Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վերջերս ՀԱՊԿ-ի մէջ նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրելու հարցը դիւանագիտական բախում յառաջացուց Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ: Նշենք, որ խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք Ռուսիա ձեռնարկեց հիմնել շրջանային ռազմական կազմակերպութիւն մը` հակակշռելու համար ՕԹԱՆ-ը: Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներն են` Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Հայաստանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը եւ Տաճիկիստանը: Հայաստանի համար կարեւոր է այս կազմակերպութիւնը` պաշտպանելու համար երկիրը արտաքին որեւէ վտանգէ:
2 նոյեմբերին ՀԱՊԿ-ի հայազգի ընդհանուր քարտուղար եւ հայկական բանակի նախկին հրամանատար Եուրի Խաչատուրովը կանչուեցաւ Երեւան` ամբաստանուած ըլլալով 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն հետ կապ ունենալու յանցանքով: 8 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի անդամ երկիրներուն մօտ մտահոգութիւն ծագեցաւ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Խաչատուրովը, հակառակ անոր որ անոր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը կ՛երկարէր մինչեւ 2020: Սակայն Ղազախստանը առաջարկեց, որ Պիելոռուսիան գլխաւորէ կառոյցը, պարզապէս որովհետեւ հերթափոխութիւնը կը կատարուի ըստ անդամ երկիրներու անուններուն այբբենական կարգին: Այս առաջարկը մերժուեցաւ Հայաստանի կողմէ, ինչ որ դուռ բացաւ դիւանագիտական բախումի մը: Հոս պէտք է նշել, որ Ասթանայի վեհաժողովի օրակարգէն դուրս էր այս կէտը. օրակարգին վրայ կար Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններուն օժանդակութեան հարցը:
Հակառակ անոր որ հայկական կողմը պնդեց իր իրաւունքին վրայ, սակայն Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները դէմ էին, եւ առաջարկը վերջնականապէս պիտի քննարկուի աւելի ուշ:
Սակայն այս բախումը աւելի սրեցաւ, երբ Ազրպէյճանը միջամտեց այս հարցին: 12 նոյեմբերին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն տեսակցութիւն ունեցաւ Ազրպէյճանի դեսպանին հետ եւ անոր հետ քննարկեց Ասթանայի վեհաժողովին մանրամասնութիւնները: Այս իրադարձութիւնը ա՛լ աւելի զայրացուց հայկական կողմը, որ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիր մը անոր վեհաժողովին մանրամասնութիւնները քննէ ոչ անդամ երկրի մը դեսպանին հետ: Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը այս հարցով բացատրութիւն պահանջեց Լուքաշենքոյէն: Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 18 նոյեմբեր 2018-ին այցելեց Պիելոռուսիա եւ հսկայական քանակութեամբ զէնք գնեց: Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգելով Փաշինեանին` ըսաւ, որ Փաշինեան պէտք է դուրս գայ իր «փողոցի ժողովրդավարութեան քաղաքականութենէն», իսկ Փաշինեան հակադարձելով` Լուքաշենքոն` կոչեց «բռնակալ» («Առաւօտ», 20 նոյեմբեր 2018):
Հայաստանը նաեւ կրնայ օգտուիլ վեթոյի իր իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ` ռուս-պիելոռուսական դիւանագիտական վերջին բախումէն, որուն իբրեւ հետեւանք` նախագահ Լուքաշենքօ յայտարարեց, որ Պիելոռուսիան պէտք չունի ռուսական ռազմական կեդրոններու իր երկրին մէջ, եւ ան գնահատեց Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Եւրոպայի մէջ («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 6 նոյեմբեր 2018): Լուքաշենքօ յայտնեց, որ պիելոռուսական բանակը երկրին մէջ ապահովութեան հսկելու իր պարտականութիւնը շատ աւելի լաւ կը կատարէ, քան` ռուսական բանակը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ձգտի ընդլայնել ռազմական յարաբերութիւնները ՕԹԱՆ-ի հետ («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 6 նոյեմբեր 2018):
