Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 14-ին տեղի ունեցան Թուրքիոյ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները։ Գործող նախագահ Էրտողանը ապահովեց քուէներուն 49,24 առ հարիւրը, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն՝ 45,07 առ հարիւրը, իսկ ԱԹԱ դաշինքի թեկնածու Սինան Օղանը՝ 5,17 առ հարիւրը։ Մայիս 28-ին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը՝ նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք անցած է քուէներու 50 առ հարիւրի շէմը։
Նախքան ընտրութեան օրը կատարուած բոլոր հարցախոյզները ցոյց կու տային, թէ Քըլըճտարօղլուն կը գերազանցէ Էրտողանը, ուստի ընտրութեան առաջին փուլին արձանագրուած արդիւնքը անակնկալ մըն էր, որ կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու 2016-ի նախագահական ընտրութիւնը, երբ Տանըլտ Թրամփ պարտութեան մատնեց Հիլըրի Քլինթընը հակառակ անոր, որ հարցախոյզները ցոյց կու տային, թէ վերջինս յաղթանակ պիտի արձանագրէ։ Այլ խօսքով՝ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ հարցախոյզներու արդիւնքներու հաւաստիութիւնը բացարձակ չէ։
Թէեւ թուրք քաղաքացիները կը շարունակեն տառապիլ սղաճի բարձր համեմատութենէն, կը թուի, թէ ազգային անվտանգութեան շահերը տնտեսական մարտահրաւէրներէն վեր դասելու էրտողանեան պատգամը համոզիչ էր եւ կը վայելէ քուէարկողներու 49,24 առ հարիւրին զօրակցութիւնը։ Այս համեմատութեան վրայ եթէ աւելցնենք միւս ազգայնական թեկնածուին՝ Սինան Օղանի ստացած քուէներու եւ Քըլըճտարօղլուի աջակցող դաշինքին մաս կազմող ազգայնական կուսակցութիւններու ապահոված քուէներու համեմատութիւնը՝ յստակ պատկերացում մը կ’ունենանք թրքական հասարակութեան էութեան ու հաւատամքին մասին։
Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ իշխող ՛՛Արդարութիւն եւ բարգաւաճում՛՛ կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը 2018 թուականի 42,5 առ հարիւրէն նուազած է 35,6 առ հարիւրի։ Նախագահական ընտրութեան արդիւնքը իր կարգին ցոյց տուաւ, որ այդ կուսակցութեան ղեկավար Էրտողանի ժողովրդականութիւնը եւս անկում կրած է, սակայն կը շարունակէ իշխանութիւնը պահելու համար բաւարար հզօր ըլլալ։
Անշուշտ այստեղ պէտք չէ մոռնալ նոյնքան կարեւոր այլ գործօն մը՝ այն իրողութիւնը, որ ան իր աւելի քան քսանամեայ իշխանութեան ընթացքին վերահսկողութիւն հաստատած է պետական կառոյցներուն, արդարադատութեան ու նկատառելի թիւով լրատուամիջոցներու վրայ, եւ բնականաբար պետական լծակները կ’օգտագործէ «գլուխը ջուրէն վեր պահելու» համար։
Այժմ երկու մրցակիցներն ալ կը փորձեն սիրաշահիլ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին երրորդ դիրքը գրաւած Օղանը՝ ապահովելու համար անոր ունեցած վճռորոշ 5,17 առ հարիւրը։
Հաւանական է, որ ան զօրակցութիւն յայտնէ Էրտողանի թեկնածութեան՝ նկատի ունենալով, որ ան ազգայնական մըն է, դոկտորայի աստիճան ստացած Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկէն եւ անոր Եւրասիական գաղափարները համահունչ են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մերձաւոր, ռուս տեսաբան Ալեքսանտր Տուկինի Եւրասիական գաղափարներուն։ Ուստի, բնականաբար, ան իր քուէները պիտի չտայ Միացեալ Նահանգներու, ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները վերասերտացնելու նպատակը ունեցող Քըլըճտարօղլուին։
