կարևոր
1957 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-14 10:38
Հասարակություն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին. Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին. Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին արժանավայել կերպով նշուեցաւ դաշնակցական ականաւոր ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի յիշատակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Տըպպայէ, ներկայութեամբ հոգեւոր, կուսակցական, պետական, միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու հոծ բազմութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Վարդան Ազնաւուրեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու լիբանանահայ նահատակներու յիշատակը:

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովսէփ Գայէեան ուղղեց կոմիտէութեան յարգանքի եւ երախտիքի խօսքը: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք Հրայր Մարուխեանի կուսակցական կենսագրականը, Գայէեան նշեց անոր յատկապէս Լիբանանի մէջ գործունէութեան կարեւոր փուլերէն պահեր: Յովսէփ Գայէեան նաեւ նշեց ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» 17-ամեայ կոմիտէութեան հիմնադրութեան ու գործունէութեան հիմնական փուլերն ու կոմիտէութեան ընդգրկած տարածքային վարչական սահմանները: Գայէեան բարձր գնահատեց շրջանի ժողովուրդին թէ ընկերներու ցուցաբերած ազգանուէր կեցուածքը Լիբանանի տագնապի թէ դժուար պայմաններու ընթացքին` ընդգծելով «Վարձքերնիդ կատա՛ր, ընկերներ» բառերը:

Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Հրայր Մարուխեանի ազգային, գաղափարական մօտեցումներուն Հայ դատի ու յատկապէս Արցախի տագնապին գծով` մէջբերելով Մարուխեանի զգուշացումները Արցախի հաւանական կորստեան հետեւանքներէն: Երեսփոխան Բագրատունի հանգամանօրէն թուեց Հրայր Մարուխեանի նկարագրային յատկանիշները ոչ միայն իբրեւ անձ, այլեւ` իբրեւ տեսիլք ունեցող, գաղափարական ու աննկուն կամքի տէր ղեկավար: Ան նշեց Մարուխեանի կեանքին դառնագոյն փուլերը, յատկապէս երբ ան նախագահական հրամանագիրով «անբաղձալի տարր» նկատուեցաւ ու աքսորուեցաւ հայրենիքէն, բայց երբեք չյուսալքուեցաւ եւ նոյն կորովով ու վճռականութեամբ շարունակեց իր կուսակցական ազգանուէր գործունէութիւնը արտասահմանի մէջ: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հիմնական երեք դրոյթներու` «գաղափար, կազմակերպութիւն եւ գործ» եռանկիւնին մէջ ներկայացուց Մարուխեանի ազգային, գաղափարական արեւելումը: Ան մէկէ աւելի մէջբերումներով հիմնաւորեց Հրայր Մարուխեանի խօսքի ու գործի արգասիքը եղած իրագործումները:

Ազատ Հայաստանի տեսլականն ու Արցախը կիզակէտը կը կազմէին հանգուցեալ ընկերոջ հայրենանուէր մտասեւեռումին ու գործունէութեան: Բագրատունի յիշեցուց կեղծ ու իսկական յեղափոխականներու նկատմամբ Մարուխեանի մօտեցումները:

Բագրատունի ընդգծեց Հրայր Մարուխեանի յատկապէս գաղափարական տեսլականներու կարեւորութիւնը, առանց որոնց գործը թերաւարտ կը մնայ: Ան մէջբերեց Մարուխեանի հայ երիտասարդութեան ուղղած հարցումները, թէ արդեօք անոնք (երիտասարդութիւնը) պատրա՞ստ են ազգի սիրոյն, հայրենիքի ազատութեան սիրոյն զոհաբերելու իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը: Ան ընդգծեց «յարատեւ կռիւ»-ի սկզբունքը: «Ընկեր Մարուխեան իր խօսքը միացուց գործին», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ Մարուխեան եղաւ հոն, ուր իր ժողովուրդը պէտք ունէր իրեն:

Մարուխեանի ընկերաքաղաքական արեւելումները` ընկերվարական գաղափարները նոյնպէս տիրական էին Բագրատունիի խօսքին մէջ: Բագրատունի նշեց, որ ինչպէ՛ս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայ ժողովուրդի ու հայ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնած Մարուխեանի ոգեւորիչ ներկայութիւնը կը ներշնչէր երիտասարդութիւնը: Պուրճ Համուտի գերեզմանոցի պանթէոնի նահատակները ունին մէկ պատգամ, որ կու գայ Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»-էն:

«Շատեր կու գան կը գործեն ու կ՛երթան, բայց ընկեր Հրայր իր անկրկնելի դրոշմը ձգեց», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի (երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի պատգամը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ յատուկ այս առիթով պատրաստուած վաւերագրական տեսերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէ Հրայր Մարուխեանի գործունէութեան սերտօրէն առնչուող` արցախեան գոյամարտէն յիշարժան պահեր ու դէմքեր: Նաեւ` վկայութիւններ անոր մտերիմ գործընկերներէն` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանէն: Այլ տեսերիզով մը Փարիզէն իր ողջոյնի եւ յարգանքի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Տեսերիզը նաեւ կ՛ընդգրկէր սրտի խօսքեր, արտայայտուած հանգուցեալ ընկերոջ կողակիցէն` Անահիտ Մարուխեանէն եւ անոր թոռնուհի Անահիտ Մարուխեանէն:

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ, Սեւան Կարապետեան-Ադամեան ասմունքեց հատուածներ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-էն: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու արուեստագէտներէն` Կասիա Էճիտեան` շուի, Գէորգ Քէշիշեան` տուտուկ եւ Նարեկ Քէշիշեան տհոլի վրայ ելոյթ ունեցան «Գետաշէն» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգերու նուագակցութեամբ: Ազգային յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի: «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» եւ «Քեզի յարգանք Դաշնակցութիւն» երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կարէն Գազանճեան:

 

Աղբյուրը՝ aztagdaily.com