Փոխարժեքներ
13 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 423.33 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.05 |
Անցած տարուան մէջ հայութեան հիասթափութիւնն ու հոգեկան ընկճուածութիւնը խորացաւ այն աստիճան, որ երբեւիցէ չէր եղած, գէթ իմ գիտակից կեանքի տարիներուս: Ծանր յուսախաբութեան հետեւանքով հայ մարդուն մէջ յառաջացաւ այն զգացումը կամ առնուազն հարցականը, թէ տապանաքա՞ր մը դրուած է արդեօք վերնագրով արտայայտուած կարգախօսին վրայ…:
Այս ծանր ու մահացու զգացումը յեղաշրջելու, յեղափոխելու, «յոյսով լեցուեցաւ» երգը կենսագործելու հրամայականը այս տարուան գերխնդիրն է:
Դժխեմ, շա՜տ դժխեմ կացութեան մը մէջ կը գտնուինք ազգովին՝ սփիւռքէն-Հայաստան:
Հայրենիքի պետական այրերը դրօշի վերածած են «խաղաղութեան» խաբուսիկ օրակարգը, անգիտանալով, որ ամէն պայմանագիր պարզ թուղթի կտոր մըն է, ո’չ աւելին: Չգիտցող չկայ, որ Արեւելքն ու Արեւմուտքը կայսերական տրամաբանութենէ բխող իրենց շահերը ունին եւ կը գործեն միա’յն այդ հարթակներուն վրայ : Անոնք հմուտ են յարմար պահեր ստեղծելու եւ իրենց ռազմաքաղաքական շահերու աղիւսակը հիւսելու այնպէս, որ օգտուին քու ուժէդ, դիրքէդ կամ տկարութենէդ, համոզելով քեզ միաժամանակ, որ փոխադարձաբար՝ քու եւ իրենց շահերը կը համընկնին իրարու:
Մեզի դաս եղած պիտի ըլայ՝ թէ’ Արեւելքէն եւ թէ’ Արեւմուտքէն անցեալի մէջ ու աւելի թարմ՝ օրերս մեր կրած ցաւատանջ յուսախաբութիւնները, որոնք հետեւանք էին անոնց խաբէութեանց եւ մեր միամտութեան, դիւրահաւատութեան:
Մարդ կը զարմանայ, թէ պետական ղեկին վրայ գտնուող այրեր Արցախի աղետէն վերջն իսկ, ինչպէ՞ս կը հաւատան ու կը դաւանին եւ կը փորձեն հաւատացնել, թէ երկրի խաղաղութեան ու բարգաւաճման յոյսի ապաւէնն է խաղաղութեան «պայմանագիր» կոչուող թուղթ մը…: :
Իսկ խոստացուած խաղաղութեան երաշխաւորնե՞րը: Երեխայ պիտի ըլլաս անոնց անկեղծութեան վրայ հաւատք ընծայելու համար:
Տարօրինակ թող չթուի ըսելու նոյնիսկ, որ որոշ չափով մխիթարական պիտի ըլլար, եթէ համարուէր, որ այսքան բարձրաձայնուած խաղաղութեան օրակարգը ներքին սպառումի կը ծառայէ, երկրի հասարակութիւնը մոլորեցնելու եւ ընտրութեանց պարագային անկէ աւելի քուէ կորզելու համար է…:
Սա՝ ի Հայաստան:
Նոյնպէս յուսահատական է սփիւռքի կացութիւնը: Մտահոգիչ չափերով պարպուած են արդէն Միջին արեւելքի աւանդապահ եւ միւս հայօճախներուն համար արիւնատար համարուող հայահոծ հայագաղութները եւ հետզհետէ աւելի կը նօսրանան անոնք, իսկ այնտեղի մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան ապահովումը գերխնդիր մըն է ինքնին, չհաշուած այդ երկիրներու մէջ մեծարժէք հաստատութիւններու անորոշ ապագան: Իսկ Արեւմտեան կողմն աշխարհի նորահաս սերունդներուն կը սպառնայ օտարացումը:
Եւ այս կացութեան մէջ, հայ մարդը ինկած է համատարած անտարբերութեան գիրկը, ինչ որ աւելի ահաւոր է, քան ամէնէն ահեղ թշնամին:
Ինչո՞ւ այս տխուր հաստատումները:
Պարզապէս ըսելու համար, որ ներկայ կացութիւնը չի յեղաշրջուիր ոգեշունչ գրառումներով ու ճառերով, ցանկութիւններով ու մաղթանքներով, ոչ ալ իմաստալից խմբագրականներով ու յօդուածներով կամ տպաւորիչ պատգամներով ու կոչերով:
Կացութիւնը այնքան խոր է ու մտահոգիչ, որ թերեւս որոշ չափով յեղաշրջուի ան այն պարագային միայն, որ ի գործ դրուի անհրաժեշտ ջանքը ազդու միջամտութիւններու՝ համահայկական ռազմավարութեան մը մշակման ի խնդիր համախմբելու համար հայ իրականութեան մէջ դերակատար ուժերը եւ ատով իսկ յոյսով պարուրելու հայ մարդոց հոգիները:
ՀՀ-ի վարչապետին անձնակեդրոն ու ինքնապարտադիր նկարագիրը եւ յոխորտանքով կառավարելու մնայուն վիճակը թէեւ կասկած չեն թողուր այլ հաւանականութիւններու, այսուհանդերձ կրնայ բացառուած չըլլալ, որ ան իր ետին համահայկական նեցուկ ու յենարան չունենալուն պատճառովն է խաղաղութեան օրակարգի մը կառչելու խարխափումը:
Այսպէս կամ այնպէս, հարկաւոր է յուսատու մեծ ցնցում մը, այնքան ուժեղ, որ վերակենդանացնէ թմրած ջիղերը եւ ազգը վերագտնէ հոգեկան ամրութիւնն ու կորովը այնպէս, ինչպէս յատուկ եղած է իրեն՝ իր պատմութեան երկայնքին: Այսինքն՝ խորագոյն դժբախտութիւններուն մէջ իսկ յոյսով նայի ապագային եւ պարտութիւններու մէջ՝ յաղթանակներ գտնէ:
Կրկնենք. ցնցում մը՝ ուժեղ, յուսատու եւ վճռական ցնցում մը: Ահա Նոր տարուան սպասուած նուէրը: ժամանակ չկայ:
Միհրան Քիւրտօղլեան
Աթէնք, 7 Յունուար 2024