կարևոր
2977 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-09 16:36
Քաղաքական

Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Եւ… Ոճրային Յարձակում

Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Եւ… Ոճրային Յարձակում

Զարմանալի կրնայ թուիլ, թէ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներ քանի մը օր առաջ, Մարտ 1-ին, հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբի մը հետ եւ փորձած են, փոխան խրամատի՝ սեղանի շուրջ դէմ առ դէմ անմիջական հարցեր լուծել, եւ ահա, չորս օր ետք, սահմանային դարձած շրջանի մը մէջ զինեալ ճակատում մը՝ որուն հետեւանքով, հայրենի կողմը կ՛ունենայ երեք զոհ եւ մէկ ծանր վիրաւոր, իսկ թշնամին՝ երկու մեռեալ:

Դժուար է ճշգրիտ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել արիւնալի բախումէն քանի մը օր առաջ, ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարական կեդրոնին մէջ, տեղւոյն զօրախումբի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած տեսակցութենէն, որուն Արցախի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան: Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իլհամ Ալիեւի հաւատարիմ կամակատար՝ երեսփոխան Ռամին Մամետով, որ Հարվըրտ համալսարանի դիւանագիտական ճիւղի Ճոն Քէնէտի հիմնարկը աւարտած է եւ միշտ ալ Ալիեւի գլխաւորած «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան երիտասարդական թեւէն ներս գործած է, մասնաւորաբար կազմակերպական աշխատանքներ կատարելով:

Ստեփանակերտէն հաղորդուեցաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը բնական կազով անխափան մատակարարելու եւ ընդհատումները բացառելու մասին խօսուած է: Բնականաբար, «բնապահպանման» մտահոգութիւններով, Կաշէնի եւ Դրմբոնի հանքավայրերու տարածքին մէջ ատրպէյճանական մասնագիտական խումբի այցելութեան կազմակերպումն ալ արծարծուած է: Իսկ թէ որքանո՞վ կարելի եղած է քննարկել Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիին ամբողջական վերաբացման հարցը, յստակ դարձաւ քանի մը օր ետք, վերոյիշեալ արիւնալի դէպքին ճամբով: Սա կը թելադրէ, թէ ի՛նչ եզրակացութեան կարելի է յանգիլ:

Այս հանդիպումը կազմակերպելու պահուն, երկու կողմերը համաձայնած էին խորհրդապահութիւն պահել եւ մանրամասնութիւններէ խուսափիլ, տարածել միայն ընդհանուր գիծերով տեղեկատուութիւններ, մանաւանդ, որ նմանօրինակ հանդիպում առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենար: Դժբախտաբար այդ գաղտնապահութիւնը կարելի չեղաւ կիրարկել: Հաւանաբար երեսփոխան Մամետովի պարտականութիւնն էր այդ գործը, այսինքն՝ իրեն տրուած ցուցմունքները կատարել:

Օրակարգի բոլոր հարցերուն քննարկման հիման վրայ, կարելի եղած էր այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի ստիպուէր կապ հաստատել իր գերադաս մարմիններուն հետ եւ քանի մը օր ետք, նոյնինքն ռուս խաղաղապահ զօրախումբին միջոցով, արդիւնքներու մասին տեղեկացնել Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն:

Եւ սակայն հազիւ չորս օր ետք, կազի մատակարարման կամ Բերձորի ճամբու բացման փոխարէն կատարուած ոճրային յարձակումը բաւարար եղաւ, որ կրկին արիւն հոսի: Արցախը արդեօք պատասխանի կը սպասէ՞:

Պաքու չբաւականացաւ միայն «սահմանային» կէտին վրայ զինեալ բախումով, այլ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ստապատիր քարոզչութեան վերադառնալով, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, փորձեց աշխարհը համոզել, որ ինք կը փորձէ արգիլել Արցախ զէնքի փոխադրումը եւ շեշտեց, թէ կը պահանջէ հայրենի զինեալ ուժերուն անյապաղ հեռացումը:

Ասոր դիմաց, Երեւանէն համապատասխան ուժգնութեամբ հակադարձութիւն չլսուեցաւ, այլ պարզապէս արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կրկին սադրանք կատարուած է:

Այլ գիծի մը վրայ, բացայայտ դարձաւ, որ Արցախ-Ատրպէյճան հանդիպումը այլապէս խուլերու խօսակցութիւն եղած է, որովհետեւ ազերիական կողմը պնդեց, որ բանակցութիւնները ընդգրկած են «Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ առնելու» հարցը, իսկ արցախեան կողմը հաւաստեց, որ նման հարց չէ քննարկուած: Այս դիտանկիւնէն ալ, զինեալ յարձակումը նոր «պատգամ» մըն էր, նաեւ յիշեցում, որ Պաքու հարցը կը դիտէ շատ աւելի լայն շրջագիծի մէջ, սա ճնշումի նոր (չըսելու համար հինցած) ձեւ է… «Զանգեզուրի անցքը» եւ հայկական այլ տարածքներ խլելու հեռանկարով:

Այս բոլորէն անդին, ուշագրաւ էր այլ զարգացում մը: Վարչապետ Փաշինեանը հիւրընկալող՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց կատարեց զարմանալի յայտարարութիւն մը, խօսելով Արցախի ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ մասին, մինչդեռ Փաշինեան – եւ իր ՔՊ-ականները – օրն ի բուն կը խուսափին նման արտայայտութենէ, եւ կը յոխորտան, որ իրենք յաջողած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւն բանալ տալ: Ազերիական զինեալ յարձակումը այս իմաստով ալ պատգամ մը բերաւ հայկական կողմին, անկախ անկէ, որ Շոլցի յայտարարութենէն զեղչուեցաւ Արցախի ինքնորոշման մասին բաժինը: Արդեօք ո՞վ յուշեց Գերմանիոյ վարչապետին, թէ Երեւանի վարիչներու բառամթերքէն դուրս ինկած է ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒՄ եզրը, անոնք հիմա կը խօսին միայն արցախաբնակ ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներուն մասին, կարծէք թէ Արցախը ըլլար աշխարհի տարածքին հայաբնակ որեւէ շրջան, անջատ Հայաստանէն:

Մեր ժողովուրդը որքա՜ն պէտք է համբերէ նման խայտառակութիւններ, մինչդեռ հայրենիքի փրկութեան հրամայականը անընդհատ կը յուշէ խօսքէն գործի անցնելու պահանջը:

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական