կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-21 11:07
Հասարակություն

Հրայր Մարուխեան եւ իր ժամանակը

Հրայր Մարուխեան եւ իր ժամանակը

...Ընկ. Հրայրի ժամանակը եղաւ շատ դժուարին, շատ բարդ և շատ ճակատագրական։ Ան մտաւ պայքարի ասպարէզ, երբ մեր հաւաքական կեանքը կը գտնուէր վճռական որոշումներու եզրին։ Ասիկա այն ժամանակն էր, երբ մենք, որպէս հաւաքականութիւն, պիտի որոշէինք մեր ուղղութիւնը։ Սփիւռքը՝ սփիւ՞ռք, թէ Սփիւռքը՝ սկի՛զբ մեր նոր զարթօնքին։ Հայը պիտի ընդունէ՞ր պատմութեան կողմէ տրուած մահավճիռը, թէ այդ վճիռը պիտի շպրտէր պատմութեան երեսին։

Յեղափոխական այս ընտրութեան մէջ մեր կազմակերպութիւնը առաջնորդող հանդիսացաւ։ Ասիկա եզակի ըմբոստութիւն մըն էր, որ ծաւալեցաւ երկրէ երկիր և որուն մէջ ներգրաւուեցան մեր գաղութային կեանքի բոլոր երեսները։ Այդ պայքարի բովին մէջ էր, որ կոփուեցաւ նոր Սփիւռքը, որպէս քաղաքական գործօն, և ի վերջոյ վերածուեցաւ խարիսխի մեր վերածնած պետականութեան համար։

Այդ դժուարին գործի ձևաւորման մէջ մեծ եղաւ ներդրումը Ընկ. Հրայրին։ Յեղափոխական կուսակցութիւնը Սփիւռքի բացառապէս անապահով հողին վրայ իմացաւորեց և կիրարկեց բացառապէս խիզախ մէկ նոր ռազմավարութիւն, որմէ ծնաւ աշխարհաքաղաքական այն միաւորը, որ այսօրուան նոր Սփիւռքն է։

Ընկ. Հրայրի ժամանակը նաև սերնդափոխութեան դժուար ժամանակն էր Սփիւռքի մէջ։ Ընկ. Հրայր Սփիւռքի մէջ ծնած ու հասակ առած առաջին դաշնակցական ընկերն էր, որ ստանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցչի դժուարին պատասխանատւութիւնը։ Եւ Ընկ. Հրայր մտաւ այդ պահանջկոտ դաշտէն ներս առանց վարանումի։ Մեր կազմակերպութիւնը -- և մեր ժողովու՛րդը – այդ դաշտին համար չունէր անցեալի փորձ. և չունէր ժամանա՛կ. փորձն ու իրագործումը միաժամանակ պիտի կերտուէին։ Եւ ճամբան կը պահանջէր մեծ իմաստութիւն. մեծ խիզախութիւն. մեծ յարատևութիւն։ Ընկ. Հրայր այդ ճամբէն քալեց անձնական անպատմելի զոհողութիւններ յանձն առնելով։ Ան այդ գործին մէջ դրաւ իր բովանդակ ներոյժը։ Ան ամէն տեղ էր. մտքի ու գործի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ շարունակաբար բանալով նոր ուղի, պեղելով նոր գետին, նուաճելով նոր հանգրուան։ Իր ներկայութիւնը վարակիչ էր ամէն կողմ. իր լիազօրող ձայնը կը խորտակէր փակ դռները ամէնուրեք. իր խարազանող կամքը թոյլ չէր տար, որ մարդիկ յոգնէին։

Իր կեանքին մեծ օրինակը պատգամ մըն է ինքնին, որ վարակիչ պէտք է դառնայ բոլոր յաջորդող սերունդներուն։ Ընկ. Հրայր երբեք չէր տատամսեր պատասխանատւութեան առջև։ Չվախնա՛լ պատասխանատւութենէ. չվախնալ անկոխ գետիններէն. վերցնել ղե՛կը՝ երբ ալեկոծ են ժամանակները։

Այս մէկը կ՚ըստանար նաև գաղափարական ձևաւորում իր մտքին մէջ։ Թոյլ չտա՛լ, որ Սփիւռքը դառնայ քաղքենի, ինքնանպատակ և տեղայնական հաշիւներով ապրող հաւաքականութիւն։ Հայ Դատի կռիւը հայրենիքի համար մղուող կռիւ մը պիտի ըլլար։ Պէտք էր շարունակաբար ՀԱՅՐԵՆԱՑՆԵԼ այդ կռիւը։ Պէտք էր զայն տանիլ ԵՐԿԻՐ։

Այսպէս է, որ մեր կազմակերպութիւնը մեր երկրի անկախութեան գործընթացը դիմաւորեց գործի նոր հրամայականներով։ Այդ գործընթացը պիտի կրնար ամրակայուիլ, եթէ մենք, ինքներս, յաջողապէս կարենայինք դիմագրաւել թշնամիին գրոհը։ Արցախի ճակատներուն վրայ է, որ պիտի իսկապէս շահուէր մեր անկախութեան կռիւը և հետևաբար հոն էր գործի առաջին ճակատը Դաշնակցութեան համար։

Այսօր դեռ շատ մօտն ենք կեցած իր վաստակին կարենալ արդարօրէն արժևորելու համար տարողութիւնը իր գործին։ Ան կը հաւատար, որ մեր երկիրը պիտի կարենար յաղթահարել իր կեանքը խոչընդոտող զրկանքները. կը հաւատար, որ Հայաստան պիտի կարենար դառնալ հզօր ուժ և հեղինակութիւն տարածաշրջանին մէջ. կը հաւատար, որ Հայաստան յարգանք պիտի ներշնչէր իր շրջապատին իր ռազմական ուժով, իր գիտական և տնտեսական հանճարով և մանաւանդ իր ոգեկան զօրութեամբ. իր ստեղագործական քանքարո՛վ։

Ինք լռեց այդ սրբազան գործի ամենէն թէժ պահուն։

Կարօ Արմենեան
Յունուար 30, 1999
(Հատուած՝ Պոսթընի Մեծարանքի Օրուան հանդիսութեան առթիւ իմ խօսքէն)

Սիրելի Ընկերուհիներ, Ընկերներ,

Ընկ. Հրայրի մահէն քսան տարի ետք, ուզեցի վերստին ձեզի հետ բաժնել իմ այս մտքերը։ Յստակ է, որ մեր երկիրը վերստին կը գտնուի ճակատագրական փուլի մը շեմին և մեր կուսակցութիւնը վերստին կոչուած է դիմագրաւելու մեր պատմութեան այս նոր անկիւնադարձը։ Ընկ. Հրայրի օրինակը թելադրող է և ներշնչող յատկապէս այսօր։ Ինք չէր ստեղծուած հանգիստ ժամանակներու համար։ Ինք, ինչպէս մեր կուսակցութի՛ւնը, ստեղծուած էր անկարելին իրականութեան վերածելու յանդգնութեամբ։ Այս չափանիշը միշտ մերը պիտի ըլլայ։

ԿԱ