Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսայի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն «Լը Մոնտ»-էն եւ «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»-էն կատարուած այս համադրումը լաւագոյնս կը բացայայտէ պաշտօնական Թուրքիոյ եւ թալեպաններու համագործակցութիւնն ու Անգարայի տարածաշրջանային ախորժակը: Առ այդ հայ քաղաքական միտքը առնուազն զգուշաւորութեամբ պարտի հետեւիլ տակաւին խմորուող, բայց սրընթաց զարգացում ապրող նոր կացութեան: Արագ, հապճեպ, տարերային ու ենթակայական մեկնաբանութիւններ պէտք է բացառել եւ պարզապէս այս հանգրուանին մօտէն հետեւիլ հոլովոյթին, որ եթէ ոչ անմիջականօրէն, սակայն գէթ հեռակայ կարգով անպայմանօրէն կ’առնչուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:
Նիւթը պատրաստեց՝ Հրաչ Վարժապետեանը
Թուրքիա եւրասիական իր գործընկերներուն՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի նման բացասաբար չընդունիր թալեպաններուն` իշխանութեան հասնիլը Աֆղանիստանի մէջ, ընդհակառակը: «Դրականօրէն կ’ընկալենք ցարդ թալեպաններու կողմէ ուղարկուող պատգամները թէ՛ միջազգային դիւանագիտական շրջանակներուն եւ թէ՛ իրենց սեփական ժողովուրդին»,- յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Մեհմետ Չաւուշօղլու 17 օգոստոսին Ամմանի մէջ: Ան խորքին մէջ կ’արձագանգէր իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ «դրական նշաններ կան Աֆղանիստանի նոր ղեկավարութեան հետ հեզասահ ընթացող բանակցութիւններէն»:
Թուրքիա, որ 500 զինուոր ունէր ՕԹԱՆ-ի զօրախումբին մէջ, որ ստանձնած էր Քապուլի օդակայանին ապահովութիւնը, մտադիր էր իր զինուորները պահել այնտեղ` հակառակ արեւմտեան ուժերու հեռացման: Այս ուղղութեամբ Անգարա շաբաթներ առաջ բանակցած էր Ուաշինկթընի եւ Աֆղանիստանի` այդ օրերու վարչապետ Աշրաֆ Ղանիի հետ: Սակայն այն պահուն, երբ 15 օգոստոսին թալեպանները գրաւեցին Քապուլը, Անգարա դադրեցուց այդ բանակցութիւնները, որովհետեւ ամերիկացիք քաշուեցան, իսկ աֆղանական այդ կառավարութիւնը գոյութիւն չունի այլեւս:
Շատ արագ յարմարուելով ստեղծուած նոր իրադրութեան` թրքական իշխանութիւնները արդէն իրենց ծառայութիւնները առաջարկեցին Քապուլի նոր տէրերուն: Նախագահ Էրտողան կը յամառէր իր ուժերը պահելու Քապուլի օդակայան եւ, գիտակցելով, որ թալեպանները չունին միջազգային նեցուկ, ոչ ալ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչում, յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է ընդունելու անոնց նոր ներկայացուցիչը: Իսթանպուլի մէջ Անատոլական ուսումնասիրութեանց ֆրանսական հիմնարկի տնօրէն Պայրամ Պալչի այս գծով կ’ըսէ. «Բոլորին համար շահաւէտ ու ձեռնտու է Քապուլի օդակայանին անվտանգ ու ապահով ըլլալը, որպէսզի դիւանագէտները եւ ընդհանրապէս մարդիկ կարենան շարունակել իրենց աշխատանքները: Թուրքիա կ’առաջարկէ ապահովել այդ մէկը, որովհետեւ իր համար դիւրին է թալեպաններուն հետ համաձայնիլ եւ բանակցիլ Փաքիստանի ու Քաթարի խողովակով, որոնց հետ ունի կայուն յարաբերութիւններ»: Անգարա կը գործադրի դիւանագիտական մեծ ջանքեր՝ «համոզելու» թալեպանները: Քաթարի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը մնայուն ու անմիջական կապի մէջ է անոնց Քապուլի ղեկավարութեան հետ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Իսլամապատ մեկնեցաւ` համոզելու թալեպանները, որ ընդունին թրքական ներկայութիւնը:
