Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Նոր Սերունդը որոշած է Չորեքշաբթի, Յուլիս 10-ի երեկոյեան, Փարիզի մէջ, Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպել, բողոքելու համար ֆրանքեւազէրպայճանական համագործակցութեան դէմ։
Այս առթիւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը վերյիշեցուի ֆրանսական արդարադատութեան՝ Արցախի հետ բարեկամութեան ուխտերու ջնջումի որոշումները ու կ՚ըսուի. -
«Ֆրանսա անգամ մը եւս կ՚ոտնակոխէ այն արժէքները, որոնք կոչուած են իրը ըլլալու։ Սոյն ուխտերը, որոնք պէտք է խորհրդանշէին ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ-ը այդ (ֆրանսական եւ արցախեան – «ՆՅ») քաղաքներուն միջեւ, ջնջուեցան տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումներով, այդպէսով տեղի տալով՝ ազէրի մենատիրոջ պահանջներուն։ Ո՞ւր մնացին մարդկային իրաւունքները եւ Ֆրանսայի ազատ իրաւարարի հանգամանքը։
Բայց կայ դեռ աւելին։ Արդէն ծանօթ ենք Էմանիւէլ Մաքրոնի Ֆրանսայի եւ մենատէր Ալիեւի Ազէրպայճանի տնտեսական կապերուն։ Ֆրանսա կ՚արտադրէ զէնքեր ու կը մատակարարէ Ազէրպայճանին, որ կը գործածէ սպանելու համար մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Կեղծաւորութիւն է ասիկա։ Ներկայիս ալ կը տեղեկանանք, որ ֆրանսական Թալես ձեռնարկութիւնը Ազէրպայճանին պիտի մատակարարէ վերահսկողութեան եւ ձայնատեղաստուգումի(radiolocalisation) տարբեր տեսակի սարքեր։
Այս պատճառներով՝ ձեզի ժամադրութիւն կու տանք Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, ժամը 18.30-ին ցոյց կատարելու Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ։
Վե՛րջ՝ ֆրանքեւազէրպայճանական քաղաքական-ռազմական համագործակցութեան։ Վերյիշեցնենք ֆրանսական կառավարութեան՝ իր պատասխանատւութիւնները։ Վերյիշեցնենք անոր, որ մարդկային արժէքները որքա՜ն աւելի կարեւոր են, քան դրամը։ Վերյիշեցնենք անոր, որ վաճառած զէնքերը կը գործածուին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ, որոնք կը պաշտպանեն մեր հողերը, ի գին իրենց կեանքին։
Պարո՛ն Մաքրոն, դադրեցուցէ՛ք ֆրանսահայ համայնքին հետ խաղալը։ Դադրեցուցէ՛ք խաղալը Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքին հետ, որոնք կը պաշտպանեն Արցախը»։
«Նոր Յառաջ», Յուլիս 9-ը