կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-05 13:13
Առանց Կատեգորիա

Սփիւռքը եւ Հայրենիքը

Սփիւռքը եւ Հայրենիքը

Սփիւռքը, իր ներկայացուցած (ազգին երկու երրորդը, կամ աւելի հաւանական՝ երեք չորրորդը) համրանքով, իր ունեցած բարձրորակ կրթութեամբ եւ այլազան հմտութիւններով օժտուած մարդուժով, իր տնտեսական ներուժով, ազգային արժէքներու նկատմամբ իր անզիջող հաւատարմութեամբ, բայց մանաւանդ Հայրենիքին, Ազգին ու Հայ դատին նկատմամբ իր անսակարկ յանձնառութեամբ, պէ՛տք է կարենայ իր կարիքներով զբաղող, իր խնդիրներուն լուծումներ առաջարկող, բայց նաեւ հայրենիքի մէջ իր նիւթական թէ բարոյական ներդրումները յանձանձող եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի կառավարման մէջ իր արժանի տեղը ապահովող նախարարութիւն մը ունենալ։

Այսպէս ուրեմն, ըստ Արմէնպրեսի հաղորդումին՝ ՀՀ վարչապետը Քէօլնի (Գերմանիա) հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին  մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպանի պաշտօնը: Դեսպանը պիտի դառնայ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վարչապետի աշխատակազմի ներկայացուցիչը»։

Այդ յայտարարութիւնը ինծի յիշեցուց ականաւոր ամերիկաբնակ օփերայի անուանի երգչուհի Լուսին Ամարայի (Թագուհի Արմաղանեան) առաջին անգամ՝ 1965-ին Հայաստան այցելութեան առթիւ ունեցած ելոյթը, ուր ինք կ՚անդրադառնար հայրենիք հիւր եկած ըլլալու իր երջանկութեան, իսկ Պարոյր Սեւակ այդ իրավիճակին ողբերգութիւնը կը շեշտէր իր յօդուածով, որ կը կրէր մօտաւորապէս այս խորագիրը՝ «Հիւր սեփական տանը»… հիւր՝ սեփական յարկի տակ։

Եւ հիմա՝ դեսպան՝ սեփական ժողովուրդին մօտ։ Նոյն ողբերգութիւնը…

Չէ՞ որ դեսպանները հայրենիքը կը ներկայացնեն օտար երկիրներու մէջ, օտարներո՛ւն մօտ, եւ ոչ՝ սեփական ժողովուրդին, որքան ալ ունենան «յատուկ յանձնարարութիւններ»… Գուցէ պարոն վարչապետը ըսել կ՚ուզէր, որ յատուկ ներկայացուցիչ մը պիտի ունենար իր անմիջական անձնակազմին մէջ, որ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու պատասխանատւութիւնը պիտի ստանձնէր, սակայն այդ «դեսպան» եզրով կ՚ուզէր նաեւ այդ պաշտօնին կարեւորութիւնը ընդգծել… Չեմ ուզեր յետին մտքեր վերագրել Փաշինեանին, սակայն ինք ատոր գիտակցի կամ ոչ, այդ բառը հեռաւորութիւն մը կը յառաջացնէ, յաւելեա՛լ հեռաւորութիւն մը սփիւռաքահայութեան ու հայրենահայութեան միջեւ, ինչպէս տարբեր երկիրներու միջեւ հեռաւորութիւնը, որ դեսպաններու միջոցաւ կը կամրջուի։

Այդ հեռաւորութիւնը, մինչդեռ, մենք համոզուած էինք, որ կրճատուած էր, գուցէ միայն մասամբ, գուցէ միայն անուանապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումով,, նախարարութիւն, որ ներկայ իշխանութիւնը մտադրած է ջնջել։

Ճիշտ է, այդ նախարարութիւնը չէր ներկայացնէր տակաւին այն ամբողջական պատկերացումը, որ կ՚ակնկալէինք տեսնել, դեռեւս շատ չէր բարձրացած ծիսական մակարդակներէն (պարգեւատրումներ եւ մասամբ նորին, որոնք դրական կրնային ըլլալ, բայց ոչ բաւարար՝ արդարացնելու համար նախարարութեան գոյութիւնը), սակայն նախորդին սխալները սրբագրելու եկած իշխանութիւնները աւելի մեծ սխալ մը կը գործեն նախարարութեան ջնջումով։

Գերմանահայ գաղութին առջեւ իր ելոյթով պարոն վարչապետը կը փորձէ այդ ջնջումը արդարացնել, անոր թողած բացասական տպաւորութիւնը ցրուել, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները տարբեր միջոցներով զարգացնելու իր յանձնառութիւնը վերահաստատել, սակայն համոզիչ չի հնչեր։ Մանաւանդ իր տուած բացատրութիւնները հակասական կը թուին։ Ան մէկ կողմէ դիտել կու տայ, թէ Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պիտի վերաբաշխուին, եւ «կառավարութեան կազմի «օպտիմալացման» (ըսէք արդիւնաւէտացմա՛ն, բարենպաստացմա՛ն. – Վ-Ա.) մեր ամբողջ նպատակը հետեւեալն է՝ ամէն գործառոյթով պէտք է զբաղուի մէկ մարմին: Կրթութեան հարցով զբաղուողը պէտք է լինի ԿԳՆ-ն»: Մինչդեռ նոյն խօսքին մէջ, այդ ըսածէն քիչ առաջ, միւս կողմէ կը գանգատէր, թէ Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստութեամբ կը զբաղէր կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, բայց սփիւռքի՛ նախարարութիւնն էր, որ գաղթօճախներուն դասագիրք կ՚ուղարկէր։

Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ թէ միւս նախարարութիւնները պիտի փոխարինէր արտերկրի հայութեան հետ անոնց յարաբերութիւններու տեսակէտէն, այլ պիտի համադրէր այդ յարաբերութիւնները։ Ի հարկէ կարեւոր է, որ Սփիւռքի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները պահուին տնտեսական գործառոյթ ունեցող նախարարութիւններուն կողմէ, մշակութային յարաբերութիւնները՝ մշակոյթի՛ (գուցէ մօտ օրէն կրթութեան միացած) նախարարութեան կողմէ եւ այլն։ Անհրաժեշտը կառավարութեան ներքին աշխատելաձեւի բարեփոխումն էր, ոչ թէ գրչի մէկ հարուածով նախարարութեան մը վերացումը։ Նոյն է պարագան այլ նախարարութիւններու, որոնցմէ ոմանք պիտի ջնջուին կամ միացուին ուրիշներու՝ պետական կառոյցը փոքրացնելու նպատակով։ Ի դէպ, այլ երկիրներու նման փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ յաճախ ձախողութեան կը մատնուին հանրային ծառայութիւնները եւ այդ ծառայութիւնները մատուցող մարդուժը կրճատելու փորձերը։ Ազգային ներքին թէ արտաքին անվտանգութեան մեծ հարցեր կը յառաջանան, ինչպէս է ներկայիս պարագան աշխարհի գերո՜ւժը հանդիսացող ԱՄՆ-ին։

Սփիւռքը, իր ներկայացուցած (ազգին երկու երրորդը, կամ աւելի հաւանական՝ երեք չորրորդը) համրանքով, իր ունեցած բարձրորակ կրթութեամբ եւ այլազան հմտութիւններով օժտուած մարդուժով, իր տնտեսական ներուժով, ազգային արժէքներու նկատմամբ իր անզիջող հաւատարմութեամբ, բայց մանաւանդ Հայրենիքին, Ազգին ու Հայ դատին նկատմամբ իր անսակարկ յանձնառութեամբ, պէ՛տք է կարենայ իր կարիքներով զբաղող, իր խնդիրներուն լուծումներ առաջարկող, բայց նաեւ հայրենիքի մէջ իր նիւթական թէ բարոյական ներդրումները յանձանձող եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի կառավարման մէջ իր արժանի տեղը ապահովող նախարարութիւն մը ունենալ։ Ո՛չ անպայման շատ մեծ անձնակազմով նախարարութիւն մը, բայց բոլոր միւս առնչուող նախարարութեանց եւ սպասարկութեանց ծառայութիւնները Սփիւռքին ալ մատչելի դարձնող վարչական միաւոր մը, որուն բաղկացուցիչ անբաժան մասը կազմեն նա՛եւ սփիւռքահայերը, եւ ինչու ոչ՝ որուն ամավարկը գոյանայ նա՛եւ Սփիւռքի միջոցներով։

Հայաստանը որեւէ այլ երկրի չի նմանիր։ Զայն կարելի չէ ձեւաւորել որեւէ ուրիշ, մանաւանդ արեւմտեան ու դրամատիրական երկրի մը օրինակին վրայ։

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութիւնը ամբողջութիւն մըն է, պէտք չէ որեւէ ձեւով խախտել անոր միասնութիւնը, պէտք չէ աղաւաղել այդ միասնութեան երաշխիքը հանդիսացոող խորհրդանիշերը՝ ինչպէս Եռագոյնը, օրհներգը կամ զինանշանը։

Սփիւռքի նախարարութիւնը նոյնպէս, իր դերակատարութեան բարձրագոյն դրսեւորումով, ի վերջոյ կրնայ նման խորհրդանիշ հանդիսանալ, հայութեան իւրայատկութի՛ւնը արտայայտող խորհրդանիշ։

 ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