կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-22 22:07
Հասարակություն

Հրայր Մարուխեան` հայութեան բոլորանուէր մարտիկը

Հրայր Մարուխեան` հայութեան բոլորանուէր մարտիկը

Ուղիղ 18 տարի առաջ, 21 դեկտեմբեր 1998-ին, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ հայ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան: Հայրենիքն ու հայութիւնը կորսնցուցին անզուգական առաջնորդ մը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կորսնցուց դիւթական հեղինակութիւն մը:

Երբ խօսէիր ընկ. Հրայրի հետ, չէիր կրնար խուսափիլ իր դիւթական հեղինակութենէն: Երբ գործէիր իրեն հետ, չէիր կրնար դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Երբ մտածէիր իրեն հետ, չէիր կրնար շրջանցել իր իմացական կարողութիւնը: Աւելի՛ն. ընկ. Հրայրին մտերմութիւնը ջերմ էր, անհատականութիւնը` գօտեպնդիչ, խօսքը` խրախուսիչ, գործը` անզուգական:

Ընկ. Հրայր մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ այն պահուն,  երբ մեր հայրենական կեանքի ալեկոծումները սկսած էին ստանալ ճգնաժամային հանգամանք, իսկ սփիւռքի գաղութներու խարխափումները սկսած էին արմատաւորուիլ ամէնուրեք: Ան մեկնեցաւ ճիշդ այն պահուն, երբ ազգը, հայրենիքը եւ գաղթօճախները կարիքն ունէին անոր արի առաջնորդութեան եւ յանդուգն ղեկավարութեան:

Դիւրին չէ խօսիլ կամ գրել ընկ. Հրայրին մասին: Ան կը մարմնաւորէր սերնդափոխութեան նոր հանգրուանը, որուն կենսական կարիքը ունէր մեր ժողովուրդը, երբ հայ ազատագրական պայքարի սերունդի էջը փակուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նուաճումով ու ապա` անոր կորուստով: Այդ իմաստով տարբեր էր ընկ. Հրայրի սերունդը: Ու ճիշդ այդ իմաստով նաեւ տակաւին դժուար է խորաչափել ընկ. Հրայրի ազգային վաստակը: Ատոր ժամանակը կու գայ, երբ կիրքերը հանդարտին եւ պատմութեան ծալքերը ամբողջովին բացուին:

Մինչ այդ կարելի չէ խուսափիլ ճշմարտութենէն: Քաղաքական անսահման հմտութեամբ, ղեկավարի անընկճելի կամքով, մտաւորականի բարձր յատկութեամբ եւ կազմակերպական անհատնում ընդունակութեամբ, ընկ. Հրայր հանդիսացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան յեղափոխական առաջնորդը եւ բոլորանուէր մարտիկը: Ան կը պատկանէր դաշնակցական այն բացառիկ սերունդին, որ 1963-ի ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին ընդմէջէն նախաձեռնեց մեր կուսակցութեան կազմակերպական արդիականացման, շարքերու վերաթարմացման եւ հայութեան իրաւունքներու գործնական հետապնդման: Դաշնակցութեան սփիւռքեան շրջանի աւագ սերունդէն ջահը փոխանցուած էր նոր սերունդին, որուն բարձրագոյն ջահակիրն էր ընկ. Հրայրը:

Ընկ. Հրայր լուսագծեց մեր արդի քաղաքական շրջանի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհը: Մղում տուաւ Հայ դատի ուժական հետապնդման գործին: Բիւրեղացուց մեր գաղափարական աշխարհահայեացքը եւ արդիականացուց կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը: Քաղաքականացուց ժողովրդային մտայնութիւնը եւ նախաձեռնեց մեր յեղափոխական աւանդներու վերազարթնումին: Շեշտադրեց Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Պարզ` մղում տուաւ սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման, որպէսզի սփիւռքը վերադառնայ իր ազգային ճիշդ առաքելութեան:

Այդ բոլորին ամբողջական ամրագրումը կատարուեցաւ 1972-ի ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին, ուր իր տիրական ներկայութեամբ ընկ. Հրայր իր հեղինակաւոր դրոշմը դրաւ մեր հետագայ կազմակերպական ու քաղաքական գործունէութեան ուղիներուն վրայ: Հոն էր, որ բիւրեղացան կառուցային արդիականացման, ժողովուրդի քաղաքականացման ու գործելակերպի յեղափոխականացման մեր նորագոյն աւանդները, որոնք այսօր անքակտելի նախադրեալները կը կազմեն դաշնակցական գործին:

