Փոխարժեքներ
05 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Ժամանակին հպարտութեամբ կ՛ըսէին, որ եթէ Ազրպէյճանը նաֆթ ունի, մենք ալ սփիւռք ունինք: Հիմա կ՛ըսեն. ո՞ւր է սփիւռքը, ինչո՞ւ չի շարժիր: Ժամանակին սփիւռքը կը շարժէր, որովհետեւ Հայաստանը կը շարժէր. այժմ Հայաստանը լռած է, սփիւռքը հեռուէն պէտք է իր փոխարէն խօսի, պահանջէ բան մը, որուն Հայաստան կը ձեւացնէ, որ չի հաւատար:
Սփիւռքի կազմակերպուած կառոյցները մատնուած են անել կացութեան: Հայաստանի նոր իշխանաւորները, արդէն` աւելի քան հինգ տարի առաջ, խզելով կապերը սփիւռքեան կառոյցներուն հետ, փորձեցին իրենց համար ձեռնտու նոր կապեր ստեղծել: Գտան սահմանափակ թիւով մարդեր` քիչ թէ շատ ժողովրդականութիւն վայելող, որոնք պատրաստ էին իրենց թմբուկը նուագելու: Կարճ ժամանակ մթնոլորտը խռովելէ ետք անոնք անհետացան հրապարակէն: Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ կարելի չէ Հայաստանի եւ սփիւռքի յարաբերութիւնները պատեհապաշտներու վստահիլ: Անգամ մը եւս, որովհետեւ նոյն դիպաշարը անգամ մը փորձուած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն, եւ` ձախողած:
Սփիւռքը, Հայոց ցեղասպանութեան ծնունդ սփիւռքը, վրանաքաղաքներէ եւ հիւղաւաններէ յառնած սփիւռքը կազմակերպուած է ի գին մեծ զոհողութիւններու: Աչքը յառած հայրենի երկրին, սփիւռքը հոն, ուր կրցած է, հոն, ուր արտօնուած է, ստեղծած է փոքր հայաստաններ, այլազան կառոյցներով: Սակայն սփիւռքը ոչ մէկ տեղ պետութիւն է, իսկ հաւաքաբար անտարակոյս պետութիւն չէ: Չի կրնար ըլլալ: Հայաստան կրնայ, ճկուն մօտեցումով, լսել սփիւռքի փոքր հայաստաններու եւ անոնցմէ դուրս գտնուողներուն ձայնը, խորհրդակցիլ, մասնակից դարձնել հայաստանեան եղելութիւններուն եւ լսելի դառնալ անոնց կողմէ: Այն ատեն է միայն, որ սփիւռքի մէջ ստեղծուած ամէն կառոյց, ամէն հեղինակութիւն պիտի կարենայ ազդեցութեան ամէն հնարաւորութիւն օգտագործել ի սպաս Հայաստանին, ու այս օրերուն մանաւանդ` ի սպաս Արցախին:
Ցեղասպանութեան ծնունդ սփիւռքը կրնա՞յ հանդուրժել Ցեղասպանութեան ժխտումը հայրենի իշխանութեան կողմէ: Հայաստանի անկախութեան համար պայքարած սփիւռքը կրնա՞յ հանդուրժել Անկախութեան հռչակագիրի վերանայման փորձը: Սփիւռքը միշտ պատրաստակամ եղած է Հայաստանի կողքին ըլլալու եւ` ակնկալած, որ Հայաստան եւս զինք լսելու պատրաստակամ ըլլայ: Ղարաբաղեան շարժման առաջին օրերէն, Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւններու հռչակումէն ետք սփիւռքը անտեսեց իր կարիքները եւ իր կառոյցները կենդանի պահող միջոցները ուղղեց դէպի Արցախ ու Հայաստան: Հայաստան փոխարէնը ոչինչ տուաւ սփիւռքին` բացի պարբերաբար զայն պառակտելու փորձերէն:
Առանց Հայաստանի մը գոյութեան` անիմաստ է պահպանումը կազմակերպ սփիւռքին: Երբ Հայաստան կ՛ըսենք, նկատի ունինք երկու պետական կազմաւորումները` առանց մոռնալու տակաւին բռնագրաւուած երկրին բոլոր տարածքները: Սփիւռքը իր իսկ գոյութիւնը պահպանելու համար պարտի պայքարիլ հայկական ազատագրական պայքարի սկզբունքները պաշտպանող հայրենի պետականութեան մը համար: Մերժելով շփոթել պետութիւն եւ իշխանութիւն` սփիւռքը միշտ կանգնած է ու պիտի շարունակէ կանգնած մնալ պետութեան կողքին: Երբ պետութեան գլուխ կը կանգնի իշխանութիւն մը, որ կը ժխտէ ազգային դարաւոր ձգտումները, անոր դէմ պայքարը արդարացի է, նոյնիսկ` պարտադիր:
Պարտութեան յաջորդած պատրանաթափութենէն եւ տեղատուութենէն ետք կը վերազարթնի սփիւռքը: Տեղի ունեցած ու նախաձեռնուած ցոյցերը, յարաբերական աշխատանքներու աշխուժացումը Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ չեն, Հայաստան պետութեան համար են: Արցախի շրջափակման դէմ անհրաժեշտ պայքարը իրականութեան մէջ այդ շրջափակումը կարելի դարձուցած իրողութեան դէմ է: Շրջափակման ջնջումը այդ իրողութեան վերացումով պայմանաւորուած է:
Կը մնայ յուսալ, որ գիտակցական նոյն զարթօնքը վարակէ նաեւ Հայաստանի ժողովուրդը, որ Արցախի անկախութեան տարեդարձին (2 սեպտեմբեր) ընդառաջ, Հայաստանի անկախութիւնը կարելի դարձուցած արցախեան գոյապայքարին գիտակցութեամբ, ոտքի կը կանգնի եւ կը վերականգնէ իր ազգային իշխանութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com