Օղան 17 Մայիսին ԱՖՓ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատրաստակամ է նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ անցած երկու թեկնածուներուն հետ ալ երկխօսութեան, թէեւ իրեն քուէարկած քաղաքացիներուն կրնայ կոչ ուղղել՝ ի նպաստ գործող նախագահին քուէարկելու։
Ըստ անոր, ինք քուէներ ստացած է թուրք ազգայնականներէ եւ երիտասարդներէ, որոնք զինք աւելի զարգացած կը նկատեն ու ձանձրացած են քաղաքական հին դէմքերէն։ Այլ խօսքով՝ անոր ի նպաստ քուէարկած քաղաքացիներու որոշ համեմատութիւն մը կրնայ ականջ չտալ իր կոչին, եւ չմասնակցիլ քուէարկութեան։ Սակայն այդ քուէներուն մէկ առ հարիւրի ապահովումը կրնայ բաւարար ըլլալ Էրտողանի յաղթանակը ապահովելու համար։ Ստեղծուած կացութեան մէջ արդէն իսկ կ’երեւի Էրտողանի վերընտրութեան ուրուականը։
Էրտողան 2002 թուականէն ի վեր իշխանութեան վրայ է եւ այս ընթացքին մենատիրութիւն հաստատած է։ Բնականաբար Մայիս 28-ին յաղթանակ արձանագրելուն պարագային ան յաւելեալ հինգ տարի իշխելու լիազօրութիւն ստանալը պիտի մեկնաբանէ իբրեւ մենատիրութեան շարունակման ու յաւելեալ ամրապնդման լիազօրութիւն։ Երկիրին ամէնէն երկար իշխած նախագահը իր ստացած այդ լիազօրութիւնը, սակայն, միայն ներքին քաղաքականութեան շարունակման «կանաչ լոյս» մը եւ լիազօրագիր մը պիտի չնկատէ, այլ նաեւ մինչեւ հիմա վարած արտաքին քաղաքականութեան շարունակման։
Ռուսիան 2015-էն ի վեր Թուրքիոյ գործող նախագահը կը նկատէ քաղաքական անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի է աշխատիլ եւ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել։ Ռուսական այդ դրական գնահատականին զուգահեռ գոյութիւն ունի անոր նկատմամբ Արեւմուտքի ժխտական գնահատականը։ Էրտողանի վերընտրութիւնը պիտի նշանակէ ռուս-թրքական ներկայ համագործակցութեան եւ Արեւմուտքի դժգոհութիւն պատճառող թրքական քայլերու եւ դիրքորոշումներու շարունակումը։ Անիկա պիտի նշանակէ շարունակումը Էրտողան-Փութին սերտ յարաբերութեան, որ Մոսկուայի կ’արտօնէ շրջանցել արեւմտեան կարգ մը պատժամիջոցները։
Պատմութեան ընթացքին ամէն անգամ, որ Թուրքիա-Ռուսիա մերձեցում եղած է՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը սուղ գին վճարած են: Աթաթուրք-Լենին համաձայնութեան հետեւանքը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան կորուստը եղաւ, իսկ Ուքրայինայի պատերազմի պայմաններուն մէջ Էրտողան-Փութին սերտ յարաբերութիւններու հետեւանքը՝ Արցախի հանրապետութեան տարածքի 2/3-ի կորուստն ու ներկայ ժխտական պայմաններու ստեղծումը։
Էրտողանի նախագահ վերընտրութիւնը պիտի նշանակէ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ոչ բարենպաստ պայմաններու շարունակումը։ Քըլըճտարօղլուի յաղթանակով Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ արագ վերջ պիտի տար ռուս-թրքական սիրավէպին ու վերականգնէր անոնց միջեւ հակադրութիւնն ու լարուածութիւնը եւ պիտի ամրապնդէր կամ առնուազն բարենպաստ պայմաններ ստեղծէր ռուս-հայկական ռազմավարական դաշնակցութեան՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման համար։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»