Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեր ազգային կեանքէն ներս կան յայտնուող երեւոյթներ, որոնք կը սպառնան մեր ազգային առաքելութեան եւ մինչեւ իսկ մեր հաւաքական գոյութեան։ Պատահած են ժամանակներ, երբ նման երեւոյթներ վերածուած են յստակ ու ներկայ վտանգի։ Բայց մեր հաւաքական իմաստութիւնը պարտադրած է մեզի թումբ կանգնելու ընդդէմ նման երեւոյթներու, որոնք դուրսէն սրսկուած՝ սպրդած ու հաստատուիլ փորձած են մեր ազգային առօրեային մէջ։
Այս երեւոյթները «յառաջդիմական»ի եւ «արդիական»ի պիտակներու ետին քայքայել փորձած են մեր պահանջատիրական վճռականութիւնը եւ մեր հաւաքական ապագան ապահովելու մեր յանձնառութիւնը։
Կար ժամանակ, երբ Սփիւռքը ցմրուր ապրեցաւ նման երեւոյթներու փորձառութիւնը։ Բայց գիտակից համբերութեամբ, այլեւ անտեղիտալի դիմադրականութեան, հայրենի հողէն հեռու ապրող հայը կառչեցաւ իր ազգային արժէքներուն՝ փշրելով օտարածին դրածոյ երեւոյթներուն կապանքները։
Մի քանի օր առաջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Լիբանանի «Ազդակ» պաշտօնաթերթը արտատպելով «ԴՐՕՇԱԿ-Ազդակ Շաբաթօրեակի»ի 27 Յունիս 1971 համարի «Կեցուածք` Առանց Խարխափումի» խմբագրականը, կը թարմացնէ մեր հաւաքական յիշողութիւն այն վտանգաւոր երեւոյթներուն, որոնք կրկին իրենց գլուխը կը ցցեն մեր ազգային կեանքէն ներս։
«Դրօշակ»ի խմբագրականի ախտաճանաչումները, վերլուծումները, հաստատումները եւ թելադրութիւնները այժմէական իմաստով ու նշանակութեամբ կը բախին մեր այսօրուան իրականութեան։ Պէտք է կրկին ու կրկին կարդալ «Դրօշակ»ի խմբագրականը, որպէսզի մեզի կարելի ըլլայ կրկին նուաճել օտարածին այս նոր երեւոյթներու արշաւն ու տողանցքը ներ առօրեայէն ներս։
«Դրօշակ» կը գրէ, «Սփիւռքահայ երիտասարդութեան հոգեկան ու մտային աշխարհին հետ կը խաղան մարդիկ, որոնք գիտակցութիւնը չունին հայ ժողովուրդի դժնդակ ճակատագրին, կեանքի ներկայ պայմաններուն, ու հայկական լուսաւոր հեռանկար մը չունին անոր համար:»
Այսպէս, «Արդիականութեան մարմաջէն տարուած, սնամէջ յայտարարութիւններով, “ըմբոստացողի հովեր” առնելով, “համամարդկային” ապրումներէ խօսելով` կարգ մը տարրեր հետեւողականօրէն կ՛աշխատին ՔԱՅՔԱՅԵԼ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Երիտասարդութեան պարտականութիւնն է կասեցնել «միջազգային» գաղափարներու ետին թաքնուող այսպիսի ապազգային երեւոյթները։ Որովհետեւ, «Նոր սերունդին պարտաւորութիւնն է հրապարակ իջնել ոչ թէ խօսքով, այլ` իր գործով պատասխանելու համար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ԱՊԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ, հայ կեանքը առաջնորդողներու հասցէին նետուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով կ՛աշխատին ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ, կը ձգտին ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ ՍԵՐՄԱՆԵԼՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ:»
Եւ Սփիւռքահայ նոր սերունդ իջաւ հրապարակ, քանդեց օտարացնող, այլեւ ազգայնօրէն մաշեցնող կեղծ մարգարէներն ու կեղծ մարգարէութիւնները։ Այդ ճամբով, Սփիւռքը աւելի հայացաւ, ազգային առաքելութիւնը աւելի պայծառացաւ եւ պահանջատիրութիւնը աւելի մարտականացաւ։
