Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ նախկին նախագահ եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն Ապտուլլա Կիւլ վերջերս կը մտածէ նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու մասին: Տարիներէ ի վեր Կիւլը լուռ եւ հեռու մնացած էր երկրին քաղաքական անցուդարձերէն, եւ 2016-ի ձախող «յեղաշրջում»-ին ժամանակ իր անունը տարածուած էր իբրեւ «թեկնածու»` կարճ ժամանակով փոխարինելու նախագահ Էրտողանը, մինչեւ որ նոր ընտրութիւններ կազմակերպուէին:
Սակայն Կիւլ մինակը չէր, որ ընդվզած էր Էրտողանի քաղաքականութենէն, անոր կողքին էր նաեւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որ Կիւլի մտերիմ բարեկամն էր, եւ ան ալ Էրտողանի կողմէ հեռացուեցաւ քաղաքական դաշտէն: Քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններուն ան խստիւ քննադատեց Էրտողանի միակողմանի անհատապաշտ քաղաքականութիւնը («Ռոյթըրզ», 30 յունիս 2019): Ան ըսաւ, որ նախագահը իր խոստումները չի յարգեր, եւ որ` ան պատասխանատու է երկրին քաղաքական ու տնտեսական անկայունութեան: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ ամիս մը առաջ կուսակցութիւն մը 13.000 ձայնով պարտուի եւ ամիս մը ետք անիկա պարտուի 800.000 ձայնի տարբերութեամբ: «Ուրեմն կուսակցութիւնը կորսնցուցած է ժողովուրդին վստահութիւնը», ըսաւ Տաւութօղլու: Ան նաեւ աւելցուց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անհատի կամ ընտանիքի մը կուսակցութիւնը չէ, այլ` ժողովուրդին. ժամանակը եկած է, որ այլեւս լուռ չմնանք» («Ռոյթըրզ», 30 յունիս 2019):
Շատերուն համար նաեւ անակնկալ էր, որ նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճան 8 յուլիսին հրաժարականը տուաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն եւ յայտարարեց, թէ` «ժամանակն է, որ այլեւս մտածենք Թուրքիոյ ապագային մասին»: Պապաճան շատերուն կողմէ կոչուած է «Թուրքիոյ տնտեսական ցարը», որովհետեւ ան ծրագրած է Թուրքիոյ տնտեսական վերելքը, եւ երկիրը իր տնտեսական յառաջխաղացքը կը պարտի անոր ջանքերուն («Ալ Մոնիթոր», 16 յուլիս 2019): Այսպիսով, Էրտողան կորսնցուց այլ կարեւոր գործընկեր մը եւս իր կուսակցութեան մէջ, եւ անոր շուրջ օղակը օրէ օր կը նեղնայ:
Տակաւին յստակ չէ, թէ Պապաճան պիտի միանա՞յ Կիւլին, սակայն նախկին նախագահը արդէն իսկ 69 տարեկան է, եւ կը մտածէ, որ նոր կուսակցութիւնը ղեկավարուի աւելի երիտասարդ փորձագէտով մը. շատ հաւանաբար ընտրութիւնը կատարուի Տաւութօղլուի կամ Պապաճանի միջեւ: Յստակ չէ նաեւ այս նոր կուսակցութեան տեսլականը, սակայն անիկա պիտի ունենայ իսլամական արմատներ եւ պիտի փորձէ իր յարաբերութիւնը բարելաւել Արեւմուտքին հետ:
Երբ Էրտողան Թուրքիան սկսաւ ուղղել դէպի Արեւելք, մասնաւորապէս` Ռուսիա, Կիւլ դէմ էր այս կարծիքին եւ կը հաւատար, որ Եւրոպան իր տնտեսական գործօնով կրնայ ժողովրդավարական կարգերը հաստատել Թուրքիոյ մէջ: Հաւանաբար այս կարծիքը կիսէ նաեւ միջին դասակարգի պահպանողական խաւը, որ վերջերս տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ է: Այս նոյն խաւը, որ մէջտեղ բերաւ Էրտողանը, կրնայ զայն դուրս դնել իշխանութենէն:
Շատ հաւանական է նաեւ, որ նոր կուսակցութեան հիմնադրումով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բազմաթիւ երեսփոխաններ միանան այս նոր շարժումին, Էրտողան կորսնցնէ խորհրդարանին մէջ իր կուսակցութեան մեծամասնութիւնը, եւ նոր ընտրութիւններ կայանան: Ըստ երեւոյթին, Էրտողանի իշխանութեան «վերջաւորութեան սկիզբը» նոր փուլ մը մտաւ:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ազդակ