կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-08-01 19:55
Մշակույթ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Իր Հիմնադրին` Կոմիտասի 150-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Իր Հիմնադրին` Կոմիտասի 150-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան,

Լիբանանի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին համերգով:

Խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի ու նուագակցութեամբ  Յասմիկ Գասպարեանի, կիրակի, 30 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Պէյրութի վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցին լեցուած էր Կոմիտասի եւ «Գուսան»-ի արուեստը սիրողներով ու քաջալերողներով, յարգողներով, նաեւ` պաշտօնական անձնաւորութիւններով:

Ներկայ էին` Լիբանանի հայ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ այլ համայնքներու պետեր, հայ եւ օտար դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն, Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն, Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղէն անդամներ:  Իսկ եկեղեցին լի էր Համազգայինի հաւատարիմ եւ գործունեայ ընկերներով, տարեց գուսանականներով եւ շատ մը ոչ հայ կառոյցներու ներկայացուցիչներով:

Համերգը սկսաւ Կարէն Արաբկիրլեանի անդրադարձով, ապա երգեհոնի նուագով հնչեց «Սիրտ իմ սասանի»-ն, որուն ընթացքին երիտասարդներ մոմերթով ոգեկոչեցին յիշատակը մեծն Կոմիտասի` անոր պատկերին առջեւ: Այդ պահուն ներկաները կամրջուեցաւ 1935 թուականին` Կոմիտասի մահուան, որուն առիթով երգչախումբը իր յարգանքը արտայայտեց իր հիմնադիրին:

Անկէ ետք «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը վերնատունէն երգեց Կոմիտասի ս. պատարագէն «Միայն սուրբ»-էն մինչեւ «Ի սուրբ, ի սուրբ» հատուած` Աւետիս Ագրապեանի մենակատարութեամբ:

Ասիկա պարզ զուգադիպութիւն չէր, արդարեւ, «Գուսան» երգչախումբը, Կոմիտասի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ երգեց հայ եկեղեցական երգը` շարականն ու գանձը, Պոլսոյ մէջ,  հայ ժողովուրդի գոհարները հասցնելով ամբողջ աշխարհին:

Լիբանանահայ ծանօթ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի մենակատարութեամբ, ներկայացուեցաւ Կոմիտասի կողմէ գրառուած «Տէ՛ր ողորմեա՛»-ն, որ առաջին անգամ կը կատարուէր Լիբանանի մէջ:

Հոս, հետաքրքրական էր պահը եւ առանձնայատուկ` ներկայացումը: «Գուսան»-ի իգական խումբը բեմին էր, արական կազմը` վերնատան մէջ. անոնք կատարեցին յատուկ կերպով ընծայագրուած եւ Կոմիտասի 150-ամեակին  նուիրուած, Կոմիտասի կողմէ  գրի առնուած երկու սիրերգներ` «Գութանը վարափոսին» եւ «Արի սիրուն»: Ասոնք բազմաձայնեց երկսեռ խումբին համար հայրենի երաժիշտ Վահէ Պեկոյեանը եւ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ:  Մենակատար` Շողիկ Թորոսեան:

Ապա հնչեց Կոմիտասի եւ Կոմիտաս կաթողիկոս Աղցեցիի «Անձինք նուիրեալք» շարականը` իգական խումբի համար դաշնաւորուած:

Անկէ ետք  երգչախումբը յաջորդաբար կատարեց փունջ մը տարբեր խմբերգներ, որոնք հայ հարազատ երգի եւ բիւրեղ ոճի դասական բարձրորակ մատուցում կը հանդիսանային: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Կոմիտասի տարբեր տեսակներու եւ ժամանակներու խմբերգները`«Լուսնակը լոս», «Ելայ տանիս», «Ինչո՞ւ Պինկէօլը մտար»:

Անկէ ետք մատուցուեցաւ «Երազ»-ը, որ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ ներկաներուն վրայ, եւ որ կրկնուեցաւ համերգի աւարտին` հանրութեան փափաքով:

Անկէ ետք երգուեցան` «Ալագեազ»-«Խնկի ծառ», հայ գեղջուկ երգերու ու պարերգերու հատորէն շարքեր, «Օրօր, Ադինօ՛-Սարը սարին նման չ է», տղոց խումբով «Մայր Արաքսի ափերով», «Գութան» երգը, «Ա՛յ տղայ, մեր գեղեցի-Սեւ ա չոպանի շունը», «Էս գիշեր, լուսնակ գիշեր», «Հաբրբան»:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ այս առիթով նկարուած պատրաստուած « Իմ չինարի եարը», որ պատրաստուած է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին կողմէ: Ան կը ներկայացնէ հինի ու նորի միացումը` իր մէջ ունենալով ուրախ տրամադրութիւն: Տեսերիզի ընթացքին կ՛երեւին Կոմիտասի եւ «Գուսան» երգչախումբին առաջին նկարները, որոնց կեդրոնն է վարդապետը:

Նշենք, որ համերգի ընթացքին  Կարէն Արաբկիրլեան իւրաքանչիւր երգի մասին տուաւ հայերէն եւ անգլերէն բացատրութիւններ:

Համերգէն առաջ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, իր հիմնադրին, անոր գործունէութեան, եւ համազգայինին մասին հեռատեսիլային MTV, OTV, Télé Lumière-Noursat, Charity TV եւ ձայնասփռային «Վանայ Ձայն», Voice of Charity ներկայացումներ տեղի ունեցան յունիս ամսուան ընթացքին, նաեւ տեսահոլովակը սփռուեցաւ բոլոր կայաններէն:

Նշենք, որ այս առիթով եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, «Գուսան» երգչախումբը հրապարակած է Կոմիտասի տասներկու երգերն ու լուսանկարները ընդգրկող բոլորին հասանելի, փոքրածաւալ  յատուկ գրքոյկ մը:

Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Գուսան» երգչախումբի պատասխանատուներէն Կարէն Եօսուլքանեան հայերէնով եւ արաբերէնով անդրադարձաւ նշեալ գրքոյկի հրատարակութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս համերգի իրագործման, յատկապէս` «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին եւ օրուան մեկենասներուն` Սարգիս Ճապաղջուրեանին եւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն:

Համերգին աւարտը իր բարձր խանդավառութեան հասաւ «Ո՛հ, ինչ քաղցր բան» կատակերգով, որմէ ետք ներկաներու ծափողջոյնները ողողեցին ամբողջ եկեղեցին:

«Գուսան» երգչախումբի վարչութիւնը կ’ուզէ այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք կ՛օժանդակեն իր աշխատանքի զարգացման եւ կ՛օգնեն զանազան կերպերով Կոմիտասի առաքելութիւնը շարունակող երգչախումբին:

Անոնց` բիւր յարգանք ու երախտիք, մանաւանդ` օրուան հովանաւոր Համազգայինի Պէյրութի  մասնաճիւղի վարչութեան եւ անոնց շարունակական օժանդակութեան: