտապով կառոյց ունեցող քաղաքական թէ հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, ոչ թէ նորաբոյս համախմբումներու, անհատ մեծահարուստներու կամ «լուսաւորեալ»ներու կողմէ։
բ- Եթէ բացասական է պատասխանը, ինչպէս կը պատկերացնէք նման մեծղի ծրագրի մը հետապնդումը, արդեօ՞ք Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութեամբ, մեծ պետութիւններ հարկադրելով, միջազգային իրաւական-քաղաքական վճիռով։
Պատասխանիս մէջ արդէն յստակացուցի որ նման ծրագիր կարելի չէ։ Նուազ՝ եթէ կը սպասենք որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «աջակցի»…
գ- Եթէ համադրական է ձեր պատասխանը, տոկոսային յարաբերակցութիւնները ինչպէս կը սահմանէք։
Սփիւռքը իր գոյավիճակին և օրակարգին ինքնուրոյն տէրը պիտի ըլլայ։ Տոկոսային ոչ մէկ յարաբերակցութիւն կը տեսնեմ, եթէ այդ մէկը կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը այդ գործընթացին։

7- Ընդհանրապէս Ամերիկաները, Ովկանիա, արեւմտեան Եւրոպա հաստատուած միջին վիճակագրական հայոց քանի տոկոսը կրնայ խորհիլ հայրենադարձուելու մասին և ինչ պէտք է այդ տոկոսը բարձրացնելու համար, առաւելագոյնի հասցնելու զայն։

-Հինգերորդ հարցումին մէջ նշած եմ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի ընդհանուր արդիւնքին մասին, կարելի է համացանցէն ներբեռնել Հարցախոյզը և իմանալ թէ, 2019-ի Հարցախոյզի պարագային, Արժանթինի, Ռումանիոյ և Քէպէգի մէջ բնակուող հայութեան քանի տոկոսը հայրենադարձութեան միտում ունի։ Պէտք է սպասել այլ շրջաններ ըլլալիք հարցախոյզի արդիւնքներուն, որպէս-զի կարելի ըլլայ առարկայական պատասխան մը տալ։ Ամէն պարագայի, կարծեմ չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ որ տարբերութիւնը այնքան ալ մեծ պիտի չըլլայ, այսինքն՝ համեմատաբար քիչ տոկոս կը կազմեն հայրենադարձութեան միտում ունեցողները։

«Յուսաբեր», 31 Դեկտեմբեր 2021