Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կը թուի, որ Թուրքիոյ երազկոտ սուլթան Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը սկսած է իր քաղաքական կեանքի աշունը ապրելու: Ան Ապտուլլա Կիւլի, Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ այլ կուսակցական ընկերներու օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ` իր նախկին բարեկամ եւ ներկայի թշնամի Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ գործակցութեամբ, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ստանձնեց ու դարձաւ երկրին ամենաազդեցիկ անձը, ապա քուէներու անհրաժեշտ թիւը ապահովելով` փոխեց Թուրքիոյ սահմանադրական օրէնքները եւ նախկին վարչապետական վարչաձեւը վերածեց նախագահականի` դառնալով Թուրքիոյ բռնակալը:
Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը վերակենդանացաւ Էրտողանի քաղաքական աճին հետ: Ան բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուց եւ նախատեսած էր իրականացնել կարգ մը ուրիշ ծրագիրներ, սակայն անոնք յանկարծ դադրեցան, երբ համաշխարհային դրամատուներէն Թուրքիոյ ստացած հսկայ փոխառութիւնները վերադարձնելու ժամկէտը հասաւ, զանոնք պէտք էր տոլարով կամ եւրոյով վճարել: Երկիրը մեծ ճգնաժամի մատնուեցաւ, որովհետեւ իրականացուած ծրագիրները մեծամասնութեամբ հասութաբեր չէին (շէնքեր, հիւրանոցներ, պողոտաներ, կամուրջներ, Էրտողանին նոր պալատը եւ այլն): Միւս կողմէ` Թուրքիոյ լիրան շարունակեց արժեզրկուիլ քաղաքական եւ տնտեսական այլ պատճառներով: Թուրք եւ օտար տնտեսագէտներ, ի միջի այլոց` հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու, նախապէս վերլուծած էին երկրին տնտեսական վիճակը եւ ազդարարած` սպասուելիք տագնապին մասին, սակայն Էրտողան, իր օսմանեան ամբարտաւանութեամբ, անոնց խորհուրդին ականջ չտուաւ:
Արդարեւ, Էրտողանի քաղաքականութեան վայրէջքը սկսաւ տարիներ առաջ: Ան, երբ երկրին ղեկը ստանձնեց, պէտք էր, որ իր աջակիցներուն բաժին տար. Կիւլենի աջակցութիւնը Էրտողանին վերջինիս սեւ աչքերուն համար չէր, երբ ան եւս ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին ու իր բաժինը պահանջեց երկրի տնտեսական ծրագիրներէն, անոնց կեղծ մեղրալուսինը վերջ գտաւ, եւ անոր յաջորդեց յեղաշրջում մը, որուն ետին կանգնողը մինչ օրս յայտնի չէ, թէ իսկապէս ո՛վ էր: Սակայն Էրտողան ի շահ իրեն օգտագործեց պատահածը` իր քաղաքական ընդդիմադիրները բանտարկելով, անոնց շարքին ըլլալով բանակի եւ ոստիկանութեան տարբեր ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, սպաներ եւ օդաչուներ: Զինուորականներէ բացի` Թուրքիա կորսնցուց մեծ թիւով փրոֆեսէօրներ, մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, ուսուցիչներ եւ միջին դասի աշխատաւորներ, որոնք հսկայական մարդուժ կը ներկայացնէին հասարակութեան մէջ:
Երբ Էրտողանը յաջողեցաւ իր դիրքերը ամրապնդել եւ իր կասկածելի թշնամիները արմատախիլ ընել, ան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ բոլոր քիւրտերը թշնամիներ եւ ՔԱԿ-ի անդամներ համարեց: ՔԱԿ-ը Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու իրաւունքներուն համար կը պայքարի, սակայն արեւմտեան երկիրները այդ կուսակցութիւնը ահաբեկչական խումբ կը համարեն` միաժամանակ անտեսելով Էրտողանին կողմէ կատարուած բոլոր վայրագութիւնները քիւրտերուն հանդէպ: Էրտողան իւրաքանչիւր օր հարիւրաւոր քիւրտեր կը սպաննէ երկրի արեւելեան եւ հարաւային հատուածներուն մէջ, կը կործանէ անոնց գիւղերն ու քաղաքները եւ կ՛աքսորէ զանոնք երկրի ապահովութեան պատրուակով: Այնուամենայնիւ, աշխարհի մեծ պետութիւններու քաղաքական կեղծաւորութիւնը եւ տնտեսական շահերը երբե՛ք թոյլ չեն տար, որ Էրտողանին այս յանցագործութիւնները դատապարտուին. նոյնիսկ միջազգային լրատուական միջոցները եւ թերթերը հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնան այս բոլորին:
