կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-11-14 16:26
Առանց Կատեգորիա

Քաղաքական անդրադարձ. Հայաստանը Եվրասիական շրջագծում

Քաղաքական անդրադարձ. Հայաստանը Եվրասիական շրջագծում

14 մայիսին Ռուսիան ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագահութիւնը, եւ նոյն ամիսը կազմակերպութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց Չինաստանի եւ Իրանի հետ: Այս համաձայնագիրները անկիւնադարձային էին, որովհետեւ բաւական ներքին դժգոհութիւն յառաջացած էր անդամ երկիրներուն կողմէ, որոնք կը դժգոհէին, որ կազմակերպութիւնը դարձած է ռուսական մենաշնորհութեան գործիք մը: Աւելի՛ն. վերջին ամիսներուն նոյնանման տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրուեցան նաեւ Վիեթնամի հետ: Հետեւաբար, արեւմտեան ճնշումները` Եւրասիական տնտեսական միութեան վրայ, զայն կը մղեն, որ ուղղուի դէպի հարաւ-արեւելք:

ԵՏՄ-ի համար դէպի Ասիա ուղղուիլը բաւական արդիւնաւէտ է, որովհետեւ ասիական շուկային մէջ եւրասիական արտադրութիւնները կրնան մրցակցիլ տեղական արտադրութիւններուն հետ, բան մը, որ գրեթէ անկարելի է Եւրոպական Միութեան մէջ: ԵՏՄ-ի եւ Չինաստանի ու այլ ասիական երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը առաջին յենարանն է Չինաստանի կողմէ նոր Մետաքսէ ճանապարհի կառուցումին համար, ինչ որ նաեւ պիտի ընդգրկէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները: Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է այս համագործակցութեամբ, եւ Արեւմուտքը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել այն գաղափարը, թէ որքա՛ն ճնշում բանեցնէ Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ-ի վրայ, անոնք ա՛լ աւելի պիտի հակին դէպի Ասիա, մասնաւորապէս` Չինաստան:

Հայաստանի մէջ ժողովրդային յեղափոխութեան ցնցումէն ետք արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ ուսումնասիրական կեդրոնները սկսան հրապարակել վերլուծումներ, ըստ որոնց,  Հայաստան պիտի լքէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Վրաստանի օրինակին հետեւելով` ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Արդեօ՞ք պէտք է այս կեդրոններուն յիշեցնել Արեւմուտքին դերը 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին. ո՞ւր էին Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները… Սակայն Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունի որոշ չափով եւ այդ պատկերացումը ան ներկայացուց նախագահ Փութինին: Փաշինեանը վերջապէս համոզուեցաւ, որ Հայաստանի միակ ելքը Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է, սակայն ասիկա ըսել չէ, որ Երեւան պէտք է իր յարաբերութիւնը խզէ Արեւմուտքին հետ: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անոր կու տայ կամուրջի մը հանգամանքը: Հայաստան պէտք է դառնայ նոր Մետաքսի ճամբուն սիւներէն մէկը` դառնալով Եւրասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կամուրջ մը` առանց շեղելու իր եւրասիամէտ արտաքին քաղաքականութենէն:

Վերջապէս, Հայաստանի համար կը մնայ հասարակութեան մէջ հիմնաւորել եւրասիականութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական եւ տնտեսական գոյատեւման համար:  Այսօր տակաւին կը տեսնենք անտարբերութիւն եւ երբեմն դիմադրութիւն` հայաստանեան կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց նիւթական օժանդակութիւններու եւ ծրագիրներու աղբիւրները յայտնի են: Օր ու գիշեր անոնք կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը, որ Հայաստան պէտք է ուղղուի դէպի Արեւմուտք եւ խզէ Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ հետ իր յարաբերութիւնը: Միւս կողմէ` մինչեւ օրս ոչ մէկ կուսակցութիւն կամ հասարակական շարժում իր ծրագիրին մէջ որդեգրած է եւրասիականութեան գաղափարը` Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական հզօրացման համար: Հայաստան կարողութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հսկայ դեր խաղալու թէ՛ Չինաստանի նոր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրներուն եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական կամուրջ մը դառնալու:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Ազդակ»