Ռուսիոյ համար այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: Հայաստան նոյնքան կարեւոր է, ինչպէս` Պիելոռուսիան: Մէկ կողմէ Ռուսիա կ՛ուզէ պատժել կամ տկարացնել Փաշինեանը, սակայն միւս կողմէ` մտահոգ է, որ ասիկա պատրուակ դառնայ, որ Հայաստանը լքէ կազմակերպութիւնը եւ ուղղուի դէպի ՕԹԱՆ: Անշուշտ հայկական կողմին համար ասիկա դիւանագիտական եւ ռազմավարական անձնասպանութիւն կ՛ըլլայ, եւ վտանգը Արցախի շուրջ կ՛աւելնայ: Սակայն Ռուսիա նաեւ կ՛ուզէ իր ազդեցութիւնը կրկնապատկել Պիելոռուսիոյ վրայ. արդեօք ասիկա պիտի կատարուի Հայաստանի՞ հաշուոյն: Աւելի՛ն. Ռուսիոյ կողմէ աւելի քան 5 միլիառ տոլարնոց զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին` կը խաթարէ Հայաստանի անվտանգութիւնը` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ («Ճեմսթաուն», 30 նոյեմբեր 2018):
Ինչ կը վերաբերի Պաքուին, ան կը փորձէ Հայաստանը դուրս մղել կազմակերպութենէն եւ, ինչո՞ւ չէ, ինքը գրաւէ Երեւանի տեղը` աւելի մօտենալով Մոսկուային եւ մեկուսացնելով Երեւանը («Ազեր նիուզ», 26 հոկտեմբեր 2018): ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներ բազմիցս փորձեցին Ազրպէյճանի շահերը առջեւ տանիլ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանի ընդունման ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ: Պիելոռուսիա, Ղազախստան եւ Տաճիկիստան շատ աւելի մօտիկ յարաբերութիւն ունին, քան ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանը: Ըստ «Պիելոռուս Տայճեսթ»-ի (29 հոկտեմբեր 2011), Պիելոռուսիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները կ՛որակուին իբրեւ «դաշնակից երկիրներու» յարաբերութիւն: Այս յայտարարութիւնը արդէն իսկ նոր չէ, որովհետեւ Ազրպէյճան թիւ մէկ ներածողն է պիելոռուսական զէնքերուն:
Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը հարուած պիտի ըլլայ Երեւանի շահերուն: Անշուշտ ասիկա կարելի չէ, սակայն ՀԱՊԿ անդամ կարգ մը երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն մը կայ, մանաւանդ եթէ ուզեն պատժել Հայաստանը: Հոս նաեւ պէտք է յիշել, որ այս դաշինքին երկրի մը անդամ դառնալը կը վաւերացուի, եթէ բոլոր անդամ երկիրները ի նպաստ քուէարկեն, եւ Հայաստան կրնայ արգիլել Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը, այնքան ատեն որ Երեւան անդամ է այս կազմակերպութեան:
Հակառակ այս բոլորին` Երեւան փորձած է ճեղք յառաջացնել Պաքու-Մինսք յարաբերութիւններուն միջեւ: Օրինակ` 31 յունուարին Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Երեւան կրցաւ կանխել Պիելոռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական նոր համաձայնութիւն մը, ուր Պաքու պիտի ստանար «Փոլոնեզ» հրթիռներ, որոնք կը հաւասարակշռեն ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռները, որոնք վաճառուած էին Հայաստանի («Եուրէյժիանեթ», 6 փետրուար 2018): Սակայն ասիկա արգելք չեղաւ, որ Պիելոռուսիա հրասայլեր եւ հակաօդային համակարգեր տրամադրէ Ազրպէյճանին: Ըստ «Պիելոռուսիա Տայճեսթի» (13 փետրուար 2018), 2017-ին Պիելոռուսիոյ կողմէ զէնքերու վաճառքը Ազրպէյճանին արձանագրած է 17 առ հարիւրի աճ:
Հայաստանի համար այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: Երեւանի նոր իշխանութիւնները պէտք ունին ամէն տեսակի օժանդակութեան այս հարցին շուրջ, սակայն պէտք է գիտակցին, որ արտաքին քաղաքականութիւնը զգացումներու եւ կոչերու վրայ չէ հիմնուած, այլ` աղուէսի քաղաքականութեան եւ երկխօսութեան վրայ: Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին ռազմավարական եւ գոյութեան հարց է, սակայն Երեւանէն կ՛ակնկալուի աւելի ճկուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն: Հայաստանի նոր իշխանութիւնները ամէն ջանք պէտք է թափեն` օգտուելու Մոսկուայի եւ Մինսքի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութենէն:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ, «ԱԶԴԱԿ»