Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մինչ Իրաք կը պատրաստուի Իսլամական Պետութեան ճիրաններէն Մոսուլ քաղաքի ազատագրման, Թուրքիա կը թուի հետամուտ ըլլալ իր զինեալ ուժերուն համար ոտնաշաւիղի տարածքներ ապահովել Իրաքի ու յատկապէս Մոսուլի մէջ։ Այս նպատակին համար, տարի մը առաջ թրքական զօրքեր, առանց Իրաքի կառավարութեան արտօնութեան, տեղադրուեցան Իրաքի հիւսիս արեւելեան Պաաշիքա շրջանը, որ մերձակայ է Մոսուլ քաղաքին։ Այսօր, այս շրջանին մէջ մօտ 2000 թուրք բանակայիններ դիրքեր գրաւած են՝ Տահէշի (Իսլամական Պետութեան) ուժերուն դէմ զինեալներ մարզելու պատրուակով։
Զինուորական այս տեղադրումը իրաքեան գերիշխանութեան «բացայայտ բռնաբարում» որակելով, Իրաքի կառավարութիւնը պահանջեց թրքական զօրքերու հեռացումը երկրի սահմաններէն դուրս։ Իրաքի խորհրդարանը որոշում կայացուց՝ հաստատելով որ Պաաշիքայի մէջ թրքական բանակայիններու ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը «անօրինական» են։
Անգարա անտեսեց եւ կը շարունակէ անտեսել Իրաքի թէ՛ կառավարութեան պահանջը եւ թէ խորհրդարանի օրէնսդրական որոշումը։ Աւելի՚ն, իր զինուորական ներկայութեան թրքական ոճի օրինականացում տրամադրելու փութկոտութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանը երկու շաբաթ առաջ որոշում կայացուց «երկարաձգելու» իրաքի մէջ թրքական ուժերու տեղադրումը՝ պայքարելու համար «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու» դէմ։
Առաջին ակնարկով, Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերու վարած «պայքարի» լոյսին տակ, թրքական Մեջլիսի այս որոշումին մէջ թիրախը աւելի քրտական Փէշմերկաններն են քան թէ Իսլամական Պետութեան ահաբեկիչները։ Սակայն, այս «պայքարը» ըստ էութեան շղարշ մըն է՝ օրինականացնելու համար Թրքական ներկայութիւնը Մոսուլի ազատագրման պատերազմին մէջ Թուրքիոյ ձեւական մասնակցութեան։ Նման ներկայութիւն պարզապէս մէկ արտայայտութիւնն է Մոսուլի մէջ անցեալի Օսմանեան տիրապետական ազդեցութիւնը վերակենդանացնելու այն ախորժակին, որուն կը միտի Թուրքիոյ ներկայի իսլամական պիտակը շահագործող վարչակարգը։
Թրքական այս թաքնուած նպատակը չէր կրնար վրիպիլ Իրաքի կառավարութեան ուշադրութենէն։ Հետեւաբար, Իրաքի կառավարութիւնը անմիջապէս դատապարտեց Թուրքիոյ խորհրդարանի այս որոշումը։ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի ազդարարեց Թուրքիոյ, թէ նման որոշում կրնայ շրջանային պատերազմի հրահրման պատճառ հանդիսանալ։ Այս մտահոգութեամբ, Իրաքի կառավարութիւնը պաշտօնական դիմում ներկայացուց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդին, որպէսզի քննէ Իրաքի մէջ թրքական անօրինական ներկայութեան հարցը։