Սակայն ցարդ ո՛չ Էրտողանի հրաւէրը, ո՛չ ալ անոր ներկայացուցած գործակցութեան տարբեր առաջարկները իսլամական խմբակցութեան կողմէ չեն ստացած հաւանութիւն. անոնք կը շարունակեն պնդել, որ «բոլոր օտար ուժերը» պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն՝ փետրուար 2020-ին Տոհայի մէջ ամերիկացիներուն հետ ստորագրուած պայմանագրի համաձայն:
Աֆղանիստանէն ելքի միակ ճանապարհը՝ Քապուլի օդակայանը, կը շարունակէ մնալ խուճապի բեմահարթակ. հազարաւոր աֆղաններ կը փորձեն ելք մը գտնել ու փախչիլ երկրէն, մինչեւ իսկ երբեմն կախուելով մեկնող օդանաւերէն` պարզելով ցաւալի պատկերներ… Ուստի Թուրքիա սկսաւ երկրէն հեռացնել ու պարպել իր քաղաքացիները, որոնց պաշտօնական թիւը կը յայտարարուի 5000: Անգամ մը, որ Անգարա կարենայ դուրս բերել իր քաղաքացիները, ի՞նչ պիտի ըլլայ իր 500 զինուորներուն ճակատագիրը: Ինչո՞ւ ան ամէն գնով կը փորձէր պահել զանոնք, սակայն չյաջողեցաւ: Ըստ Սուրիոյ մէջ քրտական աղբիւրներու` անոնք պիտի ծառայէին թրքական գաղտնի սպասարկութեանց, որոնք անմիջական եւ օրգանական կապի մէջ են վարձկան ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու հետ: Անգարա զանոնք պիտի ուղարկէր Աֆղանիստան, առաջին հանգրուանին՝ շուրջ հազար վարձկան այնպէս, ինչպէս կատարած էր Իրաքի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անգարա այս բոլորը կ’ընէ` պարզապէս ինքզինք իբրեւ կայուն ուժ ամրապնդելու տարածաշրջանին մէջ: Եւ եթէ ան մէկ կողմէ իր 500 զինուորները (ՕԹԱՆ-ի ուժերուն մէջ) հարկադրուած դուրս կը բերէ Քապուլի օդակայանէն եւ ընդհանրապէս Աֆղանիստանէն, միւս կողմէ 3000 յատուկջոկատայիններ արդէն տեղակայած է երկրի արեւելեան սահմանին վրայ՝ ապօրինի գաղթը կանխելու պատրուակով, սակայն խորքին մէջ յստակ այլ նպատակներով, զորս թուեցինք:
Ուրեմն, ինչպէս յայտնեցինք վերեւ, թալեպաններու հետ շաբաթներ շարունակ բանակցելէ եւ համաձայնութեան չհասնելէ ետք Թուրքիա պաշտօնապէս իր զօրքը դուրս բերաւ Աֆղանիստանէն, որը վեց տարիէ ի վեր կը գտնուէր այնտեղ: Անոր մէջ կային նաեւ ատրպէյճանցի խաղաղապահներ:
Հակառակ անոր, որ Թուրքիա եւ Էրտողան, այլ խօսքով՝ պաշտօնական Անգարան, ունէին բոլորովին այլ նպատակներ, այնտեղ մնալու յստակ ու անթաքոյց ախորժակ, սակայն, հակառակ իրենց բոլոր ճիգերուն, մերժուեցան Աֆղանիստանի նոր տէրերուն կողմէ: Ադուհանդերձ, Անգարա դեռ թալեպաններու հետ համագործակցութեան ճանապարհը փակած չէ, ընդհակառակը` անմիջական կապը առկայ է, աւելին` թալեպանները ամէն տեսակի աջակցութիւն կ’ակնկալեն Թուրքիայէն, ինչի դրական պատասխանը ստացան արդէն, երբ Էրտողան 25 օգոստոսին պաշտօնապէս յայտարարեց հետեւեալը. «Անգարա սիրով ձեռք կ’երկարէ եղբայրական Աֆղանիստանին թէ՛ վատ, թէ՛ լաւ ժամանակաշրջաններուն` անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ կը կ’ըլլայ իշխանութեան»: