Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայկական սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ: Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու` սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները: Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային:
Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ հայկական սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն կազմող օրկանական գոյութիւն: Այդ նպատակային կեցութեան հենքը կը հանդիսանայ գաղափարական առաջադրանքներու դրութիւն մը, որուն բաղադրիչ յենարանները եղած են` հայեցի ինքնութեան պահպանումը, մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը եւ սեփական անկախ հայրենիքի իրագործումը: Այս բաղադրիչ յենարանները իրենց լաւագոյն արտայայտութիւնը գտան Փարիզի մէջ 1924 նոյեմբերէն մինչեւ 1925 յունուար կայացած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 10-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով:
Հակառակ հայրենիքի պետական նաւի խորտակման (խորհրդայնացման) փաստին` պետութեան գոյութեան իմաստը մարմնաւորող անկախութեան եւ հողային ամբողջութեան գաղափարը կը մնար կենդանի: Դաշնակցութեան համար այդ գաղափարը կանգուն պահելու եւ հետապնդելու գործը իր ճիտին պարտքն էր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ի՛րը եղած էր ազգային ազատագրական պայքարի առաքելութիւնը` 35 տարիներ առաջ:
Շնորհիւ այդ գաղափարական ենթահողին, հայկական սփիւռքի գաղթօճախները, իրենց պայմաններու ընձեռած կարելիութեանց սահմաններուն մէջ, կազմակերպուեցան, կառոյցներ ստեղծեցին, եղան գործօն, եղան նախաձեռնող: Անոնք գործեցին տասնամեակներ` միշտ ոստում մը աւելի կատարելով դէպի նպատակային թիրախներ, միշտ յարմարելով պայմաններուն, միշտ արդիականացնելով գործելաձեւն ու կառոյցները:
Ցաւով ներկայիս կը վկայենք այն ձեւականութիւնը, անտարբերութիւնը եւ կրաւորականութիւնը, որոնք մշուշապատած են մեր գաղթօճախներն ու անոնց կառոյցները:
Կար ժամանակ, երբ սփիւռքը ազգային-քաղաքական օրակարգ ունէր: Այդ օրակարգը հետապնդելու կամքն ու կարողութիւնը ունէր: Զայն գործադրելու համար ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտ տեսութիւնն ու միտքը ունէր: Մշակուած ծրագիրը գործադրելու համար անհրաժեշտ մարդուժն ու միջոցները գտնելու կարողութիւնը ունէր:
Ի տես անցեալի այդ ցուցաբերուած ուժականութեան` հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր է այսօր սփիւռքի ազգային-քաղաքական օրակարգը: Մամուլի էջերէն թէ այլ հանրային միջոցներով ինքնագովաբանութիւններն ու լուսապատկերները չեն կրնար այդ օրակարգը ըլլալ: Ընկերային բնոյթի հաւաքոյթները եւ ճաշկերոյթներու ձեռնարկները չեն կրնար համազօր նկատուիլ ազգային-քաղաքական օրակարգի:
Գաղափարը կենդանի պահելու եւ անոր իրականացումը վերանուաճելու առաջադրանքը հիմքերն էին մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին: Հայ դատը սփիւռքի պահպանման գոյութեան իմաստն էր: Անոնց շնորհիւ սփիւռքը մնաց կայուն եւ յարատեւող: Անոնց շնորհիւ սփիւռքը ստեղծեց կառոյցներ, որպէսզի դիմակալէ իր դէմ ցցուող դժուարութիւնները` միաժամանակ հետապնդելով մեր ազգային-քաղաքական օրակարգը:
Հայ դատի դէմ Թուրքիոյ, ինչպէս եւ փոքր, միջակ թէ մեծ պետութիւններուն կողմէ բարձրացուած լռութեան պատին դիմաց սփիւռքը յաւելեալօրէն կազմակերպեց ինքզինք, յաւելեալ կառոյցներ ու աշխատանքի ծրագիրի մշակեց: Մինչեւ իսկ սփիւռքը կամք ու մարդուժը արտաբերեց` վերադառնալու համար մեր յեղափոխական աւանդներուն:
Հիմա անցած կը թուին ըլլալ մեր ազգային-քաղաքական օրակարգին ի խնդիր նոր կամքի ու վերակազմակերպման ոգին եւ տրամադրութիւնը: Գտած ենք դիւրին ճանապարհը` դիմելով անմիջականը բաւարարելու եւ անձնականին յագուրդ տալու տրամադրութեան:
Հետեւաբար հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ: Սփիւռքը սկսած է փո՞ւլ գալ: Անթոյլատրելի, այլեւ աններելի է այդ հարցումէն թելադրուող պատասխանը:
Սփիւռքը պէտք է վերականգնի, որ կարելի է միայն իր սեփական կարողականութեամբ: Միայն վերականգնած սփիւռքն է, որ կրնայ գործնապէս վառ պահել ու հետապնդել գաղափարը: Վերականգնելու համար պէտք է կրկին անգամ քաղաքականացնել ու յեղափոխականացնել սփիւռքը` իր մտայնութեամբ, գործելակերպով եւ կառոյցներով:
Միայն այդ պայմաններով է, որ կրնանք ուս-ուսի տալ հայրենիքին եւ Արցախին:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Aztagdaily