Իր երկրի գերիշխանութեամբ մտահոգ Իրաքի վարչապետին դէմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ամբարտաւան պատասխանը չուշացաւ։ Մի քանի օր առաջ, Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին, հրապարակաւ եւ հեռատեսիլային թողարկումով նախատեց վարչապետ Ապատին։ Էրտողան ըսաւ, «Պաաշիքայի կապակցութեամբ Իրաք որոշ խնդրանքներ ունէր մեզմէ, սակայն հիմա մեզի կ՚ըսեն դուրս ելլենք։ Թրքական բանակը իր արժէքը չէ կորսնցուցած, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն:» Աւելցնելով թէ Ապատին զինք կ՚անարգէ, Էրտողան խօսքը ուղղելով Ապատիին ըսաւ, «Սահմանդ գիտցի՛ր։ Քեզի կ՛ըսեմ, որ դուն իմ խօսակիցս չես, դուն իմ մակարդակիս չես, դուն իմ որակիս հաւասար չես։ Իրաքի մէջ քու գոռալդ մեզի համար բացարձակապէս կարեւոր չէ։ Դուն պէտք է գիտնաս, որ պիտի ընթանանք մեր գծած ճանապարհով։»:
Իր այս ելոյթով, էրտողան միջազգային դիւանագիտութեան ոչ միայն նոր բառապաշար կը մատակարարէ, այլ նաեւ ամբարտաւանութեան նոր ոճ եւ մակարդակ կը տրամադրէ։ Պէտք է հաւատալ որ դիւանագիտութիւնը տակաւին տրամաբանող միտքերու արուեստ է։ Ուստի, պէտք է յուսալ որ Էրտողանի ու իր խօսքերու նման զարտուղութիւններ անցողակի երեւոյթներ։
Սակայն, ի հաշիւ տրամաբանող դիւանագիտութեան, նման հաւատք եւ յոյս ներկայիս խոստմնալից չեն, երբ Իրաքի ու Սուրիոյ պատերազմի բեմին վրայ գլխաւոր դերակատարներու՝ Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ համար բիւրեղի նման յստակ է ամբարտաւանութեամբ քօղարկուած Թուրքիոյ յետին նպատակները։
Յանուն Տահէշի զինեալներու անէացման, Թուրքիա իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիական Ճարապլուս քաղաքի ազատագրման։ Սակայն, Ճարապլուսի գործողութիւնը պարզապէս ուղղուած էր քրտական ազատամարտիկներուն դէմ, որպէսզի քակտուի Ճարապլուսի երկու կողմերուն գործող քրտական ուժերու կապը։ Այս գործողութեան նպատակն էր հակակշռել եւ ապա ընդհուպ ոչնչացնել քրտական զինեալ ներկայութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ եւ ոչ թէ արմատախիլ ընել Իսլամական Պետութեան ահաբեկիչները։
Ամերիկայի Սպիտակ Տունը եւ Փենթակոնը լռելեան կուլ տուին Ճարապլուսի անկման թրքական նախաձեռնութեան հետեւանքները։ Այժմ, Թուրքիա նոյնանման ցենարի կրկնութիւնը կ՚ակնկալէ Մոսուլի մէջ։ Այս ընթացքով, Թրքական զինեալ ուժերու ներկայութեամբ Մոսուլի հաւանական ազատագրումը Պաղտատի կառավարութեան համար պիտի վերածուի իսկական մղձաւանջի, երբ Թուրք բանակայինները, հենելով Էրտողանի ամբարտաւանութեան, պիտի փորձեն պարտադրել իրենց Օսմանեան ախորժակները՝ պատրուակելով Թիւրքմէններու եւ Սիւննի իսլամներու ենթադրաբար ոտնակոխեալ իրաւունքները։
Ափսոս որ Ամերիկան ոչինչ ունի ըսելիք Մոսուլի գծով Թուրքիոյ Օսմանեան ախորժակներու մասին։ Իսկ Ռուսաստանը կը թուի կլանուած ըլլալ Թուրքիոյ միջով գազատարներու ախորժակով։
Պարզ է, որ Էրտողանի ամբարտաւանութիւնը բառին իսկական առումով սահման չի ճանչնար՝ ո՛չ Իրաքեան եւ ոչ Սուրիական։ Գալով հայկականին, այդ ամբարտաւանութիւնը սահմաններէն անդին չի ճանչնար Հայաստանն ու Արցախը, ուր մնաց Արեւմտահայաստանը…։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