Երբ ծլարձակեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարը եւ քաղաքական նոր տեղաշարժեր յուսալի հորիզոններ պարզեցին հայութեան առջեւ, ընկ. Հրայր եղաւ հիմնական կերտիչը ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած «Դէպի Երկիր» ուղղութեան: Այնուհետեւ, ան համակ նուիրումով գործուղեց մեր բոլոր միջոցները, կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները դէպի հայրենիք, դէպի արցախեան ազատամարտ: Բոլորէն առաջ, կրկին իր անձին օրինակով, ընկ. Հրայր հաստատուեցաւ հայրենիք` հունաւորելու եւ ընդլայնելու համար մեր ազգային պայքարը:

Ան խոր զգացումներով եւ անխառն հպարտութեամբ դիմաւորեց Հայաստանի անկախութիւնը: Իր երազած անկախ հայրենիքը իրականացած էր: Իրեն համար ա՛լ ժամանակը եկած էր վերադառնալու պապենական տուն` Երկիր, հոն շարունակելու սուրբ գործը` անկախութեան պահպանման, հայ պետութեան ամրապնդման, ժողովրդավար ու արդար կարգերու հաստատման, հայ կեանքի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ` հայրենական գրաւեալ հողերու ազատագրման:

Ափսո՜ս, հայրենի ղեկավարութիւնը` իր ազգընտիր նախագահին առաջնորդութեամբ, թշնամանքով ու նենգութեամբ ընկալեց ընկ. Հրայրին ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերադարձը հայրենիք: Մեր ընկերը յայտարարուեցաւ անբաղձալի տարր` ապաշնորհ նախագահին կողմէ: Հաւատարիմ իր դաշնակցական երդումին եւ զոհաբերման գիտակցութեան` ընկ. Հրայր կամովին ենթարկուեցաւ նախագահական հրամանագրին, քանի որ հայրենիքի կայունութեան ու ազգի անդորրութեան պաշտպանումը կը պահանջէր ընթացք տալ օրուան հայրենի բռնակալի փոքրոգութեան:

Այս բոլորով հանդերձ, ընկ. Հրայրի ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ կանգուն կը մնայ իր վեհ հասակով: Զինք կաշկանդել փորձողները կը մնան ճղճիմ գաճաճներ, որոնք կը շարունակեն կեղեքել մեր ժողովուրդը, կը շարունակեն ոտնակոխել ժողովուրդի իրաւունքները, կը շարունակեն յղփանալ կաշառակերութեամբ: Անոնք մինչեւ իսկ կը յանդգնին խօսիլ մեր ազատագրուած հողերու վերայանձնումի մասին: Այս բոլորը կը ձախողին, պիտի ձախողին` ընկ. Հրա՛յրը վկայ, Դաշնակցութի՛ւնը վկայ:

Հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ մենք պիտի մնանք ականջալուր ընկ. Հրայրի կոչին: Կոչ` «բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, վերադառնալ հայրենիք, երթալ հայրենիք, մեռնիլ յանուն հայ ժողովուրդին` ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդը»:

Ընկ. Հրայրը «պանքօթոմանեան» էր, «Ստամբուլը արեան ծովի»-ի վերածող էր, ժողովրդավարութեան պաշտպանն էր, «միացեալ Հայաստան»-ական էր, «ոչմէկթիզհողական» էր: Եւ աւելի՛ն էր:

Ընկ. Հրայրին համար հայութիւնը յոյսի ժողովուրդ է, Հայաստանը` լոյսի հայրենիք: Գործեց այդ գիտակցութեամբ: Շրջապատը համակեց այդ գաղափարով, քանի որ «կը գան» մեր լաւագոյն օրերը:

Այսօր Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս վերադարձած է հայրենիք: Ան իր տեղը գրաւած է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ: Ան այսուհետեւ կը պատկանի Հայաստանին ու հայութեան, որոնք այժմ իրաւատէրերն են իր անջնջելի կտակին:

Այսօր Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական տան մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, ան կը յուշէ. հայութեան լաւագոյն օրերը տակաւին պիտի գան, քանի մենք յոյսի ժողովուրդ ենք: Հայութեան յաջողութեան օրերը տակաւին կը կազմաւորուին, քանի մենք կամքի ժողովուրդ ենք: Հայաստանի բարգաւաճման, հզօրացման եւ ամբողջացման օրերը տակաւին կը կերտուին, քանի մենք պայքարի ու յարատեւ կռիւի ժողովուրդ ենք:

Այսօր ընկ. Հրայր վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական շիրիմին մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, կը շարունակէ յորդորել բոլո՛րը, բոլո՛րը անխտիր` «ՊԻ՛ՆԴ ԿԱՑԷՔ»:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մեծանուն հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բյուրոյի երկարամյա ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխյանի մահվան 21- այմա տարելիցի կապակցությամբ Yerkir.am-ը ներկայացնում է 2016 թ․ «Ազդակում» հրապարակված Սեդո Պոյաճյանի հոդվածը։