Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Ֆաշականութիւնը արհամարհանք է: Հակառակը նաեւ, ամէն ձեւի արհամարհանք, եթէ միջամտէ քաղաքականութեան մէջ, կը պատրաստէ եւ կը հաստատէ ֆաշիզմը»:
Ալպէր Քամիւ, Ֆրանսացի գրող
Ռեչէփ Էրտողանի կայսերական մեծ երազներու ճամբուն վրայ Արցախը շատ փոքր տարածութիւն մըն է, բայց ինք հոն կ՛ուզէ փորձել աշխարհի մեծ պետութիւնները եւ միջազգային կառոյցները, տեսնելու թէ անոնք իրենց դաւանած հնչեղ սկզբունքներուն համար պատրաստ ե՞ն պատերազմելու:
Էրտողանի նպատակները թաքուն չեն: Իր նախաձեռնութիւններով, Սուրիա թէ Լիպիա, Արեւելեան Միջերկրական թէ Կովկաս, կամ Երուսաղէմ, ինք ունի քաղաքականութեան տիափազոնը, ինք է խնդրայարոյցը, աստիճանաբար ձգտելով օսմանի կայսրութեան վերականգնումին, համաթրքական-փանթիւրքիստ խորքով:
Էրտողան ԾՐԱԳԻՐ ունի: Միւս երկիրները կը հակազդեն, առանց ապագայի պատկերացման, կարենալ կանխելու համար Էրտողանի Ծրագրի գործադրութեան հետեւանքները: Հրեշտակային ոչինչ կայ Էրտողանի տարածուելու ցանկութեան մէջ: Բազմաթիւ ճակատներու վրայ նուաճողական նախաձեռնող է. Սուրիա, Լիպիա, Արեւելեան Միջերկրական: Իր Ծրագրի իրականացման համար որպէս քաղաքական միացման յենարան կը գործածէ իսլամութիւնը, վերականգնելու համար օսմանի կայսրութիւնը: Ճակատ բացած է Եւրոպայի արեւելեան սահմաններուն վրայ: Այդ կայսրութիւնը իրեն պիտի ենթարկէ արաբական երկիրները եւ այսօր անկախ իսլամ պետութիւնները:
Այսօ՛ր պէտք է կասեցնել Էրտողանի մեծամոլական արշաւը: Էրտողան կը նախաձեռնէ, միւս երկիրները, եթէ հակազդեն անգամ, կը մնան խօսքի սահմանին մէջ, եւ Էրտողան ինքզինք կը համարէ ազատ եւ ամէն բան թոյլատրելի կը համարէ:
Եւրոպան, Ամերիկան, Արաբական Աշխարհը, Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ աշխարհի միւս երկիրները Էրտողանի յարձակողապաշտութեան խօսքին եւ գործին գործնապէս պէտք է հակազդեն, քանի դեռ ուշ չէ:
Մեզ անմիջականօրէն կը հետաքրքրէ Արցախը, որ խորհրդային տիրակալի բաժնէ որ տիրեսի պատմութիւն եւ իրաւունք անտեսած քաղաքական կամայականութեան պատճառով, այսօր դարձած է խճճուած խնդիր: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խորհրդային կամայականութիւնը կ՛ընդունին որպէս օրէնք, միջազգային հանրութիւնը պատմութիւնը կը դիտէ վերջին հարիւրամեակի լոյսին տակ, առանց նկատի առնելու հազարամեակներու պատմութիւնը, Արցախի մէջ ապրած ժողովուրդը եւ անոր ստեղծած քաղաքակրթական-մշակութային կեանքը եւ ժառանգութիւնը: Անգիտանալով պատմութիւն, մշակոյթ եւ ժողովուրդի իրաւունք, միջազգային մամուլը թեթեւսոլիկութեամբ կը խօսի եւ կը գրէ անջատողականութեան մասին, որ արդարացումն է թուրք-ազերիական ցեղասպանական բնոյթով նախայարձակման::
Իրենք իրենց արդարութիւն եւ իրաւարարութիւն ընելու իրաւունք շնորհած երկիրներ եւ կառոյցներ, Եւրոմիութիւնը, Ամերիկան եւ միւսները, նաեւ արաբական աշխարհը, օրին իրենց պատասխանատուութիւնը չստանձնեցին, չվճռեցին վասն ճշմարտութեան եւ իրաւունքի, եկուորը եւ տանտէրը նոյն աչքով դիտեցին: Այսօր հայ ժողովուրդին հետ իրենք ալ կանգնած են պատերազմի հրձիգ Էրտողանի եւ անոր համաթրքական-փանթիւրքիստ նկրտումներուն դիմաց, Կովկասէն Լիպիա եւ Արեւելեան Միջերկրական, Սուրիա, Լիբանան եւ Իսրայէլ: Իսկ Իսրայէլ, ագահութեամբ, զէնք կը ծախէ նախայարձակին:
Խորհրդային պատմաքաղաքական նենգ խաղին հետեւանքները իրաւունքի վերածելու առաջադրանքով, Ատրպէյճան պատերազմ շղթայազերծած է, եւ Թուրքիա անվերապահօրէն կը զօրակցի: Եթէ փոքրիկ Արցախը իյնայ համաթրքական ցանկութիւններու զամբիւղը, եթէ Էրտողան արգելքի չհանդիպի, վաղը կրնայ յանդգնութեամբ աւելի ընդարձակել իր կայսերական հին եւ չմոռցուած փառասիրութիւններու ծիրը:
Էրտողան, շրջանցելով ԵԱՀԿը եւ անոր համանախագահները, Ռուսիան, Ամերիկան եւ Ֆրանսան, զինուորապէս զօրավիգ կը կանգնի Ատրպէյճանի, ասպարէզ կը կարդայ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Թուրքիոյ խնդիրը Արցախը չէ, այլ ընդհանրապէս Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, եւ անոնցմէ անդին…:
Էրտողան, իր նախորդները եւ ապահովաբար նաեւ իր յաջորդները, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, պատմութեան մոռցուած էջերէն չեն կրնար ջնջել Հայկական Հարցը եւ Մեծ Ոճիրը՝ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն է: Էրտողան գիտակից է այս կացութեան, եւ կը խորհի, որ համաթրքական-փանթիւրքիստ ովկիանոսին մէջ կրնայ վերջ տալ Հայկական Հարցին, ճզմելով նաեւ Հայաստանը:
Թուրքիա դեռ կը փայփայէ Եւրոմիութեան անդամ դառնալու ցանկութիւնը: Հետեւողական է իր քաղաքականութիւնը, քանի որ օսմանի նոր կայսրութեան մէջ կրնայ ներառնել Եւրոպան, Վիէննայի պատերուն տակ կասեցուած թրքական ծաւալապաշտութիւնը վերսկսիլ Պրիւքսէլէն: Այս երեւակայական քաղաքականութիւն չէ, politique fiction չէ:
Եւրոպայի քաղաքական առաջնորդները երբեմն անհետեւանք քննադատութիւններ կ՛ընեն Թուրքիոյ հասցէին, եւ միաժամանակ կը շարունակեն միլեառներ տալ, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունք, խօսքի ազատութիւն, լրագրողներ եւ մտաւորականներ բանտարկող կամ աքսորի դատապարտող պետութեան, ոտքի պահելով անոր ինքնակալ (autocrate) Էրտողանը:
Էրտողան ինքնակալը դադրած է յարգելէ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Արաբական Աշխարհի եւ այլ երկիրներու ղեկավարները, քանի որ, ինք կ՛ըսէ, որ անոնք պատրաստ չեն կռուելու եւ մեռնելու:
ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Asbarez.com