Սփիւռքահայ նոր սերունդը կատարեց այդ բոլորը գիտնալով, որ «Կեղծիք են բոլոր երեւութապէս հայկական բնոյթ կրող տողերն ու բառերը այդպիսիներու արտայայտութեանց մէջ: Խորքին մէջ միակ իրականութիւնը, որ կարելի է գտնել “արդիական արտայայտութեանց” ետին, կա՛մ նիհիլիզմն է, քանդիչ, աւերիչ նիհիլիզմը, որ կը քանդէ ամէն բանէ առաջ ՏԿԱՐ ՈՒ ՓՈՔՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ, ու շահաբեր կը դառնայ ուժեղ ու մեծ պետութիւններուն համար, եւ կամ ալ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ԿԵԱՆՔԸ ՏԿԱՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆ Է` ԱՅՆՊԻՍԻ ՄԹԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ, որոնց միշտ չէ, որ ծանօթ է հայ երիտասարդութիւնը:»
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը սպասեց, ակնկալեց ու պահանջեց, որ Սփիւռքահայ երիտասարդն ու ուսանողը տէր կանգնին իրենց պարտականութիւն եւ այդ ճամբով մեր հաւաքական ճակատագրին։
Ներկայիս, անցնող մէկ ու կէս տարուան հետեւողականութեամբ, այդ հին երեւոյթները նոր իրականութիւններու կը վերածուին հայրենիքին մէջ։ Մարդիկ, իշխանական մակարդակի վրայ, անյեղափոխական «յեղափոխութիւն» յանկերգով հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը կը փորձեն մղել մեր ազգային առաքելութենէն հեռու՝ յանուն կեղծ «յառաջադիմականութեան»։
Այսօր, Հայաստանի երիտասարդութեան պարտականութիւնն է Սփիւռքի օրինակով տէր կանգնիլ ի՚ր պարտաւորութեան՝ կասեցնելու համար հայրենի հողին վրայ օտարածին օրակարգերու ծառայելու կոչուած կեղծ մարգարէներն ու կեղծ մարգարէութիւնները։
Այդ պարտաւորութիւնը արդէն իսկ կը զգան ու կ՚ապրին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներն ու համակիրները։ Անոնք կը գործեն իրենց այդ պարտաւորութեան գիտակցութեամբ։ Անոնք այսօր կը ցցուին ընդդէմ բոլոր աւաղողներուն եւ մեր հոգիները քայքայող տիպարներուն, որոնք պատահականութեամբ «հայ» մակդիր մը կրեն։ Անոնք, ինչպէս կ՚ակնկալէ Դաշնակցութիւնը, կը յայտնաբերեն «յստակ ու վճռական կեցուածք, ա՛յնպէս, ինչպէս վայել է իր ազգով հպարտ, ազգային գիտակցութիւնը ունեցող ամէն հայ երիտասարդի:»
Սփիւռքահայ երիտասարդութեան նման, Հայաստանի երիտասարդութեան պայքարը ապազգայնացնող երեւոյթներուն դէմ պիտի ըլլայ դժուար, բայց յաղթահարելի։ Որովհետեւ մենք կը գործենք հայրենի հողին վրայ՝ հայրենիքին, ազգին ու պատմութեան համար։
Այդ պայքարը արդար է ու անյետաձգելի, ան ուղղուած է ընդդէմ անոնց, «որոնց համար ԱԶԳՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՄՇԱԿՈՅԹՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ բառեր են միայն, որոնց հետ, կը թուի իրենց, կարելի է խաղալ` ամբոխավարութեամբ աղմկելու համար հրապարակը:»
Եւ, ինչպէս Սփիւռքի պարագային, պիտի գայ ժամանակը երբ պիտի «խօսի այլեւս Մեծ Համրը` ժողովուրդը, իրական աղբիւրը ուժի ու տեսլականի:»
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս