Փոխարժեքներ
22 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.05 |
EUR | ⚊ | € 410.46 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.85 |
GBP | ⚊ | £ 494.09 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.22 |
44-օրեայ պատերազմէն տարի մը անց, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի ստեղծման համար արագ կշռոյթներով սկսած են երեւիլ աշխարհաքաղական օրակարգի իրականացման միտումներ:
Տարածաշրջանի ապաշրջափակում. ահա՛ ձեւակերպումը մեծ օրակարգին: Խնդիրը շատ աւելի հեռու կ՛երթայ արցախեան հակամարտութեան լուծումէն, եւ նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը սկսի բանալ իր փակագիծերը:
Այստեղ խնդիրը ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումն է, այլ նաեւ գերակայ տարբեր ուղղութիւններ հետզհետէ տեսք կը ստանան մէկ կողմէ Վրաստանը, միւս կողմէ` Իրանը: Կայ յստակ ուղղուածութիւնը այս բոլորին մէջ Իրանը շրջանցելու. Թուրքիոյ ներգրաւումը 44-օրեայ պատերազմին ի վերջոյ իրականացուցած է ամերիկեան առաջադրանքի մէկ մասը: Նկատելի չափերով փոխուած է Իրանի սահմանային կարգավիճակը: Ազրպէյճանը ընդլայնած է Իրանի հետ իր սահմանագիծը: Այս շրջագիծին մէջ ալ պէտք է դիտարկել գրաւուած իրանամերձ շրջաններուն մէջ ահաբեկիչ տարրերու տեղակայումը Պաքուի կողմէ: Աւելի համընդհանուր դիտարկումը զուգահեռ կը գծէ Աֆղանիստանի իշխանութեան յանկարծակի յանձնումը թալեպաններուն, որոնք դարձեալ իրանամերձ շրջաններու ամբողջ երկայնքը կը վերահսկեն: Ըստ էութեան ուրեմն տարածաշրջանի ապաշրջափակում յղացքը Իրանի մասնակի շրջափակման կը միտի:
Առաջադրուող ապաշրջափակումը կ՛ենթադրէ նաեւ վրացական մենաշնորհի որոշ չէզոքացում` ճանապարհային այլընտրանքներ ստեղծելով: Թրքական խանդավառութիւնը վայելող վեցեակի ծրագիրը Վրաստանը ներքաշել է տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորելու անվտանգային նոր հարթակին: Ապաշրջափակումը ուրեմն Վրաստանի համար նոր այլընտրանքային ճամբարի ձեւաւորումը կ՛առաջադրէ ի շարս այլ նպատակներու անշուշտ:
Տարածաշրջանի ապաշրջափակում ձեւակերպումը Անգարան եւ Պաքուն իւրովի կը հասկնան, այդ պատճառով ալ անվերջ կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Այստեղ ուրեմն, խաղաղութիւնը, բաց սահմանները, յարաբերութիւններու հաստատումը կը դառնան երկրորդական, եւ առջեւ կը մղուի համաթուրանական վաղեմի ծրագիրը, որ մինչ այժմ արգելակած էր Հայաստանը: «Միջանցք»-ը տարածքային խնդրոյ առարկայ հատուածին գերիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող հասկացողութիւն է եւ այս պարագային ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրանական կամուրջի կառուցման դարաւոր առաջադրանք` Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի վրայով կապելու Ազրպէյճանին եւ անկէ` թրքախօս, թրքացեղ պետութիւններուն: Միջանցքի գաղափարի մերժումը պէտք է բանակցութիւններու եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան հասնելու համար իբրեւ կարմիր գիծ նկատուի. այս հարցով հայկական եւ ռուսական կողմերը յայտարարած են, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէջ միջանցքի մասին ակնարկութիւն չկայ: Խօսքը ճանապարհներու ապաշրջափակման մասին է:
Ապաշրջափակումը, բնականոն յարաբերութիւնները, բաց սահմանները աներկբայօրէն ցանկալի առաջադրանքներ են: Անկախ տնտեսական օրէնսդրութեամբ սահմանաբացման գործողութիւններուն պատրաստ չըլլալու իրականութենէն գոյութիւն ունին այլապէս անորոշ եւ հետեւաբար վտանգներ ներառող գործընթացներ: Դասական նախապայմաններուն վրայ աւելցած է «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի տրամադրման նախապայմանը: Աւելցած է` Ազրպէյճանի հետ առաջին հերթին սահմանագծում-սահմանազատում իրականացնելու հրամայականը:
Ապաշրջափակում հասկացողութեան տարատեսակ, եթէ ոչ հակադիր ընկալումները կրնան համալրուիլ, եթէ նկատի ունենանք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ թուրքեւամերիկեան միացեալ ճարտարապետութեան արտադրանքը` նոր գոյավիճակ ստեղծելու, այլ միջավայրերու մէջ իր ճեղքերը սկսած է զգալի դարձնել: Խրիմի պատկանելիութեան մասին Անգարայի հակառուսական յայտարարութիւնները Իտլիպի մէջ արձագանգ կը գտնեն. ռուսական ներշնչումով թրքական զօրքերու Սուրիայէն հեռացման պահանջներ կ՛արծարծուին:
Աշխարհաքաղաքական թէժ կէտի վերածուած է տարածաշրջանի ապաշրջափակման օրակարգը: Հայկական կողմը բազմաշառաւիղ այս մօտեցումներու եւ յատկապէս միջազգային ընտանիքի արծարծած առաջադրանքներու համահունչ կէտեր գտնելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այլ խօսքով` հայկական եւ միջազգային ընտանիքի պահանջներու համատեղման կէտերու վրայ կեդրոնացումը:
Այդ համատեղ թեմաները կրնան ըլլալ `
Ա. Ռազմագերիներու եւ նահատակուած զինուորներու աճիւններու հայրենադարձում:
Բ. Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու հետաքննութիւն եւ պատասխանատուութիւն:
Գ. Արցախէն տեղահանուածներու տունդարձի գործընթացի ապահովման համար անվտանգութեան համապատասխան միջոցներու որդեգրում:
Այս բոլորը` կարճաժամկէտ դրուածքով: Բնականաբար երկարաժամկէտ բանակցային ռազմավարութիւնը կ՛ենթադրէ այլ կէտեր: Իսկ կարճաժամկէտ կտրուածքով բանակցային ռազմավարութիւնը կրնայ համատեղելի կէտեր գտնել ո՛չ միայն ամերիկեան կամ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքի այսօրուան բարձրաձայնումներուն, այլ նաեւ ռուսական հովանաւորութեամբ կայացած հրադադարի յայտարարութեան 8-րդ կէտին հետ` «Տեղի է ունենում ռազմագերիների, պատանդների եւ պահուող այլ անձանց ու մահացածների մարմինների փոխանակում»:
Նման չյայտարարուող նախապայմաններ հայկական կողմը կրնայ նկատի ունենալ նախքան որեւէ բանակցային գործընթաց սկսիլը: Պարզ է. երբ չեն յարգուիր նախապէս կայացած պայմանաւորուածութիւնները, չեն կրնար կայանալ այլ համաձայնութիւններ:
Բայց անկախ մեր շահերէն բխող նախապայմաններէն, ապաշրջափակումը , Անգարայի եւ Պաքուի պատկերացուցած, կրնայ հեզասահ չընթանալ, պարզ այն պատճառով, որ անիկա արդէն դարձած է տարածաշրջանային թէժ օրակարգ, որուն նկատմամբ շահագրգռուածութիւնը միայն եռակողմ հրադադար ստորագրողներով չի սահմանափակուիր:
aztagdaily.com