կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-10-19 16:59
Առանց Կատեգորիա

Սերունդներու պատերա՞զմ, թէ մեր գիտցած դասակարգային պայքարը

Սերունդներու պատերա՞զմ, թէ մեր գիտցած դասակարգային պայքարը

 

Ամբողջ Եւրոպայի տարածքին գործազուրկներու թիւը սկսած է հասնիլ աներեւակայելի թիւերու: Յատկապէս մտահոգիչ է երիտասարդ գործազուրկներու մեծ թիւը:

 

Անգլիոյ մէջ այդ թիւը հասած է արդէն մէկ միլիոնի շեմին: Սպանիոյ մէջ Օգոստոսի 2011ին անգործութիւնը կը կազմէր 21 տոկոս: Եւրոպայի տարածքին անգործներու թիւը նոյն թուականին կը հաշուէր 22.5 միլիոն մարդ: Երիտասարդ գործազուրկներու թիւը կը կազմէ անհաւատալի 5.13 միլիոն:

 

Բոլորս անխտիր ամէն օր կը հանդիպինք այդ տղոց եւ աղջիկներուն: Անոնք մեր սեփական երեխաներն են, մեր դրացիի երեխաները, մեր ընկերներու եւ բարեկամներու երեխաները:

 

Իրավիճակը մտահոգիչ է, եւ կ’արժէ պահ մը մտածել, երեւակայել թէ ինչ կը նշանակէ 18-24 տարեկան երիտասարդի մը համար գործազուրկ ըլլալ: Երիտասարդ փայլուն համալսարանաւարտներ, ամէն օր ականատես կ’ըլլան իրենց երազներու ջախջախման իսկ աշխատանք գտնելու յոյսերը կը ցնդին առյաւէտ: Մասնագէտ երիտասարդ ուժեր իրենց ժամանակն ու ձիրքը կը վատնեն ժամանակաւոր աշխատանքերով, աշխատանքներ՝ որոնք որեւէ մասնագիտութիւն չեն պահանջեր:

 

Այս երիտասարդները համակուած են այն զգացումով որ կը մեծնան աշխարհի մը մէջ, ուր իրենք անբաղձալի են:

Այս երիտասարդները աներեւակաելի բիրտ եւ անողոք մրցակցութեան մէջ են գոյութիւն ունեցող այն քիչ աշխատանքի հնարաւորութիւնները ձեռք բերելու համար. ականատես ենք անողոք պայքարի երեւոյթներու այնպիսի պահու՝ երբ պետական եւ հանրային «սեքթորեը արագ թափով կը կրճատէ աշխատատեղիները, իսկ մասնաւոր «սեքթորեը՝ ձախողութեան մատնուած, չի կրնար լրացնել հետզհետէ աճող բացը:

 

Համալսարանական կրթաթոշակները ամէն տեղ հասած են աներեւակայելի բարձր գումարներու, միաժամանակ համալսարանական վկայականները նոյն արագութեամբ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը: Երիտասարդներու համար չկան բնակարաններ, իսկ առկայ բնակարանները աստղաբաշխական արժէքներ ունին: Կան միայն ժամանակաւոր աշխատանքներ, վատ վճարուած աշխատանքներ, իսկ լաւ աշխատանքները կը հասնին ոչ թէ լաւագոյն մասնագէտներուն, լաւագոյն ուսանողներուն այլ անոնց, որոնց ծնողները յատուկ կապեր ունին, կապեր որոնց արդիւնքով որոշ շրջանակի մարդիկ իրենց երեխաները կը տեղադրեն հոն ուր հնարաւոր է, հոն ուր իրենց ձեռքերը անարգել կը հասնին:

 

Հեշտ է այս բոլորը վերագրել սերունդներու պատերազմի, երիտասարդներու դէմ ուղղուած ինչ որ բնական արշաւանքի:

Իրականութիւնը այլ է: Խորքին մէջ տեղի ունեցողը կազմակերպուած արշաւանք է անապահով մարդոց դէմ. մարդիկ՝ որոնք զուրկ են սոցիալական ապահովութեան պաշտպանութենէ, զուրկ են նիւթական կամ այլ միջոցներէ, մարդիկ՝ որոնք շատ հեշտութեամբ կը շահագործուին աշխատանքի շուկային կողմէ, մարդիկ՝ որոնք մեծ մասամբ երիտասարդներ են, մարդիկ՝ որոնց մեծ մասը կիներ են, մարդիկ որոնք ցած աշխատավարձք ունին:

 

Այսօր մեր հասարակութեան մէջ շատ փոքր տեղ կայ այն մարդոց, որոնք հարուստ չեն:

 

Այն ինչի որ ականատես կ՛ըլլանք այսօր սերունդներու պայքար չէ: Մենք մեզ չխաբենք: Ասիկա ունի մէկ անուն՝ դասակարգային պայքար:

 

Իսկապէս փոքրիկ հրաշք է, որ մեր տղաքը, ուսանողները, գործազուրկ երիտասարդները որոշած են փողոց իջնել, լսելի դարձնել իրենց լռութեան դատապարտուած ձայները:

 

Մէկ տարի առաջ ամէն մարդ կը խօսէր «կորսուած սերունդիե մասին եւ կը դժգոհէինք անջիղ, անտարբերութեան մէջ ինկած սերունդի մասին: Հիմա մտահոգ ենք որ նոյն այս երիտասարդները կը դիմեն քաղաքացիական զանգուածային անկարգութիւններու:

 

Մեր նորոգուած մտահոգութիւնները շատ բան կ՛ըսեն իրերու կացութեան մասին՝ ըլլայ ան Շուէտի, Անգլիոյ, Յունաստանի , Հայաստանի, ամբողջ Եւրոպայի կամ ԱՄՆ-ի մէջ:

 

Սյուզան Խարտալեան