Պատմութիւնը կը կրկնուի: Ժամանակին սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. հարիւրհազարներով հայեր ջարդեց: 1915-1918 տարիներուն Իթթիհատ վէ թարրաքը կուսակցութեան երեք ղեկավաները` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպեցին եւ յաջողեցան քիւրտերը օգտագործել իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար, թէեւ եղան քանի մը հեռատես քիւրտ ցեղապետներ, որոնք գալիք վտանգը գուշակելով` չմասնակցեցան այդ աղէտներուն: Այժմ, օսմանցիներու թոռը եւ նոր սուլթանական դրօշը կրող Էրտողան, իր նախնիներու ճանապարհէն քալելով, քիւրտերը կը կոտորէ: Ո՞ւր են մարդու իրաւունքներու եւ ճնշուած ժողովուրդներու պաշտպան արեւմտեան պետութիւնները:
Էրտողան Թուրքիան նաեւ անջատած է աշխարհի միւս երկիրներէն: Արդարեւ, ներկայիս իր միակ բարեկամը Քաթարի շէյխ Թեմիմ պըն Համետն է, որ իր կարգին մեկուսացուած է իր արաբ եղբայրներուն կողմէ: Էրտողանի մտերիմ ընկեր` Սուտանի նախկին բռնակալ նախագահ Օմար Պեշիր, իր ժողովուրդին կողմէ տապալեցաւ. իսկ Լիպիոյ պարագային, զօրավար Խալիֆա Հաֆթեր իր զօրքը Թրիփոլի մղելով` Էրտողանի Իսլամ եղբայրները չէզոքացուց: Թուրքիա-Ռուսիա բարեկամութիւնը առեւտուրի խնդիր է, եւ որեւէ կասկածելի մօտեցում Էրտողանի կողմէ նախկին խորհրդային իսլամ երկիրներուն հետ` կրնայ խանգարել այդ բարեկամութիւնը, ինչպէս եղաւ Չինաստանի պարագային, երբ Էրտողան պաշտպանեց Չինաստանի ույղուր իսլամներու ապստամբութիւնը:
Երկրէն ներս Էրտողան պարտուեցաւ տեղական ընտրութիւններուն, ապա ճնշում բանեցուց պատասխանատուներուն վրայ` Պոլսոյ մէջ ընտրութիւնները կրկնելու համար եւ, այդպիսով, ան կորսնցուց իր քաղաքական հեղինակութիւնը:
Երկրէն դուրս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ հանդէպ, եթէ ան չեղեալ չհամարէ ռուսական «Էս-400» հրթիռներ գնելու համաձայնութիւնը: Աւելի՛ն. թրամփը պիտի չարտօնէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ամերիկեան ռազմական առաջատար «F-35» օդանաւերու արտադրութեան աշխատանքներուն. տակաւին կան ՆԱԹՕ-ի պատիժները…
Եւրոպայի մէջ Էրտողան իր յարաբերութիւնները «պաղ պատերազմ»-ի վերածեց, երբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն որոշեց ապրիլ 24-ը իբրեւ յիշատակի օր նշել Ֆրանսայի մէջ, իսկ Իտալիոյ եւ Փորթուգալի խորհրդարանները ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը. Էրտողան զայրացած` յայտնեց, որ 1915-ի հայերու տեղահանութեան որոշումը ճիշդ որոշումն էր, եւ որ` ինք պատրաստ է նո՛յնը ընել այսօր, նման պայմաններու մէջ: Ան արդէն որոշած է նոյնը ընել քիւրտերուն հետ:
Այս բոլորէն ետք, դէպի ո՞ւր կ՛երթայ երազկոտ «սուլթան» Էրտողան…
Հաստատաբար ան իր քաղաքական վերջին ժամանակաշրջանը կ՛ապրի եւ իր վախճանին կը մօտենայ, սակայն` ծանր քայլերով եւ, ի վերջոյ, ան իր գահէն վար պիտի տապալի ի՛ր իսկ ժողովուրդին ձեռամբ:
ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ օրաթերթ